[1] այրերու ներկայացուցիչներու խօսքերը, զօրակցութիւններն ու հայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ փոխանցուած մեր Դատին նկատմամբ լիբանանեան համապետական մակարդակի զօրակցական յայտարարութիւնները կարեւոր առաւել արձանագրեցին այս շրջածիրին մէջ:
Իշխանութեան պետերու ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն համայն Լիբանանը. համապետական բնոյթը կարեւոր է այս պարագային` Ցեղասպանութեան հարցին լիբանանցի քրիստոնեայ համայնքներու վերջերս ցոյց տուած զգայնութեան եւ իսլամ լիբանանցիներու այս պարագային դրսեւորած զգուշ վերապահութեան տարբերութիւնները աղիւսելու առումով:
Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական հանրապետութիւնն է, որ ճանչցած է եւ դատապարտած Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ խորհրդարանը այս կամ այն համայնքին ներկայացուցած օրէնսդիր մարմինը չէ, այլ ամբողջ Լիբանանինը:
Ինչպէս աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ, այստեղ եւս Ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը կամ զգուշաւորութիւնը ունի քաղաքական շարժառիթ. երբեմն նաեւ ընտրական: Այս բոլորը կը զգացուին անշուշտ, իւրաքանչիւր պահու թելադրած կանոններու ազդեցութեան տակ` զօրակցական (կամ զգուշաւորական) պահուածքներու ելեւէջներուն եղանակները ճշդելով:
Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնները այսօր ջարդի, տեղահանութեան, կամ ընդհանրապէս ցեղային զտման մնայուն սպառնալիքին տակ են: Խորքին մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հնչեցուցած ահազանգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ճիշդ այս խոր ճգնաժամին կը վերաբերէր: Այն համեմատութիւնը, որ կատարեց պապը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարուն գործադրուող ցեղային զտումներուն միջեւ այդ վտանգին ընդգծումն էր` անուղղակիօրէն հասցէական մեղադրանք կատարելով առաջինի պարագային ուղղակի ցեղասպանութիւն գործադրածին եւ երկրորդի պարագային ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգորդին կողմէ միջնորդաւորուած եղանակով իրականացուող ցեղային զտումներուն բուն պատուիրատուներուն:
Այստեղ ուրեմն կը ստեղծուի Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան համաքրիստոնէական ընդհանուր ընկալում մը: Այդ ընկալումն է, որ կը դրսեւորուի նաեւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ձեռնարկներու մասնակցութեամբ եւ զօրակցութեամբ, այլ ուղղակի նաեւ նախաձեռնողականութեամբ:
Բնականաբար թրքական դերակատարութեան այս ընկալումը միայն Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ զօրակցական ալիքներու մակընթացութիւններով չի բացատրուիր: Ահա այստեղ է, որ վտանգի անմիջականութիւնը զգալով հաւաքական յիշողութիւններու վերազարթնում տեղի կ՛ունենայ. հայկական գործօնը ա՛յս ուղղութեամբ ընելիք ունի եւ ըրա՛ւ, երբ քաղաքական բեմերէ յիշեցուց սովամահութեամբ ծրագրուած ցեղասպանութիւնը:
Իսկ այս ուղղութիւնը ստեղծուած պահը օգտագործելու առիթին մասին կը յուշէ. մայիս 6-ը այս առաջադրանքի խորհրդանիշ թուականն է: Նաեւ այն առումով, որ հակաթրքական տրամադրութիւններու բարձրացումը միակողմանիօրէն քրիստոնէական շրջանակներուն մէջ չի ձգեր. մայիս 6-ի նահատակները լիբանանեան հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն կը պատկանին:
«Ա.»
aztagdaily.com