- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Հայ Դատին Աջակցութիւնը Վալելող Նիւսըմ Եւ Տէ Լէոն 2րդ Հանգրուան Հասան

Կեւըն Նիւսըմ եւ Քեւըն տէ Լէոն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յունիս 5ին տեղի ունեցած Քոնկրեսի, նահանգային օրէնսդիր մարմիններու ու այլ պաշտօններու նախնական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը վայելող գրեթէ բոլոր թեկնածուները՝ բացի մէկէն, կրցան Նոյեմբերին կայանալիք երկրորդ եւ վերջնական հանգրուանին մասնակցելու իրաւունքը ապահովել։ Անոնց շարքին էին՝ Քալիֆորնիոյ նահանգապետի ընտրութեանց թեկնածու Կեւըն Նիւսըմ, որ ստացաւ քուէներուն 33 տոկոսը, եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնելու համար պայքարող Քեւըն տէ Լէոն, որ ստացաւ քուէներուն 11 տոկոսը։

Մինչ առաջինը պիտի պայքարի հանրապետական գործարար Ճան Քոքսի դէմ, երկրորդին մրցակիցը պիտի ըլլայ ծերկուտական Տայան Ֆայնսթայնը։

«Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը ապահոված գրեթէ բոլոր թեկնածուները երկրորդ հանգրուան կրցան հասնիլ եւ կը շնորհաւորենք անոնց յաղթանակը։ Նոյեմբերի ընտրութեանց մասնակցելու աշխատանքները պիտի շարունակուին, մեր համայնքին ձայնը աւելի լաւ կեպով լսելի դարձնելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

asbarez.com