Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն ամերիկահայերը մեծ յաջողութիւններու հասած են


Երկար ամիսներու բուռն ընտրապայքարէն, ելեկտրոնային նամակներու եւ յայտարարութիւններու անվերջանելի տարափէն, թեկնածուներուն եւ անոնց աջակիցներուն կողմէ միլիառաւոր տոլարներ ծախսուելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսի ընտրութիւնները անփոփոխ պահեցին ամերիկեան քաղաքական դաշտը: Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին պիտի ունենայ միեւնոյն նախագահը եւ Ներկայացուցիչներու պալատին ու Ծերակոյտին մէջ՝ միեւնոյն մեծամասնութիւնները:

Ներկայացուցիչներու պալատը պիտի շարունակէ մնալ հանրապետականներու, իսկ Ծերակոյտը՝ դեմոկրատներու ձեռքը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ նախագահ Օպամայի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը որոշ չափով անփոփոխ պիտի մնայ, եւ Քոնկրէսը երկու կամ աւելի տարի պիտի շարունակէ անել կացութեան մէջ մնալ՝ բացասական ազդեցութիւն ունենալով տնտեսութեան մէջ արագ վերականգնումներ կատարելու հեռանկարներուն վրայ: Ներկայացուցիչներու պալատը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չաջակցի նախագահ Օպամայի ընկերային եւ տնտեսական օրակարգի, յատկապէս առողջապահութեան եւ հարկային բնագաւառներուն:

Հակառակ անոր որ Նոյեմբեր 6ի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մէջ քաղաքական մեծ փոփոխութիւններ չարձանագրուեցան, բայց եւ այնպէս ամերիկահայերը կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցան Քոնկրեսի եւ տեղական ընտրութիւններուն ընդմէջէն: Հայ ընտրողներուն քուէները ազդեցութիւն չունեցան նախագահական ընտրապայքարի արդիւնքներուն վրայ, որովհետեւ նախագահ Օպաման հանրապետական իր մրցակիցէն երեք միլիոն աւելի քուէ ապահոված էր: Ուստի քաղաքական իմաստով աւելի իմաստալից էր հայ համայնքին միջոցներն ու քուէները կեդրոնացնել Քոնկրեսի եւ տեղական ընտրութիւններու ընտրութիւններուն վրայ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի աջակցութիւնը վայելող Քոնկրեսի 145 թեկնածուներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ 90 տոկոսը յաղթութիւն խլեց ընտրութիւններուն ընթացքին: Ծերակուտականներու մրցապայքարին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութեան արժանացած 15 թեկնածուներէն 12ը յաղթեցին. անոնք են՝ Տայան Ֆայնսթայնը (Քալիֆորնիա), Քրիս Մըրֆին (Քոնեքթիքըթ), Մազի Հիրոնօն (Հաուայի կղզիներ), Պեն Քարտինը (Մերիլենտ), Տեպի Սթեպընաուը (Միշիկըն), Էմի Գլոպուչըրը (Մինըսոթա), Պապ Մենենտեզը (Նիւ Ճըրզի), Մարթին Հէյնրիչը (Նիւ Մեքսիքօ), Շերոտ Պրաունը (Օհայօ), Շելտըն Ուայթհաուսը (Ռոտ Այլընտ), Պերնարտ Սենտըրզը (Վըրմանթ) եւ Թամմի Պոլտուինը (Ուիսքանսըն):

Ներկայացուցիչներու պալատի մէջ 130 թեկնածուներէն 118ը, որոնք Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը կը վայելէին, ընտրուեցան, անոնց կարգին են Լուիս Քեփսը (Քալիֆորնիա), Ճէֆ Տենհամը (Քալիֆորնիա), Ճանիս Հանը (Քալիֆորնիա), Էտ Ռոյսը (Քալիֆորնիա), Էտըմ Շիֆը (Քալիֆորնիա), Տէյվիտ Վալատաօն (Քալիֆորնիա), Քորի Կարտնըրը (Քոլորատօ), Տինա Թիթըսը (Նեւատա), Ֆրենք Փալոնը (Նիւ Ճըրզի), Մայքլ Կրիմը (Նիւ Եորք), Տէյվիտ Սիսիլինը (Ռոտ Այլընտ), Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Էրիք Քենթըրը (Վըրճինիա) եւ Ֆրենք Ուոլֆը (Վըրճինիա):

