Մամլոյ հաղորդագրութիւն. Խորհրդածութիւն մեր միութիւններու ապագային վերաբերեալ


Կիրակի 10 Դեկտեմբերին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ խորհրդածութեան եւ միտքերու փոխանակման միօրեայ հանդիպում՝ Ալֆորվիլիլ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու միութիւններու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներ. Հ.Յ.Դ., Հայ Դատի Յանձնախումբ, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչ, Համազգային, Հ.Մ.Ը.Մ., եւ Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդ:

Մասնակիցները քննարկեցին միութենական կառոյցներու գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ եւ արդիական դարձնելու, եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան նոր միջոցներ ստեղծելու կարելիութիւնները:

Շեշտը դրուեցաւ ի մասնաւորի նոր սերունդը յանձնառութեան եւ զօրաշարժի մղելու ձեւերուն, համայնքին մէջ առկայ նոր կարողութիւնները արժեւորելու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ անցեալին թէ վերջերս ձեւաւորուած համայնքներէն ներս սոյն միութիւններու ներկայութեան կարեւորութեան վրայ:

Յատուկ աշխատանքի մը շնորհիւ բարելաւուեցաւ կարգ մը միութիւններու կողմէ իրականացուած կամ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներուն հաղորդակցութիւնը, զանոնք առաւել տեսանելի դարձնելու նպատակով:

Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցան զանազան նախագիծերու առաջարկներ, ուսումնասիրուեցան յստակ աշխատանքներ իրականացնելու ուղիներ, եւ ճշդուեցան առաքելութիւններ:

Ներկաները պայմանաւորուեցան յառաջիկայ խորհրդածական նոր հանդիպումի մը շուրջ:

Ալֆորվիլ, 10 Դեկտեմբեր 2017

Տպել Տպել