Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան, 1872-1959). ­Հա­ւատ­քի ու ­Հա­ւա­տար­մու­թեան ­Ֆե­տա­յին

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­կեղծ զի­նո­ւոր­նե­րու եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան անձ­նո­ւէր ֆե­տա­յի­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի ­Վար­դան Շահ­պազ, ո­րուն մա­հուան տա­րե­լի­ցը կ’ո­գե­կո­չենք ­Յու­նիս 8ին։

1959ի ­Յու­նիս 8ին, ­Լի­բա­նա­նի մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի Հ.Յ.Դ. ­Ժո­ղովր­դա­յին ­Տան «­Հայ­րիկ»ի իր սե­նեա­կին մէջ, տե­սո­ղու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած՝ մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւե­ցաւ 87ա­մեայ հայ յե­ղա­փո­խա­կանն ու դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յին, որ ­Վար­դան Շահ­պազ ա­նու­նով անջն­ջե­լի իր տե­ղը գրա­ւած էր ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի հե­րո­սա­պա­տում ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ։

1896ին ­Պանք Օ­թո­մա­նը գրա­ւած յան­դուգն գրո­հող­նե­րէն էր ­Վար­դան ­Շահ­պազ, որ մին­չեւ 1930ա­կան­նե­րու սկիզ­բը՝ ­Թուր­քիոյ դէմ Քր­տա­կան ապս­տամ­բու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը, զէն ի ձե­ռին կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւե­ցաւ հո՛ն, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րը շի­կա­ցած էր ու… քա­ջե­րուն կը կան­չէր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թեան։

Իսկ երբ տա­րա­գիր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սփիւռ­քեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս կլա­նո­ւե­ցաւ Ս­պի­տակ ­Ջար­դին դէմ հա­յա­պահ­պան­ման սի­զի­ֆեան պայ­քա­րով, ­Վար­դան Շահ­պազ ե­ղաւ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու հո­գա­ծու եւ պաշ­տե­լի ­Հայ­րի­կը ­Պէյ­րու­թի մէջ՝ մարմ­նա­ւո­րե­լով վե­րապ­րող ­Հայ ­Ֆե­տա­յիի վառ կեր­պա­րը՝ ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի Հա­ւատք ու ­Հա­ւա­տար­մու­թիւն խորհր­դան­շող ­Խո­նարհ ­Հե­րո­սը։

Մի­նաս ­Տօ­նի­կեան կը կո­չո­ւէր ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով. 1871ին կամ 1872ին ծնած էր Սե­բաս­տիա, ­Տի­վի­րիկ գա­ւա­ռա­կի Օ­տուռ գիւ­ղը։ Ա­տաղ­ձա­գործ էր եւ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ՝ ա­մուս­նա­ցած էր, հայ­կա­կան տոհ­միկ սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն։ ­Հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րու ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րը պանդխ­տու­թեան մղե­ցին նաեւ ­Մի­նա­սին, որ յղի կնո­ջը իր ծնող­քի խնամ­քին վստա­հե­լով՝ ան­ցաւ ­Պո­լիս, ապ­րուստ ճա­րե­լու եւ ըն­տա­նի­քը պա­հե­լու նպա­տա­կով։

Օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղա­քը, սա­կայն, այլ հու­նի մէջ մտցուց ­Մի­նաս ­Տօ­նի­կեա­նի կեան­քը։ Պոլ­սոյ մէջ ծա­նօ­թա­ցաւ եւ փա­րե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ա­ռա­ջին զի­նո­ւո­րեալ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ նո­րա­կազմ կու­սակ­ցու­թեան եւ կրա­կի իր մկրտու­թիւ­նը ստա­ցաւ 1896ի Օ­գոս­տո­սին, երբ Հ.Յ.Դ. ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն ո­րո­շեց, ծրագ­րեց եւ գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նեց Օս­մա­նեան Դ­րա­մա­տան գրաւ­ման յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ Հա­մի­տեան հա­կա­հայ խժդժու­թեանց եւ հա­մա­տա­րած կո­տո­րած­նե­րուն վերջ տա­լու, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Ծ­րա­գի­րը ան­մի­ջա­պէս ի գործ դնե­լու պա­հանջ-վերջ­նագ­րով։

Վար­դան ­Շահ­պազ յե­ղա­փո­խա­կան ա­նո­ւա­նու­մը ստա­ցած՝ ­Մի­նաս մաս կազ­մեց ­Պանք Օ­թո­մա­նի վրայ գրո­հին եւ գրա­ւու­մին։ Գ­րաւ­ման ա­ւար­տէն ետք, ծո­վու ճամ­բով նախ Փի­րէա (­Յու­նաս­տան) եւ ա­պա ­Մար­սէյլ (Ֆ­րան­սա) փո­խադ­րո­ւած մար­տիկ­նե­րու շար­քին էր ­Շահ­պազ, որ սա­կայն չու­զեց մնալ Ֆ­րան­սա­յի մէջ եւ մեկ­նե­ցաւ Ար­ժան­թին՝ պան­դուխ­տի իր ցու­պը վերս­տին ձեռք ա­ռած։ ­Բայց Երկ­րի կան­չը այն­քան ու­ժեղ էր, որ ա­միս­ներ ետք ար­դէն ­Շահ­պազ վե­րա­դար­ձի ճամ­բան ընտ­րած էր եւ ուղ­ղուե­ցաւ Պարս­կաս­տան, հաս­տա­տո­ւե­լու հա­մար ­Խոյ՝ ­Սալ­մաստ, ուր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­գոր­ծա­րա­նը հիմ­նո­ւած էր եւ դար­ձած էր կեդ­րո­նաց­ման ժա­մադ­րա­վայ­րը Սահ­մա­նը Անց­նող­նե­րուն։

