Հարցազրոյց` Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Ատենապետ Ընկեր Գասպար Կարապետեանի Հետ

Գրասենեակի հիմնադրութենէն արդէն անցած են աւելի քան 10 տարիներ: Ինչպիսի՞ իրագործումներ յաջողած են անցնող տարիներուն: Գոհացում տրուա՞ծ է սկզբնական դրդապատճառներուն:

Զանազան երկիրներու մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու հիմնադրութենէն ետք, յատկապէս 80-ական թուականներուն, Եւրոպայի երկիրներուն մէջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներու շարք մը, որ յատկանշուեցաւ 1987-ին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ճանաչման բանաձեւով, որ նախապայման կը դնէր Թուրքիոյ` Եւրոպական անդամակցութեան առջեւ` ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քաղաքական այս աշխատանքը համակարգելու համար անհրաժեշտ նկատուեցաւ գրասենեակի գոյութիւնը Եւրոպայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ: Մինչ այդ աշխատանքները կը տարուէին տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու ջանքերով, բայց հետզհետէ աւելի հզօրացող ու ազդեցիկ դարձող Եւրոպական Միութեան շրջագծէն ներս համադրող մնայուն մարմինի մը գոյութիւնը անյետաձգելի դարձած էր: Այսպէս, ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով հիմնուեցաւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Պրիւքսելի մէջ: Ունէինք արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջող օրինակը` Ուաշինկթընի մէջ գործող գրասենեակով:

Գրասենեակի աշխատանքները վստահուեցան Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին, որ կը բաղկանար տարբեր երկիրներէ, մասնակցող անդամներէ, եւ նախագահութիւնը ստանձնեց Ֆրանսայէն Հիլտա Չոպոյեան, մինչեւ իր հրաժարումը քանի մը ամիս առաջ: Բոլորին ներդրումով եւ արդիւնաբեր աշխատանքով ու զոհաբերութեամբ գրասենեակը դարձաւ Եւրոպայի մէջ կայացած հաստատութիւն, որ շօշափելի արդիւնքներ ունեցած է եւրոպական քաղաքական դաշտին մէջ հայութեան արդար պահանջները ներկայացնելու եւ Հայ դատի գործերուն առանձին ներուժ տալու իմաստով:

Եւրոպայի մէջ աշխատանքը չափազանց բարդ է, ապերախտ եւ դժուար: Կայ Եւրոպական Միութիւնը` 27 անդամ երկիրներով, կայ Եւրոպայի Խորհուրդը` իր խորհրդարանական վեհաժողովով, կայ ԵԱՀԿ-ն` դարձեալ իր Խորհրդարանական վեհաժողովով, կայ ՕԹԱՆ-ն եւ տակաւին` տասնեակ մը այլ կազմակերպութիւններ, որոնք միջեւրոպական առումով դերակատարութիւն ունին եւրոպական որոշումներու կայացման մէջ:

Մեր գործը թէեւ ընդհանրապէս եղած է Եւրոպական Խորհրդարանին եւ Յանձնաժողովին մօտ, սակայն վերջին շրջանին պէտք է ըսել, որ աշխատանք կը տանինք նաեւ մնացեալ կազմակերպութիւններուն մօտ: Օրինակի համար, յիշեմ, քանի մը ամիս առաջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ քննարկուող Արցախի օրակարգին պարագան, երբ նաեւ հայկական պատուիրակութեան խնդրանքով աշխատանք տարինք իւրաքանչիւր երկրի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու հետ գործակցաբար` կապեր հաստատելով ժողովին մասնակցելիք երեսփոխաններուն հետ եւ յաջողցուցինք դրական կեցուածքներ ապահովել բանաձեւի քննարկման եւ քուէարկման ընթացքին: Բացի երկու հոգիէ, որոնք ազերիամէտ կեցուածք ունեցան, խօսք առնողներուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը մեզի ի նպաստ արտայայտուեցաւ:

Երկրորդ օրինակ մը յիշեմ. երբ պուլկարացի երեսփոխան մը դարձեալ Արցախի հարցի մասին զեկուցում մը պիտի ներկայացնէր. գրասենեակի եւ Պուլկարիոյ Հայ դատի յանձնախումբին ջանքերով յաջողեցանք հաւասարակշռուած եւ դրական զեկուցում մը ապահովել իր կողմէ:

Այս օրինակները յիշեցի ցոյց տալու համար մեր գործունէութեան դաշտի ծաւալը եւ բազմազանութիւնը: Ծանօթ է արդէն Եւրոպական Միութեան բարդ միջավայրը, ուր ամէն ինչ համաձայնութեան արդիւնք է, «կլորցուած» որոշումներով, որպէսզի կարողանան բանի մը յանգիլ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կրնա՞նք արդեօք ըսել, որ կան բարեկամ կամ մեզի հանդէպ «նախապաշարուած» խմբաւորումներ…

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ո՛չ, սխալ է այդպէս ըսել, որովհետեւ մեր բարեկամներն ու «հակառակորդները» մենք կը ստեղծենք մեր աշխատանքով: Ամէն երեսփոխան, կամ ամէն մէկ խմբաւորում, կամ ամէն մէկ երկիր ունի ի՛ր շահերը եւ իր կեցուածքը ի՛ր շահերէն կը բխի: Անշուշտ կան երկիրներ, որոնք աւանդաբար եւ պատմականօրէն մեզի մօտ եղած են, ինչպիսիք են` Յունաստանը, Կիպրոսը, եւ այդ մէկը կը շարունակէ ըլլալ: Սակայն ուրիշ երկիրներու մէջ ալ կան անձեր, որոնք մեզի շատ մօտ են, կան ուրիշներ ալ, որոնք դէմ են:

Հոս վայրկեան մը կանգ առնենք ըսելու համար, թէ դէմ եղողներուն մեծամասնութիւնը յստակ է, թէ տարբեր շահեր կը պաշտպանէ: Պրիւքսելը պզտիկ տեղ մըն է, բոլորս գիտենք, թէ մեր շուրջը ի՛նչ կ՛անցնի ու կը դառնայ. ուրեմն յայտնի է, թէ ո՛ւր որ կարծր կեցուածք կայ մեզի հանդէպ, հոն վարձատրութեան հարց գոյութիւն ունի. այդ անձերը չեն պաշտպաներ Ազրպէյճանի շահերը, եթէ վարձատրութիւն չստանան: Ծանօթ է, որ Ազրպէյճան մեծ գումարներ կը ծախսէ իր քարոզչութիւնը յաջողցնելու նպատակով եւ կը գործածէ անձեր, որոնք ազերի չեն: Ազրպէյճան կազմած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնց անդամներուն ցանկը եթէ ստուգէք, պիտի տեսնէք անունները քաղաքական, ակադեմական անձնաւորութիւններու, նախկին նախարարներու: Բնական է, որ այդ անձերը կամաւոր չէ, որ կ՛անդամակցին այդ կազմակերպութիւններուն:

Օրինակն ալ կայ «համբաւաւոր» Կորան Լինտպլանտին, Շուէտէն, որ բացառիկ թրքասէր եւ ազերիասէր անձ մըն էր, ոչ անշուշտ գաղափարաբանութենէ, այլ` անձնական շահերէ եւ նշանակուած էր Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի օրուան թուրք նախագահ Չաւուշօղլուին կողմէ Հայաստանի մասին համազեկուցող: Մեր կողմէ կատարուած ծրագրուած աշխատանքով ձախողեցուցինք իր վերընտրութիւնը Շուէտի խորհրդարանին մէջ եւ ան չկարողացաւ ստանձնել զեկուցաբերի պաշտօնը: Սակայն ան վարձատրուեցաւ ազերիներէն, քանի որ ներկայիս դարձած է պաշտօնեայ ազերիական մեծ կազմակերպութեան մը մէջ եւ կը խոստովանի, թէ անոնց համար լոպիստ մըն է այլեւս…

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է դիմադրել այս ձեւի կեցուածքներուն:

Պ.- Ամէն ինչ կախեալ է մեր աշխատանքէն եւ մեր աշխուժութենէն: Գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մեզի դէմ կանգնող շրջանակներուն մօտ աշխատելով` հարկաւոր է ստեղծել այդ միջավայրը, ուր մենք զօրաւոր կերպով պիտի պաշտպանենք մեր դիրքերը: Մեր Դատը արդար է: Համադրուած ու մասնագէտօրէն ծրագրուած աշխատանքով թէ՛ Պրիւքսելի եւ թէ՛ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կրնանք յաջողութիւններ արձանագրել:

Հ.- Արցախի հարցը ի՞նչ նոր հանգրուաններով կ՛ընթանայ:

Պ.- Բանակցութիւններու գործընթացին մէջ մենք վճռակամութեամբ կը պահանջենք Արցախի ուղղակի՛ մասնակցութիւնը խօսակցութիւններուն, որովհետեւ համաձայնութեան մը պարագային, ի՛նքն է, որ պիտի ստանձնէ պատասխանատուութիւնը կիրարկելու այդ համաձայնութիւնը երկրին մէջ: Այնքան ատեն որ այս մէկը չ՛ըլլար, բացայայտ է, որ կարելի չէ համաձայնութիւն ստորագրել, ուրիշի մը հաշուոյն: Իր ապագան մի՛այն Արցախի ժողովուրդը կրնայ որոշել:

Մինսքի խմբակը ունեցած է դերակատարութիւն` բանակցային գործընթացին մէջ, որոշ զիջումներ ալ ապահովելով հայկական կողմէն: Որոշ ժամանակներ ակնկալիքներու մասին շատ խօսք կ՛ըլլայ, ինչպէս եղած էր Քազանի խորհրդաժողովի նախօրեակին. նոյնիսկ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ ակնկալիքները մեծ էին, գիտակցելով, թէ Հայաստան ընդունած էր Քազանի խորհրդաժողովէն յառաջ քշուող շրջագիծը: Ինչպէս փաստուեցաւ սակայն հոն, վերջին պահուն Ազրպէյճանի նախագահը 10 նոր կէտերէ բաղկացած թղթածրար մը բերաւ` հիմնովին խանգարելով գործընթացը:

Եւրոպայի մէջ ծանօթ են Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները եւ կեցուածքը, ուր եթէ փոխադարձ շահերու հարցը գոյութիւն չունենար, վստահաբար Ալիեւը շատոնց ծաղրանկարիչներու մնայուն հերոսը դարձած կ՛ըլլար…

Ներկայիս յառաջընթաց գոյութիւն չունի Արցախի հարցին մէջ, ինչ որ կը նախատեսուի նաեւ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին ալ, քանի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի մէջ ընտրութիւններ կան:

Ներկայիս աշխատանք կը տանինք ապահովելու համար եւրոերեսփոխաններու այցելութիւնը Արցախ, ինչպէս անցեալին ալ եղած էր, երբ երկու ֆրանսացի երեսփոխաններ Հիլտա Չոպոյեանին հետ Արցախ այցելած էին: Արդէն կայ թիւ մը երեսփոխաններու, որոնք պատրաստ են Արցախ այցելելու, երկիրը մօտէն տեսնելու ու կացութիւնը գնահատելու: Արցախի իշխանութիւններուն հետ գործակցելով` կը ծրագրենք հոկտեմբերէն սկսեալ կազմակերպել այս այցելութիւնները:

Հ.- Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոպայի տարածքին ճանչցուած է, նոյնիսկ հանգրուան մը անդին անցնելով` ուրացման դէմ որդեգրուած օրէնսդրութեամբ: Ներկայիս կը դիմագրաւենք հատուցումը ապահովելու հանգրուանը:

Պ.- Հայ դատի յանձնախումբերը եւ գրասենեակը մեծ ներդրում ունեցած են Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք, 1987-ին, անոր բազմաթիւ նշումներու Եւրոխորհրդարանին կողմէ, Թուրքիոյ հետ կապուած զանազան զեկուցումներու մէջ:

