Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին Հետ` Միութեան Բազմաճիւղ Գործունէութեան Մասին

23, 24 եւ 25 սեպտեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 2014-2018 քառամեակի 4-րդ լիակազմ ժողովը, որուն մասին ընդհանուր հաղորդագրութիւն հրապարակուեցաւ արդէն: Բնականաբար ժողովը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու կատարուածները, արժեւորումներ կատարելու եւ ուղենշելու հետագայ ծրագիրները` տարբեր բնագաւառներու վերաբերող:

Այս բոլորին մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ու տպաւորութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինի ներկայ Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնավարութեան շրջանը շուտով կը հասնի իր աւարտին: Ձեր ծրագիրները կ’ամբողջանա՞ն մինչեւ այդ:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Մեր ժամանակին աւելի քան 15 տոկոսը դեռ մեր առջեւն է: Իսկ գիտէք, որ վազքի մրցումներու աւարտինսփրինթ-ը ամէնէն վճռական փուլն է. հակառակ այն իրողութեան, որ Կեդրոնական վարչութեան իրագործումները կարեւոր չափով արդէն տեսանելի են: Անոնք հանրութեան սեփականութիւնը դարձած են լրատուութեամբ ու հաղորդագրութիւններով:

«Ա.».- Կրնա՞ք քանի մը օրինակ տալ:

Մ. Մ.- Ի հարկէ: Ինչպէս գիտէք, անցեալ տարի Համազգայինի մայր հաստատութեան` Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր փոփոխութիւն մը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հանգստեան կոչուեցաւ տարիքի բերումով եւ զինք փոխարինեց Ճեմարանի շրջանաւարտ Փաուլա Եղիայեանը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ անոր մէկ տարուան աշխատանքը ցոյց տուաւ, որ Կեդրոնական վարչութեան որոշումը տեղին էր: Արդէն զգալի է, որ նորանշանակ ղեկավարութեամբ Ճեմարանը թեւակոխած է վերելքի նոր փուլ մը:

«Ա.».- Գո՞հ էք վարժարանի աշակերտութեան թիւէն:

Մ. Մ.- Ո՛չ: Սակայն ատիկա կապ չունի դպրոցի ուսուցչական կազմի որակական ճիգին, տնօրէնութեան ղեկավարման ձեւին եւ ընդհանրապէս կատարուած աշխատանքին հետ: Աշակերտութեան թիւի անկումը ընդհանուր երեւոյթ է. ան առաջին հերթին հետեւանք է շրջանէն արտագաղթի ընթացքին: Պաշտօնական քննութիւններուն Ճեմարանի աշակերտութեան արձանագրած հոյակապ արդիւնքները այլ բացատրութիւն չեն արտօներ:

«Ա.».- Իսկ հայերէնն ու հայագիտական նիւթե՞րը:

Մ. Մ.- Աչք մը նետեցէ՛ք Ճեմարանի երկրորդական բաժնի աշակերտներու տասնամեակներու հրատարակութիւն հանդիսացող «Ջահակիր»-ի էջերուն եւ պիտի համոզուիք, որ Ճեմարանը աներեր կը շարունակէ մարդակերտումի եւ հայակերտումի իր առաքելութիւնը: Հայկական մամուլին եւ ազգային հաստատութիւններու մէջ Ճեմարանի ամէն տարիքի շրջանաւարտներ պատուաւոր տեղեր կը գրաւեն:

«Ա.».- Ապագայի ծրագիրնե՞ր` Ճեմարանի մէջ:

Մ. Մ.- Մօտաւո՛ր ապագայի: Ընթացիկ դպրոցական տարեշրջանի կէսերուն կ’աւարտին «Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր»-ի շինարարական աշխատանքները. շրջանի երիտասարդ ընտանիքները անհամբերութեամբ կը սպասեն անոր բացումը: Առիթը չենք ուզեր փախցնել` անգամ մը եւս Արսլանեան ամբողջ ընտանիքին հրապարակային կերպով Համազգայինի մեծ ընտանիքին երախտագիտութեան զգացումները արտայայտելու: Արսլանեանները տասնամեակներէ ի վեր Ճեմարանի, ամբողջ Համազգայինի եւ ընդհանրապէս հայ կրթութեան հանդէպ փաստացի գուրգուրանքի անսպառ աղբիւր են:

«Ա.».- Իսկ Համազգայինի միւս դպրոցնե՞րը:

Մ. Մ.- Բոլորն ալ ճիշդ ուղղութեան մէջ են ու կը յառաջանան: Մարսէյի Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը առաջին անգամ ըլլալով կը մօտենայ իրեն արտօնուած առաւելագոյնին (400): Ան ընթացիկ վերամուտը սկսաւ շուրջ 380 աշակերտներով: Շնորհիւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմի եւ վարչութեան հետեւողական աշխատանքին` Մարսէյի Ճեմարանը դարձած է ամբողջ Եւրոպայի հայութեան համար ամէնէն օրինակելի դպրոցը: Լաւ պիտի յիշէք, որ ատոր շնորհիւ քանի մը տարի առաջ դիմուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան, որպէսզի փարիզեան շրջանի Թարգմանչաց վարժարանը հանգրուանային ձեւով մաս կազմէ Համազգայինի վարժարաններու ցանցին: Ներկայիս Համազգային-Թարգմանչաց վերանուանուած նախակրթարանի փորձը կ՛ընթանայ յաջող կերպով, եւ կը յուսանք, որ այդպէս ալ կը շարունակուի:

Ինչ կը վերաբերի հեռաւոր Սիտնիի «Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն Ճեմարան»-ին կրնանք անվերպահօրէն արձանագրել, որ շնորհիւ իր շրջանաւարտներու տածած հոգածութեան եւ որոշ թիւով ազգայիններու յանձնառու իմաստութեան, տարիներու վրայ երկարող լուրջ նիւթական դժուարութիւններէ ետք, դպրոցի տնտեսութիւնը վերջնականօրէն դրուած է առողջացման հունի մէջ: Ան մեր միւս վարժարաններու նման` նոյնպէս հանրութեան կ՛ընծայէ ակադեմական լուրջ նուաճումներ:

«Ա.».- Ատենին խօսեր էիք այլ ծրագիրներու մասին: Ո՞ւր հասան անոնք:

Մ. Մ.- Մէկը ըսի արդէն. Ճեմարանի մանկամսուրը շուտով իրականութիւն կը դառնայ: Համազգայինի համացանցային մշակութային հարթակը մտած է իրականացման իր վերջին փուլին մէջ. ան շատ հաւանաբար հանրութեան կը յանձնուի գալ տարի` Համազգայինի 90-ամեակի առիթով: Միւս կողմէ` մեր հրատարակչականի ելեկտրոնային գրադարանը մօտ օրէն կը դրուի գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ: Մանկական ելեկտրոնային խաղերու պատրաստութիւնը կը շարունակուի: «Բագին»-ը սկսած է գրաւել երիտասարդ գրասէրներու սիրտը: Ինչպէս կը տեսնէք, արդիականացումը կ’ընթանայ արագ կշռոյթով:

«Ա.».- Ձեր բոլոր նշածները կը վերաբերին Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւններուն: Ի՞նչ է Համազգայինի շրջաններու վիճակը:

Մ. Մ.- Բնական է, որ ես առաջին հերթին խօսիմ մեր վարչութեան գործունէութեան մասին: Համազգայինի կազմակերպական կեանքը ապակեդրոնացեալ է: Ամէն շրջան ի՛նք կ՛որոշէ իր ձեռնարկներն ու աշխատանքները, հարկաւ` միշտ մնալով միութեան ծրագիրէն բխող թելադրանքներուն:

Շրջանները ընդհանուր առմամբ աշխուժ են: Նախորդ քանի մը տարիներուն ձեր թերթն ալ վկան եղաւ Սուրիոյ Համազգայինի փայլուն ու յանդուգն գործունէութեան. եւ ասիկա` հակառակ պատերազմի արհաւիրքին ու մարդուժի արիւնահոսութեան: Լսեցիք Քուէյթի մէջ Համազգայինի մասնաճիւղի հաստատման մասին: Արեւելեան Ֆրանսայի մէջ շուտով կ’ունենանք երկու մասնաճիւղ եւս: Շուէտի մեր թարմ կառոյցը իր աշխատանքով սկսած է արդէն վայելել տեղւոյն հայութեան համակրանքն ու քաջալերանքը: Չեմ խօսիր Լիբանանի շրջանին մասին, որ կը շարունակէ հանդիսանալ մեր ամէնէն գործունեայ շրջաններէն մէկը: Իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի մեր երեք շրջանները միացեալ ճիգերով ու վերանորոգ խանդավառութեամբ սկսած են ներգրաւել երիտասարդութիւնը. միացեալ ճիգերով անոնց կազմակերպած ArtLinks երիտասարդական հաւաքը կը վայելէ Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը: Տկարութեան շրջան մը անցնելէ ետք Յունաստանի Համազգայինը վերագտած է իր անցեալի կենսունակութիւնը, իսկ Լոնտոնը վերակազմակերպման ընթացքի մէջ մտած է: Կիպրոսն ալ հետեւողական է իր կայուն գործունէութեան մէջ: Դեռ յաջողութիւն չենք գտած Հարաւային Ամերիկայի մէջ, բայց վստահ ենք, որ մեր յամառութիւնը վերջ ի վերջոյ պիտի արդիւնաւորուի: Նաեւ սկսած ենք ճիգ մը թափել Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տարածուելու:

Վերադառնալով Կեդրոնական վարչութան կազմակերպական աշխատանքին` յիշեցնեմ, որ վերջերս Համազգայինի Արցախի գրասենեակը արդէն սկսած է գործելու. Համազգայինի գրասենեակ մը շուտով կը հաստատուի նաեւ Ջաւախքի մէջ: Համազգայինի տարեկան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) Հայաստանի մէջ ամրան կրկին արձանագրեց այլեւս աւանդական դարձած իր յաջողութիւնը:

«Ա.».- Վերջերս Համազգայինը մասնակցեցաւ Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համաժողովին: Արդիւնաւէ՞տ էր բազմամարդ այս ժողովը: Ի՞նչ եղան ձեր տպաւորութիւնները:

Մ. Մ.- Տպաւորութիւններս շա՛տ խառն են: Այս ու նման հաւաքներէ անմիջական արդիւնք ակնկալողը ինքզինք ի սկզբանէ կը դատապարտէ մեծ յուսախաբութիւններու: Այս ժողովները, ըստ ինծի, հանդիպման վայրեր են, ուր կը հարթուին հայութեան բազում ու բազմազան մասնիկներու ցցուն տարբերութիւնները: Անմիջական յարաբերութեամբ փոխադարձ ճանաչողութիւնը լաւագոյն միջոցն է այդ տարբերութիւնները մեղմացնելու համար: Այս ժողովներու արդիւնքը աւելի ենթակայական ոլորտին կը պատկանի. շօշափելի առարկայական անմիջական արդիւնք պէտք չէ ակնկալել անոնցմէ: Այս իմաստով, ժողովը համեստաբար ծառայեց իր նպատակին:

Տարբերութիւնը նախորդ ժողովներէն եղաւ այն, որ ներկաներու կարեւոր մէկ մասը յուսախաբ եղած էր ժողովէն… Երեւան իր ժամանումէն առաջ իսկ բացասական իմաստով անակնկալի առջեւ գտնուեցանք: Դեռ ամիսներ առաջ, նամակներով ու ստորագրութիւններով, ճշդուած էին բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցողները, դիմուած էր հաւանական զեկուցաբերներուն, որոնք տուած էին իրենց դրական կամ ժխտական պատասխանները: Մէկ խօսքով, ամէն մարդ պատրաստուած էր` իր պարտականութիւնը կատարելու. պատրաստած էր իր ելոյթը կամ զեկուցումը, ճամբորդական ու կեցութեան համար կարգադրութիւններ ըրած էր, իր առօրեայ զբաղումներէն բացակայելու արտօնութիւն ստացած էր եւ այլն: Այդ բոլորը ընելէն ետք, համաժողովին քանի մը օր մնացած, ան անուղղակիօրէն կ՛իմանար, որ լոյս տեսած է տուեալ համաժողովին առնչուղ նախատեսուածէն բոլորովին տարբեր յայտագիր մը: Զարմանքէն եւ ընդվզումէն աւելի ապշեցնող էր այն պարագան, թէ պետական կառոյց մը ինչպէ՞ս առանց ինքզինք խայտառակելու վտանգէն վախնալու` այսպիսի քայլ կրնար առնել:

Խորհրդաժողովի ընթացքին եւ ատկէ ետք մէկէ աւելի տեղերէ իմացանք, որ այդ անակնկալ փոփոխութիւնը համաժողովի կազմակերպիչ սփիւռքի նախարարարութեան կողմէ չէ կատարուած. փոփոխութիւնը կատարուած է այլ գերատեսչութիւններու կողմէ, որոնք պահանջած են աւելի մասնագիտացած ելոյթներ ու զեկուցողներ, քան ինչ նախատեսուած էր. թէ տուեալ համաժողովը պէտք է կազմակերպուի, եղեր… Տաւոսի օրինակով:

Տաւո՞ս: Միտքէս ինչե՜ր անցան, երբ օրին լսեցի այս տեղանունը: Ամէնէն առաջ` նկարագիրի հարց է, հաճելի կողմը` Թոմաս Մանը իր «Կախարդական լեռը»-ով: Անմիջապէս յետոյ սակայն` Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու իր ճակատագիրը. յուսախաբութիւն եւ յուսահատութիւն. կարելի՞ է, վերջապէս, վերջին վայրկեանին այսպիսի մեծածաւալ փոփոխութիւններ մտցնել ծրագիրի մը մէջ` առանց տեղեակ պահելու շահագրգռուած բոլոր կազմակերպութիւններն ու անհատները: Արտօնելի՞ է առհասարակ այսպիսի վարուելակերպ:

Ուրեմն, մտածեցի, մենք վճռած ենք հետեւիլ Տաւոսի օրինակին դէպի… անդունդի եզերքը հասնելու ազնիւ նպատակով: Միթէ Տաւոսները այդտեղ չե՞ն հասցուցած աշխարհը համաշխարհայնացած իրենց անսանձ տնտեսականութեամբ: Պարտաւո՞ր ենք քալելու այն նոյն ճամբաներէն, որոնց վրայ ուրիշներ քալած են եւ` մեր աչքին առջեւ արդէն վերադարձի ճամբան բռնած:

Կարճ` շատերու նման մենք ալ չկրցանք առանց մտահոգութեան հեռանալ ժողովատեղիէն: Կը յուսանք պարզապէս, որ մեր հայկական պետութիւնը ասկէ ետք աւելի զգուշ կ՛ըլլայ Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներու կազմակերպման մէջ, որպէսզի հայոց պետութիւնը անառարկելիօրէն դառնայ ամբողջ հայութեան հպարտութիւն առթող գուրգուրանքի առարկան:

Ո՛վ ալ ըլլայ յայտագիրի անակնկալ փոփոխութիւնը կատարողը, մեծ սխալ գործած է: Ինչպէ՞ս կարելի է այս ձեւով բարեկամներու եւ հակառակորդներու վստահութիւնը շահիլ (ի դէպ, համաժողովի նշանաբանն էր «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»):

Համազգայինը, բնական է, չի կրնար ազդուիլ ուրիշի այսպիսի կամայ թէ ակամայ չնաշխարհիկ սայթաքումներէ: Մեր ծրագիրով մեզի սահմանուած առաքելութեան տէր կանգնած ենք ատենին` շատ աւելի աննպաստ վիճակներու մէջ:

«Ա.».- Վերջացնելով` կրնա՞ք խօսիլ նաեւ ձեր ընթացիկ աշխատանքներուն մասին. հրատարակչական, ցուցասրահ, այլ աշխատանքներ:

Մ. Մ.- Ձեր հարցումին շեշտէն կ՛եզրակացնեմ, որ վերջին հարցումին պատասխանս երկար եղած է: Սակայն կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ էր ամբողջական պատկեր մը տալ. բայց մանաւանդ` այս ձեւով հրապարակային պահանջ ներկայացնել առ որ անկ է:

Հրատարակչականէն առաջ` երկու խօսք հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու մեր ծրագրին մասին: Գիտէք, որ այդպիսի ծրագիր մը կը հետապնդենք Երեւանի պետական համալսարանին գործակցութեամբ: Անցեալ տարի ունեցանք մեր առաջին շրջանաւարտը, որ արդէն տարիէ մը ի վեր կը պաշտօնավարէ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: Այս տարի ունեցանք մեր երկրորդ շրջանաւարտը, որ տառացիօրէն յափշտակուեցաւ Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանին կողմէ: Բոլորիս յայտնի է, որ հայերէնի ուսուցիչի կարիքը ամէնուրեք առկայ է: Դժբախտաբար, սակայն, մեր թեկնածուներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կու գայ Լիբանանէն: Թեկնածու մըն ալ ունինք Պոլիսէն: Իսկ անմիջական կարիքը ունեցողները (Եւրոպան ու ամերիկեան ամբողջ ցամաքամասը) դեռ շարժման մէջ չեն մտած: Կը յուսանք, որ իրե՛նք ալ շուտով կը մասնակցին այս կարեւոր ծրագրին: Այս ծրագրին մէջ մեզի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թեկնածուներու Հայաստան երկամեայ կեցութիւնը. ատիկա մաս կը կազմէ հայագէտի իրենց կազմաւորման. այդ կեցութեան ընթացքին ամբարուած փորձառութիւնը կ’ամբողջացնէ տեսական գիտելիքները:

Հրատարակչականի գործունէութեան նոր մարզերուն մասին խօսեցայ արդէն: Ան կը շարունակէ նաեւ իր ընթացիկ գործերը. դասագիրքերու տպագրութիւն, աշակերտներու ընթերցման համար անհրաժեշտ վերահրատակութիւններ եւ այլն. իսկ ցուցասրահի գործունէութիւնը քիչ մը դանդաղած է` պահանջարկը ներկայիս նուազած ըլլալով:

Պէյրութ, 6 հոկտեմբեր 2017

aztagdaily.com

Տպել Տպել