- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Մամլոյ 127-րդ Լսարան. Շնորհհանդէս Եւ Ներկայացում «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորին

Հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ թիւ 127 լսարանը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» հատորը (Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամի հրատարակութիւն – թիւ 9): Խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան:

[1]

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու շարքը ո՛չ միայն կ՛անդրադառնայ հայ կեանքը յուզող քաղաքական, ազգային եւ մշակութային հարցերուն, ո՛չ միայն այդ լուսաբանութիւններու ընթացքին բարձր մակարդակի քննարկումներ կը կատարուին պատմագիտական, լեզուագիտական եւ մշակութաբանական եւ այլ նիւթերու մասին, այլեւ անոնց ընթացքին առիթ կը ստեղծուի լուսարձակները կեդրոնացնելու ժամանակակից մտաւորական արտադրութիւններուն վրայ, որոնցմէ մէկն է «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» հատորը:

Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, որ իր խօսքին սկիզբը պատմագիտական տեսանկիւնէն մեկնելով ընդգծեց գիրքին կարեւորութիւնը` նշելով, թէ Շաւարշ Միսաքեան անմիջապէս առաջիններէն եղած է իբրեւ ականատես եւ վկայ Հայոց ցեղասպանութեան: Ապա ան անդրադարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի կեանքին եւ գործունէութեան. որ ծնունդ առնելով Սեբաստիոյ մէջ, տեղափոխուած է Պոլիս եւ դարձած նշանաւոր հրապարակախօս, հրատարակիչ, խմբագիր եւ կեանքի կոչած բազմաթիւ հրատարակչութիւններ, որոնք Պոլսոյ կեանքին մէջ ունեցած են կարեւոր դերակատարութիւն: Շ. Միսաքեան Պոլսոյ մէջ անդամակցած է ՀՅԴ-ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին իր գործունէութիւնը շարունակելով ճանչցուած դէմք դարձած է արեւմտահայ կեանքին մէջ:

Ա. Մելքոնեան դիտել տուաւ, թէ Միսաքեան իր սեփական մաշկին վրայ զգացած է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ 24-25-ի գիշերը ձերբակալութիւններու սարսափներ ապրիլ, հրաշքով փրկուիլ, որոշ ժամանակ թաքստոցէ-թաքստոց անցնիլ, ապա մատնիչի մը մատնութեամբ յայտնուիլ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, տառապիլ, ապա փրկուիլ ու աշխատիլ:

[2]

Ան նշեց, որ հատորը կ՛ապացուցէ, որ ապրիլ 24-25-ի ձերբակալութիւններէն ետք կուսակցական ազգային կեանքը չէ մեռած Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ, եւ մարդիկ դժոխային պայմաններու մէջ կուսակցական աշխատանքը շարունակած են: Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ Շաւարշ Միսաքեան լայնախոհութեամբ խօսած է հայ բոլոր կուսակցութիւններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս ձերբակալուած են բոլոր ազգային- քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Փրոֆ. Մելքոնեան յայտնեց նաեւ, թէ Շ. Միսաքեան ճշգրտութեամբ գրած է այդ գեհենական օրերու ձերբակալութիւններուն մասին, որոնք կատարուած են բոլոր հայկական կառոյցներուն մէջ:

Նամականիէն հասկնալի դարձած է նաեւ, որ 1915-ի ապրիլէն սկսեալ մինչեւ մայիսի կէսերը անհատական ձերբակալութիւններ եւ կախաղանով մահապատիժներ տեղի ունեցած են, իսկ մայիս 15-էն սկսեալ տեղի ունեցած է զանգուածային բռնագաղթը: Շ. Միսաքեանի նամակներէն ակներեւ կը դառնան նաեւ այն դժուար օրերուն նուիրումի օրինակները:

Ա. Մելքոնեան ըսաւ, թէ յատուկ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ Զէյթունի տեղահանութեան խնդիրը, որ առեղծուած մնացած է. Զէյթուն, որ նախապէս ապստամբած եւ պայքար մղած էր, այս անգամ հեզ ու հնազանդ ջարդի ենթարկուած է: Շ. Միսաքեանի նամակներէն ի յայտ կու գայ նաեւ անոր մտահոգութիւնը հայ մտաւորականութեան նկատմամբ, ան հետամուտ եղած է հայ մտաւորականներու տեղահանութեան խնդիրին:

Խօսքի աւարտին Ա. Մելքոնեան անդրադարձաւ Երուանդ Փամպուքեանի կատարած բծախնդիր աշխատանքին եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` նիւթը պատմաբաններուն համար սկուտեղի վրայ մատուցելու համար:

Այնուհետեւ խօսք առաւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան: Ան խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հատորը հոգեկան պարտք մը կատարելու առիթ է մարդու մը հանդէպ` Շաւարշ Միսաքեանի, որ կէս դար ամբողջ ծառայած է հայ գիրին, յատկապէս մամուլին, ապա յայտնեց, թէ աշխատանքին գաղափարը յղացած է «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» 12-րդ հատորի խմբագրութեան աշխատանքներուն ընթացքին:

[3]

Ե. Փամպուքեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս այն օրերուն ղեկավարութիւնը ջլատուած էր, Բիւրոյի եւ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները ձերբակալուած էին, բայց գտնուած են տղաք, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ ուզած են կուսակցութիւնը կանգուն պահել, թէ ինչպէ՛ս Շաւարշ Միսաքեանի գլխաւորութեամբ կազմուած է եռանդամ մարմին մը, որ կոչուած է Վիշապի առժամեայ մարմին, որ ստանալով ՀՅԴ Արեւմտեան Բիւրոյի համամտութիւնը, գործած է աշխուժ կերպով ու դժուար պայմաններու մէջ: Մարմինին գլխաւոր գործը Շաւարշ Միսաքեանի նամակներն ու տեղեկութիւնները եղած են, որոնք հասած են Սոֆիա, ուր սկսած են հրատարակուիլ «Հայաստան» թերթի մէջ: Այն օրերուն այնպիսի պայմանաւորութիւն եղած է, որ Պուլկարիոյ Կեդրոնական կոմիտէն առնելէ ետք այդ նամակները պիտի բաժնէր Եգիպտոս, Ամերիկա, ժընեւ եւ Թիֆլիս: Ե. Փամպուքեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս դժուար պայմաններու մէջ, թաքստոցէ-թաքստոց գաղտնի վայրերէն գրած է Շաւարշ Միսաքեան` շարժման մէջ դնելով առժամեայ մարմինը, որ ունեցած է օժանդակ անձեր, որոնք տեղեկութիւններ հաւաքած են տարբեր-տարբեր վայրերէ եւ երկիրներէ:

Փամպուքեան նշեց, որ Միսաքեանի նամակները մակեդոնացի հին բարեկամներու, երբեմն ճամբորդներու միջոցով, բայց մեծագոյն մասը թրքական, պուլկարական, ռուսական թերթերու լուսանցքներուն վրայ եւ բաց տարածութիւններուն վրայ գաղտնի մելաններով ու ծածկագիրերով հասած են Սոֆիա, ուր վերծանուած են եւ հրապարակուած:

