- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Նախագահ Աունի

[1]ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքը:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը նախագահ Աունի հետ քննարկած է ընտրական օրէնքին ընդգրկած բարեկարգումները:

aztagdaily.com