- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Բագրատունիի

[1]ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յաւելեալ կապեր հաստատելու կարելիութիւնները:

Յիշենք, որ անցեալ շաբաթ Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած էր նաեւ Լիբանան – Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հետ, որուն մաս կը կազմէ երեսփոխան Բագրատունի: Այս առիթով նաեւ քննարկուեցան խորհրդարանական գործակցութեան կարելիութիւնները:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու ներկայի համապատկերը:

Դեսպան Մկրտչեան եւ երեսփոխան Բագրատունի քննարկեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի զանազան նախաձեռնութիւնները եւ Լիբանանի մէջ պատրաստուող ծրագիրները: