Հաւատարիմ հազարամեակներէն եկող համահայկական տեսլականին

Մարտ 17-ին եւ 18-ին յաջորդաբար Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան զօրակցական հանդիսութիւններ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի: Հաւաքներու պատգամաբերն էր «Հորիզոն» շաբաթաթաթերթի գրական յաելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեանը։

Ստորեւ պարգամաբեր ընկերոջ խօսքը։

Մէկ ամիս առաջ, 13 փետրուարին, երբ Ստեփանակերտի մէջ կը նշուէր Արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձը, ծանօթ հասարակական գործիչ, դերասանուհի եւ մանաւանդ՝ արցախեան ազատամարտի առաջամարտիկ Ժաննա Գալստեան կը յայտարարէր.

«30 տարի անց մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք, իսկ մեր ամենամեծ դասը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է»։

Ձեր թոյլատւութեամբ, եւ հեռակայ կարգով ներողութիւն խնդրելով մեր վաստակաշատ եւ շատ սիրելի Ժաննայէն, պիտի ըսեմ, որ մեր արդի կարգավիճակը չենք կրնար ճշգրիտ սահմանել այդ եռամիասնութեամբ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, ոչ ալ կրնանք այդ պատկերին վրայ մասեր աւելցնելով զայն վերածել քառամիասնութեան կամ հնգամիասնութեան։

Վիգէն Աբրահամեան

Մեր այսօրուան կարգավիճակը, անոր առջեւ ծառացող խնդիրները լաւագոյնս կը բացատրուին եւ այդ խնդիրներուն լաւագոյն լուծումները կը գտնուին, երբ զանց առնենք այդ սահմանազատումները, երբ անսանք անմահն Քրիստափորի պատգամին եւ «պատռենք քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջենք այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից»։

Մեր այսօրուան կարգավիճակը լաւագոյնս կ՚ըմբռնենք, սիրելիներ, եթէ զայն դիտենք բացառապէս համահայկական պրիսմակով։

Ինչպէս նշեցի, այս տարի 30-ամեակն է արցախեան շարժման։ Այս տարի նաեւ 100-ամեակն է Հայաստանի անկախութեան։ Բազմաթիւ ճառեր խօսուեցան եւ պիտի խօսուին այդ երկու տարեդարձներուն առիթով, հարիւրաւոր եւ հազարաւոր էջեր պիտի մրոտուին զանոնք վերլուծող, անոնց այս կամ այն երեսը վեր առնող, բայց կը կասկածիմ, թէ կարողանանք ամբողջական գնահատական մը տալ հայոց պատմութեան էջերուն վրայ որպէս դարձակէտային արձանագրուած այդ երկու հանգրուաններուն մասին, մանաւանդ արցախեան պայքարին մասին, որ, ի տարբերութիւն Անկախութեան, տակաւին թարմ է եւ դեռ ընթացքի մէջ։

Horizon Weekly NewspaperՍակայն, առանց շատ մանրամասնելու, կրնամ անվարան ըսել, որ այն, ինչ մեզի տուաւ Արցախեան շարժումը, շատ աւելին է, քան զինուորական փայլուն յաղթանակը, որ հայ զինուորը տարաւ մեր դարաւոր ոսոխին դէմ. շատ աւելին է, քան Հայաստանի վերաանկախացումը։ Արցախեան պայքարը ազդանշանը դարձաւ մեր նոր կենսունակութեան։ Կռիւը միայն Արցախինը չէր, այլ ամբողջ ազգինը. մեր արժանապատւութեա՛ն խնդիրն է որ կը լուծէինք։ Մեր մարտունակութեան ապացոյցն էր Արցախը. հայ զինուորի բացառիկութեան փաստը. մէկով հազարին յաղթած հերոսներու շառաւիղներուն մեծ քննութիւնը պատմութեան առջեւ. հայ ազգի բռնցքուելու կարողութեան ապացոյցն էր։ Եօթ տասնամեակէ ի վեր՝ «Մէկ ազգ – մէկ հայրենիք» կարգախօսի առաջին լուրջ դրսեւորումը, որ իրապէս համահայկական բնոյթ ստացաւ ու փոթորկեց սրտերն հայոց Աւստրալիայէն մինչեւ Գանատա, Արժանթինէն մինչեւ Ճափոն։ 7 տասնամեակներու պարտադրեալ ընդհատումէն ետք, հայ ժողովուրդը վերագտաւ համահայկականօրէն գործելու իր ընդունակութիւնները։

Երբէք զարմանալի չէ, որ համահայկական տեսլականի գլխաւոր դրօշակիրը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր, մեր ազգային կազմակերպութիւններուն ամենէ՛ն համահայկականը, այն կազմակերպութիւնը, որ մեր արդի պատմութեան մէջ առաջինը կրցաւ թօթափել տեղայնականութեան ախտը եւ իր հիմնադրութենէն մի քանի տարի անց արդէն կազմակերպեց Խանասորի արշաւանքին նման փայլուն գործողութիւն մը, հայութեան բոլոր խաւերէն ու հատուածներէն բաղկացած 300 հոգինոց արշաւախումբով։ Դաշնակցութիւնը առաջինն էր, որ 1988-ին գիտակցեցաւ պահի պատմականութիւնը եւ անմիջապէս՝ այդ ամրան իսկ գումարուած իր 24րդ Ընդհանուր Ժողովէն արձակեց «Դէպի Երկիր» կոչը, որ կը միտէր համայն հայութեան ուժականութիւնը հունաւորել գլխաւոր հիմնախնդրի ուղղութեամբ, որ այդ ատեն Արցախն էր։

Այսօր, այդ կոչէն երեսուն տարիներ ետք, տակաւին ուժի մէջ է անոր տեսլականը։ Տակաւին մեր համահայկական պայքարի գլխաւոր թատերաբեմը Երկիրն է, իր Հայաստանի հանրապետութեամբ, Արցախով եւ հայկական դեռ բռնագրաւեալ այլ տարածքներով։ Եւ մենք, դաշնակցականներս, տակաւին պատնէշի վրայ ենք եւ կ՚աշխատինք հնարաւոր բոլոր միջոցներով ամրապնդել Երկրի ժողովուրդն ու կառոյցները։

Այսօր համայն հայութեան ուշադրութիւնը աւելի շատ սեւեռուած է հայ-ադրբեջանական սահմանի ուղղութեամբ, եւ հոն արձակուած իւրաքանչիւր կրակոց անմիջապէս կ՚արձագանգէ աշխարհասփիւռ հայութեան հոգիներէն ներս, սակայն այդ չէ միակ վտանգուած սահմանը։ Հայաստանի հիւսիսային սահմանը այսօր վտանգի տակ է։ Թուրքիան ու Ադրբեջանը կ՚օգտուին Վրաստանի տկարութենէն եւ տնտեսական ներդրումներու խայծերը օգտագործելով, ժողովրդագրական գրոհի ձեռնարկած են Հայաստանի հիւսիսային սահմաններուն դրկից տարածքներուն վրայ, որուն դիմաց մենք պէտք է անյապաղ ամրապնդենք մեր հիւսիսային տարածքները, պէտք է ամրապնդենք Գուգարաց աշխարհը, որուն երկու կարեւոր գաւառներէն են Լոռիի եւ Ջաւախքի շրջանները։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ճիշտ է, որ Գանատայի շրջանը երեք տարի առաջ ստանձնեց Լոռիի մարզի օժանդակութեան պարտականութիւնը, սակայն Լոռիի եւ ՀՅԴ Գանատայի շրջանին միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի հին են, քան Լոռիի մարզն ինքը։ Հայաստանի մարզային բաժանումները կատարուեցան 1996-7 թուականներուն, մինչ Լոռիի եւ Գանատայի շրջանին միջեւ կապերը կ՚երթան մինչեւ 1988-ի աղիտալի երկրաշարժը, որ հիմնայատակ աւերեց Սպիտակ քաղաքը, մասամբ նաեւ Վանաձորը (այն ատեն՝ Կիրովական)։ Աղէտի գօտիի օժանդակութեան ծիրէն ներս է, որ հաստատուեցան առաջին կապերը, երբ երկրաշարժէն վիրաւոր երեխաներ բերուեցան Գանատա՝ վերականգնողական բուժման համար։ Կ՚ուզեմ յիշել նաեւ, որ Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կոչին Գանատայէն առաջին արձագանգողներէն էր հանգուցեալ ընկ. Մանուկ Գալայճեանը, որ Թորոնթոն ձգելով 1990-ին հաստատուեցաւ Վանաձոր եւ մեծ աւանդ ունեցաւ տեղի մեր կազմակերպական կառոյցի հիմնադրման մէջ։

Իսկ աւելի նոր շրջանի աշխատանքները սկսան տարիներ առաջ, երբ մեր երիտասարդները՝ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ընկերները, տարիներ շարունակ ամեն ամառ բազմահարիւր մասնակիցներու համար պատանեկան մեծ ճամբար կազմակերպեցին Վանաձորի մէջ, լրիւ ծախսերը հոգալով։ Իսկ երեք տարի առաջ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշումով, Գանատայի շրջանին յանձնուեցաւ Լոռիի մարզի կազմակերպական վերաշխուժացման համար նիւթական կռուաններ եւ ծրագիրներ ապահովելու պարտականութիւնը։

ԳԵՄ-ի ամենամեայ ճամբարէն բացի, ցարդ Գանատայի շրջանի նիւթական յատկացումներով վերանորոգուած է Դաշնակցութեան Ալավերտիի ակումբը, որուն բացումը կատարուեցաւ 2016-ի աշնան, մասնակիօրէն՝ Ստեփանաւանի մեր կեդրոնը, ինչպէս նաեւ համակարգիչներ գնուած են մարզային կոմիտէին, եւ Ստեփանաւանի ու Տաշիրի կեդրոններուն համար։ Ներդրումները մեծ մասամբ կը կատարուին երիտասարդութեան համար, որովհետեւ կը հաւատանք, որ գիտակից եւ ընդունակ երիտասարդութիւնն է գլխաւոր գրաւականը ոեւէ շրջանի հզօրացման եւ ամրապնդման։

Իսկ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրները, ինչպէս քիչ առաջ տեսաք, սկսած են վաղուց։ Հայ Օգնութեան Միութեան Ջաւախքի օժանդակութեան մարմինը, որուն անդամ է նաեւ մեր շրջանը, կը գործէ 2001-էն ի վեր, եւ իրականացուցած է բազմաթիւ ծրագիրներ, կառուցած կամ վերանորոգած է դարմանատուներ, երիտասարդական կեդրոններ, որոնց թուարկումը այստեղ մեր երեկոն կ՚երկարէր մինչեւ լուսաբաց։

Սիրելիներ,

Այսօր դուք անսացիք մեր կոչին եւ եկաք սատարելու Լոռիի եւ Ջաւախքի հայութեան ամրապնդման միտող ծրագիրներուն, որովհետեւ այդ ծրագիրներու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը կա՛յ ամեն հայու հոգիին մէջ։ Հայաստանի հիւսիսային ամրոցի հզօրացման պահանջը համազգայի՛ն պահանջ է, համահայկակա՛ն հնչեղութեամբ։

Տակաւին երեկ, նոյն աւիւնով եւ լարումով ձեռք կ՚երկարէիք Սուրիոյ հայութեան, Արցախի հայութեան… անհատնում է շարքը վերջին տասնամեակներու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք համահայկական հնչեղութիւն ունէին եւ կ՚ապացուցէին մեր արհամարհումը «այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմաններուն»։

Ձեր խուռներամ ներկայութիւնը այստե՛ղ, ա՛յս երեկոյին, ապացոյցն է այն պարզ եւ յստակ իրողութեան, որ հայութիւնը իսկապէ՛ս թեւակոխած է համահայկականութեան դարաշրջանը եւ կ՚աշխատի գործել որպէս մէ՛կ ամբողջութիւն, որպէս մէ՛կ մարմնի տարբեր անդամներու համագումար, քաջ գիտակցելով որ ազգի կարողականութիւններու համատեղումը պարզապէս անոնց գումարումը չէ, այլ բազմապատկութիւնն է։

Հայութեան թշնամիները, հին թէ նոր, այդ համատեղութենէն է, որ կը սոսկան, այդ համատեղութիւնն է, որ փորձեցին եւ տակաւին կը փորձեն արգելակել աւելի քան 100 տարիէ ի վեր։ Այդ թշնամիներն են, որ միշտ կը փորձեն հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ մէջ արհեստական սահմաններ ստեղծել, անտեղի ու աւելորդ պատնէշներ դնել, ածանցեալ հայու արհեստական կերպարներ յօրինել։ Սակայն այդ թշնամիները միշտ իրենց դէմ պիտի գտնեն համահայկականութեամբ տոգորուած այն ստուար զանգուածը, որ մեծ-մեծ ճառեր չի սիրեր խօսիլ, համացանցն ու այլեւայլ ֆէյսպուքները չողողէր գոյնզգոյն ձաբռտուքներով, բայց, երբ տա՛ն զանգը, հնչէ՛ ահազանգը, այն ատեն այդ ստուար զանգուածը միաձայն կը գոչէ՝ «ներկա՛յ», ինչպէս դուք՝ այսօր, այստեղ ձեր ներկայութեամբ կը փաստէք անգամ մը եւս։

Եւ հայութեան թշնամիները գիտեն, որ այդ երթը անկասելի է, այդ երթի սկիզբը կ՚երթայ մինչեւ պատմութեան խորքերը, կ՚երթայ մինչեւ Ուրարտու եւ անկէ ալ առաջ, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ կատարումն աշխարհի, որովհետեւ հայը յաւերժական է։

Ուստի, կը շնորհաւորեմ ձեր անյողդողդ կեցուածքը, ձեր հաւատարմութիւնը հազարամեակներէն եկող համահայկական տեսլականին, ձեր յանձնառութիւնը մեր դարաւոր պայքարին։

Կեցցէ՛ք, սիրելիներ,

Կեցցէ՛ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը,

եւ մանաւանդ՝

Կեցցէ ամբողջական եւ յաւերժական հայ ժողովուրդը։

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

horizonweekly.ca

Տպել Տպել