Կը պահանջե՛նք եւ կ’ուխտե՛նք

23 Ապրիլ 2017ին, Մոնթէպելլոյի (Քալիֆորնիա) Հայկական ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ կազմակերպուած էր աւանդական դարձած հսկումի երեկոյ։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան՝ շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպած այս ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ։

Ես գիտե՛մ։ Կարիքը չունիմ ոեւէ մէկու հաստատումին, որպէսզի վաւերացուի այն՝ ինչ որ գիտեմ։

Մենք գիտե՛նք։ Գիտե՛նք, որ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, համակ մեր ժողովուրդը անտէր, անպաշտպան աքսորուեցան դէպի անապատի անծայրածիր աւազները, որպէսզի հոն, միանալով ոչինչին, ազգովին ոչնչանան նաեւ իրե՛նք, յաւիտեան անհետացնելու համար խորենացիներու եւ կոմիտասներու հետքերը, որոնք տակաւին երէկ կը լուսաււրէին երկրագունդն ու մարդկային քաղաքակրթութիւնը։
Գիտենք, որովհետեւ մենք ենք այդ ճողոպրած ազգին զաւակները։ Մենք է, որ գիտենք ածխացած արմատներէն հանել աւիշ, սնուցանել սերմեր եւ կերտել համայնք, կերտել ազգ։ Մեր Փիւնիկն է սա։
Թող ճանչնան, որ իրե՛նք մարդկայնանան։ Թող ճանչնան, որ իրե՛նք քաղաքակրթուին։ Թող ճանչնան, որ իրե՛նք ազնուանան։ Բայց թող չճանչնան սոսկ այն բանին համար, որ 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրը, Հայկական ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը վաւերականութիւն ստանայ։ Այդ մէկուն մենք պէտք չունինք, որովհետեւ գիտե՛նք։

Մեզի համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբե՛ք ինքնանպատակ չէ եղած։ Եղած է ճնշումի միջոց Թուրքիոյ վրայ, որ մեր ազգային պահանջատիրութեան արձագանգը հնչէ անլռելի յանձնառութեամբ, մինչեւ որ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները ամբողջականօրէն վերահաստատուին։

Ռազմավարական այդ ճանապարհին վրայ, նոյն տրամաբանութեամբ ալ, առաջնահերթութիւն է այսօր հատուցման պահանջը իր բոլոր երեսներով՝ տնտեսական, քաղաքական եւ հողային։
Բնաջնջման նենգ ծրագիրը մատնուեցաւ ձախողութեան, շնորհիւ այն հողին, որ սնուցանած էր վերապրողներու հոգիները եւ անոնց ներարկած էր պայքարելու աննկուն ոգին։ Հո՛ղն էր, որ իրարայաջորդ սերունդներուն մէջ սահմանեց ազատատենչութեան տեսլականը եւ ազգային ինքնորոշման անսակարկելի եւ անօտարելի պահանջատիրութիւնը։

Հո՛ղն է միայն, որ կրնայ երաշխաւորել ազգի մը գոյութիւնը եւ ըլլալ անոր բնական զարգացման խարիսխը։ Այս իմաստով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պէտք է հասկնալ իր ամբողջութեան մէջ, ներառեալ Արցախը, կը հանդիսանայ այն կռուանը, ուրկէ պիտի մղուի Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի համար մեր պայքարը։

Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան պահպանումը ապահով երաշխիքն է մեր գոյութեան։ Գաղափարական ու քաղաքական այս հիմնական սկզբունքով է, որ կ’առաջնորդուի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
Անցնող Ապրիլին, երբ Հ.Յ.Դ.ի կամաւորները ճակատ կը փութային, այդ քայլը կը բխէր մեր այս գաղափարական ու քաղաքական սկզբունքներէն։ Նոյնն էր պարագան անցնող Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար ստեղծուած պահեստազօրին։ Հողը մեր վերապրումի եւ գոյութեան երաշխիքն է եւ անոր կանչը՝ մեր ազգային պահանջատիրութեան մղիչ ուժը։
Ներկայ Թուրքիոյ ու յատկապէս բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայերը մեր ազգին հարազատ զաւակներն են՝ ինչ լեզու ալ խօսին, ինչ կրօն ալ դաւանին անոնք։ Այո՛, անցնող տասնամեակներուն յաճախ կրկնած ենք, թէ Եղեռնի հետեւանքով Արեւմտահայաստանի մէջ հայութիւն չմնաց։ Կը փորձէինք գէթ այս ձեւով պաշտպանել հոն մնացած, ճողոպրած հայութիւնը, որպէսզի թրքական իշխանութիւնները հայշուեյարդար չտեսնէին անոնց հետ եւս։ Սակայն նոյնիսկ 1920ական եւ 30ական թուականներուն, գիտէինք թէ հոն կարեւոր թիւով հայութիւն մնացած է։ Ժամանակը հասած է, որ մեր ռազմավարական դիտարկումներուն մէջ այս պարագան իր կարեւոր տեղը ստանձնէ։

Այսօր, համազգային իմաստով, մեր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները չափազանց բարդ են ու բազմաշերտ։ Մեր երկրին մէջ ԻՍԿԱԿԱՆ նոր սկիզբի ձեւակերպումէն մինչեւ խարսխուած արդար կարգերու հաստատումը։ Յանձնառութիւնը, հաւատքը, ժողովուրդի շահերէն թելադրուած ղեկավարումը եւ ներգործօն մասնակցութիւնը կարեւոր հանգամանքներ են այս ճանապարհին վրայ։ Վերջերս հաստատուած սահմանադրական փոփոխութիւնը կը ստեղծէ օրինական ենթահողը Նոր սկիզբի այս ըմբռնումին։ Սակայն պէտք է անոր առընթեր տեղի ունենայ նաեւ հոգեփոխութիւն, որ կարելի կը դարձնէ կրաւորականութեան, «սինիսիզմի» եւ անձնատուր մտասեւեռումի վանումը մեր ներաշխարհէն, մտածելակերպէն։ Այս մէկը կարելի է նուաճել միայն ներհայկական հակադրութիւններու շինիչ եւ անկեղծ դրսեւորումով եւ պայքարի նոր որակով, որուն թէ՛ մեկնակէտը եւ թէ՛ վերջնակէտը պէտք է ըլլայ մեր ազգային շահերու սրբազան տեսլականը։

Այս իմաստով ալ, պարատ է հողը՝ կառուցելու ազգային ֊ գաղափարական ըմբռնումներով առաջնորդուող նոր սկիզբ մը. կառուցելու այն Հայոց աշխարհը, ուր ներկայացուած ըլլայ մեր ժողովուրդը՝ իր հարուստ եւ ամբողջական խճանկարով, օժտուած՝ շինիչ ընդդիմութեան ընձեռած կարելիութիւններով։

Ցաւօք սրտի, պարարտ է նաեւ հողը անսկզբունք ամբոխավարներուն համար, որոնք պատրաստ են իրե՛նց անհատասիրութեամբ կամ այլ ապազգային հաշիւներով, շահագործելու մեր ժողովուրդի արդարացի վիշտը եւ անզօրութեան օտարածին զգացումները։

Այս իմաստով, պէտք է ըլլալ զգօն։ Անհրաժեշտ է նախ՝ մերկացնել այս միտումները, ապա մերժե՛լ զանոնք, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային շահերը։ Թարմացնող երեւոյթ էր այս մօտեցումներու կտրուկ մերժումը մեր ժողովուրդին կողմէ, ասկէ քանի մը շաբաթ առաջ, երբ ան մերժեց այս պարտուողական վարքագիծը քարոզողները։
Մեր պայքարի ուղեցոյցը մեր գերագոյն նպատակներու իրագործման խնդիրն է։ Երբեք պէտք չէ կիզակէտը շեղեցնել այս ուղիէն։ Ահա հո՛ս է, որ կ’արժեւորուի եւ այժմէականութիւն կը ստանայ Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յարատեւ կռիւ»ի կոչը։

