ՀՅԴ Գանատայի 46-րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւն

Յուլիս 14-16 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 46-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի, Վանգուվըրի, Լաւալի, Ս. Գաթրինզի Մոնթրէալի, Գէմպրիճի, եւ Համիլթընի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ ներգաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Շրջանային Ժողովը, վերարժեւորելով յետ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս գանատական քաղաքական դաշտին վրայ ձեռքբերուած իրագործումները, վերահաստատեց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան դատին ի խնդիր հայրենատիրութեան երթը անվկանդ շարունակելու յանձնառութիւնը։

Ժողովը քննարկման բովէ անցուց նաեւ շրջանի կուսակցական ուսանողական կառոյցի գործունէութեան յաւելեալ թափ ներարկելու հեռանկարները։

Ժողովը որոշեց նաեւ սատար հանդիսանալ հայութեան եռաբեւեռ բաղադրիչներու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի գործակցութեան ամրապնդման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հետամուտ ըլլալ Ջաւախքի հայութեան բարօրութեան։

Ժողովը ողջունեց եւ շնորհաւորեց Գանատայի պետութեան հիմնադրութեան 150-ամեակը եւ վերահաստատեց հայ համայնքի քաղաքացիական պարտաւորութիւնները Գանատայի պետութեան յարատեւման եւ զարգացման ի սպաս դնելու պատրաստակամութիւնը։

Շրջանային ժողովը վերահաստատեց ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի յանձնառութիւնները հայրենի զոյգ հանրապետութեանց հզօրացման եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ։

ՀՅԴ Գանատայի 46-րդ Շրջանային ժողով

Տպել Տպել