Հարկաւոր է նշել նաեւ, թէ մեր գրասենեակին հիմնական ներդրումով ալ 2008-ի նոյեմբերին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը «Ցեղասպանութեան եւ օտարատեացութեան դէմ շրջագիծ որոշում» մը տուաւ, որուն հիման վրայ Սլովաքիոյ մէջ արդէն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացած է, իսկ ծանօթ է Ֆրանսայի պարագան, ուր թէ՛ Ազգային ժողովը եւ թէ՛ ծերակոյտը, ընդունեցին նման օրէնք, որ սակայն բեկանուեցաւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ: Կը սպասենք, որ նոր ընտրուած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը նոր բանաձեւումով նորէն ներկայացնէ օրէնսդիր մարմիններուն` յարգելով իր համապատասխան խոստումը:

Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ գործակցաբար, անհրաժեշտ է նման աշխատանք տանիլ այլ երկիրներու մէջ եւս, որոնք անդամ են Եւրոպական Միութեան, որպէսզի քուէարկեն համապատասխան օրէնքներ:

Հ.- Ներկայիս ի՞նչ աշխատանքներու ձեռնարկած էք:

Պ.- Անցեալ տարի յաջողեցանք Եւրոպայի ամէնէն մեծ թերթին մէջ (որ 88,000 տպաքանակով կը տպուի եւ Եւրոպական Միութեան ու դիւանագիտական ամբողջ շրջանակներուն մէջ կը բաժնուի) ամբողջ էջով յօդուած մը հրատարակել` գրուած հեղինակաւոր Ալֆրետ տը Զայասի կողմէ` «Հայկական հարցը եւ միջազգային օրէնքը» նիւթով, ինչպէս եւ` Սումկայիթի ջարդերու մասին յօդուած մը:

Մօտիկ ապագային կը ծրագրենք 16 էջերէ բաղկացած յաւելուած մը հրատարակել նոյն թերթին մէջ` նուիրուած Արցախին: Շատ լաւ պատրաստուած գործ մը պիտի ըլլայ, որ քարոզչական մեծ ազդեցութիւն ունենալէ անդին` նաեւ իբրեւ տեղեկութիւններու աղբիւր պիտի ծառայէ եւրոպական շրջանակներու մէջ:

Այլ աշխատանքներու շարքին յիշենք նախորդ տարիներուն ընթացքին, երկու անգամով, Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած եւրոպահայերու խորհրդաժողովները, ինչպէս եւ ձեռնարկները Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, ինչպիսին էր Ցեղասպանութեան ճանաչման 20-ամեակի ձեռնարկը, երբ մեծարուեցան 1987-ի ճանաչման որոշումին մասնակից դարձած երեսփոխանները: Այլ ձեռնարկներ եւս կազմակերպուած են տարբեր առիթներով:

Յառաջիկայ նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին մէջ, 1987-ի Եւրոպական Միութեան կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին 25-ամեակին առիթով, պիտի գումարենք եւրոպահայութեան Գ. համագումարը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ գիտական խորհրդաժողով մը` հիմնական նիւթ ունենալով Թուրքիայէն մեր պահանջները եւ հատուցման հանգրուանը: Քննութեան առարկայ պիտի դառնան նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները: Աշխատանք պիտի տարուի, որ ներկայ գտնուին Եւրոպայի բոլոր երկիրներէն ներկայացուցիչներ, քանի որ միաժամանակ պիտի կազմակերպենք նաեւ համաժողով մըն ալ` ներկայ կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ, ծրագրուած եւ համադրուած կերպով քննելու համար եւրոպահայութեան կարելիութիւնները:

Հ.- Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին Պրիւքսել այցելութեան առիթով առիթը ունեցաք ջաւախահայութեան հարցերը լսելի դարձնելու Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մօտ: Ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին ապագայի մասին:

