Համահայկական հասարակութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է մէկ պատմութիւն ունենալ՝ բոլորին կողմէ ընդունուած

Ստորեւ կու տանք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ.Մկրտիչ Մկրտիչեանի գրութիւնը, որ մտածուած էր իբրեւ ելոյթ Հայաստան-Սփիւռք 6որդ համաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին: Այդ խօսքը չարտասանուեցաւ, որովհետեւ համաժողովի բացումէն քանի մը օրեր առաջ բացման հանդիսութեան յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ:

Մեծայարգ ներկաներ,

Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները յաճախ կը քննադատուին այն հաստատումով, թէ անոնցմէ գործնական աշխատանքային ծրագիրներ չեն բխիր. թէ անոնք պարզապէս բազմամարդ տօնախմբութիւններ են, որոնց արդիւնքը վերջին հաշւով չի համապատասխաներ զանոնք կազմակերպելու համար թափուած ճիգի աստիճանին: Այս մտածումը կրնայ վիճելի, նոյնիսկ՝ ճիշդ ըլլալ հանդիպումներու առարկայական արդիւնքի տեսակէտէ, բայց ան բոլորովին կ’անտեսէ այսպիսի խորհրդաժողովներու մարդոց ենթակայական աշխարհին մէջ յառաջացուցած դրական փոփոխութիւնները, որոնք գրաւականն են ապագայ համահայկական հասարակութեան ստեղծման նպատակով տարուող ճիգի յաջողութեան համար:

Բազմիցս ըսուած է, թէ հայութիւնը կը կազմէ մարդկային մեծ ու փոքր հաւաքականութիւններու խճանկար մը, որուն հատիկները շատ հեռու են անպայման համերաշխ ամբողջութիւն մը կազմելէ:

Իրարմէ հեռաւորութիւնը, մարդոց մշակութային, ընդհանրապէս՝ քաղաքակրթական տարբեր ազդեցութիւններու տակ կազմաւորումը, քարոզչական իրերամերժ աշխարհներու անոնց ենթակայութիւնը եւ նոյնանման բազմաթիւ ազդակներ ժամանակի ընթացքին խճանկարին տուած են ներկայի խայտաբղէտ պատկերը: Միայն մէկ ձեւ կայ ժամանակի ընթացքին հարթելու գէթ ակնբախ տարբերութիւնները, ատիկա ալ յաճախակի հանդիպումներու, շարունակական երկխօսութեան, տեւապէս յարաբերութեան մէջ ըլլալու առիթներու բազմացումը եւ աւելի դժուար իրագործելի՝ հասարակաց կրթութեան կազմակերպումն է: Իսկ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները համարկումի այդ կարեւոր առիթներէն են, գոնէ իրենց ծաւալին պատճառով թերեւս՝ ամենէն ցուցադրականները:

Արդարեւ հայութեան բազում ու բազմատեսակ մասնիկները իրարու եւ իւրաքանչիւրին հարցերուն ծանօթանալու հարց ունին: Աւելին, ինչպէս ամէն առողջ ազգային հաւաքականութիւն, անոնք բոլորը ազգային հիմնական հարցերու շուրջ միասնական մտածողութիւն զարգացնելու պարտաւորութեան տակ են, եթէ օր մը մեր միջավայրին մէջ համահայկական ուժականութեամբ, հայկական ապագայի մը կերտումին համար, նպատակասլաց կերպով աշխատանք տանելու կամք պիտի դրսեւորուի: Իսկ ասիկա հիմնական նախապայման է հայրենիք պահելու եւ զարգացնելու համար: Պետութեան մը սահմաններէն ներս քանի մը տեսակ հայրենասիրութեան գոյութիւնը փլուզումի պատճառ կրնայ հանդիսանալ:

Սակայն ինչքան ալ խանդավառող ըլլան այս խորհրդաժողովներու ընթացքին արտասանուող խօսքերը պէտք է խոստովանիլ, որ ցարդ համահայկական այդ մտածողութիւնը չէ սկսած գործել. գործօն դառնալու համար անհրաժեշտ իր նուազագոյն աստիճանին չէ հասած տակաւին: Ասիկա հաստատելու մէկէ աւելի առիթներ ունեցած ենք մեր նորագոյն պետութեան գոյութեան ընթացքին: Շուրջ տասնամեակ մը առաջ, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներէն մէկուն ընթացքին, այս նոյն բեմէն հնչեց այն կարծիքը, թէ այնքան ատեն, որ պետութեան մը հիմնական խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող քայլերգը (կամ օրհնէրքը, ինչպէս որ կ’ուզէք) հասարակութեան մէջ վէճի նիւթ կը դառնայ, այդ պետութիւնը կայացած պետութիւն չէ: Այն ժամանակ կա՛ր այդ վիճաբանութիւնը: Այդ վիճաբանութիւնը վերջերս նոյնպէս բռնկեցաւ: Փաստօրէն շատ չենք յառաջդիմած այդ մարզին մէջ: Նոյնիսկ մեր ինքնութիւնը սահմանող անունը հարցականի տակ կ’առնենք: Անշուշտ յուսահատելու չէ, քանի գիտենք, որ այսպիսի հարցերու յստակացման մէջ ժամանակը իր բարերար ազդեցութիւնը կը գործէ:

