4 Յունիս 1918. Բաթումի նուաստացուցիչ Պայմանագրի դառն ու դաժան դասերը


1918 ի այս օ­րը՝ ­Յու­նիս 4ը կը խորհրդան­շէ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան սեւ թո­ւա­կան­նե­րէն մէ­կը։

Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին բե­կո­րին վրայ ­Մարտ 1918ին յար­ձա­կած թրքա­կան բա­նա­կին դէմ, Մա­յիս 22էն 30 հե­րո­սա­բար դի­մադ­րե­լէ, յաղ­թե­լէ, զայն նա­հան­ջի մղե­լէ եւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կե­լէ ետք, ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը, ­Մա­յի­սի սկիզ­բէն Պա­թում ու­ղար­կո­ւած Անդրկով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հայ մաս­նա­կից­նե­րուն՝ այ­լեւս ար­դէն իբ­րեւ ինք­նու­րոյն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն, յանձ­նա­րա­րեց ստո­րագ­րել Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ «­Հաշ­տու­թեան եւ բա­րե­կա­մու­թեան պայ­մա­նա­գիր» մը, որ պատ­մու­թեան ան­ցաւ ­Բա­թու­մի ­Դաշ­նա­գիր ա­նու­նով։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մէն սկսեալ ի­րա­րու հե­տե­ւած պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ ծան­րակ­շիռ եւ բախ­տո­րոշ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ընդգր­կուն խճան­կա­րին մէջ կը տե­ղադ­րո­ւի ­Բա­թու­մի ­Դաշ­նա­գի­րը, որ օ­րին իսկ եւ զայն ստո­րագ­րած հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ ո­րա­կո­ւե­ցաւ «խայ­տա­ռակ» ու «նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ» փաս­տա­թուղթ մը։

Ա­ւե­լի՛ն. պատ­մու­թեան դառն հեգ­նան­քով, ­Բա­թու­մի ­Դաշ­նա­գի­րը ե­ղաւ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստո­րագ­րած մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին փաս­տա­թուղ­թը, որ ե­թէ մէկ կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­ցող ա­ռա­ջին երկ­րի ի­րա­ւա­վի­ճա­կը տո­ւաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան, միւս կող­մէ սա­կայն,­՛ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն, նսե­մա­ցուց թէ՛ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան տա­րած­քը, թէ՛ նոյ­նինքն ան­կա­խու­թեան ո­րակն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։

Բա­թու­մի ­Դաշ­նագ­րով՝ փաս­տօ­րէն հա­զիւ 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթ­րի մէջ սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քը՝ թուր­քե­րուն զի­ջե­լով, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի կող­քին, նաեւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի մե­ծա­գոյն մա­սը, ո­րոնք ի­րո­ղա­պէս թրքա­կան գրաւ­ման տակ կը գտնո­ւէին ան­շուշտ։ ­Նոյն­պէս սահ­մա­նա­փա­կու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ եւ նսե­մա­ցաւ, ­Դաշ­նագ­րին մէջ տեղ գտած պայ­մա­նա­դիր յօ­դո­ւած­նե­րով, «հայ­կա­կան ան­կա­խու­թիւ­նը»՝ այն ա­ռու­մով, որ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ոչ միայն ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, այ­լեւ ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լու ո­րոշ ի­րա­ւունք ստա­ցան թուր­քե­րը…
Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կող­մէ «­Պայ­մա­նա­գիր»ը ստո­րագ­րող գլխա­ւոր դէմ­քե­րը Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեա­նը, ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նին եւ Մ. ­Պա­պա­ջա­նովն էին, իսկ թրքա­կան կող­մէ՝ ­Խա­լիլ ու ­Վե­հիպ փա­շա­նե­րը։

Թէեւ ­Պա­թու­մի ­Պայ­մա­նա­գի­րը իր ստո­րագ­րու­թեան պա­հէն իսկ ի­րո­ղա­պէս չյար­գո­ւե­ցաւ եւ քա­ղա­քա­կան ի­մաստ ու կեանք չու­նե­ցաւ, բայց ինչ­պէս օ­րին, նաեւ ու մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան խոր­տա­կու­մէն ետք տե­ւա­բար չա­րա­շա­հո­ւե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի այն հո­սանք­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կեր­տած սե­րուն­դին եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ ի­րենց մղած վար­կազրկ­ման պայ­քա­րին մէջ ու­զե­ցին կա­րե­ւոր «յաղ­թա­թուղ­թի» վե­րա­ծել Պայ­մա­նագ­րին ստո­րագ­րու­մը։

Մին­չեւ մեր օ­րե­րուն յա­մե­ցան ­Բա­թու­մի ­Պայ­մա­նագ­րին չա­րա­շա­հու­մով հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ար­շա­ւը վե­րա­նո­րո­գե­լու փոր­ձե­րը՝ Ս­տե­փան ­Պօ­ղո­սեա­նի օ­րի­նա­կով պատ­մա­բան­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք սա­կայն սնան­կա­ցած խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­կան զի­նա­նո­ցէն դուրս հիմ­նա­ւո­րում­ներ չգտան եւ ի­րենց կար­գին դա­տա­պար­տո­ւե­ցան… սնան­կու­թեան եւ ան­հեռ­նա­կար ար­շա­ւի մը վե­րա­ծո­ւե­լու ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նին։
Բայց ին­չո՛ւ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Բա­թու­մի ­Պայ­մա­նա­գի­րը։

Պա­տաս­խա­նը կա­րե­ւոր է նախ նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան հան­գու­ցա­յին այդ պա­հը ըմբռ­նե­լու եւ ճանչ­նա­լու, ա­պա եւ յատ­կա­պէս պատ­մու­թեան դառն ու դա­ժան դա­սե­րը սեր­տե­լու հա­մար, որ­պէս­զի այ­սօր կամ վա­ղը ազ­գո­վին չյայտ­նո­ւինք միեւ­նոյն օր­հա­սա­կան վի­ճա­կին մէջ։

Ին­չո՛ւ օ­րո­ւան դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ստո­րագ­րեց խոր­քին մէջ պար­տու­թեան, այլ ոչ թէ «հաշ­տու­թեան եւ բա­րե­կա­մու­թեան» այդ պայ­մա­նա­գի­րը։

Չէ՞ որ ­Մա­յիս 22էն սկսեալ, հայ ազ­գա­յին մար­տու­նա­կու­թիւնն ու դաշ­նակ­ցա­կան յանդգ­նու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­սակ մարմ­նա­ւո­րող Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի մէջ կծկո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ թրքա­կան զօր­քե­րու մա­հա­ցու ներ­խու­ժու­մին դէմ եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի, ­Բաշ Ա­բա­րա­նի ու Սար­դա­րա­պա­տի ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ պար­տու­թեան մատ­նեց եւ նա­հան­ջի մղեց թրքա­կան զօր­քե­րը։

Չէ՞ որ ­Մա­յիս 28ին ար­դէն շրջո­ւած էր հա­յոց պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի կոր­ծա­նա­րար ա­նի­ւը. աշ­խար­հէն լքո­ւած եւ հա­յաս­պան ­Թուր­քիոյ ար­շա­ւող բա­նա­կին դէմ ա­ռան­ձինն ծա­ռա­ցած՝ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը, ­Յու­նո­ւար 1918էն սկսեալ շա­րու­նա­կա­բար ընկր­կե­լէ եւ մին­չեւ մա­հո­ւան ան­դուն­դը նա­հան­ջե­լէ ետք, կրցաւ իր մէջ գտնել հրա­շա­զօր ­Կամքն ու հե­րո­սա­կան Ոյ­ժը, որ­պէս­զի վեր­ջին կռի­ւը մղո­ղի օր­հա­սա­կան լա­րու­մով դէ­պի ռազ­մա­ճա­կատ ուղ­ղո­ւի եւ քա­ջե­րու օ­րէն­քով վեր­ջա­կէտ դնէ դա­րա­ւոր ո­սո­խի մահ եւ ա­ւեր սփռած ար­շա­ւան­քին։

Ան­շուշտ որ յաղ­թար­շա­ւի օ­րեր կ­þապ­րէինք ­Մա­յիս 1918ի վեր­ջին օ­րե­րուն, բայց թրքա­կան նա­հան­ջը չէր նշա­նա­կեր, որ թշնա­մին ջախ­ջա­խուած էր։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ թրքա­կան զօր­քը իր գրաւ­ման տակ կը պա­հէր Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը եւ պէտք չէ մոռ­նալ, որ Մա­յիս 29ին, ­Սար­դա­րա­պա­տի ռազ­մա­ճա­կա­տի հրա­մա­նա­տար զօր. ­Սի­լի­կեա­նը կոչ կ­þուղ­ղէր բո­լո­րին, որ վեր­ջին գրո­հով մը թրքա­կան գրաւ­ման բա­նա­կէն ա­զա­տագ­րեն նաեւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը։

Այդ­պէ՛ս էր, որ ա­զա­տագ­րո­ւած Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լով ճշդո­ւե­ցաւ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­մա­նը ­Բա­թու­մի ­Պայ­մա­նագ­րին կող­մէ։

Բայց պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան խո­րա­պատ­կե­րով ըն­կա­լե­լու հա­մար, պէտք է տես­նել, թէ ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րու վրայ յաղ­թա­նա­կող հա­յու­թիւ­նը ին­չո՛ւ պար­տա­ւո­րո­ւած էր ստո­րագ­րե­լու քա­ղա­քա­կան պար­տու­թիւն խորհր­դան­շող ­Բա­թու­մի Պայ­մա­նա­գի­րը։ Եւ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ, որ պա­տե­րազ­մը կորսնց­նող ­Թուր­քիան, այդ­պէ՛ս, քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նակ ձեռք ձգեց… 4 ­Յու­նիս 1918ին։
Չ­մոռ­նանք, որ 1917ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նը տուն կան­չած էր իր զօր­քե­րը՝ կով­կա­սեան ճա­կա­տին վրայ մինչ այդ պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան բա­նա­կին ըն­ծա­յե­լով Անդր­կով­կա­սի վրայ նո­րո­վի յար­ձա­կու­մի ձեռ­նար­կե­լու ոս­կի պա­տե­հու­թիւ­նը։

Հա­կա­ռակ մէկ կող­մէ բոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նի եւ միւս կող­մէ ­Թուր­քիոյ ա­ւագ դաշ­նա­կից ­Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ տա­րո­ւող պա­տե­րազ­մի դադ­րեց­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ­Մարտ 1918ին յան­գե­ցան Փ­րեսթ-­Լի­թովս­քի ­Պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցած պա­հը նկա­տե­ցին յար­մա­րա­գոյն ա­ռի­թը, որ­պէս­զի ի գործ դնեն ­Պա­քու հաս­նե­լու եւ հոն­կէ դէ­պի Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա բա­ցո­ւե­լու հա­մաթր­քա­կան տի­րա­պե­տու­թեան եւ միա­ւոր­ման ի­րենց ծրա­գի­րը։ Այդ ճամ­բուն վրայ թուր­քե­րը ի­րենց թի­կուն­քին ու­նէին ­Գեր­մա­նիոյ օրհ­նու­թիւ­նը, որ կը հիմ­նո­ւէր ­Պա­քո­ւի նաւ­թա­հո­րե­րուն տի­րա­նա­լու եւ Ա­րեւմ­տեան ռազ­մա­ճա­կա­տին իր զօր­քե­րուն պակ­սող վա­ռե­լա­նիւ­թը ա­պա­հո­վե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան հա­շո­ւար­կին վրայ։Ա­հա այդ ա­ռու­մով՝ ստոյգ պար­տու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած Գեր­մա­նիոյ եւ ­Թուր­քիոյ ի նպաստ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քը շրջե­լու ճամ­բուն վրայ՝ ար­գե­լա­կիչ վեր­ջին պա­տուա­րը հայ ժո­ղո­վուրդն էր, ո­րով­հե­տեւ Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի միւս եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը՝ վրա­ցի­ներն ու թա­թար­նե­րը, ի­րենց տար­բեր հա­շիւ­նե­րով հան­դերձ, թրքա­կան յար­ձա­կու­մին դի­մադ­րե­լու պատ­ճառ չու­նէին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ թա­թար­նե­րու պա­րա­գա­յին նոյ­նիսկ ող­ջու­նողն էին ազ­գա­կից թուր­քե­րու յաղ­թա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քը դէ­պի ­Պա­քու…
Ա­հա թէ ի՛նչ քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նա­կի մա­սին է խօս­քը։

Թէեւ ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ պար­տուած ռազ­մա­կա­նօ­րէն, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Թիֆ­լի­սի մէջ, ուր կեդ­րո­նա­ցած էր Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, թուր­քե­րը պա­րարտ հող գտած էին օգ­տո­ւե­լու ­Ռու­սաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր բա­ցա­կա­յու­թե­նէն եւ ի­րենց զօր­քով եւ գե­րակշ­ռու­թեամբ լեց­նե­լու… պա­րա­պը։

Պա­տա­հա­կան զու­գա­դի­պու­թիւն չէր, հե­տե­ւա­բար, որ ­Յու­նիս 4ին ­Բա­թու­մի մէջ «հաշ­տու­թեան» ­Պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րող ­Հա­յաս­տա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ­Յու­նիս 7ին ամ­բողջ թա­փով եւ ­Ռոս­տո­մի ղե­կա­վա­րու­թեամբ կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւե­ցաւ ­Պա­քո­ւի մէջ՝ թրքա­կան ար­շա­ւան­քը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու հա­մար։

Վե­րա­դառ­նա­լով հա­յաս­տա­նեան ճա­կա­տին, մինչ 1918ի ­Յու­նո­ւար եւ ­Փետ­րո­ւար ա­միս­նե­րուն թուր­քե­րը ի­րե՛նք խա­ղա­ղու­թեան եւ հաշ­տու­թեան կը հրա­ւի­րէին Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ շտա­պե­լու եւ դրա­կա­նօ­րէն ըն­դա­ռա­ջե­լու պատ­ճառ չու­նէր, ­Մար­տին Պ­րեսթ¬­Լի­թովս­քի ­Պայ­մա­նագ­րի կնքու­մէն ետք ճիշդ հա­կա­ռակ ըն­թաց­քը պար­զո­ւե­ցաւ։ Այ­նու­հե­տեւ թրքա­կան կող­մը ի՛նք սկսաւ խու­սա­փո­ղա­կան պա­տաս­խան­ներ տա­լու ­Սէյ­մի կող­մէ ի­րեն ուղ­ղո­ւած բա­նակ­ցու­թեանց հրա­ւէր­նե­րուն։ Ա­ւե­լի՛ն. ուղ­ղա­կի անձ­նա­տո­ւու­թեան տա­նող պայ­ման­ներ սկսաւ դնել, ո­րոնց շար­քին ­Կով­կա­սի տա­րած­քին իր զօր­քե­րուն ա­զատ տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէր, բայց նաեւ ու յատ­կա­պէս վերջ­նագ­րի ձե­ւով կը պա­հան­ջէր, որ Անդր­կով­կա­սը իր ան­կա­խու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րէ ­Ռու­սաս­տա­նէն։

Եւ ճիշդ այն օ­րե­րուն, որ Ե­րե­ւա­նի դռնե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դը կե­նաց¬մա­հու իր կռի­ւը կը մղէր թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ՝ ռազ­մա­կան դիր­քե­րու դա­սա­ւո­րու­մը ի նպաստ ի­րեն շրջե­լով, վրա­ցիք եւ թա­թար­նե­րը ըն­դա­ռա­ջե­ցին թրքա­կան վերջ­նագ­րին ու հռչա­կե­ցին ի­րենց պե­տա­կան ան­կա­խու­թիւ­նը։ Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մը քայ­քա­յո­ւե­ցաւ մէկ¬եր­կու օ­րէն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ, եւ այս ան­գամ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն, ա­ռան­ձինն դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ թրքա­կան վերջ­նագ­րին։

Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած հայ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւորո­ւե­ցաւ, ­Մա­յիս 30ին հրա­պա­րա­կո­ւած ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ինք­զինք հռչա­կե­լու հայ­կա­կան հո­ղե­րուն վե­րա­հա­սու միակ իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Այդ հան­գա­ման­քով ալ իր կազ­մէն եր­կու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նին եւ Ա­լեք­սանդր Խա­տի­սեա­նը ու­ղար­կեց ­Բա­թում, որ­պէս­զի թուր­քե­րուն հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեն զի­նա­դա­դա­րի եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Բա­թու­մի բա­նակ­ցու­թեանց սկզբնա­ւո­րու­մին հետ Ե­րե­ւան ստա­ցաւ նաեւ ­Հայ­կա­կան Կոր­պու­սի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար զօր. ­Նա­զար­բէ­գեա­նի ու­ղար­կած եւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց դադ­րեց­ման վե­րա­բե­րող հրա­հան­գը։

Շա­րու­նա­կու­թիւ­նը՝ պատ­մու­թեան դա­ժան ու դառն խա­ղե­րէն հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ­Բա­թու­մի նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ ­Դաշ­նա­գիրն է։

Դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նի­սի 4ին եւ, հեգ­նա­կա­նօ­րէն, նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մը հաս­տա­տագ­րող մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին փաս­տա­թուղ­թը ե­ղաւ։

Ն.

Տպել Տպել