Մամլոյ հաղորդագրութիւն – Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի և Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողովի


Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, 30 Սեպտեմբեր և 1 Հոկտեմբեր 2017ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ Եւրոպայի և Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ռայոնական Ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ և Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը:

Երկու օր տեւող քննարկումներու ընթացքին, առաջին հերթին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացուց նախորդ Մարմիններու խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարող իր գործունէութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որու լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:

Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղուեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական և յարաբերական օրակարգերով:

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն և նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:

Ռայոնական Ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն և այս ծիրէն ներս գնահատեց կոալիցիոն կառավարութեան մասնակցութիւնը և ցարդ ձեռքբերուած արդիւնքը, իսկ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախեան հարցի վերջին զարգացումները:

Կարեւորուեցաւ Հայաստանի և Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտը դնելով բանակի հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկի ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւորեց Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի և ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

Ռայոնական ժողովը կենսական նկատեց Հայաստան-Սփիւռք նոր որակ ու հնչեղութիւն տալու առաջադրանքը և այս ծիրէն ներս՝ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները համահայկական մնայուն ուշադրութեան կեդրոն արժանացնելու հանգամանքը:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ նոր ծրագիրներու և վերջին շրջանին ստեղծուած աշխատանքային նոր գործադաշտերուն: Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ, ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

Տպել Տպել