- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Պելճիքայի Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Հունգարիոյ Դեսպանին Հետ

[1] Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ Հունգարիոյ Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Քովաչ Թամաս Իվանի, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ կը ներկայացնէր Հունգարիոյ երկու մնացեալ ներկայացուցչութիւնները` ՕԹԱՆ-ի ու Եւրոպական Միութեան մէջ:

Հանդիպման նպատակն էր Հունգարիոյ իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պահանջել Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման գծով, եւ առաջարկել քայլեր` ուղղուած Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ կապերու վերահաստատման:

Դեսպանը իր իշխանութիւններուն յուսախաբութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Սաֆարովի ազատ արձակման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ տրուած պարգեւներուն եւ հերոսացման համար` նշելով, որ Ալիեւի այս քայլը հակառակ է դիւանագիտական ու քաղաքական պատշաճ բոլոր կանոններուն, որովհետեւ Ազրպէյճան

պաշտօնապէս խոստացած էր, որ Սաֆարով իր պատիժը պիտի կրէ բանտին մէջ: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Հունգարիան վերահաստատեն իրենց դիւանագիտական կապերը:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադառնալէ ետք հայ-հունգարական երկարամեայ կապերուն եւ հայ համայնքի ներկայութեան, նշեց, որ Հունգարիոյ իշխանութիւնները պէտք էր աւելի լաւ վերլուծէին հարցը, եւ թէ պէտք էր ակնկալէին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի դիմէին Սաֆարովի հերոսացման քայլին` նկատի ունենալով Ալիեւի հակահայ քաղաքականութիւնը: Առաւել եւս, Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Հունգարիան պէտք է պատասխանէ նաեւ այդ ամբաստանութիւններուն, թէ Սաֆարովի յանձնումը նաեւ առեւտուրի արդիւնք է, ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ հսկայական գումարներու ներդրման: Առաւել` նշուեցաւ, թէ Հունգարիա յայտարարութեամբ մը հանդէս պէտք է գայ` կողմնակից հանդիսանալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Գասպար Կարապետեան նշեց, որ եթէ առնուին այս քայլերը, կարելի է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները զանոնք նկատեն դրական նշաններ եւ վերատեսութեան ենթարկեն Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը վերահաստատելու հարցը: Դեսպան Քովաչ խոստացաւ հանդիպման եւ պահանջներուն մասին տեղեկացնել Հունգարիոյ արտաքին գործերու նախարարին եւ նախարարութեան: