ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուտցը:
Դեսպան Շմուտցի առաջարկով երեսփոխան Բագրատունի ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական սկզբունքներն ու քաղաքական ուղղութիւնները, թէ՛ պատմութեան ընթացքին, թէ՛ ներկայ փուլին: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութեան` համալիբանանեան եւ ներհայկական մակարդակի վրայ:
Զուիցերիոյ դեսպանը, իբրեւ Պոլսոյ մէջ նախկին հիւպատոս, մօտէն ծանօթ ըլլալով հայ-թրքական կնճիռին, պատմական ակնարկ մը կատարեց Թուրքիոյ պատմութեան ու շեշտեց այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխելու խնդիրները:
aztagdaily.com