6 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն արդիւնքները ամերիկահայ համայնքին համար կրնան Քոնկրեսին մէջ անսպասելիօրէն բարենպաստ զարգացումներու առաջնորդել: Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ քոնկրեսական Էտ Ռոյսը բաւական լաւ առիթներ ունի իր գործընկերներուն կողմէ ընտրուելու Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի յաջորդ նախագահ: Հայկական հարցերու ջատագով քոնկրեսական Ռոյսը կրնայ փոխարինել նախկին նախագահը՝ թունդ թրքամէտ, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Իլիանա Ռոս-Լեհթինընը (հանրապետական, Ֆլորիտայէն):

Նոյնանման շատ բարենպաստ զարգացում կրնայ տեղի ունենալ նաեւ Ծերակոյտի մէջ, երբ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շուտով հեռանայ իր պաշտօնէն՝ նախագահ Օպամայի առաջին պաշտօնավարութեան աւարտին: Քաղաքական մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով, ծերակուտական Ճոն Քերին՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ներկայ նախագահը եւ հայ համայնքի մտերիմ բարեկամը, կրնայ ստանձնել արտաքին գործոց կամ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը. եւ այդ պարագային ծերակուտական Մենենտեզ՝ հայկական խնդիրներու մեծ ջատագովը, հաւանաբար ըլլայ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի յաջորդ նախագահը: Նման երկու հզօր կառոյցներու նախագահական դիրքերու վրայ քոնկրեսական Ռոյսի եւ ծերակուտական Մենենտեզի միեւնոյն ատեն ընտրուելու հաւանականութիւնը առիթ պիտի տայ ամերիկահայերուն աննախադէպ գործակցութիւն ծաւալելու արտաքին քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն հետ:

Հայ համայնքի բարեկամներու ընտրութիւններէն ալ աւելի կարեւոր էին յաջողութիւնները առնուազն 16 ամերիկահայերու, որոնք կա՛մ ընտրուեցան առաջին անգամ կամ վերընտրուեցան՝ շարունակելու համար ծառայութիւնը իրենց ընտրատարածքներու մէջ: Քոնկրեսի ամերիկահայ անդամներն են՝ Աննա Էշուն եւ Ճեքի Սփիրը, որոնք Քալիֆորնիայէն են եւ երկուքն ալ ճնշող մեծամասնութեամբ վերընտրուեցան: Նահանգային եւ տեղական ընտրապայքարին յաղթանակ ապահովող միւս անդամներն են՝ Լինտա Արզումանեան՝ Արիզոնայի Պիմա շրջանի դպրոցներու կառավարիչ, Խաչօ Աշաճեան՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդ, Ատրին Նազարեան՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդ, Թիմ Գափուչեան՝ Այոուա նահանգի ծերակուտական, Մերի Լուի Մարզեան՝ Քընթաքի նահանգի պալատ, Փիթըր Գութուճեան՝ Մեսեչուսցի Միտլսեքս շրջանի շէրիֆ, Ճէյմս Միչելի՝ Նիւ Հեմփշիրի նահանգային խորհրդարան, Ճոն Ֆրեզոլօ՝ Մեսեչուսցի նահանգային խորհրդարան, Կերի Ազարեան՝ Նիւ Հեմփշիր նահանգի պալատ, Շարլին Թաքեսեան՝ Նիւ Հեմփշիր նահանգային խորհրդարան, Պրետ Աւագեան՝ Օրիկըն նահագի բանուորներու յանձնաժողովի ատենապետ, Սքաթ Աւետիսեան՝ Վարուիքի քաղաքապետ, Ռոտ Այլընտ, Ճերըտ Նինըս՝ Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարան եւ Քեթրին Ղազարեան՝ Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարան:

Կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք կա՛մ առաջին անգամ ընտրուած են, կամ՝ վերընտրուած: Յատկապէս հաճելի է տեսնել ներկայութիւնը՝ քաղաքական պաշտօններուն համար պայքարող մրցանշային թիւով ամերիկահայերու, որոնցմէ շատեր յաղթած են իրենց համապատասխան ընտրապայքարին: Այս յաղթանակները լաւ ապագայ կը խոստանան ամերիկահայ քաղաքական աշխուժութեան առումով: Համայնքը պէտք է աջակցի եւ խրախուսէ այս պետական ծառայողները, որպէսզի յառաջիկայ քանի մը տարիներուն անոնք կարենան շատ աւելի բարձր պաշտօններու ձգտիլ՝ թեկնածութիւն առաջադրելով Քոնկրեսի մէջ եւ նոյնիսկ նախագահի պաշտօնի համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը

«ԱՍՊԱՐԷԶ»
15 Նոյեմբեր 2012

Տպել Տպել