Իսկ ասիկա միայն մակերեսն է: Խորքային հարցերը ա՛լ աւելի լուրջ են: Գիտենք բոլորս, որ եօթ տասնամեակ շարունակ մենք ունէինք հայ ժողովուրդի գէթ նորագոյն պատմութեան մէկէ աւելի տարբերակներ: Հայոց ազատագրական պայքարի, հայոց ցեղասպանութեան, հայկական պետականութեան վերածնունդի պատմութիւնը նոր սերունդներուն կը տրուէր ըստ ուսուցողի քաղաքական հայեցողութեան:

Բնական է, այդ տարբերակներէն միայն մէկը կրնար համապատասխանել իրականութեան կամ, եթէ կ’ուզէք, անոնցմէ միայն մէկը միւսներէն աւելի առնչութիւն ունէր իրականութեան հետ: Հիմա կը պատրաստուինք ազգովին նշելու հայ պետական կեանքի վերածնունդի 100ամեակը: Հարիւր տարի բաւական է, որպէսզի ալեկոծ ջուրերը հանդարտին, յստականան եւ անոնց մէջ այլազան պատճառներով խառնուած տիղմը վերջնականօրէն նստի պատմութեան յատակը: Արխիւները բաց են եւ՝ ոչ միայն հայկականները: Համահայկական հասարակութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է մէկ պատմութիւն ունենալ՝ բոլորին կողմէ ընդունուած:

Հիմնական պայմանը անշուշտ այդ պատմութեան ճշմարտութեան ու միայն ճշմարտութեան վրայ հիմնուիլն է: Այլապէս ակնկալուող բարիքը կը վերածուի չարիքի: Մեր դրացի երկիրներէն ներս կը տեսնենք, թէ ինչ հասարակական աւեր կը գործէ խեղաթիւրուած պատմութիւնը: Հայութիւնն ալ տակաւին չէ կրցած ամբողջութեամբ թօթափել խորհրդային ժամանակաշրջանէն յամեցող որոշ այլանդակութիւններ:

Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած յստակ պատմութիւնը հասարակութեան գործն ալ կը դիւրացնէ: Պէտք չ’ըլլար, օրինակի համար, Արամ Մանուկեանի յուշարձանի վայրի ճշդումին համար սկսիլ Երեւանի կեդրոնի ծայրամասը գտնուող նախարարութենէն, ատեն մը վերջ նորը զետեղել քաղաքի կեդրոնական հրապարակէն քիչ մը անդին, օր մըն ալ յանգելու համար հրապարակին վրայ: Այս վերջինը առանձին բաւարար է. ան կը համապատասխանէ տուեալ անհատի ներկայացուցած արժէքին: Մնացեալը աւելորդ է եւ Արամ Մանուկեանի բնածին համեստութեան անյարիր: Միայն թէ այնպէս չընենք, որ Ռուբէն Տէր Մինասեանի աւելի քան դար մը առաջ ունեցած մտածումը յաւիտեանս ի զօրու ըլլայ: Ան մտերիմի յատուկ համարձակութեամբ խոկացած էր՝

«Հայութիւնը արժանի չէ Արամին, …»:

Կը կարծենք, որ հասարակութեան մը համար իր որդեգրած խորհրդանիշները կարեւոր են: Անոնք ո՛չ միայն ազգի պատմութենէն կը պարտադրուին, այլ նաեւ՝ իրենց կարգին ազգ կը կերտեն ու կը դարբնեն: Կրթութեան եւ մշակոյթի ճամբով այդ խորհրդանիշները, իրենց մարմնաւորած բարոյական եւ այլ չափանիշներով, օրէ օր իր կողմնացոյցը կորսնցնող այս աշխարհին մէջ, նոր սերունդներուն ազգային պետական կառուցման համար ազգին հարազատ ու ճիշդ ուղղութիւնը ցոյց կու տան: Անոնք հասարակութեան մը ոգեկան կայունութեան անփոխարինելի երաշխիքն են:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն:

Մկրտիչ Մկրտիչեան
Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017

Տպել Տպել