Ե. Փամպուքեան յայտնեց նաեւ, որ Շաւարշ Միսաքեան աշխատակցած է «Հայաստան» թերթին` գրելով յօդուածներ, որոնք ամէնէն դառն տեղեկութիւններու, տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ յուսահատական եղած են, բայց նաեւ մեծ մասամբ հատուցումի, փոխվրէժի եւ հայ ժողովուրդի անմեռ ըլլալու գոյութեան մասին վկայած են: Այդ յօդուածները հատորին մէջ ամփոփուած են իբրեւ խորհրդածութիւններ, պոռթկումներ թուրք կառավարութեան գործած ահաւոր գազանութիւններուն մասին: Իսկ երրորդ հատորը` 1935 թուականին թրքական «Զաման» թերթին մէջ Ալի Ռիզա քննիչ ոստիկանապետի մը հրատարակած յուշերուն մէջ Շաւարշ Միսաքեանի ձերբակալութեան մասին վերաբերող բաժինն է: Շաւարշ Միսաքեան շատ ամփոփ ձեւով տարիներ ետք գրած է իր ընդյատակեայ եւ բանտային կեանքին մասին: Իսկ հրատարակութեան յաւելուածը Վլատիմիր Տիմիթրովի ահաբեկիչ` Եզիտ Արշակի պատմած յուշերն են ահաբեկման մասին, այդ յուշերը իր ուսանողութեան շրջանին արձանագրած է Փամպուքեան:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան հրապարակուած գիրքէն օրինակներ, ապա հիւրասիրութեան մը շուրջ շարունակեցին իրենց խորհրդածութիւնները:

Ստացուած Գիրքեր. «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը Շաւարշ Միսաքեան» (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

[4]

Անթիլիասի տպարանէն 2017-ին լոյս տեսաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը Շաւարշ Միսաքեան» խորագրեալ հատորը. բաղկացած` 483 էջերէ: Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան: Գիրքը հրատարակուած է «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի միջոցով:

Յառաջաբանին մէջ Փամպուքեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է Շաւարշ Միսաքեանի կեանքն ու գործունէութիւնը:

Աւազանի անունով Եղիազար, Միսաքեան ծնած է 1884 օգոստոս 15-ին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը, Տիվրիկի շրջան: 1890-ին փոխադրուած է Պոլիս եւ 16 տարեկանին մտած լրագրական ասպարէզ: Համիտեան բռնատիրութեան օրերն էին եւ խիստ գրաքննութեան պայմաններուն տակ, անհրաժեշտ էր ազատ արտայայտութեան բեմ, զոր ան պիտի գտնէր Թուրքիայէն դուրս, դրացի Պուլկարիոյ Ֆիլիբէ (այժմ Փլովտիւ) քաղաքին մէջ` Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող դաշնակցական «Ռազմիկ» թերթին մէջ: 1908-ին Շ. Միսաքեան կը ձեռնարկէ, Գեղամ Բարսեղեանի, Վահրամ Թաթուլի եւ Զապէլ Եսայեանի հետ, «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան. կը հիմնէ նաեւ «Արծիւ» գրատունը եւ «Ազդակ»-ի մատենաշարը:

1911-ին, Շ. Միսաքեան Կարին է, եւ տարի մը ամբողջ կը խմբագրէ տեղւոյն «Յառաջ» թերթը: Պոլիս վերադարձին, կը մտնէ «Ազատամարտ»-ի մեծ ընտանիքին մէջ:

1915-ի արհաւիրքի օրերուն Միսաքեան փախստականէ թաքստոցէ թաքստոց, ձերբակալութիւն մատնութեամբ, ոստիկանական անվերջանալի հարցաքննութիւններ, բանտային չարչարանքներ, անձնասպանութեան փորձ, 5 տարուան բերդարգելութեան վճիռ եւ ազատագրում` յաղթական դաշնակիցներու Պոլիս մուտքով:

Այնուհետեւ խմբագրած է Պոլսոյ «Ճակատամարտ»-ը, մինչեւ 1922 նոյեմբեր:

Ֆրանսա հաստատուելէն ետք, 1925 օգոստոսին հիմնեց «Յառաջ»-ը, որուն խմբագրութիւնը վարեց մինչեւ մահը` 1957 յունուար:

Փամպուքեան այնուհետեւ կը ներկայացնէ Մեծ եղեռնի առաջին վկայագրող Շաւարշ Միսաքեանը, ուր կ՛ըսէ, թէ բախտի բերմամբ ճողոպրածներէն Շ. Միսաքեան, ինք եւս տեւաբար հետապնդումի առարկայ, նախաձեռնող կը հանդիսանայ «Վիշապի առժամեայ մարմին» անունով գաղտնի կազմի մը առաջացման: Փամպուքեան կը շարունակէ, ըսելով, որ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութեան միակ միջոցը սահմանակից Պուլկարիան էր, տակաւին ոչ-պատերազմիկ երկիր, ուր կը գտնուէր ՀՅԴ Պալքանի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը. կարգադրուած էր որ այդ մարմինին մօտ կեդրոնացուին Պոլսէն ու ներքին գաւառներէն ստացուած տեղեկութիւնները, բազմացուին անոնք եւ փոխանցուին անմիջապէս հետեւեալ վայրերուն,- Ժընեւ, «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան, Թիֆլիս` ՀՅԴ Արեւելեան բիւրոյին եւ Ամերիկայի ու Եգիպտոսի կուսակցական մարմիններուն, որոնք, իրենց կարգին, մամուլով եւ այլ միջոցներով պէտք է իրազեկ դարձնէին հայ ու օտար հանրային կարծիքը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տեղի ունեցող այն արհաւիրքներուն մասին, որոնցմով թուրք պետութիւնը կ՛աշխատէր բնաջնջել ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Փամպուքեան կը հաստատէ ըսելով, որ Շ. Միսաքեանի այս նամակներուն շարքը կը սկսի 14/27 ապրիլին, որ կը գուժէ ապրիլ 11/24-ի ձերբակալութիւնները. վերջինը 22 սեպտեմբեր/5 հոկտեմբեր 1915 թուականը կը կրէ: Սեպտեմբերի վերջերուն, Պուլկարիան յարած ըլլալով Գերման-Աւստրիա-Թուրք զինակցութեան, Պոլսոյ եւ Սոֆիայի միջեւ ստեղծուած այս կապը կը կասի: Լրատուութեան այս հոսքը վերջնականապէս պիտի խափանուէր 1916 թուականի մարտ 16-ին, Պոլսոյ մէջ Շ. Միսաքեանի ձերբակալութեամբ:

* * *

«Նամակներ Պոլսոյ թաքստոցներէն» բաժինը Շաւարշ Միսաքեանի նամակներն են, գրուած` 1915-ին եւ ուղղուած Սոֆիա, ՀՅԴ Պալքանեան Կեդրոնական կոմիտէին:

14 ապրիլ (հին տոմար) 1915 թուակիր նամակին մէջ Միսաքեան կը գրէ. Իմացած կ՛ըլլաք անշուշտ օրուան դէպքը. մեր հարեւանները անորակելի դաւադրութեամբ, գիշերանց յանկարծակի ձերբակալեցին բոլոր ծանօթ ընկերները եւ ուղարկեցին կեդր[ոնական] բանտ, ուրկէ փոխադրուած են արդէն կէս գիշերուընէ դէպի Գոնիա կամ Էնկիւրի, լաւ չենք գիտեր:

Դէպքը տեղի ունեցաւ առանց նախընթաց պատճառի. օրերէ ի վեր չարագուշակ շշուկներ կային, բայց դժուար թէ կարելի ըլլար երեւակայել այսպիսի զանգուածային կալանաւորում, առանց նայելու դաւանանքի, հպատակութեան, կուսակցականի կամ աղայի:

Շաբաթ առտուընէ Պոլսոյ բովանդակ ոստիկանութիւնը շարժման մէջ դրուած էր եւ ցերեկուընէ սկսան հատ-հատ ձերբակալումներ ընել նախապէս պատրաստուած ցանկի մը վրայ: Գիշերը տեղի ունեցաւ բուն դաւադրութիւնը, տեւելով ժամը 9:00-էն մինչեւ կիրակի: Մեր յայտնի ընկերներէն գրեթէ բոլորն ալ բռնուեցան կէս գիշերէն ու փոխադրուեցան օթոմոպիլներով հսկողութեամբ ոստիկաններու եւ ժանտարմներու, շատերու անձնական թուղթերն ու գոյքերը միասին տանելով:

Ազատամարտի խմբագրատունը հսկողութեան տակ առնուեցաւ կէս գիշերին եւ ով որ կար ներսը ձերբակալուեցաւ:

