4 յունիսի առաւօտեան ժամերուն, Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան Տաւուշ շրջանին դէմ գործուած է յարձակում մը, որուն պատճառով 3 հայ զինուորներ նահատակուած եւ 6 վիրաւորներ արձանագրուած են: Հայաստանի զինեալ ուժերը յաջողած են ետ մղել ազրպէյճանական ուժերը եւ վերահաստատել խաղաղութիւնը:

Յատկանշական է, որ այս յարձակումը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսք խմբակի համանախագահ երկրի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի տարածաշրջան այցելութենէն ժամեր առաջ միայն: Քլինթըն կը գտնուի Հայաստան – Վրաստան – Ազրպէյճան` ամրացնելու համար խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը բուռն կերպով կը քննադատէ այս յարձակումները, որոնք աւելի ու աւելի բարձր յաճախականութիւն կը ստանան` սպառնալով շրջանային խաղաղութեան եւ Եւրոպայի ծրագիրներուն, յատկապէս Արեւելեան դրացնութեան ու Եւրանեսթի, որոնք կը նպատակադրեն շրջանային համագործակցութիւնն ու ապահովութիւնը: Ազրպէյճանի մագլցող սպառազինումը եւ միջազգային օրէնքի բիրտ խախտումները կը սպառնան շրջանի խաղաղութեան ու բարօրութեան:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Ազրպէյճան ցոյց տուաւ, որ երբեք հետաքրքրուած չէ եղած խաղաղութեամբ: Ան ԵԱՀԿ-ի Մինսք խմբակի համանախագահող երկրի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի այցելութենէն ժամեր առաջ միայն երբ նման յարձակում մը կ՛իրագործէ Հայաստանի դէմ, ցոյց կու տայ իր իսկական դիմագիծը, նախագահ Իլհամ Ալիեւի կործանարար ռազմական ոգին»:

«Կը պահանջենք Եւրոպական Միութենէն, որ այլեւս դադրի երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչեր ուղղելէ, այլ` խիզախօրէն դէմ կենայ ազրպէյճանական ղեկավարութեան` խստօրէն պահանջելով անկէ, որ դադրեցնէ իր արկածախնդրութիւնը», ըսաւ Գասպար Կարապետեան, եւ շարունակեց. «Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար Քեթրին Էշթըն պարտի դատապարտել Ազրպէյճանի այս կեցուածքը, որ կը սպառնայ շրջանային խաղաղութեան, եւ յստակօրէն ըսէ երկրի իշխանութիւններուն, թէ միութիւնը միայն ուժանիւթով չէ հետաքրքրուած, այլեւ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ, եւ թէ լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եւրոպական Միութիւն – Ազրպէյճան համագործակցութեան համաձայնագիրին վրայ»:

Տպել Տպել