Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում

Անհրաժեշտ Է Ազգովին Ձգտինք Վերականգնելու Ներազգային Միասնակամութիւնը Եւ Հաղորդակցութեան Սրընթաց Կապերու Այս Դարուն Վերացնելու Մեզ Իրարմէ Բաժնող Բոլոր Երեւոյթներն Ու Ազդակները». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Առաջնահերթը Հայն Է, Հայաստանն Ու Հայութիւնը. Անընդունելի Են Անտարբերութիւնը, Յուսալքումը, Ծուլութիւնը, Անձնակեդրոնացումը, Ազգայինէն Հեռանալը, Ինքնագոհութիւնը, Պայմանաւորուած Մասնակցութիւնը». Յակոբ Բագրատունի

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները առիթներ են հաշուետուութիւն ներկայացնելու ժողովուրդին` նախորդ տարուան ընթացքին ՀՅԴ-ի կատարած եւ կատարելիք գործունէութեան մասին: Դաշնակցութեան օրը նաեւ տարին մէկ անգամուան ընթացքին այն օրն է, երբ Դաշնակցութիւնը ամբողջական թափանցիկութեամբ կը ներկայանայ զինք ծնած հայութեան, ի հարկին կը կատարէ ինքնաքննադատութիւն եւ նախանշէ իր մօտաւոր ապագայի գործունէութեան ընդհանուր ուղենիշները: Հայկական պետականութեան ամրապնդում, Արցախի տագնապի հայանպաստ լուծում, Հայ դատի բազմաշերտ պայքար, սփիւռքահայ կեանքի յաւելեալ կազմակերպում եւ սփիւռքի ամբողջ կարողականութեան ուղղորդում դէպի հայրենիքի հզօրացման նպատակ, լիբանանահայ գաղութին տէր դառնալու առաքելութիւն եւ տակաւին պայքարի այլեւայլ բնագաւառներ էին եւ կը մնան դաշնակցական աշխատանքի մնայուն առանցքները, որոնց մասին կարելի չէ չխօսիլ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան ընթացքին: Հաշուետու այս տօնակատարութիւնը` ՀՅԴ 127-ամեակին առիթով, Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը կազմակերպած էր երէկ` ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ: Տօնակատարութեան մասնակցեցան լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծննդոցը, անոր ստեղծման դրդապատճառները, անցած ուղին, որուն ընթացքին որդեգրուեցան պայքարի տարբեր ձեւեր, սակայն նպատակը միշտ մնաց նոյնը` տէր կանգնիլ հայութեան գերագոյն շահերուն, ազգին ազատութեան եւ անոր կամքի ինքնուրոյնութեան: Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործեց այն համոզումով, որ իր ժողովուրդին շահերը օտարին մօտ փնտռելը անիմաստ է եւ միշտ ալ հարկ է ապաւինիլ հայուն բազուկին: Իր խօսքին մէջ Յարութ Լափաճեան անդրադարձաւ Պանք Օթոմանին, հայոց ազգային ազատագրական պայքարին, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն, հայ արդարադատ բազուկներուն տուած վրէժխնդիր հարուածներուն, արցախեան պայքարին, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, որոնց ընթացքին Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականները միշտ ալ եղան պատնէշի վրայ, ընդառաջեցին ամէն տեսակ կոչի, որուն նպատակը սրբազան արժէքներու պահպանումն է, հայութեան արդար դատն է, ամբողջ ազգին ապահովութիւնն ու ազատութիւնն է:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յարութ Լափաճեան հաստատեց, որ դաշնակցական երիտասարդին մէջ պայքարի ոգին երբեք պիտի չմարի, ազգի անսակարկ ծառան ըլլալու գաղափարը մնայուն կերպով անոր մէջ պիտի ժայթքի հրաբուխի նման, ան աւելի պիտի ամրապնդէ իր պայքարի համոզումը, մինչեւ որ հասնի այն վսեմ բարձունքներուն, ուր կը ճախրի հայոց արծիւը` ամբողջական Հայաստանի երկնքին տակ: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` չնահանջելու, այլ միասնաբար կերտելու ազգի փայլուն ապագան, որովհետեւ միասնականութեան մէջ կեդրոնացած է ուժը:

Ապա ցուցադրուեցաւ անցեալ տարուան ընթացքին Դաշնակցութեան գործունէութեան ամփոփ պատկերը ներկայացնող, Դաշնակցութեան տարբեր միաւորներուն տարած աշխատանքներուն անդրադարձող տեսերիզ մը, որմէ ետք հայրենասիրական երգեր մեկնաբանեց հայրենի երգչուհի Կապի Կալոյեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդին համար Դաշնակցութեան ունեցած արժէքը, որուն համար կուսակցութիւնը պարտի յաւելեալ աշխատանք տանիլ` իրեն տրուած վստահութեան ատակ ըլլալու համար: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան օրը սոսկ տարեդարձ չէ, այլ հայ ժողովուրդին պայքարելու կամքին նշման օրն է, հայ մշակին, բանուորին, ուսուցիչին, գործատիրոջ, շահագործումը մերժողին, անշահախնդիր մարդուն օրն է:


Շարունակելով այս միտքը` ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան օրը դաշնակցական կուսակցականին օրը չէ միայն, այլեւ իւրաքանչիւր հայ մարդու, որ իր հայութիւնը, հայկականութեան պահպանումն ու ամրապնդումը կը տեսնէ Դաշնակցութեան մէջ, հայկական արժէքներուն հաւատացողին օրն է, հայ կնոջ, հոգեւորականին, երիտասարդին, Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն եւ հայութեան իրաւունքները հետապնդած դաշնակցական նահատակներուն օրն է:

Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ այս օրը նաեւ պարտաւորեցնող է, զգաստութեան հրաւիրող, սխալներն ու բացթողումները տեսնելու եւ ինքնաքննադատութեան մղող` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը այդ մէկը կատարելու ատակ է, այս պատճառով ալ միշտ ձգտած է վերանորոգելու ինքզինք: Ան հաստատեց, որ մեր ազգային- հասարակական կեանքին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները, Հայաստանի անկախացումով յառաջացած նորաստեղծ մթնոլորտը, մեզ շրջապատող հաւաքականութեանց մէջ երեւցող ու յաճախ մեզի խորթ թուացող երեւոյթները, համաշխարհայնացումը, ապազգայնացնող փոթորիկները, եսակեդրոնութիւնն ու եսապաշտութիւնը, արժէքներու անկումը նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն կուսակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ մարդը իր մարդկայնութենէն պարպելու փորձերուն, ընկերային տագնապներուն, շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, ազատութեան ըմբռնումի նոր մօտեցման, հայկական իրականութեան մէջ շուկայական տրամաբանութեան, փտածութեան, ինքնութեան կորուստի, Հայաստան-սփիւռք կապերը խաթարելու փորձերուն, որոնց հակազդելու ձեռնոցը կը վերցնէ Դաշնակցութիւնը, որ կը տագնապի այս բոլորով եւ կը նախաձեռնէ անոնց շրջանցման տարբեր միջոցներու: Բայց եւ այնպէս, Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ առաջնահերթութիւն կը մնան ազգային հարցերն ու տագնապները: «Մենք պարտաւոր ենք ազգայինը, հայկականը, մերը առաջնահերթ նկատել: Ընդհանրական խնդիրները հայկականացնենք, մեր աւանդութեան, մեր արժէքներուն համապատասխան դարձնենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ծառայել մեր ժողովուրդին ու զօրացնել զինք: Ինչ որ դուրսին է, անպայմանօրէն լաւ չէ, եւ ինչ որ մերն է, անպայմանօրէն վատ չէ: Սա ազգայնամոլութիւն չէ, այլամերժում չէ, խտրականութիւն չէ, սա գոյութեան պահպանում է, ազգային գաղափարախօսութեան ամրապնդում է, մեր ժողովուրդի պաշտպանութիւնն է, մեր արժէքներու խորացումն է: Առաջնահերթը հայն է, Հայաստանն ու հայութիւնը», հաստատեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ այս պարագային եւս 127 տարի ամբողջ բազում մարտահրաւէրներ վերցուցած Դաշնակցութիւնը պիտի չընկրկի, պիտի շարունակէ անշեղ քալել իր ուղիէն` սրբագրելով իր սխալները, վերանորոգելով ինքզինք, առանց երբեք շեղելու իր արժէքային համակարգէն, միշտ թիավարելով վտանգաւոր հոսանքն ի վեր: «Ու հոսանքն ի վեր թիավարելու մեր կամքին մէջ առաջին հերթին դաշնակցական ընկերները եւ երիտասարդները կը գրաւեն ճակատը: Յաւելեալ համեստացումի կարիքը ունինք բոլորս: Մենք գոյութիւն ունինք այսօր, որովհետեւ հսկաներ քար առ քար, քրտնաթոռ եւ արեան կաթիլներով կառուցեցին Դաշնակցութեան ամրակուռ շէնքը: Մենք այդ հսկաներուն ժառանգորդներն ենք, բայց հսկաներ չենք ու չենք կրնար ըլլալ: Մենք ղեկավար կամ իշխանաւոր պիտի չըլլանք, այլ պիտի ըլլանք պատասխանատուներ, ժամանակաւոր կերպով գործի հրաւիրուած անհատներ, հայութեան համար գործ կատարողներ ու պիտի գիտնանք հեռանալ, երբ մեր ժողովուրդն ու ներկաները յարմար տեսնեն ատիկա: Այսպէս սորված ենք Դաշնակցութեան մէջ, ու այդպէս պարտաւոր ենք գործել», յայտնեց ան:

Ապա Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ լիբանանեան կեանքին մէջ Դաշնակցութեան արձանագրած յաջողութիւններուն, դրսեւորած կեցուածքներուն եւ քաղաքացիի անշեղ վարքագիծին մասին: Անոր համաձայն, յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները փորձաքար են Լիբանանի հայութեան համար, զոր մենք կ՛ուզենք տեսնել միացած: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան ձգտումն է վերականգնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը: Առ այդ, երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց միասնական շարքերով մասնակցելու ընտրութիւններուն` հայկական գործօնը ամրացնելու եւ լիբանանահայութեան համահայկական դերակատարութիւնը աւելիով զարգացնելու նախանձախնդրութեամբ: Յ. Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ թրքական գործօնը` վստահեցնելով, որ այդ մէկը եւս դիմագրաւելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքը պիտի չդադրի:

Պատգամաբերը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան ինքնութեան ամրապնդման հարցը` դիտել տալով, որ ՀՅԴ-ի 126-ամեակին առիթով հաստատուած ինքնութեան ֆոնտերէն մայիսէն մինչեւ օրս օգտուած են 159 պարագաներ, Դաշնակցութեան ծառայութիւններէն օգտուած են մեծաթիւ անհատներ, բացուած է Ազգային միացեալ վարժարանը, գործադրութեան փուլ թեւակոխած է Սանճաք քեմփին տեղ բնակարանային յարմարաւէտ պայմաններով օժտուած ծրագիրը, իսկ Պուրճ Համուտի կենսոլորտի հարցը կուսակցութեան ուշադրութեան առարկայ է: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ լիբանանահայ երիտասարդութեան տարած գործունէութեան մասին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ երթը պիտի շարունակուի, անցեալի դասերով հայեացքները պիտի ուղղուին դէպի ապագայ` հաւաքական ճիգերով արձանագրելու հաւաքական յաղթանակներ: «Պիտի մնանք զինուորագրեալները ծառայութեան բանակին` հերթը յանձնելու համար յառաջիկայ սերունդներուն: Եւ այդ սերունդներու կառուցման մէջ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք բոլորս», յայտարարեց Բագրատունի` անընդունելի նկատելով անտարբերութիւնն ու յուսալքումը, ծուլութիւնն ու անձնակեդրոնացումը, ազգայինէն հեռանալը, ինքնագոհութիւնը, պայմանաւորուած մասնակցութիւնը: «Անհրաժեշտ է հաւաքականը, բաժնեկցութիւնը, նեցուկը, դաշնակցական դպրոցի դաստիարակութիւնը», շեշտեց ան:

Ապա Համազգայինի «Քնար» պարախումբին տղաքը հանդէս եկան պարով մը:

ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը արտասանեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն եզակի ընտանիք է, հայ ժողովուրդի ծոցէն կեանք առած կուռ կազմակերպութիւն է, որ 1890-էն ի վեր կը գործէ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան տեսլականով: Իր քրտինքով կը սատարէ ազգի զարգացման, անվերապահ աշխատանք կը տանի ամէնուրեք, կը գործէ անդադար իր ժողովուրդի ներշնչումով միայն, կը փոթորկեցնէ մտքերը իր սուր գրիչով եւ յեղափոխական շունչով կը բոցավառէ հայ միտքն ու հոգին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով: Կը քալէ առաջ, աննկուն կամքով, գաղափարական ուժեղ սկզբունքներով եւ կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը իր բազուկի ուժով եւ ի հարկին կեանքի գնով:

Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան օրերու նշումը ամէնուրեք առհասարակ հաշուետուութեան եւ երկարաժամկէտ ու անմիջական առաջնահերթութիւններու օր է: Ապա քանի մը խօսքով ամփոփեց հիմնական հարցերը եւ ձեռքբերումները 2017 տարուան ընթացքին:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ անցնող տարեշրջանին դիմագրաւեցինք բազում մարտահրաւէրներ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքեան առումով: Հայաստանի պարագային` քաղաքական օրակարգը կլանուած էր սահմանադրական փոփոխութիւններու իրագործման եւ կիրարկման հարցով: ՀՅԴ-ն մտաւ համաձայնական կառավարութեան մէջ, որպէսզի կարենայ ինքն ալ իր կարգին կարեւոր ներդրում բերել այս կարեւոր փուլին, երբ Հայաստանը նախագահականէն պիտի անցնի դէպի խորհրդարանական համակարգ յառաջիկայ ապրիլէն սկսեալ:

Ազգ-բանակ հասկացողութեան մէջ Դաշնակցութիւնը տուաւ իր ամբողջական գործակցութիւնը: ՀՅԴ Բիւրոն շուտով պիտի յայտարարէ նաեւ իր գործնական աջակցութիւնը այն ծրագիրներուն, որոնք պիտի բիւրեղացնեն պետական միտքը եւ բանակը պիտի պահեն անսասան:

2017-ի հայաստանեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն է նաեւ պետական յանձնաժողովի ստեղծումը, որպէսզի պատուով նշենք մեր պետականութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Արցախի պարագային ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման խնդիր դրուած է, ո՛չ միայն Արցախի իշխանութեան հետ գործնական օժանդակութիւն հայթայթելով Արցախի բանակին, ստանձնելով վերաբնակեցման ծրագիրներ Արցախի մէջ, այլ նաեւ ընդարձակելով արտաքին քաղաքական աշխատանքը, նեցուկ կանգնելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ անկախութեան ճանաչման: Ուր կարելի էր` անկախութեան ճանաչման հարցը դրինք, ուր դժուար էր` ինքնորոշման իրաւունքի հարցը արծարծեցինք, որպէսզի կարենանք հակադարձել Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան խնդիրին:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ մենք աջակցեցանք Հայաստանի պետութեան, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիր ստորագրուի: Մեծ ուրախութիւն էր անդրադառնալ եւ շնորհաւորել Հայաստանը, որ ամիս մը առաջ ստորագրեց այդ համաձայնագիրը Եւրոպական Միութեան հետ:

Ան յայտնեց, որ արդէն գործնականացած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ վճռուած` Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին անցնիլը` դիտել տալով, որ մենք ո՛չ միայն ծրագրային բանաձեւում պէտք է տանք Հայ դատի պահանջատիրութեան, այլ գտնենք, քննենք, որոնենք միջոցները օրինական ճամբով Հայ դատի հետապնդման պահանջատիրութեան թղթածրարի հարցը լուծելու:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ազգովին ձգտինք վերականգնելու ներազգային միասնակամութիւնը եւ հաղորդակցութեան սրընթաց կապերու այս դարուն վերացնելու մեզ իրարմէ բաժնող բոլոր երեւոյթներն ու ազդակները: Անհրաժեշտ է շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթած միասնական ոգիէն ու վճռակամութենէն ծնած պատգամը, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետականութեան ստեղծման 100-ամեակի տօնակատարութիւնները կազմակերպենք համազգային ջանքերով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Անհրաժեշտ է, որ միատեսակ ուղղագրութեան յանգինք, ինչպէս աշխարհի ժողովուրդներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ արդիականացման անհրաժեշտութիւնը նաեւ մեզ կը մղէ, որ երիտասարդութեան մօտ մեր տարած աշխատանքները ունենան նոր ձեւ, նոր մեթոտաբանութիւն. խօսինք երիտասարդութեան լեզուով եւ խօսեցնենք երիտասարդները իրենց լեզուով, լսենք զիրենք եւ նաեւ օգտագործենք հաղորդակցութիւններու բոլոր նոր միջոցները:

Ան նշեց, որ համահայկական համաշխարհային ցանցի մէջ իր առիւծի բաժինը ունի նաեւ Լիբանանի հայ համայնքը, որ հանդիսացած է դպրոցական եւ ազգային հիմնական դարբնոցը, միութիւններու ճամբով հայութեան մէջ ամրապնդած է այն սէրն ու հաւատքը, որոնք առջեւ մղած են սփիւռքի ղեկավարութեան մեծ մասը, որ սփիւռքի մէջ ստանձնած է ղեկավար դերակատարութիւն: Լիբանանը այն հնոցն է, որ հայթայթեց ո՛չ միայն սփիւռքի ղեկավարութիւն, մտաւորականութիւն, այլ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի: Լիբանանը ո՛չ միայն անցեալ էր, այլեւ բաբախող ներկայ ճառագայթող սիրտը սփիւռքահայութեան եւ մեր հայրենիքը:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ այսօր նոր մօտեցումներով եւ ժամանակի յարմարեցուած մարտավարութեամբ պէտք է գործենք իբրեւ Դաշնակցութիւն, պէտք է գործենք Հայաստանի պետական համակարգին մէջ, պէտք է գործենք սփիւռքի հայկական բոլոր կառոյցներուն մէջ, մեր այսօրուան մարտահրաւէրները դիմակայելու միջոցները մեծ մասամբ ճշդուած են, ուրեմն կրնանք միասնական կամքով եւ ուժերու ամբողջական լարումով նետուիլ առաջ` ազգովին շարունակելու համար հայրենակերտման ու հայակերտման սուրբ գործը:

