Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքային զեկոյց

«ՀԱՅ ԴԱՏՆ ԱՅՍՕՐ» 9-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Զեկուցաբեր՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան

Այսօր այստեղ հրապարակ են հանւում Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքները, եւ այս զեկոյցների ծիրում կը ներկայացնենք նաեւ Գասպար Կարապետեանի բուն թեմատիկ զեկոյցը, որի թեման է «Քաղաքական կացութեան գնահատում, ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի դիրքորոշումները՝ Հայ Դատի եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ, հեռանկարները մինչեւ Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակ»:

Ա) Յանձնախումբի եւ գրասենեակի կառոյց
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ծանօթ European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) անունով, իր վերջնական տեսքը ստացաւ 2002-ին, երբ գրասենեակը հաստատւեցաւ Բրիւսէլի մէջ ՀՅԴ համաեւրոպական մակարդակի Հայ Դատի գործունէութիւնը յատուկ թափ ստացած էր 1985-ին, երբ Եւրոպական միութեան դաշտը մեր կազմակերպութեան համար յատուկ նշանակութիւն ստացաւ։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ԵՀԴՅ) ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ ստեղծւած է՝ հանդիսանալու հաւաքական դատողութեան, ծրագրաւորման եւ գործի նշանակեալ այն յանձնախումբը, որու պատասխանատւութեան ծիրը կընդգրկէ Եւրոպական միութեան, Եւրոպայի մէջ հաստատւած միջազգային ատեաններու եւ համաեւրոպական աշխատանքի դաշտերը։

Եւրոպական միութեան, Եւրոպայի մէջ հաստատւած միջազգային ատեաններու, համաեւրոպական կառոյցներու եւ նախաձեռնութիւններու դաշտը յանձնախումբի պատասխանատւութեան շրջագիծն է եւ այդ ծիրի բոլոր հարցերը կանցնին ընդհանրապէս յանձնախումբի դատողութեան բովէն, նոյնիսկ երբ անոնց գործադրութիւնը տեղի կունենայ Հայ Դատի շրջանային կամ տեղական յանձնախումբերուն կողմէ։

Եւրոպական մարմիններու եւ ԵՀԴՅ-ի միջեւ հաստատւած է, մանաւանդ վերջին տարիներուն, փոխադարձ հաղորդակցութեան առողջ եւ գործնական դրութիւն մը, քանի Բիւրոյի արտօնութեամբ, ԵՀԴՅ եւ իր գրասենեակն ունին լայնօրէն ու ուղիղ հաղորդակցութիւն շրջանային յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն հետ՝ ապահովելով արագ տեղեկատւութեան անհրաժեշտ գործը։

Բրիւսէլի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահութիւնը եւ ատենապետութիւնը, իր հիմնադրման օրէն մինչեւ 2010, վարեց Հիլդա Չոպոյեան։ Այս թւականէն՝ յանձնախումբի նախագահութիւնը ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը, իսկ Չոպոյեան շարունակեց վարել գրասենեակի ատենապետի պաշտօնը մինչեւ 2011-ի վերջաւորութեան, երբ հրաժարեցաւ՝ ստանձնելու համար Ֆրանսիայի Ռոն Ալբ շրջանի Նահանգային խորհուրդի իբրեւ ընտրւած անդամ։ 2012-ի սկիզբէն ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնեցի ես՝ Գասպար Կարապետեանս:

Նշենք, որ Բիւրոյի ներկայացուցչի պաշտօնը վարած է սկզբնական շրջանին Կարօ Արմէնեան, ապա ժամանակ մը Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, Արմէնեանի հետ վարելէ ետք ներկայացուցչութիւնը 2008-էն ինք ստանձնած այդ պաշտօնը։

Բ) Եւրոպական իրականութեան
Այսօր եւրոպական շրջապատը բարդ եւ շատ անգամներ Բաբելոնեան աշտարակի նմանութիւն ունեցող միջավայր մըն է։

Ներկայիս Եւրոպայի մէջ հիմնական կառոյցները որոնց հետ առնչւած են մեր հարցերը, հետեւեալներն են.

    Եւրոպական միութիւն (European Union)
    Եւրոպական խորհուրդ (Council of Europe)
    Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն (ԵԱՀԿ) (Organization for Security and Co-operation in Europe-OSCE)։
    Հիւսիսատլանտեան դաշնագրի կազմակերպութիւն (North Atlantic Treaty Organization-NATO)։

Եւրոպական միութիւն
Եւրոպական միութիւնը բաղկացած է 27 երկրներէ եւ ունի 3 հիմնական մարմիններ։

Խորհուրդ (Council)
Բարձրագոյն մարմինն է, որ կորոշէ բոլոր մարզերուն մէջ կիրարկւելիք քաղաքականութեան շրջագիծը։ Կը գործէ 27 երկրներուն կողմէ նշանակւած նախագահի մը (Բելգիայի Հերման Վան Ռոմպայ) կազմակերպչական ուղղութիւններով։ Պարբերաբար կը հրաւիրւի գագաթնաժողովը՝ մասնակցութեամբ 27 երկրներուն ղեկավարներուն։ Ունի Արտաքին քաղաքականութեան համար յատուկ սպասարկութիւն մը (European External Action Service), որ կը ղեկավարւի անգլիացի Lady Catherine Ashton-ին կողմէ։

Յանձնաժողով (Commission)
Գործադիր մարմինն է, որ պէտք է իրականացնէ խորհուրդի կողմէ առնւած հիմնական որոշումները՝ բոլոր ոլորտներէն ներս։ Կը բաղկանայ 27 անդամներէ (1 իւրաքանչիւր երկրէ)։ Նախագահն է Պորտուգալիայէն Jose Manuel Barroso նախագահը եւ անդամները կը նշանակւին խորհուրդին կողմէ 5 տարւայ պայմանագրով։

Խորհրդարան
Կը բաղկանայ 754 անդամներէ, որոնք կընտրւին 5 տարւայ համար։ Իւրաքանչիւր եր-կիր ունի իր բնակչութեան թիւին համեմատ երեսփոխաններ (օրինակ՝ ամենէն շատը Գերմանիան 99 հոգի, իսկ ամենէն քիչը 6-ական հոգի՝ Կիպրոսը, Մալթան, Լուքսեմբուրգը եւ Էստոնիան)։

Խորհրդարանը կը վաւերացնէ նշանակումը յանձնաժողովի նախագահին եւ անդամներուն, Եւրոպական միութեան բիւջէն, համաձայնութիւնները այլ երկիրներու հետ։ ԵՄ հետաքրքրող բոլոր հարցերուն շուրջ կը կայացնէ որոշումներ, որոնք կարեւորութեամբ նկատի կառնւին խորհուրդին եւ յանձնաժողովին կողմէ։ Կը քւէարկէ նաեւ բանաձեւումներ՝ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն շուրջ։

Խորհրդարանէն ներս կը գործեն 7 քաղաքական խումբեր՝ աջէն մինչեւ ձախ իսկ գոյութիւն ունի թիւ մը ալ ընդհանրապէս ծայրայեղ աջին պատկանող երեսփոխաններու, որ չեն ընդգրկւած որեւէ խումբի մէջ։

Եւրոխորհուրդ (Council of Europe)
Կը գտնւի Strasbourg-ի մէջ։ Կը մասնակցին 47 երկիրներ։ Հիմնականօրէն կը զբաղի մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերով։ Հայաստանը անդամ է եւ ունի մնայուն ներկայացուցչութիւն՝ դեսպանի մը գլխաւորութեամբ։

Գոյութիւն ունի նաեւ Խորհրդարանական վեհաժողովը (Parliamentary Assembly of Council of Europe-PACE), ուր բոլոր մասնակցող երկիրներն ունին իրենց բնակչութեան թիւին համաձայն, ազգային երեսփոխաններէ բաղկացած պատւիրակութիւններ։ PACE կը գործէ մօտաւորապէս Եւրոխորհրդարանի նման, իր յանձնախումբերով եւ քաղաքական խումբերով։ Սակայն, նիստեր կը գումարէ տարին չորս անգամ։ Հայաստան կը մասնակցի չորս իրաւասու ձայնով եւ չորս փոխանդամ երեսփոխաններով (փոխանդամները ներկայ կըլլան նիստերուն, ձայնի իրաւունք ունին, սակայն երկիրը միայն 4 իրաւունք ունի (Ադրբեջան ունի 6+6 անդամներ, իսկ Թուրքիա 12+12)։

Եւրոխորհուրդի հետ յարաբերութիւնները ուղղակի պետական մակարդակի վրայ են։ PACE-ի հետ յարաբերութիւնները պարբերական են։ Ներկայ կըլլանք եւ ներդրում կունենանք, երբ Հայաստանի կամ Արցախի շուրջ կարեւոր հարցեր քննարկւելիք են։ Այդ պարագային կը ջանանք օժանդակել հայկական պատւիրակութիւնը՝ իր կատարելիք յարաբերութիւններուն։

ԵԱՀԿ (OSCE)
ԵԱՀԿ մեզի համար կարեւոր մարմին է, քանի MINSK-ի խումբը իր յանձնախումբն է։ ԵԱՀԿ-ին կը մասնակցին 55 երկիրներ, որոնց մէջ նաեւ ԱՄՆ, Կանադա եւ Կենտրոնական Ասիոյ երկիրները։ Հետը կապերը միջպետական են։ Գոյութիւն ունի նաեւ Խորհրդարանական վեհաժողովը (OSCE Parliamentary Assmebly-OSCEPA), ուր կը մասնակցին բոլոր երկիրներէն, ըստ իրենց բնակչութեան թիւին, ազգային երեսփոխաններէ բաղկացած պատւիրակութիւններ։ Մեր յարաբերութիւնը OSCEPA-ի հետ պարբերական է։ Երբ կը քննւին հարցեր, որոնք առնչւած են Հայաստանի կամ Արցախի հետ, մենք կը համադրենք մեր Հայ Դատի յանձնախումբերը, կատարւելիք յարաբերութիւններուն համար զանազան երկիրներու ներկայացուցիչ երեսփոխաններուն հետ։

NATO
NATO-ի հետ ալ մեր յարաբերութիւնները պարբերական են, հիմնականօրէն իր Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ (NATO-PA), երբ ծագին հարցեր՝ առնչւած Հայաստանի եւ Արցախի հետ՝ նորէն կապ հաստատելով ազգային երեսփոխան ներկայացուցիչներուն հետ։

Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ
Բրիւսէլի մէջ գոյութիւն ունին մեծ թիւով ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին մարդկային իրաւունքներու հարցերով, lobbying-ով, ԵՄ զանազան ծրագիրներու իրագործումով եւլն։ Գոյութիւն ունին նաեւ վերլուծական կենտրոններ, որոնք կը կազմակերպեն մեծ թիւով զրոյցներ՝ Եւրոխորհրդարանէն ներս կամ դուրս։
Հայկական իմաստով՝ գոյութիւն ունի, մեզմէ զատ, նաեւ Հայաստանի Եւրոպացի բարեկամներու միութիւնը (European Friends of Armenia-EuFoA)։ Ան ընդհանրապէս կը զբաղի Հայաստանի շուրջ ուսումնասիրութիւններ պատրաստելով, Հայաստան զանազան առաքելութիւններ իրագործելով, ՀՀ կառավարութեան կից գործող միութիւն է։ Մեր յարաբերութիւնները իրենց հետ լաւ են եւ յաճախ կը գործակցինք։

ՀՀ դեսպանութիւն
ՀՀ դեսպանութիւնը Բելգիոյ եւ Լուքսեմբուրգի մէջ, նաեւ ԵՄ-ի մօտ ալ ներկայացուցչութիւնն է։ Կը գործէ նաեւ NATO-ի մօտ դեսպանութիւնը։ ԵՄ-ի մօտ դեսպանութեան հետ (դեսպան՝ պրն. Աւետ Ադոնց), ունինք լաւ գործակցութիւն։ Մնայուն յարաբերութեան մէջ ենք, իրար տեղեկութիւններ կը փոխանցենք, յաճախ միասին կը ծրագրենք Եւրոխորհրդարանէն ներս հետեւելիք մարտավարութիւնը հարցի մը շուրջ կամ հակազդելու թուրքերու եւ ադրբեջանցիներու յարձակումներուն եւ ապակողմնորոշիչ քարոզչութեան։ Անշուշտ, կան պարագաներ ալ, երբ տւեալ հարցի մը շուրջ մեր հետապնդումները ՀՀ դեսպանութեան առաջնահերթութեան ծիրէն ներս չեն։ Այդ պարագային մենք առանձին կը գործենք։

Գործունէութիւն
ԵՀԴՅ գրասենեակի գործունէութեան մարզերը հետեւեալներն են.

1- Հետեւիլ մօտէն գործարկւելիք բանաձեւերուն, Եւրոխորհրդարանին կողմէ, որոնք կապ ունին Թուրքիոյ, Ադրբեջանի կամ Հայաստանի ու Արցախի հետ: Թէ՛ նախնական ընթացքին երբ զեկուցաբերը կը պատրաստէ զեկուցումը, եւ թէ՛ ընթացքին մինչեւ լիագումար նիստին գործարկւիլը:

Եթէ մեզի համար ոչ-նպաստաւոր կէտեր կան, փորձել փոխել անոնք, բարեկամ երեսփոխաններու ճամբով կամ հակազդել ադրբեջանցիներուն եւ թուրքերուն կողմէ եղած հակահայ առաջարկութիւններու եւ կամ ուղղակիօրէն մեր կողմէ առաջարկւած կէտերով:
*Մեր նախաձեռնութեամբ՝ բարեկամ եւրոերեսփոխանները կը կատարեն հարցադրումներ՝ Եւրոպական միութեան (ԵՄ) յանձնաժողովին՝ ուզելով բացատրութիւններ՝ զանազան հարցերու շուրջ կամ կատարելով դիտողութիւններ՝ ԵՄ կեցւածքի մը համար: Օրինակ՝ երբ վերջերս Զարաքօլու ձերբակալւեցաւ Թուրքիոյ մէջ, եղաւ հարցադրում ԵՄ յանձնաժողովին նախագահ Barroso-ին՝ պահանջելով, որ ԵՄ միջամտի, որպէսզի Զարաքօլու ազատագրւի: Նաեւ երբ տեղի կունենար ԵՄ-Թուրքիա միացեալ խորհրդարանական յանձնախումբին նիստը՝ Բրիւսէլի մէջ, կարծր արտայայտութիւններ եղան երկու երեսփոխաններու, Թուրքիոյ հանդէպ մեր խնդրանքներէն ետք:

2- Գործակցութիւն շրջանային ՀՅԴ ՀԴ յանձնախումբերուն հետ:
* Մեր կապն ու գործակցութիւնն անմիջական է, բոլոր շրջանային ՀՅԴ ՀԴ յանձնախումբերուն հետ՝ թէ՛ ուղղակի յարաբերութիւններով, եւ թէ՛ պարբերաբար մեր կողմէ ղրկւած տեղեկատւական գրութիւններով:

Սակայն, յաճախ հարկ կը զգացւի, որ համաեւրոպական առումով մեր ՀԴ յանձնախումբերն ալ աշխատանք տանին եւրոերեսփոխաններու կամ ազգային երեսփոխաններու հետ: Օրինակ՝ 2011-ի վերջաւորութիւն թուրքական ծագումով շւեդացի Մեհմեդ Քաբլան (Կանաչներու կուսակցութիւն) բանաձեւի առաջարկ ներկայացուց Շւեդիոյ խորհրդարանին՝ Արցախի հարցին շուրջ՝ ներկայացնելով Ադրբեջանի դիրքերը: Բացի տեղական համայնքի գրած հակազդեցութեան նամակէն՝ մենք մեր ծանօթութիւններով, գործակցութեամբ Շւեդիոյ կարգ մը ընկերներու եւ համակիրներու, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մեր ընկերներուն հետ (յոյներուն առնչութեամբ Շւեդիոյ մէջ), յաջողեցանք, որ խորհրդարանը մերժէ Քաբլանի բանաձեւումը, այլ, ընդհակառակը, կայացնէ այլ բանաձեւում մը՝ յայտնելով իր զօրակցութիւնը ՄԻՆՍԿ-ի խումբի աշխատանքներուն:

NATO-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը Բուխարեստի մէջ պիտի քննէր Արցախի հարցը՝ զեկուցաբեր նշանակելով բուլղարացի երեսփոխան Ասէն Ակովը:

Գործակցաբար Բուլղարիոյ ՀԴ յանձնախումբերու հետ՝ աշխատանք տարինք՝ թէ՛ ուղղակի Ակովի հետ, եւ թէ՛ այլ իր մօտ անձերու հետ եւ Ակով պատրաստեց մեզի համար դրական զեկուցում մը:

ԵԱՀԿ-ի (OSCE) Խորհրդարանական վեհաժողովը, Dubrovnik-ի մէջ, պիտի օրակարգի հարց ունենար Արցախի հիմնախնդիրը: Անմիջապէս բոլոր մեր շրջանները, մեր կողմէ համադրութեամբ, մինչեւ իսկ ԱՄՆ եւ Կանադա, կայացուցին հարկաւոր յարաբերութիւնները՝ ժողովին մասնակցելիք կարեւոր ազգային երեսփոխաններուն հետ՝ խնդրելով, որ խօսք առնեն եւ ներկայացնեն մեր դիրքերը:

Արդիւնք՝ միայն երկու երեսփոխան Ալիեւներուն կեցւածքը պաշտպանեցին, իսկ տասնեակէ աւելի երեսփոխաններ ներկայացուցին մեր մօտեցումները:
Նշելի է, որ վերեւի երկու պարագաներուն ալ ՀՀ Ազգային ժողովի համապատասխան պատւիրակութիւններու ղեկավարները խնդրած էին ընկ. Վահան Յովհաննիսեանին, որ ապահովինք դրական կեցւածքները:

3- Հանդիպումներ

* Բացի յատուկ հարցերու քննութեան պարագային կատարւած հանդիպումներէն՝ կը կատարենք նաեւ հանդիպումներ, նախապէս ծրագրման մը վրայ, երեսփոխաններու հետ՝ իրենց ներկայացնելով, բերանացի եւ յատուկ dossier-ով, բոլոր մեր հիմնախնդիրները:
* Մնայուն յարաբերութեան եւ գործակցութեան մէջ ենք Արցախի Եւրոպայի զանազան երկիրներուն մէջ գործող ներկայացուցիչներուն հետ:

4- Հրատարակչական

* Վերահրատարակեցինք ՀՅԴ Բիւրոյի կենտրոնական գրասենեակի հրատարակած «TOWARDS A FAIR RESOLUTION», Արցախի հարցին շուրջ պրակը:

«NEW EUROPE» Եւրոպական հաստատութիւններէն ներս ազդեցիկ շաբաթաթերթին մէջ յաջողեցանք, որ լոյս տեսնին երկու յօդւածներ: Մին՝ Սումգայթի շուրջ՝ գրւած «Գոլոս Արմենիի» լրագրողի մը կողմէ, իսկ միւսը՝ ամբողջ էջ մը, Հայկական Հարցին շուրջ՝ գրւած De Zoyoo-ի կողմէ:

5- Ներկայութիւն միջոցառումներու

* Թէ՛ Եւրոխորհրդարանէն ներս, եւ թէ՛ զանազան վայրերու մէջ ամէն ամիս տեղի կունենան բազմաթիւ զրուցողական միջոցառումներ: Մենք կը ջանանք միշտ ներկայ ըլլալ այլ միջոցառումներուն, որոնք կրնան մեզի համար յատուկ նշանակութիւն ունենալ: Առիթը կունենանք մասնակցելու զրոյցին եւ ներկայացնելու մեր տեսակէտները, եւ թէ՛ հակազդելու ադրբեջանցիներուն կամ թուրքերուն: Օրինակ՝ երկու առիթներով հակազդեցինք եւ ձախողեցուցինք Խոջալուի շուրջ միջոցառում կատարւելուն եւ իբր թէ հոնկէ փախստականի մը ներկայացման:

6- EURONEST (Եւրոպայի դրացիութիւն Արեւելք)

ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան խորացման Հայաստանի համար հիմնական մարմիններէն մին EURONEST-ն է: Կը բաղկանայ վեց երկիրներէ՝ Հայաստան, Վրաստան, Ադրբեջան, Մոլդովա, Ուկրայինա եւ Բելոռուսիա: Վերջինի մասնակցութիւնը ներկայիս սառեցւած է՝ նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը: EURONEST ունի նաեւ Խորհրդարանական վեհաժողով՝ բաղկացած 120 երեսփոխաններէ, 60-ը ԵՄ-ի կողմէ եւ 60-ը 10-ական հոգի՝ այժմ 5 երկիրներէն: Այս մարմինը կը գործէ յանձնաժողովներով եւ լիագումար նիստերով: Հայկական պատւիրակութեան կողմէ EURONEST-ի Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի առաջարկով, մեր գրասենեակի երկու աշխատակիցները կը մասնակցին հայկական պատւիրակութեան քարտուղարութեան եւ կօժանդակեն անոր աշխատանքներուն՝ թէ՛ Բրիւսէլի, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ կայացած հանդիպումներուն:

7- Մամլոյ յայտարարութիւններ-նամակներ

Մեր գրասենեակը իւրաքանչիւր պարագային, որ մեր հարցերուն հետ կապւած որեւէ հոլովոյթ մը տեղի ունենայ, կը հրապարակէ մամլոյ յայտարարութիւններ՝ 3 լեզուներով (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն)՝ լուսաբանելով հարցին շուրջ, հակազդելով իբրեւ հարկաւոր է մեզի դէմ քւէարկողներու կամ ալ կատարելով վերլուծում՝ տւեալ հարցի մը շուրջ:

Յստակ պարագաներու կը ղրկենք նաեւ նամակներ՝ իշխանութեան մը կամ անձի մը՝ պահանջելով բացատրութիւններ, կատարելով առաջարկութիւններ եւլն.: Օրինակ՝ այս օրերուն նամակ կը ղրկինք Գերմանիոյ մէջ ՀՀ պատւոյ հիւպատոս դոկտ. Բերիօ Ֆերային, որ Գերմանիոյ CDU կուսակցութեան անդամ է (Merkel-ի կուսակցութեան)՝ խնդիրով իրմէ, որ միջամտէ եւ իրենց երիտասարդական բաժնին մէջ մեզի համար ժխտական բանաձեւում մը հաստատէ:

8- Միջոցառումներ

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, պարբերաբար, նկատի ունենալով նաեւ մեր սահմանափակ տնտեսական եւ մարդուժի կարելիութիւնները, կը կազմակերպէ միջոցառումներ՝ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս:

Այսպէս՝ 2004-ին եւ 2007-ին կազմակերպւեցան եւրոպահայութեան Ա+Բ համագումարները, որոնց ընթացքին տեղի ունեցան զրոյցներ՝ մեր հիմնախնդիրներուն շուրջ՝ մասնակցութեամբ ներկայացուցիչներու եւրոպական բոլոր մեր համայնքներէն, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ օտար քաղաքական եւ ակադեմական դէմքերու:

2008-ին կազմակերպւեցաւ միջոցառում՝ Ցեղասպանութեան ժխտումին շուրջ՝ մասնակցութեամբ հրեաներու եւ ռուանդացիներու:

2008-ին ԵՄ ընդունեց որոշում-շրջագիծ մը, որ կը դատապարտէր ցեղասպանութիւններու ժխտումը, ԵՄ երկիրներէն ներս՝ պահանջելով իր անդամ երկիրներէն, որ իրենք ալ ընդունին նման օրէնք: Այս օրէնքի ընդունման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ մեր գրասենեակը: Նշելի է, որ այս օրէնքին վրայ նաեւ որոշ չափով յենւեցաւ Ֆրանսիան:

* 2011 թ. դեկտ. 8-ին Բրիւսէլի մէջ վերլուծական կենտրոնի մը հետ գործակցութեամբ կազմակերպեցինք մասնակիցներու ներկայութեամբ զանազան երկիրներէ զրոյց մը՝ Հարաւային Կովկասի եւ հիմնականօրէն Արցախի հարցին շուրջ: Մեր կողմէ մասնակցեցաւ ընկ. Կիրօ Մանոյեան:

Յաջորդ օրը «KENT» համալսարանի Քաղաքական գիտութեանց բաժնէն ներս կազմակերպեցինք զրոյց մը՝ մասնակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ Արցախի ներկայացուցիչ պրն. Յարութիւն Գրիգորեանի եւ ուսանողներու միջեւ:

Իսկ դեկտ. 10-ին մեր գրասենեակէն ներս կազմակերպեցինք սեմինար՝ Եւրոպայի բոլոր մեր շրջաններու մասնակցութեամբ: Դասախօսեցին Կիրօ Մանոյեան եւ Արցախի օրակարգին շուրջ՝ Յարութիւն Գրիգորեան:

«ԱԼԻՔ», 6 եւ 8 Դեկտեմբեր 2012

Տպել Տպել