Հաղորդագրութիւն

Չորեքշաբթի, 4 ապրիլի կէսօրին, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:

Հանդիպումին սկիզբը, ժողովականները քննարկեցին 6 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները եւ յատկապէս` Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ կատարուող աշխատանքները:

Իբրեւ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի ցանկակից կուսակցութիւններ, ժողովականները շեշտեցին 6 մայիսին խիտ շարքերով ընտրութիւններու մասնակցութեան թելադրականութիւնը` քուէի իրաւունքով քաղաքական մեր կամքը արտայայտելու եւ ընտրական մեր ուժը ամրապնդելու համար:

Այս առիթով, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները վերահաստատեցին ազգային միասնականութեան պահպանման իրենց յանձնառութիւնը եւ, փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան սկզբունքով, շեշտեցին զոյգ կուսակցութիւններու թեկնածուներուն իրենց աջակցութիւնը` բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ:

Ժողովականները իրենց թեկնածուներուն մաղթեցին ամբողջական յաջողութիւն եւ ընդգծեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` նոր մեքանիզմով եւ օրուան պահանջներէն բխած նոր հրամայականներով:

Հանդիպումին աւարտին, ժողովականները ընդգծեցին յաճախակի հանդիպումներով ստեղծուած գործակցութիւնը ընդլայնելու եւ խորացնելու կարեւորութիւնը:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

aztagdaily.com

Տպել Տպել