- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴի Կազմակերպած Կլոր Սեղանները՝ «Ի՞նչ Ապագայ Ֆրանսահայութեան Համար» Նիւթին Շուրջ

[1]ՓԱՐԻԶ.- Շաբաթ, Մարտ 24ին, Փարիզի քաղաքապետարանի լսարանին մէջ կայացան ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած երեք կլոր սեղանները՝ հետեւեալ նիւթերով.

– «Հայկական ինքնութիւնը Ֆրանսայի մէջ՝ ժառանգութեան եւ արդիականութեան միջեւ»:

– «Հայեցի դաստիարակութիւնը. Ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ինչպիսի՞ միջոցներով»:

– «Ինչպէ՞ս դիմագրաւել հայ ժողովուրդի քաղաքական գրաւարկները (enjeux)»:

Վերջին կլոր սեղանին մասնակցեցան Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քէփէնէկեան եւ Հայ Դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան: Տէվէճեան անդրադարձաւ Ֆրանսայի հայութեան քաղաքական պայքարի պատմութեան եւ ընդգծեց Հայաստանի պետութեան փխրուն կացութիւնը՝ յոյժ կարեւոր նկատելով Մայր հայրենիքի հետ հայ համայնքին յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու հրամայականը:

Ժ. Քէփէնէկեան, համաձայն ըլլալով Տէվէճեանի նշեալ տեսակէտին՝ իր կարգին շեշտեց դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը երկիրը կառավարելու եւ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ: Քաղաքապետը նաեւ հրաւիրեց ներկաները համագործակցելու եւ ճշդելու առաջնահերթութիւնները: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Սփիւռքի հմտութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի տնտեսական բնագաւառի զարգացման գործընթացին:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Հայ Դատի ծրագրերու կարեւորագոյն եզրերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, երիտասարդութեան քաղաքականացումը եւ զանոնք զօրաշարժի ենթարկելը: Ան նշեց, որ հայութիւնը պէտք է կազմակերպուի դէմ դնելու համար թուրք-ազերական դաշինքի սադրանքներուն, որոնք կը փորձեն ապակայունացնել Հայ Դատի պայքարը, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներ կ՛ուղղեն ՀՅԴի անդամներուն դէմ՝ կազմակերպելով ցոյցեր եւ տարածելով ապատեղեկատուութիւններ: Ան հետաքրքրական մատնանշում մը ընելով քննադատեց նոր սահմանադրութիւնը, որ կառավարութեան անդամներուն ու պետական կառոյցներու ղեկավարներուն կը պարտադրէ երկքաղաքացիութեան սահմանափակումներ: Տէր Խաչատուրեանի կարծիքով՝ այս քայլը վնաս կը հասցնէ պետութեան շահերուն, որ իր քաղաքական համակարգը կղպելու փոխարէն՝ պէտք է բացուի դուրսի աշխարհին եւ առաջին հերթին՝ Սփիւռքին:

Յարութ Մարտիրոսեան իր ելոյթի ընթացքին թուեց Հայ Դատի ձեռնարկած աշխատանքները՝ յիշողութեան նոր կեդրոնի մը հաստատումը, ֆրանսահայ համայնքի հետեւողական զօրակցութիւնը եւ CCAF-ի նման կառոյցի մը կերտումը, որ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին վրայ կը պայքարի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Ան եզրափակեց՝ նշելով, թէ Հայ Դատի պահանջատիրութեան անկիւնաքարը կը մնայ հատուցման հարցը եւ Հայաստանի մէջ արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատումը:

asbarez.com [2]