Աւարտին յեղափոխական երգերով մթնոլորտը խանդավառեց Գէորգ Հաճեան:

aztagdaily.com

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Հակոբ Տեր Խաչատուրյանի խոսքը ՀՅԴ 127-ամյակի տոնակատարության ժամանակ

Միասնաբար օ՛ն յառաջ, աշխատա՛նքի, հայութեան անկեղծ զինուորներ

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը


Հայ ժողովուրդի արիւնոտ երկունքէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 127-րդ այս տարեդարձին, ինչո՞ւ դարձեալ, սիրելի՛ ժողովուրդ, ձգած էք ձեր հանգիստը ու ներկայ էք այս հանդիսութեան` լսելու համար թերեւս կրկնուող մտածումներ, ուրիշներու համար մաշած գաղափարներ, կարգ մը պարագաներու` ժամանակավրէպ տեսակէտներ ու դեռ, ձեռնարկի աւարտէն իսկ առաջ, քննադատել կարծիքներ:

Ու պատահած է, որ տասնամեակներ ամբողջ, ամէն տարի կրկնուած են նմանօրինակ հանդիսութիւններ` Լիբանանի մէջ թէ այլուր, ու ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ, իր ներկայութեամբ եկած է իր ԱՅՈ՛-ն ըսելու Դաշնակցութեան:

Բայց ինչո՞ւ:

Պէտք է մտածել պատասխանին մասին ու տալ այդ պատասխանը:

Արդեօ՞ք Դաշնակցութեան անցեալի նուաճումները վերյիշելու:
Արդեօ՞ք կարօտաբաղձութիւն է կամ անցելապաշտութիւն:
Արդեօ՞ք պարզապէս յեղափոխական դէմքերու եւ նահատակներու յիշատակի յարգում եւ անցեալի փառքերու վերյիշում:
Արդեօ՞ք զուտ անձնական ինքնապարտադրանք` չնեղացնելու շրջապատը, իր ընտանիքի կուսակցական մէկ անդամը, կամ իր բնակած թաղի ակումբի տղաքը:
Արդեօ՞ք ժամանց, գեղարուեստական յայտագիրի մը հետեւելու, ծանօթներու հանդիպելու կամ պարզապէս ներկայութիւն արձանագրելու:

Այս հարցադրումները կրնան երկարիլ այնքան, որքան մեր երեւակայութեան թռիչք տանք եւ կամ, ներկայ ժամանակաշրջանի պահանջներու գոհացում տալու մտահոգութեամբ, առնենք ընկերաբաններու, հաւաքականութեանց թէ անհատներու յատուկ հոգեբաններու կարծիքը:

127 տարի շարունակ այս ու նմանօրինակ հարցումներ տեղացած են, ու մենք շարունակած ենք տօնակատարել Դաշնակցութեան օրը:

Բայց մտածենք նաեւ այլ ձեւով:

Դաշնակցութեան օրը տարեդարձ չէ: Դաշնակցութեան օրը հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքի նշումին օրն է:

Ան հայ ժողովուրդի Դատին համար ինկած իւրաքանչիւր հայ մարտիկի օրն է:

Իւրաքանչիւր արդար քրտինքով իր օրապահիկը շահող հայ մշակին, հայ բանուորին, հայ ուսուցիչին օրն է: Շահագործումը մերժող հայ մարդուն, հայ գործատիրոջ, անշահախնդիր հայ պատասխանատու մարդուն օրն է:

Դաշնակցութեան օրը դաշնակցական կուսակցականի օրը չէ միայն, այլ` իւրաքանչիւր հայ մարդու, որ իր հայութիւնը, հայկականութեան պահպանումն ու ամրապնդումը կը տեսնէ Դաշնակցութեան մէջ:

Հայ կնոջ օրն է Դաշնակցութեան օրը, որ տակաւին կնոջ իրաւունքներու այսօր ծաւալած պահանջատիրութենէն հարիւր տարի առաջ հայ կինը նկատած էր անխորտակելի սիւն` իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին:

Դաշնակցութեան օրը գաղափարական հայ մարդուն տօնն է: Այն հայուն, որ կը մերժէ ընկերային անարդարութիւնը, բռնատիրութիւնը, դասակարգային խտրականութիւնը: Օրն է այն հայուն, որ լրջախոհութեամբ ըմբռնած է ազատութեան գաղափարը, ողջմտութեամբ դիտած է ու կը դիտէ իր շուրջը ծաւալած ու ծաւալող ապազգայնացող երեւոյթներն ու սայթաքումները:

Դաշնակցութեան օրը հայ երիտասարդին տօնն է: Արհեստաւոր թէ աշակերտ կամ ուսանող երիտասարդին, որ կը հաւատայ, թէ երիտասարդութիւնը տարիքային սահմանում չունի, այլ պայքարելու կամք է, փոփոխութիւն յառաջացնելու ձգտում, քննարկելու եւ քննադատելու անկողմնակալ հասունութիւն:

Դաշնակցութեան օրը հայ մտաւորականի, ենթարկուածութիւնը մերժող, ազատ մտքին թռիչք տուող, արի ու խրոխտ կեցուածքներու տէր, խօսքը ճակտէն ըսող անվախ ու իր գրիչը վաճառքի չհանող մտաւորականին օրն է:

Դաշնակցութեան օրը հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերը պաշտպանող, այդ շահերու ապահովման ի խնդիր տառապող, պայքարող, զոհաբերող հայ մարդուն տօնն է:

Ու տակաւին,

Դաշնակցութեան օրը հայ եկեղեցականին տօնն է, օրն է Ամենակալ Աստծոյ հետ հայերէն խօսող հոգեւորականին, որ իր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ կ՛ապահովէ եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հաւատքով կը զօրացնէ հայ մարդը:

Այս օրը մեր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած իւրաքանչիւր հայ անհատի տօնն է, որ գիտէ, թէ իր ծառայութեան մէջ, քիչ մը ամէն օր, աւելի ու աւելի կը զօրանան ինք ու իր շրջապատը:

Դաշնակցութեան օրը Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն, նուիրեալներուն, ֆետայիներուն, հերոսամարտ կերտողներուն, թրքական թէ ցարական հարուածներու զոհերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներուն, համաժողովրդային բանակի զինուորներուն, պոլշեւիկեան լուծի թէ տարբեր գաղտնի սպասարկութեանց զոհերուն,

Ցեղասպանութեան ոճրագործները պատուհասողներուն, Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան թէ Հայ դատի պայքարի ճամբուն ինկած նահատակներուն, Հայաստանի անկախութեան համար զոհուած ու Արցախը հայ ու անկախ պահելու համար ազատութեան բագինին զոհուած աննման տղոց օրն է:

Հայկական արժէքներուն հաւատացող իւրաքանչիւր հայու օրն է Դաշնակցութեան օրը:

Կրնաք զգացական զեղում նկատել այս բոլորը:
Կրնաք ինքնագովութիւն նկատել այս բոլորը:

Այս բոլորը սակայն իրականութիւններ են, նուաճումներ, որոնք կատարուած են ձեր կողմէ, սիրելի՛ ժողովուրդ:

Դո՛ւք էք ուժը Դաշնակցութեան:
Դո՛ւք էք ծնողքը Դաշնակցութեան:
Դո՛ւք էք գոյութեան իմաստը Դաշնակցութեան:
Դո՛ւք էք զինք պայքարի դաշտ նետողը:
Այո՛, անվարան կրնանք ըսել` ձեր տօնն է Դաշնակցութեան օրը:
Պատի՛ւ ձեզի:
Շնորհաւոր ըլլայ ձեր տօնը, ձե՛ր կուսակցութեան տօնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան օրը, սակայն, պարտաւորեցնող, զգաստութեան հրաւիրող, սխալներն ու բացթողումները տեսնելու, նոյնիսկ ինքնաքննադատութեան օրն է:

Գաղափարական ամուր սկզբունքներով ծնած ու ապրող կուսակցութիւն մը, 127 տարի տեւաբար հալածուած կուսակցութիւն մը, մեծ ու փոքր պետութիւններու հանգիստը խանգարող կազմակերպութիւն մը, ժողովրդավարութեան ու ընկերվարութեան

հաւատացող Դաշնակցութիւնը, իր ընտիր զաւակները նահատակութեան արժանացնող ու ժողովուրդին կամքը արտայայտող Դաշնակցութիւնը կրնայ նաեւ ունենալ, եւ անտարակոյս ունի ամբարուած ներուժ` ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրումի:

Ընդհանրական օրէնք է, որ կը մահանան այն կազմակերպութիւնները, որոնք չեն կրնար քայլ պահել ժամանակին հետ: Կ՛ոչնչանան անոնք, որոնք չեն հանդուրժեր ինքնասրբագրում: Կը քարանան այն ուժերը, որոնք կը մերժեն վերանորոգումը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ ժողովրդային տարերային շարժում, տեւաբար գիտակից եղած է այս ճշմարտութեան, ու իր պատմութիւնը վկայ, իր Ընդհանուր ժողովներով թէ այլապէս միշտ ալ ձգտած է ու ժամանակի ընթացքին յաջողած է գաղափարական իր ընդհանրական մտածողութեան ընդմէջէն վերանորոգուիլ ու վերանորոգել ինքզինք:

Քաղաքական կենսափորձը ցոյց կու տայ տեւաբար, որ անկում ու քայքայում է ամէն բան լաւ տեսնելու ամբարտաւանութիւնը:

Այո՛, մեր շուրջն ու մեր մէջ ամէն բան վարդագոյն չէ:

Բայց միաժամանակ տհասութիւն է նուազագոյնը` ամէն ինչ վատ ու սեւ տեսնել:

Տեսնել սեւը ու մոռնալ սպիտակը` հաւկուրութիւն է:
Տեսնել միայն սպիտակը` անիրատեսութիւն է:
Տեսնել միայն մութն ու թերին` ինքնագանակոծում է ու յոռետեսութիւն:

Կարեւորը` իրատես մօտեցումն է ու թերին սրբագրելու քաջութիւնը:

Բայց մանաւա՛նդ` յոյսն ու հաւատքը չկորսնցնելու արիութիւնը:

Մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւնները, Հայաստանի անկախացումով յառաջացած նորաստեղծ մթնոլորտը, մեզ շրջապատող հաւաքականութեանց մէջ երեւցող ու յաճախ մեզի խորթ թուացող երեւոյթները, եւ դեռ` համաշխարհայնացումի ապազգայնացնող եւ ապահայացնող փոթորիկը, մարդ անհատն ու հայը ինքզինք ամէն օր քիչ մը աւելի եսակեդրոն, անձնակեդրոն, ինքնահմայուած, անփոխարինելի, ամենագէտ տեսնելու համաճարակը, ընկերային ցանցերու եւ տեղեկութեանց ազատ փոխանցումի կարելիութիւնները, արժէքային համակարգի անկումը, տնտեսական վիճակի գահավիժումը, ստեղծած են այնպիսի պայմաններ, որոնք նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն մեզ անտարակոյս:

Փորձենք թուել կարգ մը հարցեր միայն.