* * *

29 ապրիլ թուակիր նամակին մէջ կ՛ըսուի: Այժմ գրեթէ բոլոր ընկերներէն լուր ունինք: Ակնունի, Շահրիկ[եան], Խաժակ, Շամիլ, Փաշայեան, Զարդարեան, Գ. Բարսեղեան, Համբարձումեան, Ներսէս Փափազեան եւ ուրիշներ կը գտնուին Այաշ, Էնկիւրիէն ասդին, զօրանոցի կամ բանտի մէջ: Միւսները չէզոքներուն հետ խառնիխուռն փոխադրուած են Չանղըրը եւ մաս մըն ալ Չորում: Գրեթէ բոլորէն ալ թուրքերէն քարտեր հասան, 10 օր առաջ թուագրուած, եւ կը խնդրեն, որ պատասխաններն ալ թուրքերէն գրուին: Նամակները եկած են Ընդհանուր ապահովութեան տեսչութեան միջոցաւ: Առաջին քարտերու տակի հայերէն ստորագրութիւններն անգամ աւրուած են: Բոլորին ալ ղրկեցին դրամ (35 ոսկի եւ ոչ թէ 30), յետոյ դարձեալ տասը, եւ ճերմակեղէններ: Խօսք կայ որ չէզոքներէն շատերը ետ պիտի դառնայ: Մասնաւորապէս Չանղըրըի խմբակը. դեռ ոչ ոք չէ եկած: Հնչակեան Մուրատը ղրկեր են էվերէկ, երեւի ծանօթ դէպքին հետ կապուելու համար ու կ՛ըսուի թէ մեր ընկերներէն ալ մաս մը պիտի ղրկուի Վան: Չենք գիտեր որքան ստոյգ է: Կ՛իմանանք թէ Այաշի մէջ մերինները շարունակ ներկայ բացակայի կ՛ենթարկուին, բոլորն ալ իրենց հանգստութենէն կը ճառեն ի հարկէ…

* * *

19 մայիս 1915 թուակիր նամակին մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը գրէ.

Բաղէշէն հեռագիր հասաւ Պատրիարքարան, որով հազար ոսկի կը պահանջեն հեռագրով: Անշուշտ չարաշուք դէպք մը կը բացատրէ այս հեռագիրը: Թերեւս դուք աւելի լաւ գիտէք բուն իրողութիւնը: Ամէն պարագայի մէջ կը ջանանք իմանալ:

Զէյթունցիներուն մէկ մասը աքսորած են Էնկիւրիի Սուլթանիէ կոչուած տեղը, որ ճախճախուտ եւ վատառողջ անկիւն մըն է, ուրկէ թուրքերն անգամ կը փախչին եղեր, իսկ մաս մըն ալ ղրկած են Միջագետքի Տէյր Զօր կոչուած վայրը, վրանաբնակ վայրենիներու մէջ: Պատրիարքը ամերիկեանի միջոցով խնդրած է, որ արտօնեն դեղ, առողջապահական նիւթեր եւ եկեղեցական գոյքեր (Մաշթոց, միւռոն) ղրկելու: Թալէաթը նախ ծամծմեր է, իսկ երկրորդ անգամուն երբ թարգմանը ներկայացած է վերջնական պատասխան ստանալու, յայտներ է թէ չեն կրնար արտօնել: «Մեր կայսրութեան գերագոյն շահերը կը պահանջեն այսպէս վարուիլ. կը խնդրեմ որ ալ չխօսինք այս մասին»: Հակառակ այս պատասխանին, դեսպանը երկու երեք օրէ ի վեր նոր ժամադրութիւն մը կը խնդրէ, եւ երէկ պիտի տեսակցէր: Չգիտենք արդիւնքը: Ինչպէս կը տեսնէք, Իթթիհատը կատարելապէս հետեւողական է իր ծրագրին մէջ: Բնաջինջ ընել բոլոր հայկական համախմբումները, նոյնիսկ յատկապէս դէպի մահը առաջնորդելով զանոնք: Այս ուղղութեամբ առնուած վերջին քայլը այն է, որ արդէն իսկ կազմուած է յայտնի թուրքերու անդամակցութեամբ յանձնաժողով մը, գործադրելու համար տոքթ. Ռորպախի համբաւաւոր ծրագիրը.- Միջագետքի արաբները տեղաւորել Հայաստանի մէջ, որպէսզի ոչ մէկ հնարաւորութիւն չմնայ հայկ. մեծամասնութեան կամ համախմբման, հետեւաբար եւ ինքնավարութեան:

* * *

29 մայիս 1915 թուակիր նամակին մէջ կ՛ըսուի.

1.- Խաժակէն նամակ եկաւ, թուրքերէն եւ հայերէն խառն, Էնկիւրիի կայարանէն. կ՛իմացնէ որ ինք, Ակնունին, Զարդարը եւ Ս. Մինասեանը կ՛երթան Էնկիւրի պատերազմական ատեանի առաջ դատուելու. միւսներէն լուր չունինք դեռ, երբ իմանանք իրիկունը նորէն կը գրենք:

2.- Փաստ է արդէն.- Հայաստանը առանց հայու… Երզնկացիները քշեր են Խարբերդ: Արդէն հասեր են Ակն, ուրկէ հեռագրով դրամ կը պահանջեն. Կարինն ալ սկսեր են պարպել: Մարաշ, Այնթապ, Հաճըն, բոլոր հայկ. շրջանները պարպուած են: Կայանէ կայան կը փոխադրեն դէպի Միջագետքի խորերը, թէեւ կը խաբեն բուն տեղի մասին: Այս լուրերը կու տայ Զաւէնին գերմանացի բարեկամը, որ կ՛աւելցնէ թէ ամէն ջանք թափեցին գոնէ ծերերուն եւ տղոց խնայելու, բայց անօգուտ:

3.- Կիլիկիոյ ամէն կողմը սարսափելի խուզարկութիւններ եղած են. Վահագնը բանտարկուած է:

Կաթողիկոսին ընդարձակ մէկ տեղեկագիրը հասաւ, որ կը պատմէ սարսափները: Խուզարկեր են առաջնորդին սենեակը, ննջարանը, եկեղեցի, գերեզմանատուն, ամէն բան ու ամէն տեղ: Կաթողիկոսարանն ալ կոխեր են: Մինչեւ մօտեցեր են կաթողիկոսին ննջարանին, այն ատեն կաթողիկոսը յայտներ է որ կը հրաժարի եւ իր բանալիները կը յանձնէ կուսակալին ու կը մեկնի: Ասոր վրայ ննջարանէն վազ անցեր են: Տեղեկագիրը առնելով կ՛արտագրենք ու կ՛ուղարկենք այս ձեւով: Օրը օրին:

4.- Բոլոր հայ պաշտօնեաները խումբ խումբ կը ճամբեն: Բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յուսահատօրէն կը յայտնէր որ մեծ բան է եթէ մեր կաշին ազատենք: Թալէաթը հայ պաշտօնեայի մը ըսեր է եթէ մատնութիւն կ՛ընես, քեզի պաշտօն կու տանք: Խօսք կայ որ Պոլսոյ հայութիւնն ալ պիտի քշեն: Կը ստուգենք:

* * *

13 յուլիս 1915 թուակիր նամակին մէջ Միսաքեան կը գրէ.

Խղճի հանգստութեան համար հարկը կը զգանք անգամ մըն ալ ձեր միջոցաւ վերին մարմիններու լուրջ նկատողութեան յանձնել մեր արդի վիճակը, մեր տագնապներն ու տանջանքները: Վերջին երեք ամսուայ ընթացքին, ուրիշ փորձառու ընկերներու հետ ալ յաճախակի խորհրդակցելով, եկանք այն եզրակացութեան թէ երբ թշնամին Պոլիս մտնէ, մեզի ուրիշ բան չի մնար ընել, բայց միայն ահաբեկել արդէն իսկ ցուցակագրուած 8-10 յայտնի հայ լրտեսներ, խուճապի տեղի չտալ, արգիլել ամբոխային ցոյցեր, հակապետական ձեռնարկ կամ փոխ վրէժ, քանի որ ոչ միայն մեր թանկագին ընկերները, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը պատանդ կը մնայ իթթիհատեան բռնապետութեան ձեռքը: Ապագային կը ձգուէր բոլոր հաշիւներու կարգադրութիւնը: Դուք ալ այս տեսակէտը պաշտպանեցիք, առանց սակայն բարձրագոյն խորհուրդի մը կամքը յայտնելու: Վերջին պահուն միայն հաղորդեցիք Ժընեւի տեսակէտը, որ կարծես երբեք կապ չունի օրուայ իրականութեան հետ: Մինչ այս մինչ այն, հալածանքը սաստկացաւ. ոչ միայն մեր ընկերները, այլ եւ հազարաւոր թանկագին ուժեր կալանաւորուեցան, բանտ կամ դատարան նետուած կը մնան այսօր, շատերը սպաննուեցան, բայց մանաւանդ ամբողջ հայ ժողովուրդը զինաթափ, տեղահան, մօրէ մերկ, քշած են լեռներէ ու ձորերէ անդին, կը թափառին անապատները, սովամահ մեռնելու, կամ վայրկեանէ վայրկեան ջարդուելու վտանգին տակ: Ամբողջ շրջաններ ջարդուած են արդէն (Խնուս, Տիգրանակերտ, Շ. Գարահիսար, Մարզուան, նորերը յիշելով): Երկրորդ հանգրուանն է այս, եւ տակաւին չենք գիտեր կուսակցութեան կամքը: Այժմ մենք շուարած, ելք մը կը փնտռենք: Կատարե՞լ որեւէ ձեռնարկ: Բայց ո՞վ կու տայ մեզ այդ իրաւունքը, եւ մանաւանդ ո՞վ կրնայ կշռել հետեւանքները:

* * *

Իսկ 11 օգոստոս 1915 թուակիր նամակին մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը գրէ.

Կացութիւնը ոչինչով բարւոքած է: Ձերբակալումները կը շարունակուին հարիւրներով: Երէկ միայն բռնեցին 500 հոգի: Ճիշդ է որ առ այժմ ընտանիք ունեցող գաւառացիները ազատ կը ձգեն, բայց ո՞վ գիտէ: 1300 հոգի քշած են արդէն: Բոլորն ալ կը տանին կոտորելու: Չգիտենք, վերջը ի՛նչ փրկուած պիտի ըլլայ: Յօդուածով եւ նամակով քաղուածներ կը ներկայացնենք Գոնիայի առաջնորդին նամակէն: Կը տեսնենք որ մերձակայ շրջաններուն համար անգամ ոչ մէկ մեղմացում կայ եւ 75 առ հարիւրը կոտորուած պիտի ըլլայ մինչեւ աքսորավայրը:

Տեղեկութիւններ քաղեցինք Այնթապի տոքթ. Շեփրտէն: Այս միսիոնարը շատ ալ բարեացակամ չէ հայերու մասին եւ տեղական ապստամբութիւնները կը նկատէ պատճառ` այդ դժոխային բարբարոսութեանց, բայց եւ այնպէս իր տեղեկութիւններն անգամ քարերը կը լացնեն: Ահա իր պատմութիւնը:

«Այնթապի տեղահանութեան հրամանը տրուեցաւ նախ յուլիս 21-ին, իր մեկնած օրը, երբ 60 ընտանիքներ պիտի քշուէին: Երկրորդ հրամանը տրուեցաւ քանի մը օր յետոյ, 70 ընտանիքի համար: Յետոյ քշուեցան 1500 հոգի եւ ճիշդ յաջորդ օրը` հազար հոգի, որով պարպուած կ՛ըլլար Այնթապի փոքրաթիւ հայութիւնը. բոլոր ջանքերը` ամերիկեան հաստատութիւնները այս կարգադրութենէն զերծ պահելու` մնացին ապարդիւն: Քշուողները ազատ չեն իրեն հետ վերցնելու ուզածնին. կրնային ունենալ միայն մէկ անասուն, իւրաքանչիւր ընտանիքի պէտքերը բեռցնելու համար:

Աքսորականներու առաջին հանգրուանը կը կազմէր Հալէպ, ուր իր անցած ատեն կային 1500 հայեր, դէպի ներսերը քշուելու համար: Դիմադրութեան շատ քիչ փորձեր եղած են. միայն Մարաշի մօտերը, Ամանոս լեռներու մէջ Ֆընտըճաք հայ գիւղը սպաննած էր տեղահանութեան համար ղրկուած ժանտարմը, որու հետեւանքով երեք ջոկատ զօրք ղրկուեցաւ եւ գիւղը գերեզմանի ու մոխրակոյտի վերածուեցաւ: Զէյթունցիները քանի մը անգամ յաջող փորձեր ըրին աքսորականներու կարաւաններ կեցնելու եւ ազատելու…: Կիլիկիոյ շրջանի տեղահանումը կը կատարուի համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ: Անշուշտ բոլոր քշուածները կը կողոպտուին ապստակներու կողմէ, բայց առեւանգումներ եւ սպանութիւններ այնքան խոշոր տոկոս մը չեն կազմեր, որքան բուն իսկ հայկական նահանգներու մէջ: Այն սակաւաթիւ մնացորդները որոնք կը վերապրին այդ տաժանելի ճամբորդութենէն, ցանուցիր կը տեղաւորուին թուրք եւ արաբ գիւղերու մէջ: Մեծագոյն տոկոսը չտեսաւ Տէր Զօր, ուր 15000-է աւելի հայեր արդէն հասած էին: Իսկ ատկէ սկսելով մինչեւ վարը, Ճէրապլուս, Սասրլան եւ այլն. ցամաք ու անապատ տեղեր, ցանցնուած են ամէն կողմէ քշուած հայերով: Ճամբան մինչեւ Պոլիս հասնիլը, ամէն քաղաքէ հայեր կամ արդէն տեղահան եղած, կամ ըլլալու վրայ են:

* * *

«Մեծ ճգնաժամը» բաժինը կ՛ընդգրկէ Շաւարշ Միսաքեանի յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթի 1915-ի մայիս 13-սեպտեմբեր 19-ի համարներուն մէջ:

Միսաքեան կը գրէ.

Ամէն կողմ, ուր հայ համախմբում մը կայ, կառավարութիւնը կը գործէ երկաթեայ թաթերով, լարած ու պրկած արեւելեան գազանութեան բոլոր միջոցները: Սիստեմաթիկ ծրագիր մը կայ, որ աստիճանաբար եւ անողորմաբար կը գործադրուի Իթթիհատի գործակալներուն ձեռքով, զինուորական ճշդութեամբ: Ահա Կիլիկիան` իր Զէյթունով, Տէօրթեոլով, Մարաշով եւ միւս հայաշատ կեդրոններով: Արու բնակչութիւնը զինուոր առած են արդէն, այսինքն իբրեւ բանուոր կը տանջեն ճամբաներու շինութեան համար, կիներ եւ աղջիկներ կը մնան անպաշտպան այս ամէն կարգի բռնութեանց հանդէպ:

* * *

Ցիրուցան Միջագետքի ճախճախուտ տափաստաններուն մէջ, կամ Գոնիայի եւ Էնկիւրիի խաւարակուռ անկիւնները, ենթակայ սելճուկեան մնացորդներու բիւրազան քմահաճոյքներուն, զրկուած իրենց բոլոր ստացուածքներէն, ցնցոտիներով, բոպիկ ոտքերով, թափառական գնչուներու պէս կը հիւծեն այժմ Զէյթունի խրոխտ լեռնականները` իրենց հայրենի կայանը ձգած Սարմանլը անուն վայրագ աշիրէթի մը, որ բացարձակ տէր ու տիրականն է հիմա…

* * *

«Տերեւները դեղնած յուշատետրէ մը» բաժինին մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը պատմէ իր թաքստոցային կեանքին, մատնութեամբ ձերբակալման, կրած չարչարանքներուն, դատավարութեան եւ պատերազմի աւարտին` ազատ արձակման մասին:

«Յաւելուած» բաժինին մէջ ներկայացուած է Եզիտ Արշակը եւ անոր կողմէ մատնիչ պուլկար Վլատիմիր Տիմիթրեւիչի ահաբեկումը:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը Շաւարշ Միսաքեան» Գիրքին Յառաջաբանը. Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957)

[5]

Ուղիղ 60 տարի առաջ, 1957 յունուար 26-ին, Փարիզի մէջ կը մահանար Մեծ եղեռնէն մազապուրծ վերապրող մը, հայ գրին ու մշակոյթին նուիրեալ եզակի անձնաւորութիւն մը` վաստակաշատ Շաւարշ Միսաքեան, որուն անունը սերտօրէն կապուած պիտի մնայ ժամանակակից հայ հրապարակագրութեան հետ, եւ որուն կեանքին ու գործունէութեան մէկ կարճ, բայց եւ բախտորոշ հատուածին է յատկացուած ներկայ հատորը:

Աւազանի անունով` Եղիազար, Շ. Միսաքեան ծնած է 1884 օգոստոս 15-ին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը, Տիվրիկի շրջան: 1890-ին ընտանիքը կը փոխադրուի Կ. Պոլիս, ուր նախակրթութիւնը եւ միջնակարգի ուսումը աւարտելէ անմիջապէս ետք, 16 տարեկանին, կը նետուի լրագրական ասպարէզ` «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան մէջ: Համիտեան բռնատիրութեան օրերն էին, ու պոլսական աւանդական լրագրութիւնը, չըսելու համար` «ղազէթաճիութիւն»-ը, խստաբիբ գրաքննութեան մը հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ, դարձած էր անջիղ ու անբովանդակ, ամէն պարագայի` ոչ համապատասխան հանրային կարծիք առաջնորդելու իր առաքելութեան: Երիտասարդ ու յախուռն նկարագրի տէր հրապարակագրին համար անհրաժեշտ էր ազատ արտայայտութեան բեմ, զոր պիտի փնտռէր ու գտնէր ան Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս, հարեւան Պուլկարիոյ Ֆիլիբէ (այժմ Փլովտիւ) քաղաքին մէջ` Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող դաշնակցական «Ռազմիկ» թերթին մէջ, որուն կ՛աշխատակցէր գաղտնաբար: Այնպէս որ, 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումէն քիչ ետք, օգտուելով ազատութեան առաջին շրջանի գինովցնող հովերէն, Շ. Միսաքեան կը ձեռնարկէ, Գեղամ Բարսեղեանի, Վահրամ Թաթուլի եւ Զապէլ Եսայեանի հետ, «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան. կը հիմնէ նաեւ «Արծիւ» գրատունը եւ «Ազդակ»-ի մատենաշարը: Շաբաթաթերթը, որուն կ՛աշխատակցէին հոյլ մը բանաստեղծներ, արձակագիրներ, հասարակական հանրածանօթ դէմքեր` Դանիէլ Վարուժան, Մ. Մեծարենց, Սիամանթօ, Ահարոն Տատուրեան, Արտ. Յարութիւնեան, Յակոբ Օշական, Յ. Մնձուրի, Յ. Շահրիկեան, Բարսեղ Շահպազ, Մարզպետ, Կոմս ու տակաւին երիտասարդ ու երէց սերունդի շատ մը հանրածանօթ դէմքեր, կը դադրի 1909-ի հոկտեմբերին, երբ արդէն սկսած էր լոյս տեսնել ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ը:

1911-ին Շ. Միսաքեան Կարին է եւ տարի մը ամբողջ կը խմբագրէ տեղւոյն «Յառաջ» թերթը, որուն հիմնադիրը` Եղիշէ Թոփչեան, սպաննուած էր 1909-ին եղբայրասպան գնդակով: Պոլիս վերադարձին կը մտնէ «Ազատամարտ»-ի մեծ ընտանիքին մէջ` ստանձնելով յատկապէս անոր շաբաթական յաւելուածին գրական բաժնի խմբագրութիւնը` մինչեւ 1915 թ. ապրիլ 11/24-ի պոլսահայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութիւնը եւ «Ազատամարտ»-ի խափանումը թրքական իշխանութեանց կողմէ:

Հրապարակագրական ու գրականագիտական աշխատանքներու կողքին, Շ. Միսաքեան գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենայ կուսակցական աշխատանքներուն մէջ: 1907-ին անդամագրուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան եւ սահմանադրութեան տարիներուն` կոչուած պատասխանատու պաշտօններու, մինչեւ Կ. Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի անդամակցութիւն: Հետեւաբար, 1915-ի ապրիլին, իբրեւ հրապարակի վրայ ծանօթ խմբագիր ու կուսակցական գործիչ, իր անունը պիտի գտնուէր թուրք գաղտնի ոստիկանութեան պատրաստած ցուցակին մէջ: Պատահմունքով է, որ կ՛ազատի մէկ հարուածով հայ մտաւորականութիւնը անճիտելու նպատակով ոստիկանութեան լարած թակարդէն(1):

Այնուհետեւ, արհաւիրքի այդ տարիներուն, Շ. Միսաքեանի կեանքն ու գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ քիչ ծանօթ է առհասարակ հանրութեան. փախստական` թաքստոցէ թաքստոց, ձերբակալութիւն մատնութեամբ, ոստիկանական անվերջանալի հարցաքննութիւններ, բանտային չարչարանքներ, անձնասպանութեան փորձ, 5 տարուան բերդարգելութեան վճիռ, հուսկ ազատագրում` յաղթական դաշնակիցներու Պոլիս մուտքով. «Ատոնք ուրիշ պատմութիւն են», պիտի ըսէր իր դաժան անցեալի մասին սակաւախօս Շ. Միսաքեան:

Ահա եւ այդ «ուրիշ պատմութիւնը». թրքական հայաջինջ ու ահաւոր սարսափներու ականատես եւ ականջալուր մարդուն, այդ բոլորը օրը-օրին արձանագրող եւ այդ իմաստով հայասպանութեան իրողութիւնը առաջին անգամ վկայագրողին պատումը: Շ. Միսաքեանի գրչէն դուրս եկած ծածկագիր այդ փաստաթուղթերը, վերծանուած եւ արտագրուած, խնամքով պահուած են ՀՅԴ Կեդրոնական արխիւին մէջ: Մասամբ, եւ քաղուածաբար, անոնք հրատարակուած են նաեւ Սոֆիա լոյս տեսած «Հայաստան» թերթի 1915 թուականի համարներուն մէջ:

Թէ ի՞նչ միջոցներով եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ գրի առնուած են անոնք, այդ մասին կը խօսուի քիչ անդին:

