Ելեկտրոնային Տեղեկատուութեան Դաշտը, Հանրային Ու Առցանց Կապերը Դարձան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ուշադրութեան Առարկան
Տպագիր մամուլին, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններուն, լրատուութեան տարբեր ձեւերուն, թղթակցութեան օրէնքներուն եւ տարբեր ոճի գրութիւններուն ու աւանդական լրագրութեան ծանօթացման մասին ամիսներ երկարող դասընթացքներէն ետք, «Ազդակ»-ի
իրագործած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ տարբեր ձեւով եւ արհեստագիտութեամբ ներկայացաւ իր «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:
«Ազդակ»-ի խմբագրատունէն առցանց կապով միացանք ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեանի հետ, որ Երեւանի իր գրասենեակէն «Ապագայ լրագրողներ»-ը ողջունեց ու քաջալերեց զանոնք լրագրական վարժողական այս ծրագիրին հետեւելու առիթով եւ անոնց ներկայացուց նոր տեսակի տեղեկատուութեան մասին իրականութիւններ:
Ա. Սարգսեան ընդարձակ եւ ամբողջական կերպով անդրադարձաւ հանրային կապերուն` լուսարձակի տակ առնելով անոնց երկկողմանի բնոյթը եւ քարոզչութեան փոխանակման դրոյթը:
Ան նշեց, որ համացանցն ու սմարթ հեռախօսներուն ընձեռած կարելիութիւնները փոփոխութեան ենթարկած են տեղեկատուութիւնը` զայն վերածելով ներգործական դաշտի:
Ա. Սարգսեան վաւերական թիւերով ներկայացուց նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ համացանց եւ յատկապէս ընկերային ցանցեր օգտագործող բնակիչներուն թիւերն ու համեմատութիւնները` ընդգծելով, որ 18-34 տարիքը ամբողջացուցած մարդիկ ամէնէն աւելի ներգրաւուած են Դիմատետրի, Ինսթակրամի եւ ընկերային այլ ցանցերու ծառայութիւններուն մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ ընկերային ցանցերը իրենց միլիառաւոր անդամներուն առիթ կու տան անհատական ուրոյն լրատուութիւն կատարելու, տեղեկատուութիւն փոխանակելու եւ անմիջական յարաբերութեան կարելիութիւն ունենալու իրարու միջեւ: «Հետեւաբար արհեստագիտական այս նոր մեթոտով ընկերային ցանցերը տեղեկութիւններ տարածելու առանձնայատկութիւն ունին, եւ կարելի չէ լուրերու այդ հոսքը հակակշռել», ըսաւ ան:
Արտակ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ հայկական իրականութեան մէջ ընկերային ցանցերու օգտագործումին` շեշտելով, որ Հայաստանը եւ հայութիւնը բաւական աշխուժ են այս իմաստով եւ հայկական տեղեկատուութեան դաշտով կը գտնուին ամբողջ աշխարհը ընդգրկող այդ հարթակին վրայ:
Ան խորհուրդ տուաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ըլլալու հետաքրքիր, գիտակցելու այդ տեսակի տեղեկատուութեան ուժին եւ օգտագործելու զայն ազգային յառաջդիմութեան ի նպաստ:
Ապա ան կեդրոնացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի աշխատանքին վրայ` հաստատելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ համաշխարհային կառոյց մեծ կարելիութիւններ ունի տեղեկատուութեան դաշտ ստեղծելու եւ համատեղ աշխատելու:
Այս շրջագիծին մէջ, Ա. Սարգսեան նաեւ կարեւոր նկատեց ընկերային ցանցերը լոպիինկ կատարելու նպատակով օգտագործելու, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատուութիւնը հակակշռելու առումով, յատկապէս նկատի ունենալով թրքական եւ ազրպէյճանական տեղեկատուական պատերազմները:
Ա. Սարգսեան, որուն հետ հանդիպելու կապը ինքնին շօշափելի օրինակ էր «Ապագայ լրագրողներ»-ուն համար, շարք մը թեքնիք ձեւեր, օրինակներ եւ տուեալներ ներկայացուց անոնց` հարստացնելով տեղեկատուութեան նորագոյն այս դաշտին մասին անոնց իմացութիւնը:
aztagdaily.com