Պ.- Կը կարծեմ, որ արդէն պէտք էր, որ նման աշխատանք ըրած ըլլայինք: Արտակ Գաբրիէլեանին ներկայութիւնը լաւագոյն առիթն էր կովկասեան տարածաշրջանի նիւթերով զբաղող շուրջ 15 երեսփոխաններու հետ հանդիպելու` լաւապէս ուսումնասիրուած ու ամբողջական թղթածրար մը յանձնելով իրենց, որ կը պարունակէր ջաւախահայութեան հիմնական պահանջները: Այս աշխատանքը կատարուեցաւ Երեւանի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակին գործակցութեամբ:

Հանդիպումներ ունեցանք նաեւ Եւրոպայի ընդլայնման Ս. Ֆիւլէի եւ արտաքին հարցերու պատասխանատու Լէյտի Աշթընի բաժանմունքներու Վրաստանի պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ` Վրաստանի դեսպանուհիին հետ: Հանդիպումները շարունակուեցան նաեւ Թիֆլիսի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան հետ: Նշեմ, որ քանի մը տարիէ ի վեր Թիֆլիսի մէջ կը գործէ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի մասնաճիւղ` Սլաւիկ Մեզտոյեանի ղեկավարութեամբ:

Այս աշխատանքը պիտի շարունակուի ծրագրուած եւ հետեւողական ձեւով, մօտիկ ապագային առնելով նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ եւս:

Հ.- Վերջերս առիթը ունեցաք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կլոր սեղանի մասնակցելու եւ Հայ դատի նուիրուած նիւթեր արծարծելու: Ծանօթ է նորաստեղծ հայկական գաղութներուն պարագան այդ շրջանին մէջ: Քաղաքական դաշտի իմաստով, ինչպիսի՞ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին:

Պ.- Իսկապէս ապրիլ 28-ին Ապու Տապի գտնուեցանք ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական եւ Հայ դատի հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանը, Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը, Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը եւ ես: Առաջին անգամն էր, որ բոլորս կը գտնուէինք կլոր սեղանի մը շուրջ: Նշելի է, թէ ամբողջութեամբ լեցուն սրահէ մը ներս, մօտ երեք ժամ տեւող զրոյցին, որ վարեց Ազգային վարչութեան ատենապետ, տոքթոր Վարդգէս Արզումանեանը, արծարծուեցան մեզ յուզող բոլոր հարցերը եւ անոնց հետապնդման կարելիութիւնները` իւրաքանչիւր գրասենեակի կողմէ: Նախորդ օրը Տուպայի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած էր դասախօսական երեկոյ` Ռոպերթ Ֆիսքին հետ, ուր ներկայ էին, բացի մեր գաղութի անդամներէն, նաեւ լուրջ թիւ մը օտար ուսանողներու, որոնց յաջողած էին բերել մեր ուսանող երիտասարդները: Իսկ ապրիլ 29-ին ընկ. Կիրօ Մանոյեանը եւ ես գտնուեցանք Քուէյթ, ուր մեծ թիւով հայրենակիցներու ներկայութեան, զրուցավարութեամբ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Մանուկ Մանուկեանի, առիթը ունեցանք ներկայացնելու Հայ դատի ներկայի բոլոր հոլովոյթները:

Ինչ կը վերաբերի տեղական կարելիութիւններուն, պէտք է նշել, թէ նկատի ունենալով այդ երկիրներուն քաղաքական պայմանները` Հայ դատի աշխատանքները ընդհանրապէս կը միտին քարոզչական աշխատանք կատարելու մամուլին եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ: Սակայն նշեմ, թէ համեմատաբար մեր լաւ կազմակերպուած գաղութներուն, տեղւոյն վրայ եւս յաջողուած է մինչեւ օրս, իրենց ունեցած կարելիութիւններով, որոշ չափով առաջքը առնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի թափանցման իբրեւ արդիւնք` հակահայ կեցուածքներու: Հոս պէտք է նշել նաեւ Քուէյթի մէջ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանին աշխուժութիւնը եւ ձեռնհասութիւնը, որ գաղութին հետ սերտ գործակցութեամբ յաջողած է թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ գաղութին համար կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովել:

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել