[1]
Հայաստանի «Մերիըթ» պանդոկի տնօրէն Փօլ Քորեան, ներդրող Բեկլար Փիլաւճեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը խորհրդակցին քոնկրեսական Շըրմընի հետ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Պրետ Շըրմըն սկսած են ստորագրութիւններ հաւաքելու իրենց պաշտօնակիցներէն, որպէսզի կարելի եղած չափով մեծաթիւ մասնակցութեամբ կոչ ընեն Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ անյապաղ բանակցութեան սկսի Հայաստանի հետ, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի տուրքերուն առնչուող աւելի արդիական համակարգ մը ստեղծելու եւ Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու նպատակով։
Քոնկրեսականներ Վալատաօ եւ Շըրմըն իրենց նամակին մէջ կը շեշտեն, թէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրը ներկայիս կը բանի Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած համաձայնագիրի մը պայմաններով, ինչ որ ճշգրտօրէն չարտացոլացնէր երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը եւ խոտոր կը համեմատի արդի պայմաններուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեան ողջունեց քոնկրեսականներուն այս նախաձեռնութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի կ՛ըլլայ վերացնել երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի զարգացման առաջ հաստատուած անտեղի խոչընդոտները եւ նշելով, որ նման բարեկարգումներու շնորհիւ պիտի դիւրանայ յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան, հողագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը:
[2]
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան եւ վարչութեան անդամ Այտա Տիմէճեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը խորհրդակցին քոնկրեսական Վալատաոյի հետ
Միացեալ Նահանգներու գանձապետ Սթիվըն Մընուչինին յղուած նամակին մէջ, քոնկրեսականները կը շեշտեն, որ 1973էն մնացած ներկայ համաձայնագիրին պայմանները չեն նպաստեր երկկողմանի տնտեսական յարաբերութեանց սերտացման՝ կոչ ընելով ներկայ կարիքներուն յարմարող համաձայնութիւն մը գոյացնելու։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու գծով, որուն հրամայականներէն մէկն է տուրքերու ներկայ դաշինքին արդիականացումը: Այս մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել https://anca.org/taxtreaty [3] կայքէջը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ ան եւս դիմէ քոնկրեսականներուն, նեցուկ կանգնելու համար այս նախաձեռնութեան՝ այցելելով anca.org/doubletax [4] կայքէջը:
asbarez.com