Սուրիահայութեան նուիրուած համերգ՝ հայ երգիչներու մասնակցութեամբ


«Մէկ սիրտ, մէկ հոգի, Միանանք եւ Օգնենք» կարգախօսով, Նոյեմբեր 11ին տեղի ունեցաւ «Հայ Էյտ» խորագրեալ համերգը, զոր կազմակերպած էին Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը ու «Արուեստագէտները երեխաներու համար» կազմակերպութիւնը: Սուրիոյ հայ համայնքին օգնելու նպատակը կրող սոյն ձեռնարկին մասնակցելու համար, Փասատինայի «Սիվիք Օտիթորիըմ» հաւաքուած էին հայ երգիչներ, երաժիշտներ, ոչ միայն Միացեալ Նահանգներէն, այլեւ՝ Հայաստանէն ու Ֆրանսայէն:

Ռուբէն Հախվերդեան, Սերժ եւ Խաչատուր Թանգեաններ, Արտօ Թունջպոյաճեան, Լիլիթ Պիպոյեան, Վիգէն Դարբինեան, Սեպու Սիմոնեան, «Էլեմընթ», «Վիզա», «Չարմինկ Լայըրզ», «Տըրթի Տայմընտ» խումբերը, «Հայ եմ» քառեակը, Արմէն Մովսիսեան ու Սուրէն Քահվէճեան իրենց ջերմ կատարումներով զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մեր ազգակիցներուն:
«Երգահանդէս է այսօր, եւ այս սրահին մէջ նուագուած ամէն մէկ խազ, երգուած ամէն մէկ տող, թափուած ամէն քրտինք եւ սպառած ամէն մէկ շունչ, այսօր ծախսուած ամէն մէկ սենթ եւ նուիրուած իւրաքանչիւր լումայ, սիրայօժար եւ ինքնաբուխ, զոհաբերուած նուիրական ընծայ է ձեր բարօրութեան ու ձօն՝ ձեր խաղաղութեան: Այս երեկոյ, այստեղ բարձրացող երգն ու երաժշտութիւնը կը հնչեն իբրեւ ղօղանջ զօրակցութեան, իբրեւ մաղթանք լոյսի-յոյսի, իբրեւ աղօթք խաղաղութեան», իր խօսքով սուրիահայերուն դիմեց ձեռնարկը վարող Զաւէն Խանճանը:

Սուրիոյ իրենց քոյր եղբայրներուն նուէրներ յանձնեցին նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային հայկական երեք վարժարաններու սաները:

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը Սուրիոյ հայ համայնքին պիտի փոխանցէ 250 հազար տոլար գումար մը:

Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը ստեղծուած է սուրիահայերուն օժանդակելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող եկեղեցական, բարեսիրական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու միասնական որոշումով՝ 2012ի Օգոստոս 14ին:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել