Վանայ Ձայնի հարցազրոյցը Վաչէ Գահրամանեանի հետ

Լիբանանի մէջ գործող «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանը Երկուշաբթի 13 Նոյեմբեր 2017ին «Հայկական Աշխարհի Լուրեր» յայտագիրը հարցազրոյց մը կազմակերպած էր Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ:

Հարցազրոյցի ընթացքին Գահրամանեան խօսեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած աշխատանքներուն մասին յատկապէս անդրադառնալով Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջատիրական աշխատանքներուն:

Անդրադառնալով Աւստրալիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու կողմէ տարուած քարոզչական աշխատանքներուն Գահրամանեան ըսաւ << Հակառակ զոյգ կառավարութիւններու կողմէ ծախսուած հսկայ գումարներուն, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը իր համեստ սակայն արհեստավարժ կարողութիւններով կը կատարէ իր աշխատանքը որովհետեւ արդարութիւնը մեր կողքին է>>:

«Ոչ՝ Թուրքիոյ եւ ոչ ալ՝ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն վառած քաղաքականութիւնը իր մեծ արձագանքը գտած է Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերուն մէջ շնորհիւ մեր գրասենեակի եւ աշխատակազմի կողմէ կատարուած հսկայ եւ աննախընթաց քարոզչական աշխատանքներուն որուն արդիւնքով 2013 թուականին Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը՝ Նիու Սաութ Ուէլզը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը» աւելցուց Գահրամանեան:

Հարցազրոյցը ամբողջովին կրնաք ունկնդրել՝

armenia.com.au/news/Australia-News/Armenian

Տպել Տպել