Նախագահ Աուն Ընդունեց Բագրատունին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց անցնող օրերուն լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող զանազան հարցեր:

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան կառավարութեան կազմութեան, սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու վերջին հրամանագիրին խնդիրները:

Բագրատունի անգամ մը եւս շեշտեց յառաջիկայ կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցչութեան հարցը` պահանջելով, որ 30 հոգինոց կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացուի 2 նախարարներով, որոնք պէտք է ունենան համայնքային ժողովրդային ենթահող եւ դրսեւորեն ճիշդ ներկայացուցչութիւն:

Նոյն ատեն, Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու ընթացակարգը կանոնաւորուի, եւ նկատի առնուին պարագաներ, որոնց թղթածրարները ամբողջացած են եւ կամ կը դիմագրաւեն ընկերային խնդիրներ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել