Հաղորդագրութիւն


Յառաջիկայ 2 Ապրիլին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի մեծ ընտանիքը կը մասնակցի մեր երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, առանձին, ինքնուրոյն, «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսով, որ ունի քաղաքական որոշակի խորք ու յստակ պատգամ:

Անկիւնադարձային են այս ընտրութիւնները, հաստատ: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախագահական համակարգը կը փոխարինուի խորհրդարանական համակարգով: Եւ Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրէն, Դաշնակցութիւնը յամառօրէն հետապնդեց իր դաւանած ա՛յս ուղեգիծը, որ ի վերջոյ արդիւնաւորուեցաւ փաստօրէն սահմանադրական բարեփոխումով: Ահա թէ ինչո՛ւ «Նոր սկիզբ»:

Մենք համոզուած ենք, որ այս նոր սկիզբը, անկիւնադարձային այս նոր հանգրուանը ի վերջոյ պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ մեր երկրին համար, նոյնիսկ եթէ հոլովոյթը իր հերթին պիտի պահանջէ ժամանակ:

Ինչ կը վերաբերի «Արդար Հայաստան»-ին, ապա այստեղ եւս յստակ է ու մեկին՝ պատգամը: Դաշնակցութեան դաւանած ընկերվարական սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնն են միայն, որ կրնան հաստատել ընկերային արդարութիւն, նոր ու պայծառ հորիզոն եւ հեռանկար բանալ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին առջեւ, յատկապէս երիտասարդութեա՛ն համար:

Այս բոլորին նկատմամբ Դաշնակցութիւնը յարատեւօրէն ապացուցած է իր յանձնառութիւնը եւ բնականաբար անկիւնադարձային այս հանգրուանին անվերապահօրէն ու իր բոլո՛ր ուժերով կը վերահաստատէ այդ յանձնառութիւնը յանուն մեր պետականութեան ամրապնդման ու երկրի վերելքին: Մենք ամբողջական վստահութիւն ունինք Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի մեծ ընտանիքին վրայ եւ վստահ ենք, որ համայն հայութեան համար ճակատագրական այս փուլին դաշնակցական թեկնածուները, որոնք կը վայելեն մեր ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը եւ յամառօրէն կառչած կը մնան համազգային մեր առաջադրանքներու իրագործման, այս ընտրապայքարէն դուրս պիտի գան շօշափելի արդիւնքներով, յանուն եւ միաժամանակ շնորհիւ հայրենի մեր ժողովուրդի ազգային մտածողութեան ու քաղաքական գիտակցութեան:

Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

16 Մարտ, 2017
Փարիզ

Տպել Տպել