***

Շարունակելու համար Միսաքեանի հետագայ կեանքի ընթացքը` յայտնենք, որ բանտէն արձակուելէ անմիջապէս ետք (27 նոյ. 1918), ան վերսկսաւ իր հրապարակագրական ասպարէզին: Դեռ բանտ գտնուած միջոցին Պոլսոյ ընկերները (Սիրունի եւ ուրիշներ), ընդյատակէն դուրս եկած կամ կոտորածէն ճողոպրած եւ կամ աքսորավայրերէն ու մօտակայ Պալքաններէն Թուրքիոյ մայրաքաղաքը փութացած` ձեռնարկած էին արդէն Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի վերահրատարակութեան (2): Ազգային եւ կուսակցական կեանքը սկսած էր ազատագրուիլ պատերազմական տարիներու արհաւրալից ճնշումներէն եւ թափ տալ վերապրումի աշխատանքներուն: Կը վերականգնէր առաջին առթիւ կուսակցական կեանքը, կը վերակազմուէին Դաշնակցութեան թաղային խումբերն ու կոմիտէները, կը ձեռնարկուէր պատրիարքարանի հեղինակութեան վերականգնումին, կը ստեղծուէր Ազգային լիկան իր բազմազան յանձնախումբերով` տարագիրներու, որբահաւաքի, աղքատախնամի եւ այլն, կը հաւաքուէին վերապրողներու կենդանի վկայութիւնները ջարդերու մասին, կը կազմուէր հարիւրաւոր ջարդարարներու անուանացանկը, ու այս բոլորը կը հրատարակուէին ոչ միայն հայ մամուլով, այլեւ Ազգային լիկայի լոյս ընծայած ֆրանսերէն «Renaissance» (Վերածնունդ) թերթի էջերուն:

Շ. Միսաքեան մէկն էր այն անձնաւորութիւններէն, որոնք ներշնչողն ու մղիչ ուժը կը հանդիսանային հայ ժողովուրդի վերականգնումի ուղղութեամբ թափուած ճիգերուն:

1919-ին ան Երեւան է, նորանկախ Հայաստանի մայրաքաղաքը, ուր իբրեւ Կ. Պոլսոյ պատգամաւոր կը մասնակցի ՀՅ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհ. ժողովին: Վերադարձին կը շարունակէ գլխաւորել Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէն` միաժամանակ խմբագրելով «Ճակատամարտ»-ը, մինչեւ 1922-ի նոյեմբեր ամիսը, երբ քեմալական վարչակարգը վերջնականապէս կը յաղթանակէ Թուրքիոյ մէջ: Կեդր. կոմիտէի միւս անդամներուն հետ կ՛անցնի Սոֆիա, ուրկէ կը շարունակէ կանոնաւորաբար խմբագրականներ ուղարկել Պոլսոյ «Ճակատամարտ»-ին` մինչեւ այս վերջինին փակումը 1924-ին: Նոյն տարուան վերջերուն Փարիզ է եւ կը մասնակցի Դաշնակցութեան 10-րդ Ընդհ. ժողովին, կ՛ընտրուի անդամ ՀՅԴ Բիւրոյին. կը վերընտրուի նոյնպէս յաջորդ Ընդհ. ժողովին (1929) եւ շուրջ տասը տարիներ կը վարէ կուսակցական-կազմակերպական պատասխանատու պաշտօններ` մասնակից դառնալով միաժամանակ, Ս. Վրացեանի եւ Ա. Ջամալեանի հետ, «Դրօշակ»-ի խմբագրումին, այցելութիւններ կու տայ Յունաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ արեւմտեան Եւրոպայի շատ մը երկիրներ. աւելի ուշ շրջագայութեան կ՛ելլէ Եգիպտոս, Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան` ամէնուրեք վկայելով տարագիր հայութեան վերապրելու անյողդողդ կամքին, վերանորոգ կեանքին ու լաւագոյն ապագայի մը նկատմամբ սնուցած հաւատքին մասին:

Շ. Միսաքեանի իսկական կոչումը, սակայն, ինչպէս ըսուեցաւ, հրապարակագրութիւնն էր եւ իր գլխաւոր իրականացումը պիտի հանդիսանար փարիզեան «Յառաջ»-ը: Արդարեւ, Ֆրանսա հաստատուելէն ետք, կուսակցական գործունէութեան զուգընթաց, 1925 օգոստոսին կը հիմնէ «Յառաջ»-ը, նախ` երկօրեայ, որ 1927 յունուարէն սկսեալ կը վերածուի օրաթերթի: Ֆրանսայի եւ արեւմտեան Եւրոպայի քանակով ու որակով հետզհետէ ուռճացող հայութեան համար «Յառաջ»-ը պիտի դառնար հայապահպանութեան, հայոց անկորնչելի Դատի հետապնդման, ինչպէս նաեւ հայ ոգիի զարգացման գլխաւոր մէկ բեմը, որուն շուրջ Շ. Միսաքեան համախմբեց հայ գրին ու մշակոյթին նուիրեալ բազում տաղանդաւոր երիտասարդներ: Իր ամէնօրեայ խմբագրականներով ու ակնարկներով տարագիր բազմութիւններուն համար ան դարձաւ ներշնչման աղբիւր` տեւաբար կառչած մնալու հայրենաւանդ արժէքներուն եւ մայրենի լեզուին: Մանաւանդ լեզուին, որուն բիւրեղացման համար չխնայեց ոչ մէկ ճիգ ու եռանդ` անխնայ պախարակելով անոր խաթարման սատարող ամէն երեւոյթ, սովետական կոչուող Հայաստանէն գար ան, թէ արդիւնք ըլլար արտասահմանեան այլասերիչ պայմաններուն:

Շ. Միսաքեան «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը վարեց 1925-էն մինչեւ իր մահը, 1957 յունուար: Օրաթերթին հրատարակութիւնը 5 տարուան ընդմիջում ունեցաւ (1940-45) Գերմանիոյ կողմէ Փարիզի գրաւման պատճառով: Պատերազմի այդ տարիներուն ան լոյս ընծայեց «Հայկաշէն» (3 գիրք) եւ «Արածանի» (երկու հատոր) հաւաքածոները, ուր գրական եւ ուսումնասիրական ուշագրաւ էջեր ստորագրած է հայ լեզուի, հրապարակագրութեան եւ գրականութեան մասին:

Մեծ Եղեռնի Առաջին Վկայագրողը

Ըսուեցաւ արդէն, որ դիպուածով միայն Շ. Միսաքեան ազատած էր ապրիլ 11/24-ի ձերբակալութիւններէն: Մարդորսութիւնն ու աքսորը պիտի շարունակուէին յաջորդող օրերուն, շաբաթներուն ու ամիսներուն` հնձելով անխտիր պոլսահայ մտաւորականութեան եւ ազգային ու հասարակական գործիչներու ընտրանին` բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, բժիշկ, փաստաբան եւ այլն: Աքսորի ճամբան բռնած էին նոյնպէս կուսակցական, մանաւանդ դաշնակցական յայտնի դէմքերը, ՀՅԴ Բիւրոյէն սկսեալ մինչեւ Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի անդամները: Ազգային կառոյցներու կողքին, կազմալուծուած էր հետեւաբար կուսակցական-կազմակերպական գործունէութիւնը: Ահա այս պայմաններուն մէջ, բախտի բերմամբ ճողոպրածներէն Շ. Միսաքեան, ինք եւս տեւաբար հետապնդումի առարկայ, նախաձեռնող կը հանդիսանայ «Վիշապի առժամեայ մարմին» անունով գաղտնի կազմի մը առաջացման: «Վիշապ»-ը կուսակցական ծածկանունն էր Կ. Պոլսոյ կեդր. կոմիտէութեան: «Առժամեան» ունէր սեղմ կազմ, երեք անդամ: Կեդրոնական դէմքը Շ. Միսաքեանն է անշուշտ. երկրորդը` Գրիգոր Մերճանեան կամ Մերճանօֆ, որ եղած էր շրջանի մարտական գործերու պատասխանատու, երրորդը` Սամուէլ Դարբինեան, վանեցի երիտասարդ մը: Այս մարմինը պիտի գործէր խորհրդակցութեամբ օսմանեան խորհրդարանի անդամ Վարդգէսի (Սերենկիւլեան), անշուշտ` մինչեւ այս վերջինի ձերբակալումն ու աքսորուիլը(3): Առժամեայ մարմինը ունէր շարք մը օժանդակող ընկերներ, ինչպէս` Խոսրով Պապայեան, Մարզպետ, Տիգրան Ծամհուր, փրոֆ. Ա. Խաչատրեան, Արամ Չարըգ եւ շատ ուրիշներ, որոնք տարագրութեան տարիներուն փախստական, յաճախ ծպտեալ իբրեւ թուրք, քիւրտ, արաբ պետեւի կամ գերմանացի, կը գործէին երկրի մէկ ծայրէն միւսը, մինչեւ Սուրիոյ անապատները եւ Միջագետք: Անոնց միջոցով է գլխաւորաբար, որ Առժամեան իրազեկ կը դառնար ներքին գաւառներու մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ զանոնք կը փոխանցէր արտասահման:

Արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութեան միակ միջոցը սահմանակից Պուլկարիան էր, տակաւին ոչ պատերազմիկ երկիր, ուր կը գտնուէր ՀՅԴ Պալքանի կեդր. կոմիտէութիւնը. կարգադրուած էր, որ այդ մարմինին մօտ կեդրոնացուին Պոլսէն ու ներքին գաւառներէն ստացուած տեղեկութիւնները, բազմացուին անոնք եւ փոխանցուին անմիջապէս հետեւեալ վայրերուն` Ժընեւ` «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան, Թիֆլիս` ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյին եւ Ամերիկայի ու Եգիպտոսի կուսակցական մարմիններուն, որոնք, իրենց կարգին, մամուլով եւ այլ միջոցներով պէտք է իրազեկ դարձնէին հայ ու օտար հանրային կարծիքը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տեղի ունեցող այն արհաւիրքներուն մասին, որոնցմով թուրք պետութիւնը կ՛աշխատէր բնաջնջել ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Առժամեայ մարմինը պիտի օգտագործէր կարելի բոլոր միջոցները` իր քաղած տեղեկութիւնները Սոֆիա հասցնելու համար: Կարելիութիւններէն մէկը Պոլսոյ պուլկարական դեսպանատունն էր, ուր Դաշնակցութիւնը ունէր բարեկամներ, մանաւանդ` հին դաշնակից մակեդոնացի պաշտօնեաներ, որոնցմէ մէկ քանին սերտ կապի մէջ էին Սոֆիայի դաշնակցական կազմին հետ եւ Պուլկարիա երթեւեկելու դիւրութիւն ունէին: Հնարաւորութիւններէն մէկն ալ արտասահման մեկնող օտարազգի ծանօթ ու վստահելի անձերն էին. եւ սակայն, Առժամեայ մարմինին, այլ խօսքով` Շ. Միսաքեանի առաքած նամակներուն մեծագոյն մասը եղած է պարզ թղթատարով, այն ալ` բաւական զարտուղի ճամբով, շրջանցելու համար հաստատուած խիստ գրաքննութիւնը: Այսպէս, նամակները կը գրուէին ծածկագիր, գաղտնի մելանով եւ օտարալեզու (ֆրանսերէն, ռուսերէն, պուլկար) լրագիրներու լուսանցքներուն եւ ազատ տարածութիւններուն վրայ: Պալքանեան Կեդր. կոմիտէն, ընդհանրապէս անոր գործավար-քարտուղարը` Տիգրան Խաչիկեան, կը վերծանէր ու կ՛արտագրէր զանոնք. ապա գրութիւնները կամ անոնցմէ կատարուած քաղուածքները կ՛ուղարկուէին վերոյիշեալ հասցէներուն:

Շ. Միսաքեանի այս նամակներուն շարքը կը սկսի 14/27 ապրիլին, որ կը գուժէր ապրիլ 11/24-ի ձերբակալութիւնները. վերջինը 22 սեպտ./5 հոկտեմբեր 1915 թուականը կը կրէ. ընդամէնը 55` շաբաթական 2-3 գրութիւններով, բոլորը ուղղուած` Պալքանի Կեդր. կոմիտէին եւ ստորագրուած` «Վիշապի առժամեայ մարմին» կամ «Վիշապի առժամեայ մարմինի կողմէ` Արշաւիր»: Այս վերջինը Շ. Միսաքեանի ծածկանուններէն մէկն էր: Սեպտեմբերի վերջերուն, Պուլկարիան յարած ըլլալով Գերման – Աւստրիա – թուրք զինակցութեան, Պոլսոյ եւ Սոֆիայի միջեւ ստեղծուած այս կապը կը կասի: Պուլկար կառավարութիւնը կը խափանէ Պալքանի Կեդր. կոմիտէին գործունէութիւնը եւ անուղղակի կերպով կը թելադրէ դադրեցնել վերջինիս պաշտօնաթերթ «Հայաստան»-ի հրատարակութիւնը: Այնուհետեւ Կեդր. կոմիտէի անդամները կ՛անցնին Ռումանիա, ուրկէ ժամանակ մը եւս Յովհ. Ամատունի նամակներով եւ թղթակցութիւններով կը շարունակէ Առժամեայէն ստացուած տեղեկութիւնները փոխանցել ճշդուած հասցէներուն: Լրատուութեան այս հոսքը վերջնականապէս պիտի խափանուէր 1916 թուականի մարտ 16-ին, Պոլսոյ մէջ Շ. Միսաքեանի ձերբակալութեամբ:

Պէտք է ենթադրել, որ տուեալ պայմաններուն մէջ Շ. Միսաքեանի նամակներէն ոմանք կորսուած ըլլան. այդ մասին նշումներ ալ կը կատարեն նամակագիրները. կան նոյնպէս պակասաւոր գրութիւններ, հետեւանք` հաւանաբար գաղտնի մելանով գրուածները «բանալու» դժուարութեան: Այսուհանդերձ, կարելի է հաստատել, որ անոնց մեծագոյն մասը տեղ հասած եւ նպատակին համար օգտագործուած է:

***

Շ. Միսաքեանի պատմական բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այս «Նամականի»-ն, աւելի ճիշդ` անոր վերծանուած եւ արտագրուած օրինակները, զորս իրաւամբ Մեծ եղեռնը վաւերագրող առաջին փաստաթուղթերը պէտք է նկատել, կը գտնուին Պոսթընի (Ուոթրթաուն) ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւատան մէջ (Թղթածրար թիւ 882): Անոնց մէկ մասը, Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագրի 1965-ի համարներուն մէջ: Ամբողջութիւնը, Մեծ եղեռնին վերաբերող բազմաթիւ այլ փաստաթուղթերու հետ միասին, լոյս տեսաւ 2016-ին, մեր խմբագրած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի ԺԲ. հատորին մէջ:

Շ. Միսաքեանի անմոռաց յիշատակին ձօնուած ներկայ հատորի կազմութեան առթիւ, խմբագրութիւնը յարմար տեսաւ գրքին ԱՌԱՋԻՆ ԲԱԺԻՆԸ յատկացնել մեծանուն Հայուն այնքա՜ն տառապանքով երկնած «Նամականի»-ին(4):

ԵՐԿՐՈՐԴ բաժինով կը տրուի հեղինակին «Մեծ Ճգնաժամը» ընդհանուր խորագիրը կրող յօդուածաշարքը, լոյս տեսած` Սոֆիայի «Հայաստան» թերթի 1915 թ. մայիս-սեպտեմբեր ամիսներու համարներուն մէջ:

1915 տարուան Պոլսոյ դժոխային պայմաններուն մէջ, թաքստոցէ թաքստոց տեղափոխուող եւ յարատեւօրէն ոստիկանական հետապնդումի առարկայ դարձած Շ. Միսաքեան, տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ օրը-օրին արտասահման հասցնելու տագնապը ապրելով հանդերձ, չէր մոռցած հրապարակագրի իր աւագ կոչումը: Արդարեւ, տառապալից խռովքով եւ տառապանքի մէջ հասունցած մարդու տաղանդով երկնուած ողբեր են այդ յօդուածները, որոնցմով հեղինակը կը գուժէ հետզհետէ մարտիրոսացումը հայ ժողովուրդին, քանդումն ու կորուստը անոր պապենական հայրենիքին, ոչնչացումը դարաւոր ու շքեղ մշակոյթի մը:

«Մեծ ճգնաժամը» կը հաշուէ 19 յօդուածներ(5), ստորագրուած Միսաքեանի կողմէ` «Վարազ» եւ «Ռազմիկ» ծածկանուններով: Լոյս տեսած են անոնք, ինչպէս յիշուեցաւ, Սոֆիայի «Հայաստան»-ին մէջ, որուն գլխաւոր խմբագիրն էր ծանօթ մտաւորական Լիպարիտ Նազարեանց: Այս թերթը որպէս Պալքանի Կեդր. կոմիտէի պաշտօնաթերթ` հիմնուած էր 1915-ի մարտ 10-ին, միայն մէկ ամիս առաջ Պոլսոյ հայ մտաւորականներու ձերբակալութենէն: Կարճատեւ եղաւ անոր կեանքը, 6-7 ամիս, բայց բախտորոշ` իբրեւ անմիջական արձագանգող այդ սեւ օրերուն հայաշխարհի մէջ տեղի ունեցող ահռելի անցուդարձերուն:

ԵՐՐՈՐԴ բաժինը յատկացուած է «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» գործին, որ հեղինակին կողմէ գրուած եւ հրատարակուած է իր խմբագրած «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, 1935, մայիս 5-էն սկսեալ, ձեւով մը իբրեւ լուսաբանութիւն ճշդում իր ձերբակալութենէն ետք Պոլսոյ ոստիկանատան մէջ զինք հարցաքննող թուրք ոստիկանապետ Ալի Ռիզայի յուշերուն` լոյս տեսած թրքական «Զաման» թերթին մէջ: Միսաքեանի մահէն ետք, 1957-ին, «Տերեւներ»-ը հրատարակուեցաւ նաեւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, նախ թերթօնաձեւ, ապա` առանձին հատորով: Վերջերս, 2015-ին, «Տերեւներ»-ը լոյս տեսաւ նոյնպէս Ֆրանսա` Մարսէյի մէջ «Parenthèses» հրատարակչատունէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն առանձին հատորներով եւ Գրիգոր Պըլըտեանի շահեկան մէկ ուսումնասիրութեամբ(6): Ֆրանսերէնի վերծանումը կատարած է հեղինակի հանգուցեալ աղջիկը` Արփիկ Միսաքեան:

Շաւարշ Միսաքեան ընդհանրապէս ժլատ, չխօսկան ըլլալու աստիճան` անձնական բնոյթ կրող խնդիրներու մասին արտայայտուելէ, «Տերեւներ»-ու պարագային պարտաւորութիւն կը զգայ պատմելու, միշտ համառօտ բառերով, 1915-18 թուականներու իր թաքստոցային կեանքին, պուլկար դեսպանատան բարապան Վլատիմիր Տիմիթրեւի մատնութեամբ իր ձերբակալման, ոստիկանատան մէջ ենթարկուած երկարաձիգ հարցաքննութեանց, կրած չարչարանքներուն, անձնասպանութեան փորձին, այլեւ դատավարութեան ու դատավճռին եւ, վերջապէս, պատերազմի աւարտին` ազատ արձակման մասին:

«Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը», յուշագրութիւն ըլլալէ աւելի, վաւերական վկայութիւնն է սերունդի մը ապրած անօրինակ նահատակութեան, զոր հեղինակը կ՛ընէ ակամայ, առանց ընթերցողին մօտ յուզում յառաջ բերելու դոյզն փորձութեան:

Շ. Միսաքեանին նուիրուած այս հատորը կը փակուի Յաւելուածական ամփոփ բաժինով մը, ուր կը տրուի պուլկար մատնիչ Տիմիթրեւի ահաբեկման նկարագրութիւնը` պատմուած նոյնինքն ահաբեկիչ Եզիտ Արշակի կողմէ:

Ե. Փ.

(1) Ապրիլ 11/24-ի երեկոյեան, տուն վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպի ընկերոջ մը, որ իրեն կը հաղորդէ Գր. Պալաքեան վարդապետի, Սիամանթոյի եւ շատ մը ուրիշներու ձերբակալութեան մասին: Ոստիկաններն ալ յաջորդաբար երկու գիշեր կը խուժեն Միսաքեանի յաճախ այցելած մէկ բնակարանը եւ կը ձերբակալեն տան երիտասարդը, որ այդպէս ալ իբրեւ Շաւարշ կ՛աքսորուի ու կ՛առաջնորդուի դէպի մահ…

(2) Թրքական իշխանութիւնները դժուարութիւններ կը յարուցեն «Ազատամարտ»-ի հրատարակութեան համար` պահանջելով արտօնատիրոջ` արդէն նահատակուած Ռուբէն Զարդարեանի պաշտօնական փոխանցագիրը: Հարկ եղած էր ուստի, ապահովել նոր արտօնագիր եւ թերթը լոյս ընծայել «Արդարամարտ» անունով, որ սակայն 12 թիւ լոյս տեսնելէ ետք (նոյ. 30-էն սկսեալ), կը փակուի թուրք նախարարական խորհուրդի որոշումով` «ընդհանուր խաղաղութիւնը խանգարելու բնոյթ ունեցող հրատարակութիւններ» ըրած ըլլալուն համար, այլ խօսքով` ջարդերու, ջարդարարներու, թրքացուած հայ մանուկներու եւ կիներու, այլեւ ազգային դատի հարցեր յարուցած ըլլալուն պատճառով: Թերթին համար ձեռք կը բերուի նոր արտօնագիր, նոր անունով` «Արիամարտ». վերջինս այդ անունով 20 համար լոյս ընծայելէ ետք կը փակուի իր կարգին «օսմանեան եւ համաձայնական կառավարութիւններու միջեւ պաղութիւն յառաջ բերող կարգ մը լուրեր հրապարակած ըլլալուն համար»: Յաջորդ օր, դեկտ. 27-ին, թերթը լոյս պիտի տեսնէր «Ճակատամարտ» անունով:

(3) Վարդգէս ձերբակալուեցաւ մայիս 20/յունիս 2-ին եւ յաջորդ առաւօտ Գրիգոր Զոհրապի հետ աքսորուեցաւ Գոնիա-Ատանա-Հալէպ-Ուրֆա ճամբով, դէպի Տիարպեքիր` իբր թէ պատերազմական ատեանի առջեւ դատուելու համար: Ճամբան, Ուրֆայի մօտակայքը, Շէյթան Տէրէսի կոչուող ձորին մէջ, երկու երեսփոխանները պիտի սպաննուէին գազանաբար (13/26 յուլիս 1915):

(4) Նամակներուն մէջ նշմարելի են ոճական եւ ուղղագրական կարգ մը անհարթութիւններ, արեւելահայերէնի յատուկ արտայայտութեան ձեւեր (լինի, լինէր, Դարդանէլ, Բուլգարական, Բերլին եւ այլն), որոնք արդիւնք են անշուշտ արտագրողներու միջամտութեան. հարկադրաբար, կատարած ենք թեթեւ ուղղումներ միայն:

(5) Այս 19 յօդուածներէն դուրս, ՀՅԴ արխիւներուն մէջ կը գտնուի եւս մէկ գրութիւն (փաստ. 881-45), «Կեպէրինճէյէ գատար» խորագրով եւ «Վարազ» ստորագրութեամբ, որ թերթին մէջ լոյս տեսած չէ, ենթադրաբար թերթին փակումէն ետք ստացուած ըլլալուն պատճառով:

«Հայաստան»-ի 1915 տարուան հազուագիւտ հաւաքածոն հրատարակուեցաւ 2005-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, Անթիլիաս:

(6) Ներկայ հատորին համար հիմնուած ենք Parenthèses-ի հրատարակութեան վրայ, որուն սկիզբը զետեղուած է նաեւ Ալի Ռիզայի յուշերէն Միսաքեանի կալանաւորման ու հարցաքննութեանց բաժինը:

aztagdaily.com