Եր­կիր մտաւ, իր կար­գին, նաեւ ­Վար­դան ­Շահ­պազ, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի խում­բին մէջ, լծո­ւե­լու հա­մար ­Վա­նի եւ շրջա­կայ գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու, զի­նե­լու եւ մար­զե­լու գոր­ծին։

Մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին, որ­մէ ետք կու­սակ­ցա­կան ո­րո­շու­մով պա­հո­ւե­ցաւ ­Կար­սի Հ.Յ.Դ. զի­նա­գոր­ծա­րա­նին մէջ, որ­պէս­զի Եր­կիր անց­նե­լու հա­մար Կարս փու­թա­ցած նո­րա­գիր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն ու դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան, մար­տա­կան եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան անհ­րա­ժեշտ պատ­րաս­տու­թիւ­նը ջամ­բէ։ Ա­հա՛ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին կը վե­րա­բե­րի ­Ռու­բէն Տէր-­Մի­նա­սեա­նի յու­շե­րուն, ­Կար­սի Հ­նո­ցին յատ­կա­ցո­ւած բաժ­նին մէջ, ­Վար­դան Շահ­պա­զի նո­ւի­րո­ւած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը.

«… ­Միւս խնա­մա­կալս կը կո­չո­ւէր ­Վար­դան ու մա­կա­նունն ալ ­Շահ­պազ էր: Ան եւս հին պատ­մու­թիւն­ներ ու­նէր իր ե­տե­ւը: ­Պանք Օ­թո­մա­նի դէպ­քե­րուն կը կա­պէր ­Ռու­բէ­նը (­Դեր­ձա­կեան, որ ­Կար­սի մէջ ա­ռա­ջին խնա­մա­կա­լը ե­ղած էր նո­րա­գիր ­Ռու­բէ­նի — Ն.) ա­նոր ան­ցեա­լը, բայց ին­քը ­Շահ­պա­զը դժգոհ էր ատ­կէ եւ լուռ կը մնար այդ մա­սին: Առ­հա­սա­րակ ան խօ­սե­լուն հա­կա­ռակ էր եւ ա­մէն ինչ «զեւ­զե­կու­թիւն» կը հա­մա­րէր: Մ­տած­կոտ էր, եւ միայն իր աչ­քե­րի ար­տե­ւա­նուք­նե­րը շուտ-շուտ շար­ժե­լով կ’ար­տա­յայ­տէր իր ջղա­յին լի­նե­լը: ­Վար­դան նոր էր դուրս ե­կած Երկ­րէն: ­Վաս­պու­րա­կան յու­զում­նա­լից կեանք մը ան­ցը­նե­լէ յե­տոյ, «­Ղա­սաբ» ա­նու­նը շալ­կած, դուրս էր ե­կել Եր­կա­թին հետ` գնա­լու հա­մար Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին: ­Վե­րա­դառ­նա­լով ան­կէ, ըն­կած էր Ռու­բէ­նի ձեռ­քը, որ­պէս­զի ան զին­քը հասց­նէ ­Վան` ­Թա­դէոս Ա­ռա­քեա­լի վան­քի վրա­յով»:

Այդ­պէ՛ս, մին­չեւ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, ­Վար­դան ­Շահ­պազ ան­խոնջ ծա­ռա­յեց հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան՝ ­Կար­սէն ­Վան եւ Էրզ­րու­մէն (­Կա­րի­նէն) Սա­սուն, գոր­ծա­կիցն ու յան­դուգն ա­ջա­կի­ցը դառ­նա­լով ա­տե­նի ֆե­տա­յա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան ա­նո­ւա­նի բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րուն.- Անդ­րա­նի­կի եւ Ա­րա­մի, ­Վա­նայ Իշ­խա­նի եւ ­Սե­պու­հի, Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի եւ ­Մու­րա­տի։ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք ­Վար­դան ­Շահ­պազ վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը, վե­րա­միա­ցաւ մօր, կնոջ եւ ար­դէն պա­տա­նի զա­ւա­կին, ո­րուն ծնուն­դը չէր ալ տե­սած։ Ինչ­պէս որ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ֆե­տա­յա­կան բո­լոր գոր­ծիչ­նե­րը լծո­ւած էին կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի զին­ման եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին, ­Վար­դան ­Շահ­պազ իր կար­գին նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Սե­բաս­տիոյ հա­յու­թեան մար­տա­կան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին։

Երբ պայ­թե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սկսան գոր­ծադ­րել հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ի­րենց ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրա­գի­րը, ­Վար­դան Շահ­պազ իր խում­բով լծո­ւե­ցաւ շրջա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն։ Բարձ­րա­ցաւ ­Տիվ­րի­կի լեռ­նե­րը եւ յան­դուգն ու յաղ­թա­կան կռիւ­ներ մղե­լով, ­Տեր­սի­մի վրա­յով, կրցաւ անց­նիլ Երզն­կա եւ միա­ցաւ ­Մու­րա­տի ու ­Կայ­ծակ Ա­ռա­քե­լի, ո­րոնց հետ ալ կա­պեց իր հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ ­Բայց ­Սե­բաս­տիոյ հա­յու­թեան կո­տո­րած­նե­րուն եւ տա­րագ­րու­թեան հետ ­Շահ­պազ կորսն­ցուց իր ըն­տա­նի­քը եւս. միայն քոյրն էր, որ զէնք վեր­ցու­ցած միա­ցաւ ­Շահ­պա­զի խում­բին եւ փրկո­ւե­ցաւ։

Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման տա­րի­նե­րուն, ­Վար­դան ­Շահ­պազ գոր­ծեց ­Մու­րա­տի եւ Սե­պու­հի հե­ծե­լա­զօր­քին մէջ, քա­ջա­գործ կեր­տիչ­նե­րէն ե­ղաւ հե­ծե­լա­զօր­քի յաղ­թա­կան ու հե­րո­սա­կան ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն։ Իսկ երբ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին հետ Հայ կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րը եւս նա­հան­ջե­ցին, ­Վար­դան ­Շահ­պազ՝ ­Մու­րա­տի եւ Սե­պու­հի հետ, հե­ծե­լա­զօր­քով, ղրկո­ւե­ցան ­Ղա­րա­բաղ՝ Անդ­րա­նի­կին միա­նա­լու եւ ա­զե­րի թուր­քե­րու դէմ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռի­ւը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ ­Բայց երբ անգ­լիա­կան զօր­քը նա­հան­ջի հրա­հանգ տո­ւաւ Անդ­րա­նի­կի, որ Էջ­միա­ծին վե­րա­դար­ձաւ եւ ցրո­ւեց ի­րեն վստա­հո­ւած աշ­խար­հա­զօ­րա­յին­նե­րու գուն­դը, ­Վար­դան ­Շահ­պազ ան­ցաւ Պո­լիս՝ հոն­կէ ալ ղրկո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիա, որ­պէս­զի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռի­ւը կազ­մա­կեր­պէր ­Մա­րա­շի մէջ։ Այս ան­գամ ալ ֆրան­սա­կան զօր­քի ճնշու­մով՝ ­Մա­րա­շի հե­րո­սա­կան հա­յու­թեան նա­հան­ջէն ետք, ­Վար­դան ­Շահ­պազ վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր­կէ ղրկո­ւե­ցաւ ­Պուլ­կա­րիա, ուր կազ­մա­կերպ­չա­կան ե­ռուն աշ­խա­տանք ծա­ւա­լեց ամ­բողջ պալ­քան­նե­րու տա­րած­քին մին­չեւ 1927։

1920ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը ­Թուր­քիոյ մէջ քրտա­կան ապս­տամ­բու­թեան ծա­ւալ­ման ժա­մա­նակ­ներն էին եւ ­Վար­դան ­Շահ­պազ գոր­ծու­ղո­ւե­ցաւ ­Սու­րիա, որ­պէս­զի իր պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէր 1927էն 1933 հա­յեւ­քիւրտ միա­ցեալ ապս­տամ­բու­թեան։ Քր­տա­կան շար­ժու­մը յա­ջո­ղու­թիւն չու­նե­ցաւ։ Ար­դէն վաթ­սու­նա­մեայ գա­ղա­փա­րի մար­տիկ՝ ­Վար­դան ­Շահ­պազ մնաց ­Սու­րիա եւ լծո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քի, ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն փրկուած տա­րա­գիր հա­յու­թեան մէջ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ձգտու­մը վառ պա­հե­լու նպա­տա­կին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­լով։

Այդ­պէս քա­ռորդ դար, ­Վար­դան ­Շահ­պազ իր հրե­ղէն կեան­քի վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րը ան­ցուց ­Հա­լէ­պի եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ, ուր ի վեր­ջոյ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Ժո­ղովր­դա­յին ­Տու­նը դար­ձուց նաեւ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սի ի­ջե­ւա­նը։

Խոր ծե­րու­թեան հա­սաւ եւ տե­սո­ղու­թիւ­նը կորսնցուց, բայց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ ակ­նա­ծան­քին եւ հպար­տու­թեան ար­ժա­նա­ցած կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն մը դար­ձաւ եւ այդ­պէ՛ս հրա­ժեշտ տո­ւաւ իր այն­քան պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դին ու գա­ղա­փա­րի մեծ ըն­տա­նի­քին՝ 1959ի ­Յու­նիս 8ին։

Ն.

Տպել Տպել