Ժամանակն է կազմելու համահայկական հայագիտական կրթական ծրագիր

Կրթամշակութային կյանքը Հայաստանի Առաջին հանրապետության տարիներին

Համազգային ԿՄ միության կենտրոնական վարչության ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչյանի բացման խոսքը` Հայաստանի գիտությունների ազգային ակադեմիայի, Երեւանի պետական Համալսարանի, եւ Համազգային հայ կրթամշակութային միության կազմակերպած գիտաժողովի ժամանակ

Շուրջ տարի մը առաջ, երբ ԵՊՀի մեր գործակիցներուն առաջարկեցինք այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակի եւ Համազգայինի հիմնադրման 90ամեակի զոյգ առիթներով մօտաւորապէս ներկայ վերջնական թեմայով այս գիտաժողովը կազմակերպել, թեթեւ, քաղաքավար, բայցեւայնպէս նկատելի ժպիտ մը նշմարեցինք մեր խօսակիցներու դէմքին: Ի՜նչ մշակոյթ, ի՜նչ կրթութիւն հանրապետութեան հիմնադրութեան քաոսային ժամանակաշրջանին: Այդ օրերու կեանքի ու մահուան միջեւ տարուբերուող, հայկական վերջին հողակտորին վրայ մաքառող հայկական խայտաբղէտ հասարակութեան միտքէն ի՞նչ գաղափար կրնար ծնունդ առնել, որպէսզի կարելի ըլլար այսօր, գիտաժողովի մը արժանի մակարդակով, խօսիլ այդ շրջանի կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն մասին: Նիկոլ Աղբալեանի նախարարական ստորագրութիւնը կրող համալսարանի հիմնադրութեան որոշումը եւ իր նախարարութեան մէջ իր գաղափարական մեծատաղանդ հակառակորդը՝ երիտասարդ Եղիշէ Չարենցի ապրուստը ապահովող պաշտօնով մը օժտելը բաւարա՞ր էին գիտաժողովի մը օրակարգը լեցնելու եւ անոր կազմակերպումը արդարացնելու չափ:

Այս հարցին մեր պատասխանը դրական եղաւ, մէկէ աւելի պատճառներով, որ սակայն կարելի է ամփոփել մէկ յայտարարութեան մէջ. այս նիւթը բաւարար չափով չէ՛ ուսումնասիրուած տակաւին. չէ՛ պեղուած: Այդ խնդիրը հանգամանօրէն քննելու առիթը պէ՛տք էր ստեղծել:

Արդարեւ, հայրենի հողին վրայ օտարներու կողմէ ճանչցուած պետական անկախ կառոյցի մը գոյառումն ու երկամեայ գոյութիւնը հայ հասարակութենէն ներս եօթանասունամեայ վիճաբանութիւններու եւ վէճերու առարկայ հանդիսացած է քաղաքական ու հասարակական բեմերուն վրայ: Երբ հայրենիքէն ներս միակուսակցական համակարգի տրամադրութեան տակ գտնուող ամբողջատիրական բոլոր միջոցները լծուած էին անկախ Հայաստանի կերտիչներու վարկաբեկման եւ անոնց քաղաքական հաւատամքի էութեան ամբողջական մերժումի աշխատանքին, կարելի չէր ակնկալել, որ խօսուի անկախութեան ժամանակաշրջանի մշակոյթին մասին: Որովհետեւ մշակոյթի մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ փոփոխութեան, դրական հոլովոյթի, յառաջդիմութեա՛ն մասին: Իսկ, կ’երեւի կը մտածուէր, ՙքաղքենիութեան եւ արեւմտեան կայսերապաշտութեան՚ հնազանդ կամակատարները ինչպէ՞ս կրնային այդպիսի դրական յատկանիշներու տէր եղած ըլլալ:

Զարմանալի կերպով մշակոյթի մասին արտերկրի իրենց աշխատութիւններուն մէջ շատ չեն խօսած նաեւ առաջին հանրապետութեան տարագրեալ ղեկավարները: Ասոնք իրենց հրապարակախօսական ու պատմագրական ճիգը կեդրոնացուցին գաղափարական գետնի վրայ հակազդելու իրենց դէմ կատարուած տեղի ու անտեղի ամբաստանութիւններուն եւ մեղադրանքներուն.նաեւ իբրեւ հիմնական դերակատարներ՝ ներկայացնելու հանրապետութեան ստեղծման շրջանը, ինչպէս նաեւ մինչեւ խորհրդայնացում անոր հոլովոյթը:Կասկածէ վեր է, որ անբարենպաստ պայմաններու մէջ կատարուած այս աշխատանքը ծառայեց հայութեան մտքին մէջ վառ պահելու անկախ պետականութեան վերստեղծման գաղափարը: Տեղ-տեղ սակայն, յուշագրական գրականութեան մէջ կարելի է նոյնպէս հանդիպիլ մշակութային սրամիտ մանրամասնութիւններու: Այսպէս, Սիմոն Վրացեան կը վկայէ, թէ Լեւոն Շանթ Հայաստանի խորհրդայնացման թոհուբոհին մէջ աւարտած է իր «Շղթայուածը» թատերգութեան աշխատանքները:

Վայրկեան մը մտաբերելով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հետ առնչուող անունները պիտի տեսնենք, թէ այդտեղ դերակատարներու մէկ կարեւոր մասը միաժամանակ հայ մտաւորականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն են: Եթէ Հայաստանի հողին վրայ մշակութային մարզէն ներս տարուած աշխատանքներու մասին երկար ատեն անդրադարձ չէ եղած, ապա միւս կողմէ ակնբախ է, թէ ցեղասպանութեան ընթացքին դէպի արտասահման տեղահան եղած հայկական զանգուածներու կազմակերպման եւ անոնց կրթական ու մշակութային կեանքի ղեկավարման մէջ հիմնական աշխատանք տարած է Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւանքով փախստական դարձած մտաւորականութիւնը: Համազգայինը, որուն 90ամեակը կը նշենք այս տարի, այդ մարդոց մտայղացման արգասիքն է. Հայաստանի Հանրապետութեան իր ժամանակի խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Շանթ, կրթական նախարար Նիկոլ Աղբալեան ու վարչապետ Համօ Օհանջանեան Համազգայինի առաջնակարգ հիմնադիրներէն հանդիսացան:
Ահա աւելի քան քառորդ դար է, որ կարելիութիւնը կայ ազատօրէն ու մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու այդ շրջանի հայկական պետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները: Անկախ հանրապետութեան 100ամեակի առիթով ցայսօր տեղի ունեցող գիտաժողովներու թիւն ու անոնց մասնակից գիտնականներու բազմութիւնը փաստ է, թէ այդ շրջանի պատմութեան վերաբերմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ է: Նոյնը կը փաստէ նաեւ այսօ՛ր սկսող՝ հանրապետութեան կրթամշակութային կեանքը շօշափող գիտաժողովին ներկայացած զեկոյցներու թիւն ու անոնց վերնագիրներու զանազանութիւնը:

Այս բոլորով հանդերձ կարելի չէ յաւակնիլ, թէ ատենին Հայաստանի պետականութեան՝պատմութեան մութ վիհերէն տեսանելի ու շօշափելի մակերես բարձրացած ըլլալու կարեւորութիւնը լիովին գիտակցուած է հայկական հաւաքականութեան կողմէ: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել, քայլերգ-օրհներգի մասին մերթ ընդ մերթ բարձրացող եւ իսկոյն մարող հարցի պարագան. կարծես թէ օրհնէրգի գեղարուեստական արժէքը աւելի կարեւոր ըլլար, քան անոր մարմնաւորած խորհուրդը: Այս իմաստով լուրջ ընելիք կայ ժողովրդային մակարդակի վրայ, բայց մանաւանդ՝ կրթական ոլորտէն ներս: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրական պատմութիւնը, իր հերոսական դրուագներով ու գաղափարական հոյակապ ու օրինակելի տիպարներով, աստիճանաբար պէտք է վերածուի իւրաքանչիւր հայ պատանիի եւ երիտասարդի գիտացկական եւ զգացական աշխարհներու՝ ազգային կազմաւորման նպաստող գլխաւոր առանցքներէն մէկը: Համահայկական կրթական նուազագոյն ծրագրի մը որդեգրումը պիտի նպաստէր անկասկած ճշմարտութեան վրայ հիմնուած մէկ տեսակի հայրենասիրութեան ընդհանրացման:

Անհրաժեշտ է, որ պատմութենէն անցնելով մերօրեայ իրականութեան այս մշակոյթը հետեւողականօրէն ժողովրդականանայ: Մէկէ աւելի ազգային հիմնական հայեցակարգերու գոյակցութիւնը, որոշ պայմաններու մէջ, վտանգաւոր կրնայ ըլլալ հասարակութեան մը համար: Ատենն է կազմելու համահայկական նուազագոյն հայագիտական կրթական ծրագիր մը, բազմացնել կարենալու համար հայութեան զանազան ու այլազան մասնիկներուն մօտ հայկական ինքնութիւնը յատկանշող տարրերու քանակը: Այս ձեւով ժամանակի ընթացքին, համբերութեամբ, աստիճանաբար կը ստեղծուի համահայկական քաղաքացիական հասարակութիւնը:

Մկրտիչ Մկրտիչեան
Երեւան, 15 մայիս 2018

Տպել Տպել