Հարիւրամեակի օրերէն մինչեւ այսօր, Թուրքիան կը փորձէ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածներ հասցնել հայութեան եւ Հայաստանին։ Ասոր փաստերն են՝ Տէր Զօրի յուշահամալիրի ականահարումը, Հալէպի հայաշատ թաղամասերու եւ ազգային հաստատութիւններու ռմբակոծումը, Քեսապի տեղահանութիւնը եւ վերջապէս՝ Ապրիլեան պատերազմը, երբ փորձ եղաւ ճեղքելու հայկական պաշտպանութեան գիծը՝ հասնելու համար Ստեփանակերտ։ Սակայն հայկական բանակի մարտունակութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ խորտակել այս ծրագիրը։

Քրիստափորի «Յարատեւ կռիւ»ի կոչը խորքին մէջ, մեր գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն նկատմամբ աչալուրջ ըլլալն է, հսկող պահակը, որովհետեւ մեր ճակատագիրը երբեք չի կրնար կախեալ ըլլալ ուրիշներու գութէն կամ ողորմածութենէն։ «Յարատեւ կռիւ»ը այն շաղախն է, որ կանգուն կը պահէ մեր ազգային պահանջատիրութեան գաղափարական պարիսպը։ Այսպէս՝ «Նեմեսիս» գործողութիւնը որոշուեցաւ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ, Երեւանի մէջ, 1919ին։ Արմէն Գարօ նշանակուեցաւ իբրեւ ընդհանուր պատասխանատու այս գործին։ «Նեմեսիս»ի գաափարական հենքը այն էր, որ անպատիժ պէտք չէ մնան հայութեան դէմ ոճիր գործած պատասխանատու անձերը։ Այս մէկը կը բխի համայն հայութեան շահերը պաշտպանելու՝ Դաշնակցութեան սկզբունքային կեցուածքէն։

Ինքնապաշտպանութիւնը սքանչելի միասնականութեամբ կազմակերպելու բազմաթիւ օրինակներ եւս կան, որոնք կը բխին նոյն տրամաբանութենէն։ 1895 ֊ 96ին, Վանի մէջ։ 1915ին՝ դարձեա՛լ Վանի մէջ։ Մուսա լեռը, Շապին Գարահիսարն ու Ուրֆան։ Այս միասնականութեան արդիւնքն էին նաեւՄայիս 22 1918ին սկսած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի (այժմ Վանաձոր) հերոսական կռիւները։ «Յարատեւ կռի»ի կոչէն սնանած անդրդուելի միասնականութիւն, որ ժողովրդային ու համազգային գետնի վրայ սքանչելի կերպով արտայայտուեցաւ նաեւ անցնող Ապրիլին, Հայաստանի մէջ։

Գիտե՛նք։ Մեր կեանքն ու անցած ճանապարհը այնքա՜ն յստակ ու ջինջ հետք են թողած, որ կարիքը չկայ խաւարամած անկիւններ պեղելու, որպէսզի իրականութիւնը յայտնուի։ Գիտե՛նք։ Լա՛ւ գիտենք։
Մերը պարզապէս պահանջ է։ Կը պահանջենք մեր ժողովուրդի բնաջնջուած հատուածին, խոշտանգուած հոգիներու արեան գինը, որպէսզի անոնց յաւիտեան նինջը գտնէ իր անդորրը։
Կը պահանջենք մեր հողերը, մեր տուները, մեր եկեղեցիները, որոնք մնացած են անտէր՝ օտարի լուծին տակ։

Մեր հողերը, մեր երդիքները, որոնց հիմերուն մէջ ապաստանած հայու քրտինքն ու արիւնը դարէ մը աւելի վերապրած է՝ իր ճողոպրած զաւակներուն վերամիանալու ցանկութեամբ։ Կը պահանջենք ու կը պայքարինք, որ վերականգնուի մեր ազգային արժանապատուութիւնը, վերահաստատուի մեր ամբողջականութիւնը՝ բոլողր մակարդակներու վրայ։ Կը պահանջե՛նք եւ կ’ուխտե՛նք։
Կ’ուխտենք յամառօրէն շարունակելու տասնամեակներէ ի վեր ծաւալուող պայքարը։ Այս պայքարը դադրեցնելը համազօր է պարտութեան։
Հետեւաբար, պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր մինչեւ յաղթանակ։

(23 Ապրիլ 2017, Մոնթէպելլօ)

Տպել Տպել