Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960). Հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան անմահ մարմնաւորումը

Ա­մէն ազգ ալ ու­նի յա­տուկ ա­նուն­ներ, ո­րոնք ա­ռան­ձինն բա­ւա­րար են ամ­բողջ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւն մը արթնց­նե­լու, տո­ւեալ ազ­գի ապ­րող սե­րունդ­նե­րը ներ­կա­յէն վեր բարձ­րաց­նե­լու եւ անխ­տիր բո­լո­րին հա­մա­կե­լու ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­մի ու ազ­գա­յին սրբա­զան պարտ­քը կա­տա­րե­լու հպար­տու­թեան ան­մար, այ­լեւ կե­նա­րար խոր­հուր­դով։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար այդ­պի­սի՛ հնչե­ղու­թիւն ու­նի ա­նու­նը ­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի։

Հայ Ազ­գի եւ ­Հա­յաս­տան ­Հայ­րե­նի­քի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զու­կը կը խորհր­դան­շէ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին ար­դար, քա­ղա­քա­կան եւ ամ­բող­ջա­կան հա­տու­ցու­մը պա­հան­ջե­լու ազ­գա­յին մեր ի­րա­ւա­տի­րու­թեան ան­մահ մարմ­նա­ւո­րու­մը ե­ղաւ։

Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան միակ ար­դա­րա­դատ ու վրի­ժա­ռու բա­զու­կը չե­ղաւ ­Հայ­կա­կան Նիւ­րեմ­պեր­կին։ Ա­րամ Եր­կա­նեան, Ար­շա­ւիր ­Շի­րա­կեան, ­Մի­սաք ­Թոռ­լա­քեան եւ ան­մա­հա­ցած հե­րո­սա­կան ա­նուն­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն միա­ձու­լո­ւե­ցաւ՝ միս ու ոս­կոր տա­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շած «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան, ո­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւնն էր գոր­ծադ­րել անհ­նար թո­ւա­ցող մա­հա­պա­տի­ժը Թուր­քիա­յէն փա­խուստ տո­ւած եւ Եւ­րո­պա­նե­րը թագս­տոց մտած Ե­րիտ­թուր­քե­րու հա­յաս­պան պա­րագ­լուխ­նե­րուն։
Հա­ւա­սա­րա­պէս պան­ծա­լի հայ ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րու եւ դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կիչ­նե­րու այդ փա­ղան­գին ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ա­նու­նը դառ­նա­լու բախ­տը վի­ճա­կո­ւե­ցաւ Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի, ո­րուն մա­հո­ւան 57րդ ­տա­րե­լիցն է այ­սօր։

Մա­յիս 23ի այս օ­րը, 58 տա­րի ա­ռաջ, հե­ռա­ւոր Մ.­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմ­տեան ա­փին, ­Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յի մէջ, 64 տա­րե­կա­նին այս կեան­քէն բաժ­նո­ւե­լով՝ յա­ւի­տե­նա­կան իր ան­դոր­րը գտաւ եւ ան­մա­հու­թեան իր պա­տուան­դա­նին բարձ­րա­ցաւ ­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան։

Յա­ւեր­ժա­ցաւ իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զու­կը։

Եւ ե­թէ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը խորհր­դան­շուին ­Թա­լէաթ ա­նուն ե­ղեռ­նա­գոր­ծով, ա­պա՝ քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն ար­դար դա­տաս­տա­նի եւ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կող ար­դա­րա­գոյն ա­հա­բե­կի­չին ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած խորհր­դա­նիշն է ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան։

Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կի­չը ծնած էր 2 Ապ­րիլ 1896ին, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Դա­րա­նա­ղեաց (­Կա­մախ) գա­ւա­ռի ­Վա­րի ­Բա­գա­ռիճ գիւ­ղը, Երզն­կա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ ­Հօր՝ ­Խա­չա­տու­րի եւ մօր՝ Հ­նա­զան­դի հինգ մանչ զա­ւակ­նե­րուն կրտսերն էր։ ­Հա­զիւ եր­կու տա­րե­կան էր Սո­ղո­մոն, երբ հայ­րը պանդխ­տու­թեան մեկ­նե­ցաւ ­Սեր­պիա։ 1905ին, հայ­րե­նի տուն վե­րա­դար­ձին, Տ­րա­պի­զո­նի մէջ ­Խա­չա­տուր ­Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ՝ 1898ին Երզն­կա­յէն ռու­սա­կան նա­ւով մեկ­նած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով։ ­Վեց ա­միս բանտ մնաց, բայց երբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ՝ ա­նոր ար­գի­լո­ւե­ցաւ ծննդա­վայր վե­րա­դառ­նալ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Սեր­պիա։

Թեհլիրյանների ընտանիքը, ձախից առաջինը՝ 12-ամյա Սողոմոնը, Երզնկա, 1908թ.

Հօր ճա­կա­տագ­րին կա­պո­ւած այս դրո­ւա­գը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Սո­ղո­մո­նի կեան­քին վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Թեհ­լի­րեան­նե­րու բազ­ման­դամ տոհ­մէն ա­կա­մայ հե­ռա­ցո­ւած ­Խա­չա­տուր ­Սեր­պիա­յէն դա­սա­ւո­րեց այն­պէս, որ կինն ու զա­ւակ­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւին Երզն­կա, ուր ­Սո­ղո­մոն իր ու­սու­մը ստա­ցաւ նախ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց, ա­պա՝ Եզ­նի­կեան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 1912ին ա­ւար­տեց տեղ­ւոյն ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր իր ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ եւ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ դար­ձած՝ փա­րե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

1913ին ­Սո­ղո­մոն գնաց իր հօր մօտ, ­Սեր­պիա, որ­պէս­զի տա­րի մը ետք անց­նի ­Գեր­մա­նիա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց 1914ին պայ­թե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ 18ա­մեայ ­Սո­ղո­մո­նի կեան­քի ու­ղին լրիւ փո­խո­ւե­ցաւ։ 1914ի աշ­նան, ծնող­քէն գաղտ­նի, ան ան­ցաւ ­Սո­ֆիա (­Պուլ­կա­րիա), ուր կը հա­ւա­քագ­րո­ւէին ­Կով­կաս կա­մա­ւոր եր­թա­լու պատ­րաստ ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի պան­դուխտ թէ ու­սա­նող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Ս­կիզ­բը ըն­թացք չտրո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մո­նի կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու դի­մու­մին, բայց ան յա­ջո­ղե­ցաւ, հօ­րը քա­նի մը նա­մակ­ներ ղրկե­լէ ետք, ստա­նա­լու ծնո­ղին գրա­ւոր թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը իր կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լուն։

Այդ­պէ՛ս, ­Հոկ­տեմ­բեր 1914ին, իբ­րեւ կա­մա­ւո­րի, ­Սո­ղո­մոն հա­սաւ ­Թիֆ­լիս եւ միա­ցաւ Սե­պու­հի վաշ­տին, որ մաս կը կազ­մէր Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դին։
Ե­րեք տա­րո­ւան կա­մա­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս թրծեց ­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի մէջ դաշ­նակ­ցա­կան ռազ­մի­կի կեր­պա­րը։ Իսկ երբ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ ռու­սա­կան զօր­քին եւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան Գուն­դե­րուն կող­մէ, ­Սո­ղո­մոն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ այ­ցե­լե­լու նաեւ Երզն­կա, ո­րուն քա­րու­քանդ վի­ճակն ու ա­մա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցե­ցին զինք այն­քան ծան­րօ­րէն, որ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Կա­րօ Գէոր­գեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ ­Թեհ­լի­րեան «ու­շա­թափ կ­’իյ­նայ գե­տին։ Ար­դա­րեւ, Երզն­կա­յի եւ շրջա­կայ­քի ամ­բողջ հա­յու­թեան հետ, նաեւ իր գեր­դաս­տա­նին 85 ան­դամ­նե­րը — մայ­րը, եր­կու եղ­բայր­նե­րուն կի­ներն ու զա­ւակ­նե­րը եւ մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րը — սպան­նո­ւած էին 1915ին։ Իսկ ի­րենց տու­նը դար­ձած էր թրքա­կան հան­րա­կա­ցա­րան»։

Սե­փա­կան ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան սպանդն ու հայ­րե­նի օ­ճա­խին եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­ւե­րու­մը ան­հուն ցա­սու­մով ու վրէժխնդ­րու­թեամբ հա­մա­կե­ցին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ողջ էու­թիւ­նը։ ­Խո­րա­պէս ցնցիչ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին հիմք ծա­ռա­յեց, ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք, ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին դա­տա­պաշ­տան ­Քըրթ ­Նայ­մէ­յը­րի (­Քո­լո­նեը հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս) կա­ռու­ցած պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նին։

1917ին, ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի փլու­զու­մէն եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն ետք, Թեհ­լի­րեան ան­ցաւ ­Կով­կաս։ Շր­ջե­ցաւ հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կա­սի եւ Խ­րի­մի քա­ղաք­նե­րուն մէջ՝ նո­ւի­րո­ւե­լով ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ այդ ա­փե­րը ին­կած որ­բե­րու հա­ւաք­ման ու պատս­պար­ման աշ­խա­տան­քին։ ­Ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ, փո­խա­նակ սպիա­նա­լու, ­Թեհ­լի­րեա­նի սիրտն ու հո­գին խո­ցած վէր­քե­րը ա­ւե­լիով բոր­բո­քե­ցան։ Ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ՝ ­Թեհ­լի­րեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով 1920ի Ապ­րի­լին կա­տա­րեց ա­հա­բեկ­չա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ գոր­ծադ­րե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վճռած մա­հա­պա­տի­ժը ­Պէ­շիկ­թա­շի տխրահռ­չակ թա­ղա­պետ ­Յա­րու­թիւն Մկր­տի­չեա­նի դէմ, որ գլխա­ւոր մատ­նիչն ու մեղ­սա­կի­ցը ե­ղած էր 24 Ապ­րիլ 1915ի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ձեր­բա­կա­լու­թեան։

Ա­հա­բե­կու­մէն ետք ­Թեհ­լի­րեան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ անց­նե­լու ­Փա­րիզ, ուր ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման հա­մար կօշ­կա­կա­րու­թիւն սոր­վե­ցաւ։ ­Բայց քա­նի մը ա­միս ետք կան­չո­ւե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն, Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Ար­մէն ­Գա­րո­յի կող­մէ, ո­րուն վստա­հո­ւած էր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շած ցե­ղաս­պան թուրք ջար­դա­րար­նե­րու ա­հա­բեկ­ման «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» ծրագ­րու­մին եւ կազ­մա­կեր­պու­մին։

(Ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն է եւ «­Նե­մե­սիս»ի ար­խի­ւին հրա­պա­րա­կու­մէն ետք ծա­նօթ փաստ, որ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ճշդու­մը կա­տա­րո­ւած էր վի­ճա­կաձ­գու­թեամբ եւ այդ­պէս է, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­հա­կան չէ, հե­տե­ւա­բար, որ «­Թեհ­լի­րեա­նի բախ­տը բա­ցո­ւեց» նշու­մը կը կա­տա­րո­ւի ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նո­ւի­րո­ւած ու «­Գի­նի լից» յան­կեր­գով յատ­կան­շո­ւող յե­ղա­փո­խա­կան ծա­նօթ եր­գին մէջ)։

Ար­մէն ­Գա­րո­յի յանձ­նա­րա­րա­կա­նով՝ ­Թեհ­լի­րեան 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ Ժը­նեւ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Պեր­լին (­Գեր­մա­նիա), ի գործ դնե­լու հա­մար ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գի­րը։ ­Ջար­դա­րար պա­րագ­լու­խը Ա­լի ­Սա­լէհ ­Պէյ ան­ցագ­րով ու ծպտո­ւած կապ­րէր Պեր­լի­նի ­Հայ­տէն­պէրկ փո­ղո­ցի վրայ։ ­Թեհ­լի­րեան, իբ­րեւ ու­սա­նող, սե­նեակ մը վար­ձեց Թա­լէա­թի տան ճիշդ դի­մա­ցը, ուր­կէ տե­ւա­կան հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ ցե­ղաս­պան ճի­ւա­ղին շար­ժում­ներն ու կեն­ցա­ղը՝ ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ։

(Սողոմոն Թէհլիրեան, Վերյիշումներ (Թալեաթի ահաբեկումը), գրի առավ՝ Վահան Մինախորեան, Գահիրէ, 1953)

Եւ 15 ­Մարտ 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, երբ ­Թա­լէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գա­լով կը յա­ռա­ջա­նար մայ­թէն, ­Թեհ­լի­րեան հան­դի­պա­կաց մայ­թէն փո­ղո­ցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօ­տե­ցաւ ջար­դա­րա­րին եւ ատրճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին փռեց զայն։ Ան­ցորդ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան ­Թեհ­լի­րեա­նի վրայ, խոշ­տան­գե­ցին զայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ օր-ցե­րե­կով բա­րե­համ­բոյր տես­քով այդ ե­րի­տա­սար­դը ա­հա­բե­կած եւ ան­շունչ գե­տին փռ­ւած էր ան­ծա­նօթ… ան­ցորդ մը։

Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ, աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ, իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ էր ու, ա­ւե­լի՛ն, դահ­ճա­պետ էր, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

3 ­Յու­նիս 1921ին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ան­պարտ հռչա­կո­ւե­ցաւ եւ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ ու մեկ­նե­ցաւ Մ.­Նա­հանգ­ներ։

Թեհ­լի­րեան եր­կար չմնաց Մ.­Նա­հանգ­ներ։ ­Վե­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա՝ ­Սեր­պիա, ­Պելկ­րատ ապ­րող իր հօր եւ հօ­րեղ­բայր­նե­րուն միա­նա­լու հա­մար։ Ա­մուս­նա­ցաւ երզն­կա­ցի Ն­շան Թա­թի­կեա­նի դստեր Ա­նա­հի­տի հետ, ո­րուն ծա­նօ­թա­ցած էր ­Կով­կա­սի մէջ, որ­բա­հա­ւա­քի իր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին։ Ու­նե­ցան եր­կու զա­ւակ­ներ՝ ­Զա­ւէն ու ­Շա­հէն։ ­Թեհ­լի­րեան Պելկ­րա­տի մէջ ապ­րե­ցաւ ­Սա­րօ ­Մե­լի­քեան ան­ցագ­րով։

Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք, 1949-1950ին, ­Թեհ­լի­րեան ո­րո­շեց ըն­տա­նեօք հե­ռա­նալ ­Պելկ­րա­տէն։ ­Կարճ ժա­մա­նակ մը ապ­րե­ցաւ ­Քա­զապ­լան­քա (­Մա­րոք), ուր­կէ ան­ցաւ ­Փա­րիզ եւ ի վեր­ջոյ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու ­Սան Ֆ­րան­սիս­քօ քա­ղա­քը, ուր մնաց մին­չեւ մա­հը՝ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով Հ.Յ.Դ. Մ.­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմ­տեան շրջա­նի կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին։ ­Տա­րի­նե­րով մաս կազ­մեց շրջա­նի Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Կ. ­Կո­մի­տէին։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի վրի­ժա­ռու բա­զու­կը 64 տա­րե­կան էր, երբ ու­ղե­ղի ա­րիւ­նախռն­ման հե­տե­ւան­քով ան­կո­ղին ին­կաւ եւ, ա­միս մը տա­ռա­պե­լէ ետք, ա­ւան­դեց իր վեր­ջին շուն­չը։

Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­յու­թիւ­նը Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սին ար­ժա­նի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ար­ժա­նա­ցուց ­Թեհ­լի­րեա­նին, որ թա­ղո­ւե­ցաւ Ֆ­րեզ­նո­յի Ա­րա­րատ գե­րեզ­մա­նա­տան ճիշդ ա՛յն գե­րեզ­մա­նա­փո­սին մէջ, որ 1927ին նա­խա­տե­սո­ւած էր Անդ­րա­նի­կի թաղ­ման հա­մար, բայց որ՝ ­Տա­րօ­նի Ար­ծի­ւին ­Փէր ­Լա­շէզ թա­ղու­մով, թա­փուր մնա­ցած էր…

Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի մա­հո­ւան գոյ­ժը հե­ռար­ձա­կուե­ցաւ ա­տե­նի ա­րեւմ­տեան զան­գո­ւա­ծա­յին բո­լոր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ։

Սողոմոն Թեհլիրյանը կնոջ և ազգականների հետ Կասաբլանկայում, 1953թ.

Լ­ռու­թիւն պա­հե­ցին եւ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սին նկատ­մամբ ու­րա­ցու­մի ի­րենց վար­քա­գի­ծը շա­րու­նա­կե­ցին միայն խորհր­դա­յին կողմն հա­յաշ­խար­հի։ ­Հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ջղա­գար պայ­քա­րի տխրահռ­չակ ժա­մա­նակ­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւէին 1960ա­կան­նե­րուն եւ Ա­րա­րա­տի փէ­շե­րուն ծո­ւա­րած հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րող մեծ բե­կո­րին տա­կա­ւին ար­գի­լո­ւած էր ար­ժա­նին մա­տու­ցել իր Վ­րի­ժա­ռու ­Բա­զու­կին։

Բայց միայն կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար էր ար­գել­քը, ո­րով­հե­տեւ ­Մեծ ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով շղթա­յա­զեր­ծո­ւած հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հայ­րե­նա­կան պոռթ­կու­մի հուժ­կու ա­լի­քին տակ, ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին շուրջ հիւ­սո­ւած լռու­թեան պա­տի քան­դու­մին հետ, փուլ ե­կաւ նաեւ ­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի ա­նո­ւան շուրջ հիւ­սո­ւած ու­րաց­ման եւ լռու­թեան պա­տը՝ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ ու վրի­ժա­ռու բա­զու­կի ան­մահ պա­տո­ւան­դա­նին ար­ժա­նաց­նե­լով ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­հա­բե­կի­չին։

Ազ­գա­յին մեր ինք­նավս­տա­հու­թիւնն ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ջրդե­ղած ­Մեծ ­Հե­րո­սին ա­նունն ու գոր­ծը յա­ւեր­ժօ­րէն դրոշ­մո­ւած պի­տի մնան հա­յոց յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ ան­մա­հաց­նե­լով ոչ միայն անձ­նա­պէս ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան կո­չո­ւած հայ ազ­գա­յին հե­րո­սը, ոչ միայն ­Հայ­կա­կան ­Նիւ­րեմ­պէր­կի ան­զու­գա­կան բո­լոր ար­դա­րա­դա­հա­տոյց­նե­րը, այ­լեւ նոյ­նինքն խոր­հուրդն ու ա­ւան­դը ­Հայ­կա­կան Նե­մե­սի­սին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թուրք յան­ցա­գործ­նե­րու ար­դա­րա­դատ ա­հա­բե­կու­մին։

Ն.

Տպել Տպել