- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Ուխտավայրը

[1]Ժողովուրդները պատմութիւն կը կերտեն միայն այն ատեն երբ ունին արժանի առաջնորդներ, որոնք պատրաստ են ամենէն դժնդակ պայմաններու տակ իսկ առաջնորդելու սեփական ժողովուրդը՝ անսակարկ նուիրումով եւ գիտակցական զոհողութեամբ։

Մեր պատմութիւնը վկայ, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է այդ առաջնորդները։ Նայինք մեր անցեալին, մանաւանդ մեր յեղափոխական անցեալին, ուր պիտի տեսնենք հպարտօրէն տողանցող շարքը մեր ազգային հերոսներուն եւ առաջնորդներուն։ Այդ երկար շարքին մէջ պիտի տեսնենք մանաւանդ յաղթ եւ պայծառ դիմագիծը Արամ Մանուկեանին, որ ազգը փրկեց եւ պետութիւն կերտեց, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապահովէ իր լինելութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ։

Այս բովանդակութեան մէջ պէտք է ընկալել Երեւանի քաղաքապետարանի սքանչելի որոշումը՝ «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական քաղաքական և ռազմական գործիչ Արամ Մանուկեանի յուշարձան կոթողի ստեղծման» մասին։

[2]

Սեդօ Պոյաճեան

Ազգային առումով եւ ապագայի հեռանկարով գօտեպնդիչ է քաղաքապետարանի որոշումը։ Մեր արդի պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանը պիտի կառուցուի եւ տեղադրուի Երեւանի կեդրոնը՝ Հանրապետութիւն հրապարակի մուտքին։

Սակայն այս կոթողը սոսկ քարէ արձան մը պիտի չըլլայ մեր ժողովուրդին համար։ Անոր նիւթական բաղադրութենէն անդին, Արամի յուշարձանը պիտի ըլլայ յուշարարը եւ թելադրիչը Արամի երկաթեայ կամքին եւ ազգային պատգամին, որոնք կը պատկանին մեր ժողովուրդին եւ մեր գալիք սերունդներուն։

Որովհետեւ, շատ քիչ են այն ժողովուրդները, որոնք իրենց պատմութեան մէջ հաւաքական լինելութեան ամենէն ճակատագրական պահուն իրենց ծոցէն ծնին հարազատ զաւակ մը, որ փրկէ թէ՛ ազգը եւ թէ հայրենիքը։ Մեր ժողովուրդը երիցս բախտաւոր է, նաեւ հպարտ եւ երախտաւոր, որ իր չարչարանքներով լի ծոցէն ծնաւ Արամ Մանուկեանը։

Արամը մեր ժողովուրդին հարազատ ծնունդ էր՝ միսը միսէն ու ոսկրը ոսկրէն։ Արամը մեր ազգային ազատագրական պայքարի մարմնացումն էր։ Արամը մեր յեղափոխական խոյանքներու դիմադրականութիւնն էր։ Արամը Երկիր Հայաստանի շրջաններու ինքնապաշտպանութեան ոգին էր։ Արամը հայութեան մնացորդացը ոչնչացնելու նպատակով գերազանց ուժերով արշաւող թրքական բանակը հարուածող բազուկն էր։ Վեց դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք, մեր ազգային ու անկախ պետութիւնը վերահաստատող կերտիչն էր Արամը։

Այս բոլորի հետ, Արամը Երեւանի պահապանն էր եւ Արարատեան դաշտի փրկարարը։

Արամի յուշարձանը պիտի բարձրանայ Երեւանի կեդրոնը, որպէսզի, ի լուր եւ ի տես բոլորին, մեր ժողովուրդը, անսալով Արամին կոչին, յայտարարէ.- «Երեւանը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը։» Այդ վճռակամութեամբ, ի լուր եւ ի տես բոլորին, հետեւելով Արամին մեր ժողովուրդը պիտի յայտարարէ նաեւ.- «Հայրենի ազատագրուած հողերը չենք դատարկի մինչեւ մեր վերջին կաթիլ արիւնը։»

Երբ Արամի յուշարձանը խոյանայ շուտով վեր, Արամի ոգին եւ հայեացքը պիտի սեւեռեն նաեւ դէպի արեւմուտք՝ դէպի Երկիր, յուշելով բոլորին թէ հայրենի բռնագրաւուած հողերը պիտի ազատագրուին։ Որովհետեւ, Արամը նաեւ յոյսի եւ կամքի աղբիւրն է ամբողջական Հայաստանի նուաճման։

Այս գաղափարներուն եւ իղձերուն, մեր անկատար տենչերուն, ուխտավայրը պիտի ըլլայ Արամի կոթողը։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