Մարզպետ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918). ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ հայ բե­կոր­նե­րու մե­ծա­վաս­տակ փրկա­րա­րը


«­Վաս­պու­րա­կա­նի ու ­Տա­րօ­նի գիւ­ղե­րուն մէջ ժո­ղո­վուր­դը չու­նի ան­կո­ղին մը՝ իր ա­մէ­նէն յար­գե­լի հիւ­րին հրամց­նե­լու իսկ։ Ամ­բողջ գիւ­ղա­կան ժո­ղո­վուր­դը կը պառ­կի թա­ղիք­նե­րու մէջ պլլուած։ Ա­ռած սնունդն ալ ա­սոր հա­մե­մատ է։ Եր­բեմ­նի ցո­րե­նով այն­քան հա­րուստ Մ­շոյ դաշ­տը այ­սօր կա­րօ­տը կը քա­շէ կըլ­կը­լի եւ կո­րե­կի ա­ւա­զան­ման հա­ցին։ ­Սա­սու­նը այդ ալ չու­նի։ Իսկ ­Կառ­կա­ռը եւ ­Խի­զա­նը ամ­բողջ ձմե­ռը կէս ա­նօ­թի ան­ցը­նե­լէ ետք՝ ան­համ­բեր կը սպա­սեն ի­րենց լեռ­նե­րուն սե­ւա­նա­լուն, որ գո­նէ խո­տով սնունդ ճա­րեն, այ­սինքն ա­րա­ծե­լով ապ­րին։

«Աշ­խա­տա­ւոր ձեռ­քեր կան, բայց չկայ աշ­խա­տանք։ Ի՞նչ ը­նել սա­կայն, «ճի­ճե­րը հաց կ­’ու­զեն», հո­գէառ «հար­կա­հա­ւա­քը իր տուր­քե­րը կ’þու­զէ»։ Եւ խեղճ հա­յաս­տան­ցին այս կրկնա­կի մտրակ­նե­րէն մղո­ւած՝ ցու­պը ձեռ­քը կ’առ­նէ եւ կը դի­մէ դէ­պի ա­նո­րոշ ու վտանգ­նե­րով լի հե­ռո՜ւն — դէ­պի պանդխտու­թիւն եւ ար­տա­գաղթ»։

Հա­յոց աշ­խար­հին հա­մա­տա­րած թշո­ւա­ռու­թեան ու զրկան­քին նո­ւի­րո­ւած այս տո­ղե­րը գրո­ւած են 1909ին՝ ­Մարզ­պետ գրչա­նու­նով հռչա­կո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծի­չի մը կող­մէ, որ ոչ միայն իր մոր­թին վրայ զգա­ցած էր դա­ժա­նու­թիւ­նը այդ ըն­չազր­կու­թեան, այ­լեւ՝ մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­ցաւ այդ բո­լո­րին դէմ։

Բայց 1918ի այս օ­րը՝ 31 ­Մա­յի­սին, ար­կա­ծի հե­տե­ւանք ան­հե­թեթ մահ մը հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն ընդ­միշտ հե­ռա­ցուց ար­ժա­նա­ւոր այս հա­յոր­դին, ­Մարզ­պետ գրչա­նու­նով ճանչ­ցո­ւած ­Ղա­զա­րոս ­Ղա­զա­րո­սեա­նը։
Հայ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­ռաս­պե­լա­տիպ դէմ­քե­րու շար­քին իր յա­տուկ տե­ղը ու­նի ­Մարզ­պետ, որ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն, ­Հա­ճի ­Հիւ­սէ­յին Է­ֆէն­տի կեղծ ա­նու­նով, գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն հետ աս­պա­տակ խումբ մը ստեղ­ծեց եւ, յան­դուգն յար­ձա­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով, մա­հո­ւան ճի­րան­նե­րէն փրկեց հա­րիւ­րա­ւոր հայ տա­րա­գիր­ներ։
Մարզ­պե­տի կեանքն ու գոր­ծը ներ­կա­յաց­նե­լով՝ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան իր «­Դէմ­քեր»ու երկ­րորդ հա­տո­րին մէջ կը վկա­յէ.¬

