- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Նախագահ Ապպաս Ընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը

[1]

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսուն վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ` ընդառաջելով նախագահի հրաւէրին: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ապպասի ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներ:

Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Ապպաս անդրադարձաւ հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու պայքարի նոյնութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատին նկատմամբ հայ ժողովուրդին ու յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցաբերած զօրակցութեան:

Խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան` պաղեստինեան դատին վրայ:

[2]

Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Երուսաղէմի հայութեան եւ հայապատկան կալուածներուն հետ առնչուող հարցերը, որոնց գծով նախագահ Ապպաս յիշեցուց, որ նոյնինքն Եասէր Արաֆաթ հայութեան հետ կապուած խնդիրներուն նկատմամբ անզիջող կեցուածք ցուցաբերած է ընդհանրապէս եւ պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց ընթացքին մասնաւորապէս:

Հանդիպումի աւարտին, պաղեստինեան պատկերասփիւռի կայաններուն հարցումներուն պատասխանելով, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար բռնագրաւողին դիմադրելը սրբազան դատ է եւ թէ՛ պաղեստինցի եւ թէ՛ հայ ժողովուրդները ունին իրաւազրկուածի նոյն վիճակն ու պայքարելու նոյն հաստատակամութիւնը` յիշելով, որ Պաղեստինի հայութիւնը անքակտելի մէկ բաժինն է պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր պայքարին:

«ԱԶԴԱԿ»