ա) Մարդ հասկացողութեան ներկայի ըմբռնողութիւնը` ու միաժամանակ մարդկային ընդհանրական խնդիրներ եւ մենք: Ամէն վայրկեան մարդը իր մարդկայնութենէն պարպելու եւ զայն թիւ, թուանշան, code, դրամատնային հաշիւ կամ credit card տեսնելու սրընթացութիւնը մարդը սկսած է պարպել իր մարդկայնութենէն:

բ) Ընկերային տագնապներ, սով, կենսոլորտի խնդիրներ, կնոջական ազատութիւններ, թշուառութիւն, աղքատութիւն, տնազրկութիւն ու քաղաքացիի ամէնօրեայ կարիքներու գոհացման նահանջ, միասեռականութիւն, վիժում ու դեռ` բազում այլ հարցեր, որոնք դեռ մօտիկ անցեալին օրակարգի թէժ խնդիրներ չէին, այսօր դարձած են միջազգային ընկերութեան եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածում գտած ամէնօրեայ ներկայութիւն:

գ) Շրջանային մակարդակի վրայ ծայրայեղ արմատականութեան եւ ահաբեկչութեան զարգացում եւ բազմատասնեակ հազար զոհեր, անորոշ ապագայ, քարտէսներու հաւանական փոփոխութիւններ, մահ, սով, աւեր, ընդերքի շահագործում` չեն ստանար համապատասխան քաղաքական արժեւորում ու մեծապետական շահամոլութեան գունաւորում, այլ կը դիտուին զուտ անհատ մարդու կորուստի, նիւթական գործառոյթի վնասի, անտառային տարածքներու հրկիզումի ու մինչեւ իսկ անասուններու հասած վնասի դիտանկիւնէն` մոռնալով քաղաքակրթական աւերը, ազգաբնակչութեան կոտորածները ու շրջանի ժողովուրդներուն ապագան:

դ) Ազատութեան ըմբռնումի նոր մատուցում: Ամէն ինչ հասանելի, ամէն ինչ արտօնելի, ամէն ինչ ամէնուն սեփականութիւնը դարձնելու յաւակնութիւն` թափանցիկութեան ընդհանուր խորագիրին տակ, առանց անդրադառնալու, որ նոյն այս մտածողութեան արտադրողները որքանով իրենց գաղտնի պատսպարաններու մէջ թափանցիկ են ու ազատատենչ, թէ` իսկապէս ինչպիսի՛ կասկածելի սադրանքներ կը հիւսեն յատկապէս փոքր ու իրաւազրկուած ժողովուրդներու համար:

ե) Հայկական մակարդակի վրայ եւս, սփիւռք ու Հայաստան, վիրաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման ենք: Հինէն եկած ազգային արժէքներու անկումը, շուկայական տրամաբանութիւնը, փտածութեամբ տեղ հասնելու յաւակնոտութիւնը, հայաթափումը եւ ինքնութեան կորուստը, շահադիտական վերաբերումները, աւանդական ըմբռնողութեանց արագասոյր անկումը, սփիւռքի կառոյցներու տագնապները, սփիւռք-Հայաստան երբեմն արդարացի, բայց շատ յաճախ շինծու եւ կասկածելի տարակարծութիւնները կամ տարբերութիւններու որոնումը նուազագոյնը հիմնական հարցեր յառաջացուցած են մեր իրականութեան մէջ:

Այս ու նմանօրինակ երեւոյթներ կը տագնապեցնեն մեզ անտարակոյս:

Կը տառապեցնեն մեզ բոլորս վստահաբար:

Բայց մանաւանդ առողջ երիտասարդութիւնը եւ մենք` իբրեւ ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին ծառայ կուսակցութիւն, պարտաւոր ենք վերցնել ձեռնոցը, մատներով բռնել ճարճատող կրակը, այրելու գնով շալկել կեանքի նոր այս պարտադրանքները:

Առաջին հերթին, պարտաւոր ենք արձանագրել, որ երկար ատեն մեր օրակարգերուն վրայ չեն քննուած վերոնշեալ հարցերուն մէկ մասը գէթ: Բնականաբար անդրադարձած ենք անմիջականօրէն հայութեան ու ինքնութեան պահպանման առնչուող խնդիրներուն: Միւս հարցերը, սակայն, պարտաւոր ենք տեսնել իրենց շրջանակին մէջ: Անոնք ընդհանրական, մարդկային հարցեր են, որոնց պատասխանները ունինք ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրին ու գաղափարական վարդապետութեան մէջ իսկ եթէ կարգ մը պարագաներ ցարդ չեն նկատուած, ապա պարտաւոր ենք շօշափել զանոնք եւս:

Հիմնականը, սակայն, ու անզիջելին առաջնահերթութեանց յստակ խնդիրն է: Մենք պարտաւոր ենք ազգայինը, հայկականը, մերը առաջնահերթ նկատել: Ընդհանրական խնդիրները հայկականացնենք, մեր աւանդութեանց, մեր արժէքներու համապատասխան դարձնենք, որպէսզի կարելի ըլլայ ծառայել մեր ժողովուրդին ու զօրացնել զայն: Ինչ որ դուրսին է, անպայմանօրէն լաւ չէ, եւ ինչ որ մերն է, անպայմանօրէն վատ չէ: Սա ազգայնամոլութիւն չէ, այլամերժութիւն չէ, խտրականութիւն չէ, սա գոյութեան պահպանում է, ազգային գաղափարախօսութեան ամրապնդում է, մեր ժողովուրդի պաշտպանութիւնն է, մեր արժէքներու խորացումն է: Առաջնահերթը հայն է, Հայաստանն ու հայութիւնը:

127 տարի ամբողջ մարտահրաւէրներ վերցնող Դաշնակցութիւնը այս մարտահրաւէրներուն դիմաց եւս պիտի չընկրկի վստահաբար: Հարուածներ կրնան շարունակուիլ վստահաբար ու պիտի շարունակուին անպայման, բայց Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ անշեղ քալել իր ուղին:

Ու այդ ճամբուն վրայ պիտի սրբագրէ իր սխալները վստահաբար: Պիտի վերանորոգէ ինքզինք` իր ժողովներով, թերեւս այլոց համար` տակաւին քարացած տեսակէտներու սրբագրութեամբ, համաշխարհային ներկայ փոփոխութեանց հետ կազմակերպական խստապահանջութեան ոսկի միջինի փնտռտուքով, բայց` երբեք ինքզինք վերածելով համաշխարհայնացած մտածողութեան դաւադրական թատրոնի դերասանի:

Դաշնակցութեան համար գաղափարական արժէքային համակարգը իր գոյութեան իմաստն է: Առանց անոր, Դաշնակցութիւնը ամէն ինչ է` բացի Դաշնակցութենէ: Ու ճիշդ այս մեկնակէտով, մեզի համար գահավիժող ընթացքներու հետ յարմարիլը, զանոնք ընդունիլը պարտութիւն է: Մերժելի է «կեանքն այսպէս է, յարմարինք ներկայ պայմաններուն» մտածողութիւնը: Մենք կը հաւատանք, «կեանքն այսպէս է, փոխենք պայմաններն ու հոսանքն ի վեր թիավարենք» մտածողութեան:

Ու հոսանքն ի վեր թիավարելու մեր կամքին մէջ, առաջին հերթին, դաշնակցական ընկերները եւ երիտասարդները կը գրաւեն ճակատը: Յաւելեալ համեստացումի կարիքը ունինք բոլորս: Մենք գոյութիւն ունինք այսօր, որովհետեւ հսկաներ քար առ քար, քրտնաջան եւ արեան կաթիլներով կառուցեցին Դաշնակցութեան ամրակուռ շէնքը: Մենք այդ հսկաներուն ժառանգորդներն ենք, այդ նահատակներուն ժառանգորդներն ենք, բայց հսկաներ չենք, ու չենք կրնար ըլլալ: Մենք ղեկավար կամ իշխանաւոր պիտի չըլլանք, այլ պիտի ըլլանք պատասխանատուներ, ժամանակաւոր կերպով գործի հրաւիրուած անհատներ, հայութեան համար գործ կատարողներ ու պիտի գիտնանք հեռանալ, երբ մեր ժողովուրդն ու ընկերները յարմար տեսնեն այդ մէկը: Այսպէս սորված ենք Դաշնակցութեան մէջ, ու այդպէս պարտաւոր ենք գործել:

Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Աննմա՛ն հաւատաւորներ,

Պարտաւոր ենք խօսիլ նաեւ Լիբանանի մասին: Ձեզի հետ, որ մերժեցիք լքել Լիբանանը: Նոյնիսկ երբ պայմաններու բերումով մեկնեցաք մայրիներու այս երկրէն, ձեզի հետ տարիք ու չմոռցաք զայն:

Դիւրին տարի մը չեղաւ անցնող տարին: Քաղաքական ներքին վերիվայրումները խորապէս ազդուեցան շրջանային տագնապներէն: Այսուհանդերձ, արձանագրուեցան նուաճումներ: Ահաբեկչութեան չարիքը հեռացաւ` շնորհիւ լիբանանեան բանակի եւ Դիմադրութեան ուժերուն: Կարելի եղաւ խորհրդարանի մէջ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնքը, որ կը բաւարարէ ոչ ոք, սակայն համալիբանանեան իմաստով փոքր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Վաւերացուեցաւ տասնամեակէ մը ասդին պետական առաջին ամավարկը, ինչպէս նաեւ` պաշտօնեաներու, բանուորներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու յաւելումները:

ՀՅ դաշնակցութիւնը իր ներկայացուցիչներով գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ կառավարական աշխատանքներուն մէջ: Մերժեցինք վարձքերու օրինագիծը ու Սահմանադրական ատեան դիմեցինք: Յաջողեցանք իրաւունքներու վերահաստատման աշխատանքին մէջ նշանակումներ ձեռք ձգել թէ՛ պետական առաջին կարգն պաշտօնէութեան, թէ՛ դիւանագիտական մարզի, թէ՛ ընկերային-տնտեսական խորհուրդի եւ այլ վարչական մարմիններու մէջ` պաշտպանելով հայ համայնքի մասնաբաժինը: Այս նշանակումներուն մէջ յաջողեցանք ապահովել կիներու իրաւունքը:

Քաղաքական մեր վարքագիծը մնաց անփոփոխ: Փաստօրէն տարիներու վրայ երկարած երկխօսութեան մեր սկզբունքը դարձած է հիմնաքարը Լիբանանի մէջ հարցերը դիմակալելու: Տարբեր ուժերու, կուսակցութիւններու թէ հոսանքներու հետ մեր յարաբերութիւնները մնացին բնականոն ու փոխադարձ յարգանքի եւ ընդունելիութեան սահմաններուն մէջ: Դաշնակից ուժերու հետ կը պահենք մեր դաշինքը, հակադիր ուժերու հետ արդէն իսկ չկան լուրջ խնդիրներ:

Վարչապետ Հարիրիի հրաժարումով ստեղծուած ներքին տագնապը լիբանանեան բոլոր կողմերուն դրաւ յաւելեալ պատասխանատուութեան դիմաց: Զգօն, հանդարտ եւ ողջմիտ ձեւով հարցը լուծելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի ճիգին մէջ մենք եւս մեր բաժինը ունեցանք:

Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները փորձաքար մըն են Լիբանանի հայութեան համար, որ մենք կ՛ուզենք տեսնել միացած: Մեր ձգտումն է` վերականգնել հայկական երեսփոխանական պլոքը, որպէսզի մեր որդեգրած քաղաքական ուղեգիծը աւելիով նպաստէ Լիբանանի ամրութեան եւ համերաշխութեան արմատացման: Պիտի մասնակցինք միասնաբար այս ընտրութեանց` հայկական գործօնը ամրապնդելու եւ Լիբանանի հայութեան համահայկական դերակատարութիւնը աւելիով զարգացնելու նախանձախնդրութեամբ:

Լիբանանի մէջ թէ արաբական երկիրներու` թրքական պետութիւնը կը շարունակէ իր մեքենայութիւնները, որոնց վրայ կ՛աւելնայ ազրպէյճայնական գործօնը: Իսլամութեան քողին տակ Թուրքիա կը շարունակէ իր ճամարտակութիւնները, որոնցմէ վերջինը` Պոլսոյ մէջ Երուսաղէմի կապակցաբար համաժողով կազմակերպելու հրաւէրը: Թրքական հակահայ արշաւը բնականաբար պիտի չդադրի, ու մենք պարտինք միասնաբար դիմագրաւել զայն:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Լիբանանի հայութիւնը առաջնակարգ նախաձեռնութեանց պարտի դիմել` համայնքային թէ կուսակցական ու միութենական մակարդակներու վրայ: Անկախութիւն կերտող Դաշնակցութիւնը այս ուղղութեամբ իր առաւելագոյն ճիգը պիտի թափէ:

Լիբանանի հայութեան ինքնութեան ամրապնդման խնդիրը կը շարունակէ մնալ մեր կիզակէտը: 126-ամեակի առիթով ինքնութեան ֆոնտերու հաստատման մեր նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ իրականութիւն է այսօր: Հակառակ անհաւատներուն եւ կասկածամիտներուն` մայիսէն այսօր 159 պարագայ արդէն իսկ օգտուած է հայ ընտանիքի կազմութեան, հայ մանուկի եւ ընտանիքի բազմացման ֆոնտերէն: Իսկ հայ ուսանողի կրթաթոշակի ֆոնտին դիմած հայկական վարժարաններու շրջանաւարտ 164 պարագայ դեկտեմբերի աւարտէն առաջ կը ստանան կրթաթոշակի իրենց բաժինը:

Շարունակեցինք ու կը շարունակենք մեր գրասենեակներու ծառայութեան աշխատանքը: Փաստօրէն, անկախ կոմիտէներու եւ ուղեկից կազմակերպութեանց կատարած ծառայութիւններէն, երեսփոխանական գրասենեակներ դիմած են, յունուարէն այսօր 2118 պարագայ, որոնցմէ 1650 պարագայ ստացած է համապատասխան ծառայութիւն, 418 պարագայի խնդիրը լուծման ընթացքի մէջ է:

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ սուրիահայ եւ իրաքահայ տեղահանուածներու կարիքներու բաւարարումը: Պետական, առողջապահական, հիւանդանոցային, կենցաղային հարցեր իրենց լուծումները գտան: Նոյն վերաբերումը ցուցադրուեցաւ նաեւ մեզի դիմող լիբանանահայերուն նկատմամբ` առանց դաւանական կամ գաղափարական խտրութեան:

Ինքնութեան պահպանման ճիգին մէջ մեր պատասխանատուութեան սահմաններով յաջողեցանք նպաստել Ազգային Միացեալ վարժարանի ինքնահաստատման: Հակառակ ստեղծուած ժխորին, ասեկոսներուն, բամբասանքին` փաստօրէն կարելի եղաւ 765 աշակերտներու աւելի լաւ պայմաններու մէջ դպրոցական առիթ տալ:

Պուրճ Համուտի հայեցիութեան պահպանումը դիւրասահ ընթացք չունի: Մէկ կողմէ մեր հայրենակիցներու պայմանները, միւս կողմէ` կալուածային շուկայի առեւտրական գործառնութիւնները կը դժուարացնեն այս աշխատանքը թէ՛ Պուրճ Համուտի եւ թէ՛ Այնճարի մէջ: Այսուհանդերձ, մեր միջոցներով, որոնք անսպառ չեն, յաջողեցանք վնասազերծել կարգ մը թաղեր կամ պարագաներ: Պ. Համուտի քաղաքապետութեան Սանճաք քեմփի ծրագիրը իրականացման ճամբուն վրայ է, շինարարութիւնը սկսած է եւ 184 յարկաբաժիններ մինչեւ 2019-ի աւարտ կը յանձնուին պայմանները ամբողջացնող քաղաքացիներուն: Պուրճ Համուտի կենսոլորտի հարցը եւս մեր ուշադիր հոգածութեան առարկայ է, եւ հաւատացէք, որ ի վերջոյ ճիշդը պիտի յաղթէ:

Անշուշտ, աշխատանքը դադար չի կրնար ունենալ: Հայաստանն ու Արցախը, երիտասարդութիւնը իր դժուարութիւններով թէ մոլութիւններով, մեր ժողովուրդը առհասարակ` մնացին ու պիտի մնան ծառայական դաշնակցական առաքելութեան մեր մտասեւեռումը:

Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Մենք երթը պիտի շարունակենք: Կը սորվինք անցեալէն, կը նայինք դէպի ապագայ:

Մենք հաւատացած ենք հաւաքական աշխատանքի ու հաւաքական յաղթանակներու:

Անհատի յաղթանակը պարտինք հաւաքական յաղթանակի վերածել, իսկ անյաջող ընթացքները գուրգուրոտ վերաբերումով առողջացնել:

Այսօրուան մեր ուժը մեզմով չէ դարբնուած, տասնամեակներու գաղափարական, քաղաքական, կազմակերպական ու ծառայութեան շտեմարանի մը արգասիքն է ատիկա: Այսօր պիտի մնանք զինուորագրեալները ծառայութեան բանակին` հերթը յանձնելու գալիք սերունդներուն:

Ու այդ սերունդներուն կառուցման մէջ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք բոլորս:

Բոլո՛րս անխտիր:

Արտօնելի չեն անտարբերութիւնը, յուսալքումը:
Արտօնելի չեն ծուլութիւնը, ինքնակեդրոնացումը:
Արտօնելի չէ ազգայինէն հեռացումը:
Արտօնելի չէ ինքնագոհութիւնը:
Արտօնելի չէ պայմանաւորուած մասնակցութիւնը:

Անհրաժեշտ է հաւաքականը, բաժնեկցութիւնը, նեցուկը, դաշնակցական դպրոցի դաստիարակութիւնը:

Կեցցէ՛ ՀՅ դաշնակցութիւնը:
Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւն ծնող հայ ժողովուրդը:
Միասնաբար օ՛ն յառաջ, աշխատա՛նքի, հայութեան անկեղծ զինուորներ:

9 դեկտեմբեր 2017

Տպել Տպել