Գանատացի Երեսփոխաններ Ալպրէխթ եւ Տէյվիս Կոչ Կ’ուղղէն Գանատական Կառավարութեան Պաշտպանել Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Արցախեան շարժման երեսնամեակի առթիւ, Մայիս 23-ին եւ 24-ին Գանատայի խորհրդարանէն ներս հնչեցին շարք մը աննախադէպ յայտարարութիւններ, որոնցմով ըննդիմադիր երկու կուսակցութեանց՝ Պահպանողական եւ Նոր Ժողովրդավարական ներկայացուցիչներ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան պաշտպանել եւ ճանչնալ Արցախի իքնորոշման իրաւունքը:

Տան Տէյվիս

Երեքշաբթի Մայիս 23-ին, Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ՝ երսփոխան Տան Տէյվիս խորհրդարանէն ներս հնչեցրած իր յայտարարութեան մէջ նշեց, թէ Արցախեան ազատագրական շարժման երեսնամեակը համազգային հնչեղութիւն ունեցող իրադարձութիւն մըն է հայ ժողովուրդին համար: Ան հակիրճ կերպով ներկայանցնելէ ետք Արցախի ժողովուրդի ազատութեան եւ լիիրաւ իրաւունքներու ապահովման կապակցութեամբ տարուող քաղաքական եւ իրաւական պայքարի մանրամասները, կոչ ուղեց Գանատայի կառավարութեան, որ պաշտպան հանդիսանայ մարդկային իրաւանց եւ գործէ ի սպաս հարցի խաղաղ կարգավորման, մշտապէս հիմք ունենալով միջազգային օրէնքն ու Արցախի իքնորոշման իրաւունքի անժխտելիութիւնը:

Տէյվիսի յայտարարութեան յաջորդեց Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-ատենապետ՝ երեսփոխան

Հարոլտ Ալպրէխթ

ի յայտարարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը՝ Մայիս 24-ին: Ալպրէխթ եւս, ներկայացնելէ ետք հայ ժողովուրդի առաջնորդած դարաւոր պայքարը հանուն Արցախի ազատագրման եւ անկախութեան նշեց, որ դժբախտութիւն է, թէ Ազրպէյճան ցարդ կը շարունակէ անտեսել Արցախեան ժողովուրդի օրէնքով ձեռքբերած իրաւունքները եւ շարունակաբար կը խոչընդոտէ հարցի խաղաղ լուծման: Ան եւս կոչ ուղեց կառավարութեան պաշտպան կանգիլ Արցախի իքնորոշման իրաւունքին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել միջազգային հանրութեան կողմէ հարցի խաղաղ կարգավորման ուղութեամբ տարուող ջանքերուն:

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունելով զոյգ երեսփոխաններու յայտարարութիւնները՝ բարձրօրէն գնահատեց անոնց վեհանձն եւ սկզբունքային կեցուածքը եւ հաստատեց, որ հաւաքական ջանքերը պիտի շարունակուին ի սպաս դրուիլ Արցախեան հարցի վերաբերեալ յաւելալ հայանպաստ յառաջխաղացք ապահովելու եւ Գանատայի կեցուածքը մշտապէս արդարացի պահելու ուղութեամբ: Յանձնախումբը իր կարգին եւս կոչ ուղղեց կարավառութեան հետեւիլ համայնքի եւ զոյգ երեսփոխաններու կոչին:

Տպել Տպել