«­Ման­կա­վար­ժու­թիւն ա­ւար­տած ու­սու­ցիչ մը, ո­րուն վի­ճա­կո­ւե­ցաւ, եւ­րո­պա­կան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին, կրել ­Հա­ճի ­Հիւ­սէ­յին ա­նու­նը եւ դառ­նալ կազ­մա­կեր­պի­չը հայ աս­պա­տակ­նե­րու։ Անգ­լիա­ցի ­Լո­րէն­սի նման ծպտո­ւած՝ գոր­ծեց հիւ­սի­սա­յին Ա­րա­բիոյ մէջ, ա՛յն տար­բե­րու­թեամբ, որ ­Մարզ­պետ ոչ թէ կայս­րու­թեան մը փառ­քը ա­ւելց­նե­լու հա­մար գոր­ծեց, այլ պայ­քա­րե­ցաւ ա­մէն­քէն լքո­ւած ու հա­լա­ծո­ւած իր ժո­ղո­վուր­դը պաշտ­պա­նե­լու եւ վրէժ առ­նե­լու հա­մար իր ցե­ղի դա­հիճ­նե­րէն»։

Ղա­զա­րոս ­Ղա­զա­րո­սեան ծնած էր 1878ին, ­Կե­սա­րիոյ ­Թո­մար­զա հա­յա­շատ գիւ­ղը։ Մա­նուկ հա­սա­կին որ­բա­ցած՝ ղրկո­ւած էր ­Պո­լիս եւ յանձ­նո­ւած հօ­րեղ­բօր հո­գա­տա­րու­թեան։ ­Նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­ցած էր «­Պէզ­ճեան» վար­ժա­րա­նի մէջ եւ, բարձ­րա­գոյն ուս­ման հա­մար, հօ­րեղ­բօր կող­մէ ու­ղար­կո­ւած էր ­Գեր­մա­նիա, ուր ա­ւար­տեց ­Լայպ­ցի­կի հա­մալ­սա­րա­նի ման­կա­վար­ժու­թեան ճիւ­ղը։

Հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ եւ քա­նի մը լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տող (մայ­րե­նի լե­զո­ւին չափ կը տի­րա­պե­տէր թրքե­րէ­նին), ­Մարզ­պետ նե­տո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ՝ ա­ռա­ջին հեր­թին ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ, ­Վառ­նա եւ ­Ֆի­լի­պէ, ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն վա­րե­լով հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ ­Պուլ­կա­րիան ե­ղաւ նաեւ գա­ղա­փա­րա­կան իր մկրտու­թեան օր­րա­նը. միա­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ նե­տո­ւե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման մէջ։

Ինչ­պէս մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը իր սե­րուն­դին, նոյն­պէս ­Մարզ­պետ ղրկո­ւե­ցաւ Պարս­կաս­տան՝ Ատրպա­տա­կան, որ այդ շրջա­նին ­Դէ­պի Եր­կիր մուտ­քի պատ­րաս­տու­թեան կեդ­րոնն էր։ ­Ձեռք ձգած էր աւստ­րա­կան ան­ցա­գիր մը՝ ­Հայկ Ա­ռա­քե­լեան ա­նու­նով։ Ատր­պա­տա­կա­նի մէջ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ կար­ճա­տեւ գոր­ծու­նէու­թե­նէ ետք, ­Մարզ­պետ ան­ցաւ սահ­մա­նը եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Վան։ ­Հոն­կէ՝ ­Սե­պու­հի հետ միա­սին, ղրկո­ւե­ցաւ ­Բա­ղէշ, տեղ­ւոյն հա­յու­թիւ­նը ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պատ­րաս­տե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ ­Մարզ­պետ բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ կրթա­կան կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման եւ աշ­խու­ժաց­ման մէջ։ Այդ շրջա­նին ա­ռա­ջա­ցուց նաեւ «­Սե­րոբ Աղ­բիւր» ա­նու­նով մար­մին մը, որ ­Սաս­նոյ մե­ծա­նուն հե­րո­սի ըն­տա­նի­քին տի­րու­թիւն ը­նե­լու կող­քին, հիմ­նեց հա­մա­նուն գրա­դա­րան մը՝ ­Բա­ղէ­շի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ժա­մադ­րա­վայ­րը դարձ­նե­լով զայն։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Մարզ­պետ կան­չո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ու­սուց­չու­թեան կող­քին կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ին, գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան կեան­քին եւ դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րով։ Այդ շրջա­նին սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի, որ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբա­գիր­նե­րէն էր եւ ո­րուն հետ ­Մարզ­պետ մտեր­մա­ցած էր Պուլ­կա­րիոյ մէջ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին։ Մտ­քի եւ գրչի այս հա­ւա­տա­ւոր ըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ յատ­կա­պէս 1915ի Ապ­րիլ 24ի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն եւ աք­սո­րէն ետք։ Ինչ­պէս ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան, նոյն­պէս եւ ­Մարզ­պետ կրցաւ խոյս տալ ձեր­բա­կա­լու­թեանց ար­շա­ւէն, իր կար­գին ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան ան­ցաւ, ա­միս­նե­րով թագս­տոց­նե­րու մէջ ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց ի խնդիր ձեր­բա­կա­լո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման կամ բան­տէ փա­խուս­տին։ Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը հա­մար իր թագս­տո­ցէն դուրս գտնո­ւած ա­տեն, մատ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, ­Պոլ­սոյ կա­մուր­ջին վրայ ­Մարզ­պետ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ տա­րո­ւե­ցաւ Կե­սա­րիոյ բան­տը՝ յա­ւե­լեալ քննու­թեան նպա­տա­կով։

Ձեռ­նե­րէց եւ հնա­րա­միտ կե­սա­րա­ցիի հա­րա­զատ կեր­պար էր ­Մարզ­պետ եւ թրքե­րէ­նի իր տի­րա­պե­տու­մը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծեց՝ բան­տա­պահ­նե­րուն հա­ւա­տաց­նե­լու հա­մար, որ ինք իբր թէ իթ­թի­հա­տա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան կո­չո­ւած հա­յե­րու մատ­նիչ մըն էր եւ թիւ­րի­մա­ցա­բար բանտ բե­րո­ւած էր։ Եր­կար պնդում­նե­րէ ետք յա­ջո­ղե­ցաւ բան­տա­պե­տին հա­մո­զել, որ իբր թէ ան­ձամբ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէա­թին կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նէր փո­խան­ցե­լու։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ տա­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ան­շուշտ ի յայտ ե­կաւ, որ ինք­նա­կոչ այդ «մատ­նի­չը» ոչ մէկ յա­տուկ տե­ղե­կու­թիւն ու­նէր ­Թա­լէա­թին փո­խան­ցե­լու հա­մար։ Ո­րո­շե­ցին ետ ­Կե­սա­րիա ու­ղար­կել ­Մարզ­պե­տին, բայց ան ար­դէն կազ­մա­կեր­պած էր իր փա­խուս­տի ծրա­գի­րը եւ դէ­պի ­Կե­սա­րիա ճամ­բու ըն­թաց­քին, ­Գո­նիա­յի մէջ, կրցաւ ի­րեն ըն­կե­րակ­ցող ոս­տի­կան­նե­րու հսկո­ղու­թե­նէն խոյս տալ։

1916ի ­Փետ­րո­ւա­րին ­Մարզ­պետ ար­դէն ա­զա­տօրէն կը շրջէր ­Գո­նիա­յի մէջ. եր­կար մօ­րուք ձգած էր, հրեայ ­Պո­ֆոր Է­ֆէն­տի ա­նու­նով ան­ցա­գիր մը ճա­րած էր եւ գեր­մա­նե­րէ­նի իր հմտու­թեամբ պաշ­տօն գտած էր գեր­մա­նա­կան եր­կա­թու­ղա­գի­ծի կա­ռուց­ման ըն­կե­րու­թեան մէջ։ ­Կազ­մած էր դաշ­նակ­ցա­կան իր ըն­կեր­նե­րուն՝ ­Տիգ­րան ­Ծամ­հու­րի, Խոս­րով ­Պա­պա­յեա­նի եւ փրոֆ. Ա. ­Խա­չատ­րեա­նի հետ աս­պա­տակ­նե­րու խումբ մը, տա­րագ­րեալ հա­յե­րուն օգ­նու­թեան հաս­նե­լու նպա­տա­կով։ ­Կապ հաս­տա­տած էր ­Պո­լիս՝ ընդ­յա­տակ գոր­ծող ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հետ, ո­րուն թե­լադ­րան­քով ­Մարզ­պետ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քեց գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած խժդժու­թեանց մա­սին եւ փո­խան­ցեց ­Պո­լիս, ուր­կէ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի մի­ջո­ցաւ այդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցո­ւե­ցան Եւ­րո­պա՝ դաշ­նա­կից պե­տու­թեանց ներ­կա­յա­ցո­ւե­լու եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին հա­ղոր­դո­ւե­լու հա­մար։

Այդ­պէ՛ս սկսաւ եւ թափ ա­ռաւ ­Մարզ­պե­տի աս­պա­տա­կա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Իբ­րեւ գեր­մա­նա­ցի­նե­րու մօտ պաշ­տօ­նեայ հրեայ, ան գոր­ծեց ­Կի­լի­կիոյ տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ՝ տեղ մը ձիա­ւոր խում­բով յար­ձա­կե­լով հայ տա­րա­գիր­ներ փո­խադ­րող թուրք ոս­տի­կան­նե­րու վրայ եւ ա­զա­տե­լով մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած իր ազ­գա­կից­նե­րը, կամ՝ աս­պա­տա­կե­լով եւ գող­նա­լով թուրք ոս­տի­կան­նե­րուն ու­ղար­կո­ւած պա­րէ­նը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լար հո­գալ ա­նա­պա­տը կտրող եւ ծայ­րա­գոյն ա­նօ­թու­թեան մատ­նո­ւած հա­յե­րը։

Այդ գոր­ծու­նէու­թեամբ ­Մարզ­պետ եր­կար շրջան մը ապ­րե­ցաւ ­Հա­լէ­պի մէջ, միշտ իբ­րեւ գե­րա­նա­կան ըն­կե­րու­թեան հրեայ պաշ­տօ­նեայ եւ հոն­կէ կազ­մա­կեր­պեց իր աս­պա­տա­կում­նե­րը։ Եւ երբ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սկսան կաս­կա­ծիլ ու հե­տապն­դու­մի են­թար­կել խորհր­դա­ւոր «հրեան», ­Մարզ­պետ հե­ռա­ցաւ ­Հա­լէ­պէն եւ յայտ­նո­ւե­ցաւ ­Կե­սա­րիոյ մէջ՝ այս ան­գամ իբ­րեւ թուրք վա­ճա­ռա­կան ­Հիւ­սէ­յին Է­ֆէն­տի, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ան­պաշտ­պան եւ ա­նօ­թե­ւան հա­յե­րուն օգ­նու­թեան հաս­նե­լու աս­պա­տա­կա­յին իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այս շրջա­նին ­Մարզ­պետ մե­ծա­պէս օգ­տո­ւե­ցաւ Կե­սա­րիոյ թուրք կու­սա­կա­լին հետ հաս­տա­տած իր անձ­նա­կան մտեր­մու­թե­նէն։

Բայց ճա­կա­տագ­րի հեգ­նան­քով ան­հե­թեթ մա­հը յան­կարծ առ­յա­ւէտ ընդ­հա­տեց յան­դուգն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Մարզ­պե­տի։ ­Ձիով շրջա­գա­յու­թեան պա­հու մը, 31 ­Մա­յիս 1918ին, պա­տա­հա­կան ար­կա­ծի մը հե­տե­ւան­քով ան գլո­րե­ցաւ ձիէն եւ մա­հա­ցու վի­րա­ւո­րո­ւե­ցաւ։ Օգ­նու­թեան հա­սած թուրք բժիշկ­նե­րը չկրցան փրկել ի­րենց «ազ­գա­կից»ին կեան­քը։ ­Հա­ճի ­Հիւ­սէ­յին Է­ֆէն­տի իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց եւ մահ­մե­տա­կան կար­գով թա­ղո­ւե­ցաւ թուրք մոլ­լա­յի մը կող­մէ։

Մարզ­պե­տի կո­րուս­տը ող­բա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն մեր ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­ցաւ միայն Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք։ «­Ճա­կա­տա­մարտ» ա­նու­նով վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւող «Ա­զա­տա­մարտ»ը ըստ ար­ժան­ւոյն ներ­կա­յա­ցուց ­Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն հայ տա­րա­գիր­նե­րու պաշտ­պան հրեշ­տակ այս յան­դուգն Աս­պա­տա­կին կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

24 Ապ­րիլ 1921ի իր բա­ցա­ռիկ հա­մա­րով, «­Ճա­կա­տա­մարտ» հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ կ­’ա­ւար­տէր ­Մարզ­պե­տի նո­ւի­րո­ւած մա­հագ­րու­թիւ­նը.

«Այ­սօր՝ ­Նի­սի­բի­նի ա­սո­րի հին վան­քին՝ Ս. ­Յա­կո­բայ Մծբ­նայ ­Հայ­րա­պե­տի վան­քին հա­րա­ւա­յին կող­մի թուրք գե­րեզ­ման­նո­ցին մէջ կը հանգ­չի մար­մինն այն մար­դուն, որ իր ամ­բողջ կեան­քը զո­հեր էր հայ­րե­նի­քի փրկու­թեան։ ­Հան­գի՜ստ իր նշխար­նե­րուն…»։

Իսկ Գ. ­Լա­զեան հե­տե­ւեալ ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւո­րու­մով կ’ա­ւար­տէ «­Դէմ­քեր»ու երկ­րորդ հա­տո­րով ­Մարզ­պե­տի նո­ւի­րո­ւած իր վկա­յու­թիւ­նը.

«­Բո­լոր ա­նոնք, որ ճանչ­ցած էին իր հա­մեստ բնա­ւո­րու­թեամբ ծա­նօթ ­Մարզ­պե­տը Պարս­կաս­տա­նի եւ ­Պոլ­սոյ մէջ, չէին կար­ծեր, որ ան մեծ գոր­ծի մը կազ­մա­կեր­պի­չը պի­տի դառ­նար։ ­Մարզ­պետ թուր­քե­րէ­նը մայ­րե­նի լե­զո­ւի նման կը գոր­ծա­ծէր։ Ու­նե­նա­լով հաս­տա­տա­կամ բնա­ւո­րու­թիւն մը, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ իւ­րա­ցուց նոր ո­գի մը՝ ազ­գա­յին հպար­տու­թիւն ու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թիւն։ ­Լայպ­ցի­կի մէջ կրթու­թիւն ստա­ցած ­Մարզ­պետ իր մէջ անձ­նա­ւո­րեց կե­սա­րա­ցիի ու­շի­մու­թիւ­նը, գեր­ման գործ­նա­կան ո­գին եւ հա­յու գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րա­պէս։ Այս ձիր­քե­րը թոյլ տո­ւին ի­րեն, որ յու­սա­հա­տու­թեան եւ լքու­մի օ­րե­րուն, լու­սա­ւոր աստղ մը դառ­նայ ա­ղէ­տի վայ­րե­րուն մէջ։

«­Զի­նա­դա­դա­րի նա­խօ­րէին, ա­ռանց ող­ջու­նե­լու յաղ­թա­նա­կը, ա­ռանց տես­նե­լու հայ­րե­նի­քին ան­կա­խու­թիւ­նը, իր հո­գին ալ կ­’եր­թար միա­նա­լու Ա­րա­բիոյ ա­նա­պատ­նե­րը ող­ջա­կի­զո­ւած հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րուն, ո­րոնց փրկու­թեան հա­մար յան­դուգն ծրա­գիր­ներ գոր­ծադ­րե­լով՝ ­Մարզ­պետ պայ­քա­րած էր մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը»։

Ն.

Տպել Տպել