- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Պահանջէ 32 Նախարար Հաշուող Կառավարութիւն Մը` Երկու Հայերով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան նոյնպէս խորհրդակցեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Խորհրդակցութեան աւարտին, երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «վարչապետին յաջողութիւն մաղթելէ ետք, յոյս յայտնեցինք, որ ան չ՛աճապարեր կառավարութիւնը կազմելու իմաստով, որպէսզի դահլիճի կազմութեան ծուղակին մէջ չիյնանք»:

«Հաւանաբար աւելի յարմար է, որ պէտք եղած ժամանակը առնենք եւ աշխատինք առանց աճապարելու: Իսկ կառավարութեան կազմին իմաստով, Հայկական երեսփոխանական պլոքը առաջարկեց կազմել 32 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը, որուն մէջ լիբանանահայութիւնը ներկայացած ըլլայ երկու նախարարով», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ վարչապետին հետ խորհրդակցութեան ընթացքին շեշտած են որոշ նախարարութիւններու` որոշ համայնքներու պատկանելիութեան սահմանումը վերացնելու անհրաժեշտութիւնը: «Կրնայ ըլլալ ոմանց համար կարգ մը նախարարութիւններ այս կամ այն համայնքին իրաւունքը կը նկատուի, սակայն մեզի համար ուժային նախարարութիւններ, կարեւոր նախարարութիւններ, ծառայութիւններու նախարարութիւններ, եւ կամ 4-րդ կամ 5-րդ աստիճանի նախարարութիւններ չկան: Այս սկզբունքէն մեկնելով` մենք պատրաստակամութիւն յայտնեցինք ստանձնելու նախարարութիւն մը, առանց այդ նախարարութիւնը ճշդելու», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութեան աշխատանքին առաջնահերթութիւններուն անդրադառնալով` իրենք հաստատած են փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը, տնտեսական իրավիճակին ու անգործութեան թղթածրարին լուծումը, երիտասարդներու արտագաղթի կասեցումն ու յատկապէս երիտասարդութեան դիմագրաւած ախտերուն, յատկապէս թմրամոլութեան ախտին դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:

aztagdaily.com