Հայ Դատը Ատրպէյճանի Կողմէ Արցախի Շրջափակումը Դատապարտելու Եւ Արցախ Այցելելու Կոչեր Կ՛ընէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու հայութեան, որ իրենց շրջանի ծերակուտականներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն դիմելով՝ պահանջեն դատապարտել Ատրպէյճանի կողմէ Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հայերու կոտորածները, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, որուն վերջին զոհերէն մէկն էր Պելոռուսի կողմէ Պաքուի յանձնուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին։

Միաժամանակ, Հայ Դատի յանձնախումբը կը յորդորէ այցելել Արցախ, իբրեւ պատասխան՝ Ալիեւի բռնակալ վարչակարգին կողմէ Արցախի շրջափակման եւ շարունակական ճնշումներուն, որոնք միայն կը նպաստեն կացութեան վատթարացման։

asbarez.com

10/02/2017

Տպել Տպել