Հաղորդագրութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ` 8 սեպտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, միջկուսակցական ժողով մը գումարեցին «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ:

Ժողովականները նախ յարգեցին յիշատակը լիբանանեան բանակի նահատակ զինուորներուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրի գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան պաշտպան զինուորական հաստատութեան` ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ:

Այս առիթով ժողովականները կոչ ուղղեցին Լիբանանի քաղաքական կողմերուն` նահատակներուն արիւնը վեր պահելու ամէն տեսակի ներքին տարակարծութիւններէ եւ շահարկումներէ:

Ժողովականները անդրադարձան յառաջիկայ օրերուն հայրենիքի մէջ գումարուելիք Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ խորհրդաժողովին եւ ողջունեցին զայն` յաջողութիւն մաղթելով անոր ազգանուէր աշխատանքներուն: Անոնք շեշտեցին նաեւ սեպտեմբեր 21-ը այսուհետեւ միջկուսակցական նախաձեռնութեամբ մը նշելու անհրաժեշտութիւնը:

Միջկուսակցական ժողովը առիթ մը եղաւ նաեւ արծարծելու Լիբանանն ու շրջանը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

aztagdaily.com

Տպել Տպել