«Ես Ընտրեցի Բերձորը Եւ Վերջ, Այստեղ Պիտի Ապրիմ». Գամիշլիէն Քաշաթաղ Ներգաղթած Վ. Պօղոսեան

Սուրիոյ Գամիշլի աւանէն Վարդան Պօղոսեան արդէն ամիսէ մը ի վեր իր ընտանիքին հետ գաղթած է Սուրիայէն եւ հաստատուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ Քաշաթաղի շրջան, Բերձոր քաղաքին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Medialab»ը:

Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցող Սուրիոյ ներքաղաքական պատերազմական թէժ իրավիճակին պատճառով Վարդանը, եղբայրը, կինը, ծնողները եւ միւս հարազատները ստիպուած բնակութիւն հաստատեցին Քաշաթաղ շրջանին մէջ:

«Ես միտքս դրած էի, որ Ղարաբաղ պէտք է գամ: Հայաստանի, Ղարաբաղի ընկերներուս հետ խօսեցայ, ճշդեցի ամէն բան ու եկայ Ղարաբաղ: Մտածեցի, որ պէտք է գամ, աշխատանք գտնեմ եւ հոս ապրիմ», ըսած է 29ամեայ Վարդանը:

Քաշաթաղ շրջանին մէջ վերաբնակեցուած 21 սուրիահայ ընտանիքները մեծ մասամբ գաղթած են Թուրքիոյ սահմանի մօտակայքը գտնուող սուրիական Գամիշլի աւանէն, անոնց մէջ է նաեւ Վարդանը: Ինչպէս նախապէս «Եռագոյն»ը յայտնած էր, Գամիշլիէն Քաշաթաղ տեղափոխուած է աւելի քան 49 մարդ:

«Բնականաբար այստեղ դժուարութիւններ կան, բայց կը յարմարինք, ուրիշ մասնաւոր հարցեր չկան: Բերձորի մէջ դպրոց կայ, ելեկտրականութիւն կայ, համացանց կայ, փոքր քաղաք է: Հիմնական հարցը գործ գտնելն է, այդ մէկը կ՛ընեն բոլոր հոս եկողները, ինչպէս՝ ես», ըսած է Վարդան Պօղոսեան: Ան ըսած է նաեւ, որ պատերազմէն առաջ կ՛աշխատէր Սուրիոյ նշանաւոր բջիջային ընկերութիւնը նկատուող հաստատութիւններէն մէկուն մէջ՝ իբրեւ հաշուապահ։
Վարդանի կինը՝ Լուսվարդ Վարդանեանը, նոյնպէս մասնագիտութեամբ հաշուապահ է, ան եւս աշխատանք չունի: Քաշաթաղի վարչական շրջանէն Պօղոսեաններուն եւ միւս սուրիահայերուն խոստացած են, որ կ՛օգնեն աշխատանք գտնելու իմաստով։

«Յառաջիկային հաւանաբար կինս այստեղի մանկապարտէզի մէջ հաշուապահ աշխատի, ճիշդ է աղջիկս դեռ փոքր է՝ մէկ տարեկան, բայց ամէն պարագայի պէտք է աշխատի», կ՛ըսէ Պօղոսեանը եւ կ՛աւելցնէ, որ իր աները արդէն հողագործութեամբ կը զբաղի, իսկ միւս բարեկամի տղաները ինքնաշարժի վերաբերող աշխատանք կը տանին։

Մէկ տարեկան դստեր եւ կնոջ հետ Վարդանը կ՛ապրի Բերձորի ժամակաւոր կացարաններէն մէկուն մէջ: Ան կ՛ըսէ, որ չի գիտեր, թէ երբ բնակարան կը ստանայ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ քանի մը օր առաջ Քաշաթաղ շրջանին մէջ հաստատուած սուրիահայերու բնակարանաշինական կարիքները հոգալու նպատակով «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը 5 միլիոն դրամի փոխանցում կատարած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին:

«5 միլիոն դրամի օգնութենէն արդէն յատկացուցած են շէնքի կառուցման համար Կովսականի մէջ (քաղաք Քաշաթաղ շրջանի մէջ), որ շուտ աւարտեն եւ յանձնեն զայն սուրիահայերուն, որոնք այդտեղ պիտի ապրին, իսկ Կովսականի մէջ գլխաւորաբար հողագործներ կ՛ապրին», ըսած է Պօղոսեանը:
Անոր կարծիքով, եթէ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգանայ, ապա աւելի շատ մարդ կու գայ հայրենիքի մէջ ապրելու:
«Հայաստանը պէտք է աւելի զարգանայ, բոլոր շրջանները զարգանան՝ ոչ միայն մայրաքաղաքը, նաեւ՝ բոլոր գիւղերը: Կը յուսամ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ», ըսած է Վարդան:

Փափաք յայտնելով մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատելու Քաշաթաղի մէջ, Վարդան կը նշէ, որ մտադիր չէ նոյնիսկ որոշ ժամանակ ետք Երեւան տեղափոխուելու:

«Ես ընտրեցի Բերձորը ու վերջ, այստեղ պիտի ապրիմ, այստեղ աշխատիմ որքան Աստուած կամենայ: Ես այստեղէն ուրիշ տեղ չեմ ուզեր երթալ», ըսած է Պօղոսեան:

Քաշաթաղի վարչական շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոպերթ Մաթեւոսեան կը նշէ, որ իրենք ամէն ձեւով կը փորձեն օգնել վերաբնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն՝ բնակարան ունենալու, աշխատանք գտնելու հարցով:

Ան կ՛ըսէ, որ գաղթած սուրիահայերու մեծ մասը հողագործութեամբ կը զբաղի, քանի որ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն եկողներուն մեծամասնութիւնը հողագործ եղած է:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»
08.11.2012թ

Տպել Տպել