Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Երկուշաբթի, 20 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ հանրաքուէ մը, որուն հետեւեցան 30-է աւելի երկիրներէ 104 դէտեր, 103 տեղական դէտեր եւ 80-է աւելի լրատուամիջոցներ: Մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 76,44 առ հարիւր:

Հանրաքուէի դէտերէն Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկել 21 փետրուարին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրաքուէն կը համապատասխանէր եւրոպական չափանիշներուն: «Հակառակ Արցախի Հանրապետութեան ճանչցուած չըլլալուն, կը կարծեմ` արդէն կրնամ վստահօրէն Արցախի Հանրապետութիւն ըսել», ըսաւ ան: «Ես յոյսով եմ, որ միջազգային ընտանիքը հաշուի կ՛առնէ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ ազատ են իրենց ընտրութիւնը կատարելու հարցին մէջ», նշեց Էնկել եւ Ազրպէյճանին ակնարկելով աւելցուց. «Միեւնոյն ժամանակ ատիկա այդպէս չէ այստեղէն քանի մը քիլոմեթր հեռու գտնուող պետութեան մէջ»: Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Եարոմիր Շթեթինա իր կարգին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրական հանրաքուէն ամբողջովին կը համապատասխանէ միջազգային արժեչափերուն: «Կը շնորհաւորեմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` այսպիսի հանրաքուէ մը կազմակերպելուն համար», նշեց ան:

Հանրապետութեան քաղաքացիները նշեալ հանրաքուէին իրենց մասնակցութեամբ եկան անգամ մը եւս իրենց հաւատարմութիւնը յայտնելու ժողովրդավարական այն համակարգին ու արժէքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է Լեռնային Ղարաբաղի 26-ամեայ հանրապետութիւնը:

Հանրաքուէն միջազգային ընտանիքին կը յղէ հերթական այն պատգամը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու անոր ժողովուրդը պիտի շարունակեն կառչած մնալ ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ազատ ու անկախ երկրի մը մէջ ապրելու հիմնարար իրաւունքին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր անկախութենէն 26 տարի ետք եւս կը շարունակէ մնալ շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան ու ազատութեան դրօշակակիրը, եւ իբրեւ այդպիսին ուղղակի հակապատկերն է իր դրացիին` բռնատիրական Ազրպէյճանին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել