ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԿի Ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի Խօսքը

1918 Մայիս 28ի, այսինքն՝ մեր Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի անհուն հպարտանքին առիթո՛վ է որ հաւաքուած ենք այս գիշեր, այստեղ:

Պատկերացուցէք, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն երեք տարիներ ետք, Սարդարապատեան խոյանքներով կերտուած, Հայաստանի՝ թէեւ կարճ, սակայն իր տարողութեամբ մեր ազգին համար բախտորո՛շ անկախութեամբ ամրագրուած Հանրապետութեան հարիւրամեակն է այսօր: Առանց տարակուսանքի կը հաստատենք՝ պանծալի՛ թուական մըն է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ 1918ի Մայիս 28ն, որ եկաւ իր վճռորոշ դրոշմը դնելու հայոց պատմութեան ընթացքին վրայ: Աւելի՛ն, ան հայութեան ազգային ճակատագիրը փոխեց եւ դրաւ հայ ժողովուրդի 20րդ դարը նոր ու աւելի բարենպաստ շաւիղի մը վրայ:

Թուական՝ որ ո՛չ միայն կը խորհրդանշէ հայ պետականութեան վերահաստատումը, այլ անկէ շատ աւելի հեռուն երթալով՝ կը մարմնացնէ հայ ժողովուրդին վերածնունդը: Վերածնունդ մը՝ մոխիրներէ, արհաւիրքէ, կորուստէ ու դժուար նկարագրելի Ցեղասպանութենէ: Վերածնունդը ժողովուրդի մը, որուն միա՛յն մէկ փոքր մասը մնացած էր կանգուն Արեւելահայաստանի մէջ, շրջապատուած անպատսպար հայ գաղթականներու պատառիկներով:

Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, սիրելինե՛ր, թէ որքան դժուար ու աներեւակայելի պէտք էր որ եղած ըլլար՝ ստանալ թուրքին կոտորող հարուածը, ենթարկուիլ Ռուսիոյ քմայքին, ունենալ կենցաղային ու առողջապահական դժնդակ պայմաններ, առանձին լքուած ըլլալ Պրէսթ-Լիթովսկի դաշնագիրով եւ կուրծք տալ այս բոլորով մէկ նախայարձակ ու ընչաքաղց թրքական զօրքերուն: Ակնթարթի մը համար պատկերացուցէք 1918ի Մայիս ամիսը, երբ Մայիս 28ի նախորդող երկու շաբաթներուն, թրքական ուժերը յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին Ալեքսանդրապոլի եւ Երեւանի ուղղութեամբ. միա՛յն հայ զօրքերու մնացորդացին, ֆետայական գունդերէն ճողոպրած խումբերուն եւ Գէորգ կաթողիկոս Սուրէնեանցի յորդորներուն շնորհիւ է որ կարելի պիտի ըլլար թշնամին կասեցնել Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն, ծանր կորուստներով պաշտպանել բուռ մը պապենական հողը եւ յայտարարել Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Եւ այս մէկը՝ 600 տարիներ Հայոց իշխանութիւնը մեր իսկ հողին վրայ կորսնցնելէ ետք, եթէ հաշուի առնենք Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, որ վերջ գտաւ 1375ին, իսկ շուրջ 900 տարիներ՝ եթէ հաշուի առնենք Բագրատունեաց հարստութիւնը Մեծն Հայքի մէջ, զոր կորսնցուցինք 1045ին: Ահաւասի՛կ վերածնունդ բառը՝ իր իսկակա՛ն իմաստով:

Այս վերածնունդը, հայ պետականութեան այս վերահաստատումը, նոյնի՛սկ եթէ տեւեց նուազ քան 1000 օրեր, պատճառ դարձաւ Խորհրդային Հայաստանով անոր շարունակութեան, ապա աւետեց մինչեւ այսօրուան նորանկախ Հայաստանի գոյութիւնը: Այս հանրապետութիւնը սատարեց երկրագունդի 5000է աւելի ազգեր եւ ժողովուրդներ հաշուող, սակայն գոյութիւն ունեցող միայն 200 երկիրներէն մէկը ըլլալու Հայաստանի հանգամանքին, իրաւո՛ւնք տուաւ հայուն իր Եռագոյնը պարզելու, ենթահողը պատրաստեց Արցախեան մեր ազատամարտի տրամաբանութեան, մղիչ ուժը եղաւ հայուն՝ հա՛յ մնալու յետ-Ցեղասպանութիւն Սփիւռքին մէջ, եւ մեզ բոլորս համակեց ազգային հպարտութեամբ, ազգովին լինելու եւ զարգանալու տենչով:

Սովետական Միութեան օրերուն, այս մատղաշ, սակայն փիւնիկի նման յարութիւն առած հանրապետութիւնը, լայնածաւալ յարձակումի եւ արժեզրկումի ճիգերու ենթարկուեցաւ: Հայ պոլշեւիկներու, Խորհրդային համայնավար կարգերու եւ Պաղ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, այս հանրապետութեան մասին գրեթէ ամէն ինչ ժխտական պրիսմակով ներկայացուեցաւ: Լաւ գիտէք, սիրելինե՛ր, որ պայմանները դժն-դակ էին: Բազմահազար անպատսպար արեւմտահայ գաղթականներու, օրական փոխանցիկ հիւանդութիւններէ հազարներով մահացողներու եւ աւելի քան 6 ամիս տեւած սովէ տառապողներու նորանկախ հայրենիքն էր ասիկա։ Այս բոլորով հանդերձ, այս նորաստեղծ հանրապետութիւնը կրցաւ ըստ կարելւոյն ընդլայնել ու պահպանել հայկական հողատարածքը, ապաստան տալ հայ գաղթականներուն, պետական գործունէութեամբ սովին առաջքը առնել, իսկ աւելի՛ն, մէկ քայլ անդին անցնելով, ի միջի այլոց նաեւ կազմեց Հայկական բանակը, հաստատեց համալսարան, հայ կնոջ տուաւ քուէարկելու իրաւունք, երբ Արեւմուտքը տակաւին չէր ընկալած այս յառաջադէմ գաղափարը, հաստատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ ու երկիրը ամրօրէն դրաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաջորդող թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ քաղաքական քարտէսներուն վրայ:

Իսկ մենք, իբրեւ Դաշնակցութիւն եւ հայութիւն, Սփիւռքին մէջ փայփայեցինք այս դողդոջ, բայց մեր հպարտանքին եւ ինքնավստահութեան առարկայ դարձած առաջին Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ հայութեան վերածնունդի խորհրդանիշ եւ վաւերագիր. պարզեցինք անոր Եռագոյնն ու Զինանշանը իբրեւ ազգային արժէքներու վահաններ, կազմակերպեցինք փառատօներ՝ անոր գովքը հիւսելու եւ անոր պատգամած իմաստներով հիանալու: Իսկ ճի՛շդ պահուն, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումին, այդ Եռագոյնը իրաւացիօրէն վերադարձաւ իր ծննդավայրը եւ բնօրրանը, քաղաքամայր Երեւա՛ն: Վայրկեանուան մը համար երեւակայեցէ՛ք, թէ ինչպիսի՛ բարեբաստիկ դերակատարութիւն ունեցած է այս Եռագոյնը, 1918էն մինչեւ օրս, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համար:

Սիրելինե՛ր, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան բացայայտ եւ իմաստներով լեցուն ժողովուրդ-ղեկավարութիւն գրկընդխառնութիւնը, այդ օրերէն 100 տարիներ ետք՝ երեք պատգամներ կու տայ մեզի.

Առաջին. անոնք հարիւր տարիներ անց մեզի կը պատգամէն տէր կանգնիլ մեր մարդկային իրաւունքներուն: Այսինքն՝ օրապահիկը ճակտի արդար քրտինքով ապահովելու, իբրեւ մարդ՝ կեղեքումներն ու կողոպուտը մերժելու, կալանքներէ ձերբազատուելու, ընտանիքի անդամներուն գոյութիւնը պահպանելու եւ ազատօրէն ապրելու իրաւունքը պահանջել:

Երկրորդ. իբրեւ ազգ եւ յատուկ մշակոյթի, լեզուի, սովորութիւններու, աշխարհագրութեան ու նախնիներու հողին վրայ բազմադարեայ կեանք ունեցած ժողովուրդ՝ տէ՛ր կանգնիլ պապենական ժառանգութիւն եղած մեր հողերուն, պահպանել մեր ազգային արժէքներն ու կենցաղը, ազատագրուած հայրենի տարածքին վրայ գուրգուրալ, իսկ հարկ եղած պարագային նաեւ արեա՛մբ պաշտպանել զայն, եւ անկախ ինքնիշխանութեան ներքեւ զարգացնել գալիք սերունդներու բնօրրան հայրենիքը:

Երրորդ. հայութիւնը տեսնել իբրեւ միասնակա՛ն ու մէ՛կ ամբողջութիւն: Այս պատգամը մեզի մինչեւ օրս կ՛արձագանգէ Արեւմտահայ փախստականներուն անոնց տուն ու տեղ տրամադրելու պատրաստակամութենէն եւ Մայիս 28, 1919ին Միացեալ Հայաստանի ծրագիրին անոնց յայտարարութեամբ:

Ահաւասի՛կ իրենց պատգամները՝ ազատօրէն իբրեւ մարդ ապրելու, անկախ պետականութեամբ առաջնորդուելու եւ հայութիւնը միասնական մէկ ամբողջութիւն տեսնելու երեւոյթներուն ու կեցուածքներուն ընդմէջէն:

Սիրելիներ, այն օրէն ի վեր, երբ 128 տարիներ առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն եւ իր կոչումն ու գոյութեան իմաստը համարեց հայ ժողովուրդի ազգային ու ընկերային իրաւունքներուն տէր կանգնիլը եւ անոր մարդկային ու հայրենական արժանապատուութեան պահպանումը, յատուկ կապ մը ստեղծուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ հայ ժողովուրդին միջեւ: Կա՛պ, որուն միջոցով ժողովուրդը տուաւ իր վստահութեան քուէն, կամովի՛ն տրամադրեց իր հաւանութիւնը Դաշնակցութեան միջոցաւ առաջնորդուելու, եւ աւելին՝ անոր ընդմէջէն իր ազգային իղձերուն յաջողութեան բանալին փնտռելու: Պարտաւորեցուցիչ կապ մը, անկասկա՛ծ, որուն միջոցաւ Դաշնակցութիւնը ինքզինք տեսաւ ղեկավարի դիրքի մը դէմ յանդիման, դրա՛ւ ինքզինք զոհաբերութեան բագինին, նուիրե՛ց ու տակաւին կը նուիրէ իր լաւագոյնները մեր անիրաւուա՛ծ, սակայն մի՛շտ իրաւատէր ազգի Դատին:

Այդ կապը առկայ էր ձեզի հետ, սիրելիներ, նոյն ինքն ԵՐԿՐԻՆ մէջ, երբ ձեր նախնիները դաշնակցականացան, եղան ֆետայիներ ու պաշտպանեցին հայ գիւղացին ու հայ կինը թուրքի յարձակումներուն ու կեղեքումներուն դէմ: Այդ կապը տիրող ուժ էր, երբ մենք համատեղ ճիգերով կազմակերպեցինք Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու Սփիւռքը: Այդ կապը անքակտելի էր, երբ մենք ձեռք-ձեռքի քաղաքականացուցինք ու յեղափոխականացուցինք Սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենի հողին վրայ ոտք չդրած, բայց մի՛շտ հայրենիքով տոգորուած սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը: Այդ կապը գերակշիռ էր, երբ մենք առաջին գիծերու վրայ մասնակցեցանք Արցախի ինքնապաշտպանութեան ու ազատագրութեան դատին, ապա՝ անոր քաղաքական ամրակայման աշխատանքին: Վերջապէս, այդ կապը ակներեւ էր, երբ միասնաբար գուրգուրացինք խորհրդային ճիրաններէն անկախացած մեր երրորդ Հանրապետութեան դողդոջ քայլերուն վրայ եւ մասնակցեցանք անոր ամրակայման:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան այս հարիւրամեակին, եկէք հաստատե՛նք, որ այդ կապը բացայայտ էր, երբ մենք միասնաբար կերտեցինք այդ բախտորոշ հանրապետութիւնը՝ 1918ին: Եւ քանի որ անոր յաջորդող Պաղ պատերազմի ընթացքին, մեր վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը ունեցաւ առնուազն երկու զիրար հակասող պատմագրութիւններ, ապա ասիկա եզակի առիթ է Մայիսեան խոյանքներով սկիզբ առած մեր առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը վերջապէս օգտագործելու՝ ճի՛շդ շեշտադրումները կատարելու եւ առհասարակ Դաշնակցութեան բանալի դերակատարութիւնը բացայայտելու համար հայրենի ժողովուրդին մօտ: Վերջին հաշուով, սիրելիներ, մեր այդօրեայ գործիչները չէին սո՛սկ դաշնակցական անձեր, որոնք կ՛ընէին անհատական սխրագործութիւններ, այլ բոլո՛րն ալ կը կիրարկէին Դաշնակցութեան կամքն ու անոր ժողովներուն որոշումները, իբրեւ Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայասատանի ծրագիրին գործնականացում, իբրեւ հաւաքական ղեկավարութեան արտացոլացում: Նաեւ հաստատենք, որ Դաշնակցութիւնը ո՛չ ինքնագովութենէ կը տառապի, ո՛չ ալ կը սնանի սոսկ անցեալի ոգեկոչումներով, բայց մեր ազգային ու հայրենական յաղթանակներուն տեղի՛ն բնութագրումը միայն պիտի առաջնորդէ այսօրուան եւ ապագային ձեռք բերուելիք մեր փայփայած նո՛ր յաղթանակներու կառուցման ու մարդուժի յառաջացման:

Այո՛, սիրելիներ, այդ կապը մենք եւ դուք ստեղծեցինք, իրարու մէջ միաձուլուեցանք, նոյնացա՛նք մէկս միւսին հետ, որովհետեւ ունեցանք ազգային տեսիլք, ունեցանք արժանապատուութիւն, ազատ ապրելու մարմաջ, ունեցանք ազգային գիտակցութի՛ւն։

Հիմա, երբ Հայաստանը անգամ մը եւս անկախացած է 27 տարիներէ ի վեր, կարծէք տակաւին մեր հայրենիքը իր հաւասարակշռութիւնը կը փորձէ գտնել քանի մը վարչակարգերէ եւ սահմանադրութիւններէ ետք: Մեր որոնած ու փայփայած հայրենիքը կը շարունակէ կառուցման ընթացքի մէջ ըլլալ: Արդեօք պիտի յաջողի՞նք Հայաստանը աւելի ամրակայել, ամրօրէն զայն ապահովագրել, զայն զարգացնել ու վերածել պինդ հիմերու վրայ շինուած, ժողովրդավարութեամբ փարոսացած, ընկերային արդարութեամբ զրահապատուած, բոլորիս պատկերացուցած հայրենիքին: Արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ Հայաստանէն արտագաղթի տուն տուող պատճառները դարմանել: Արդեօք պիտի կարենա՞նք Արցախը յաւելեալ հզօրացնել, զայն անթափանցելի ու անխորտակելի դարձնել, ու միանգամա՛յն զայն վնասազերծել Ատրպէյճանի սադրանքներէն, դարանակալ ընչաքաղցութենէն ու մնայուն խափանարարութիւններէն: Հայաստանի երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան 2018ի Ապրիլին ծայր առած ցասումն ու համաժողովրդական շարժումը, ապա նաեւ անոր յաջորդող իշխանափոխութիւնը, մեզ բոլորիս յոյս կը ներշնչէ, թէ իմաստալից փոփոխութիւն մըն է, որ ծայր առած է հայրենի հողին վրայ: Բոլորս եւ յատկապէ՛ս Հայաստանի ժողովուրդը, երկար ատենէ ի վեր ակնկալուած նոր զարթօնքն է որ կ՛ապրինք այսօր:

Իսկ Սփիւռքը, իր կարգին, կը թեւակոխէ իր տագնապներն ու 4րդ սերունդի դժուարութիւնները: Արդեօք պիտի յաջողի՞նք յետ-Ցեղասպանութիւն Սփիւռքին մէջ մաշումը պակսեցնել եւ կասեցնել, Սփիւռքը հայօրէն զարգացնել ու զայն ծառայեցնել այսօրուան ու ապագայ հայրենիքի բարօրութեան: Վերջապէս, պիտի կարենա՞նք բոլորիս փայփայած ողջ Հայութեան Դատը, Ցեղասպանութեամբ սպիացած քաղաքական ու աշխարհագրական իր դրուածքներով, իր արդա՛ր լուծումին հասցնել:

Ամրակայուած Հայաստանը, բնականաբար իր Արցախով, եւ հզօր Սփիւռքը, այնքա՛ն ատեն որ անոր գոյութեան պատճառը անլոյծ է, պիտի շարունակեն մնալ մեր ազգի ապագայ զարգացման հիմնաքարերը: Մենք, իբրեւ համահայկական եւ աշխարհով մէկ տարածուած կուսակցութիւն, ինչպէս մի՛շտ եւ ամէնուրեք, պիտի առաջնորդուինք ամենայն լրջախոհութեամբ, մեկնելով պատասխանատուութեան գիտակցութեան բարձրագո՛յն դիրքերէն:

Ա՛յն ձեւով, որ հայաստանեան երիտասարդութիւնը եկաւ ստանձ-նելու ճակատագրական դերակատարութիւնը հայրենիքէն ներս, նոյնպէս եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը, իբրեւ յառաջադէմ, ուսեալ, գիտութիւններով ու օրուան արհեստագիտութեամբ զինուած զանգուած՝ կոչուած է յատուկ դերակատարութիւն վերցնելու մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Սիրելի՛ երիտասարդներ, դո՛ւք էք, որ պիտի նուիրաբերէք ձեր ազգին՝ տալո՛վ, շա՛տ ու անսահման տալով եւ միա՛յն հոգեկան գոհունակութիւն ակնկալելով: Դո՛ւք էք, որ ըլլալով մեր ազգի ապագայ սերունդը ու անոր նոր առաջնորդները, պիտի մասնակցիք աշխարհացրիւ 10 միլիոն հայութեան աւելի փայլուն ապագայի մը կերտումին: Եւ այդ գործին մէջ մեծն ու փոքրը չկան, կան միա՛յն արդար եւ ճիշդ գործեր, հարցերուն առողջ, խելացի ու առաքինի մօտեցումներ: Այսպէ՛ս է, որ մենք մեր նախնիներուն աւանդը փոխանցելով՝ սերնդափոխութիւնը պիտի ապահովենք մեր գաղութներու ղեկավարութեան ու կազմակերպութիւններու քատրերուն մէջ:

Սիրելինե՛ր, ահաւասիկ կը տեսնէք, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Մայիս 28, 1918ով մեր տեսակը չխորտակուեցաւ, ու մեր կեանքի թելը այդ անկիւնադարձային թուականին միջոցաւ ամուր պահուեցաւ՝ պատճառ դառնալով, որ մեր պատմութիւնը գրուի տարբեր ձեւով, ո՛ղջ պահելով հայ ազգը իբրեւ ժողովուրդ, իբրեւ պետականութիւն, իբրեւ այլ ազգ-պետութիւններու կողքին լիարժէք կերպով դրօշակ պարզող ու ինքնիշխան երկիր:

Շա՛տ բան գրուեցաւ եւ պիտի գրուի մեր ժողովուրդի վերջին դարաշրջանին մասին: Մեր հաւատամքն է, որ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գործը սկսաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հաստատումով, անցաւ Արցախի ազատագրումի բովէն, եւ մեր այս նոր պատմութեան գիրքի յաջորդող գլուխները տակաւի՛ն պիտի գրուին ի նպաստ հայ ժողովուրդին, ի նպաստ արդարութեան:

Փա՜ռք մեր Անկախութեան կերտիչներուն:

Պատի՜ւ անոր կայացման ճամբուն վրայ ինկած մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

Յարգա՜նք Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի անկիւնաքար հանդիսացող Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան:

Կեցցէ՛ս դուն, Հա՛յ ժողովուրդ:

asbarez.com

Տպել Տպել