- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Մնայունն է որ կայ ու կ՛ապրի

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Կողմէ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Եթէ երբեք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները տարիներու ընթացքին յաջողած են ստանալ համահայկական բնոյթ, եւ այդ ծիրին մէջ կատարուած նախաձեռնութիւնները առհասարակ կազմակերպուած են համագաղութային մաշստապով, միջկուսակցական, միջյարանուանական, միջմիութենական միացեալ մարմիններու հովանաւորութեամբ, այսօր, մեր յիշողութեամբ թէ պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, առաջին անգամն է, որ 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին առիթով համագաղութային նախաձեռնութիւններ կը կատարուին ո՛չ միայն պանծացնելու հարիւրամեակը, այլ նաեւ իր արժանաւոր պատուանդանին ամրացնելու անոր խորհուրդը, քաղաքական նշանակութիւնը եւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին լինելութիւնը ապահոված ըլլալու ռազմավարական ու պատմական անկիւնադարձային եւ ճակատագրորոշ արժէքը:

Լիբանանի մէջ, ուր միջկուսակցական թէ համագաղութային նախաձեռնութիւնները տասնամեակներու կենսափորձով կը ներկայանան, այսօր հաւաքուած ենք նոր փորձառութիւն մը եւս աւելցնելու անցեալի յաջողութիւններուն վրայ, Լիբանանի եւ համայն հայութեան ու բոլոր տեսակի կասկածամիտներուն թէ յուսահատութեան ախտէն վարակուած եղեռամայրերուն ցոյց տալու, որ քաղաքական թէ գաղափարական տարբերութիւնները չեն կրնար արգելք հանդիսանալ ու կասեցնել համահայկական թէ ներլիբանանեան հայկական ընդհանրական խնդիրներու հետապնդման, արժեւորման եւ պանծացման Լիբանանի հայութեան միասնական երթը:

Միջկուսակցական մեր յարաբերութիւններու դրական փաստի լաւագոյն օրինակը այսօր, Սոցեալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան մեր ընկերներուն կողմէ Դաշնակցութեան վստահիլն է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով հայ ազգային քաղաքական կուսակցութիւններու լիբանանեան կառոյցներու միացեալ խօսքը արտասանել: Ու այս վստահութիւնը մենք պատուով կ՛ընդունինք:

Հոգեւո՛ր հայրեր,
Հայաստանի յարգելի՛ դեսպան,
Սիրելի՛ գործընկերներ քաղաքական, կուսակցական թէ ազգային կեանքի տարբեր դաշտերու,
Ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարին հաւատացող ու անոնց համար պայքարող սիրելի՛ ներկաներ, երիտասարդներ

Մեր ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918 թուականը թերեւս ամէնէն խնդրայարոյց թուականներէն մէկը եղած է: Այսօր ալ, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ սփիւռքի մէջ երբեմն կը յամենան հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին քաղաքական ճակատագիրին թէ ֆիզիքական գոյատեւման պահպանման հիմնաքարը հանդիսացող այս թուականը տարբեր անուանումներով ներկայացնել: Անկախութեան հարիւրամեակ, անկախ հանրապետութեան 100-ամեակ, Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակ, Մայիսեան յաղթանակ, պետականութեան հիմնադրութեան 100-ամեակ ու թերեւս այլ անուանումներ: Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին իբրեւ հետեւանք, 28 մայիս 1918-ի յաղթանակը նոյնիսկ նկատուեցաւ թուրքին կողմէ հայուն տրուած նուէր, աւանթիւրիզմ, զուգադիպութիւն, նոյնի՛սկ` պատմական սխալ: Տարբեր ժամանակներու, տարբեր քաղաքական իրադրութիւններու մէջ սփիւռքեան մեր գաղութներն ալ անմասն չմնացին հակամայիս քսանութ արշաւէն, զայն ու զայն կերտողները սեւացնելով, գործակալ, կամ ժողովուրդի թշնամի նկատելով զանոնք:

Բայց անցան ուրացման օրերը:

Պիտի անցնէին այդ օրերը անկասկած:

Ու դեռ պիտի չքանան տակաւին կասկածի ու նենգափոխումի մտածողութեան տէր անձերու մաղձոտ ձայները, որովհետեւ արեւը կարելի չէ ցեխով պատել:

Պարզ տրամաբանութեամբ ու պատմական առարկայականութեամբ կատարենք հարցադրումները:

Եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, պիտի ըլլա՞ր Հայաստանը, պիտի ապրէ՞ր հայութիւնը:
Եթէ չմղուէին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը, պիտի պաշտպանուէ՞ր Երեւանը եւ մնար ու զարգանար հասնելու համար 2018 թուականը:
Եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, ի՞նչ հողամասեր պիտի գրաւէին խորհրդային ուժերը եւ ո՞ւր պիտի հաստատէին իրենց իշխանութիւնը:
Եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, պիտի մնա՞ր Հայաստանի հայութիւնն ու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած վերապրած գաղթականները:
Ու եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, պիտի ըլլային այսօր Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնն ու Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը:

Հանրայայտ ճշմարտութիւն է պատմական դէպքերը քննել, քննարկել իրենց ժամանակի պայմաններու պարունակին մէջ: Պատմական դէպք մը սակայն, կ՛արժեւորուի ժամանակի ընթացքին, երբ կը նկատուի, կ՛արձանագրուի, բայց մանաւանդ կեանքի կը կոչուի ու կեանք եւ շարունականութիւն կը ստանայ այդ դէպքերով բոցավառած ջահը ու իրենց բարձրութեան պատուանդանին կը դրուին այդ կրակը վառած ու իրենց շունչով զայն պահպանած հերոսները:

Խնդիրը հարիւրամեակի անուանումը չէ: Ոչ ալ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ այս հարիւրամեակին ու անկախութիւնն ու պետականութիւնը կերտողներու արժեւորումը: Ինչ կ՛ուզենք անուանենք առիթը, անուանենք, սակայն մէկ իրականութիւն, մէկ ճշմարտութիւն կարելի չէ փոխել:

28 մայիս 1918-ը հիմնաքարն է այսօրուան Հայաստանին:
28 մայիս 1918-ը հիմնաքարն է ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին ու անոր պետականութեան:
28 մայիս 1918-ը մեկնակէտն է Արցախի պոռթկումին եւ Արցախի անկախութեան:
28 մայիս 1918-ը հայրենի հողին վրայ ապրած ու հոն ապաստանած հայերուն ֆիզիքական պահպանման ամրոցն է, անկասկած:
Այլ խօսքով, առանց 28 մայիս 1918-ի, առանց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի ու Բաշ Ապարանի ո՛չ Հայաստան կը մնար եւ ո՛չ ալ հայութիւն:
Եւ դեռ` ո՞վ կերտեց 28 մայիս 1918-ը:

Անկասկած հայ ժողովուրդը: Վստահաբար համաժողովրդային պոռթկումով մարտադաշտերը ողողած հայ կինն ու այրը, գիւղացին ու բանուորը, հայ հոգեւորականն ու քաղաքական այրը, մտաւորականն ու ուսանողը, զինուորը, ֆետային, սպան եւ մանուկը, բժիշկն ու մշակը, առողջն ու հաշմանդամը:

Բոլորը անխտի՛ր:

Անոնք, որոնց սրտերը կը բաբախէին եւ ձեռքերը կը բռնցքուէին 1918-ը կանխող տասնամեակներուն թուրքին դէմ ծաւալած յեղափոխական կռիւներու տենդով, այդ դաշտերուն վրայ նահատակուած հերոս ֆետայիներու ներշնչումով, իր զաւակը կռուի դաշտ ղրկող մօրը աւանդով ու եարի փոխան զէնք գրկող ազատամարտիկի կտակով:

Հոն էին բոլորը, կուսակցականն ու անկուսակցականը: Քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներու տէր գործիչներ, տարբեր պաշտօններու վրայ եղող անհատներ: Բայց հոն էին հայօրէն, հպարտօրէն, հայրենիքի պաշտպանութեան դրօշը բարձր պահելու հպարտութեամբ հոն էին:

Հոն էին կամաւորական գունդերը, անզէն գիւղացին, անօթի բանուորը, Էջմիածնի կղերը: Հոն էր հայու անխորտակելի կամքը, իրաւունքի ու արդարութեան անզիջող պահանջատէրը:

Հոն էին Անդրանիկ, Նազարբէկեան, Դրօ, Սիլիկեան, Ռուբէն, Պանդուխտ, Շահպազ, Նժդեհ եւ Սասունի, Փիրումեան, Կոմս ու Վրացեան, Քաջազնունի, Մուրատ եւ Խատիսեան, Քեռի եւ Աւշարեան ու Օհանջանեան, դեռ հազար հազարներ կերտելու հայոց պետութիւնը, դէմ դնելով թրքական հորդաներուն նախապէս, թէ ճակատամարտի դաշտերուն վրայ կամ անկախութեան հռչակումէն ետք Երեւանի ու արուարձաններուն, համալսարանի թէ մշակոյթի պալատներուն, դիւանագիտական սեղաններուն վրայ թէ բանակին, խորհրդարանական ընտրութիւններուն թէ պետականաշինութեան մէջ:

Ճշմարտութիւնն ու պատմական առարկայականութիւնը, սիրելի՛ ներկաներ, կը պահանջէ հաստատել, որ համաժողովրդային որեւէ շարժում, համաժողովրդային որեւէ յաղթանակ կը պահանջէ ղեկավար ու ղեկավարութիւն: Վստահաբար, կարելի չէ խօսիլ 28 մայիս 1918-ի յաղթանակին մասին, համաժողովրդային մարտնչումին մասին, զանց առնելով ՀՅ Դաշնակցութեան ու անզուգական հերոս Արամ Մանուկեանի դերակատարութիւնը: 28 մայիս 18-էն 100 տարի ետք, երբ ջուրերը հանդարտած են, երբ սուտն ու նենգափոխումը տեղի տուած են ճշմարտութեան եւ արդարութեան, երբ այլեւս պատճառ չկայ պատմական իրականութիւնները ծածկելու, երբ Հայաստանի պետութիւնը ճանչցած է ՀՅԴ-ի եւ Արամ Մանուկեանի կեդրոնական դերակատարութիւնը անկախութեան հռչակման սրբազան գործին մէջ, մեզի կը մնայ այլեւս ըսել,

Յարգանք ու պատիւ բոլորին:

Յարգանք ու պատիւ ժողովրդային մարտնչումը ղեկավարող Արամ Մանուկեանին եւ զինք ծնող ժողովուրդին ու անոր ծառայ Դաշնակցութեան ու բոլոր անոնց, որոնք հայօրէն մասնակցեցան անկախութեան կռիւին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, սակայն, բաւարար չեն տօնն ու հանդիսութիւնները:

100-ամեակի դասերն են կարեւորը:

Առաջին` հոն, ուր մեր ժողովուրդը եղած է միակամ, յաղթանակը եղած է հայութեան:

Հոն, ուր մեր յոյսերը դրած ենք օտարին վրայ, պարտուած ենք ու պառակտուած:

Երկրորդ` 28 մայիս 1918 ապահովեց մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին անվտանգութիւնը: Անվտանգութիւն, որուն ձգտումին ու պահպանումին հրամայական պահանջը ունինք այսօր: Անվտանգութիւնը հողային սահմաններու պաշտպանութիւնն է անկասկած, բայց մանաւանդ ու միաժամանակ հայրենիքը ազատ ու անկախ պահելու նախադրեալներու պաշտպանութիւնն է: Հայրենիքի սահմաններէն ներս ապրող, գործող ու ստեղծագործող հայերու պաշտպանութիւնն է: Հայրենի հայութեան ընկերային, տնտեսական, կրթական, կենցաղային, հայ երեխային ու երիտասարդին, բանուորին ու ուսանողին կեանքը արդար հիմունքներով առաջնորդելու պահանջն է անվտանգութիւնը: Փտածութիւնն ու արտագաղթը կասեցնելու գործընթացի պահանջն է անվտանգութիւնը:

Երրորդ` 28 մայիս 1918 ապահովեց Հայաստանի ու հայութեան հայկականութիւնը, ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը: Հայրենիքներու անկախութիւնն ու ժողովուրդներու ազատութիւնը կ՛ապահովուին, երբ հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ զայն ղեկավարող ուժերը կը գիտակցին իրենց առհաւական արժէքներուն, աւանդոյթներու պահպանման, լեզուի ու պատմութեան եւ անցեալի փորձառութեան գերադաս արժէքներու ամրապնդման: Ազգերու եւ պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ կը յարգուին անոնք, որոնք, օգտուելով հանդերձ այլոց փորձառութիւններէն, մշակոյթէն, զարգացումէն, գիտութենէն թէ արդիականութենէն, չեն մսխեր ու ոտնակոխեր սեփականը, չեն գերադասեր այն, ինչ որ պարզապէս դուրսէն է, այլ կը փորձեն զանոնք ազգայնացնել:

Աշխարհի դրամատիրական ուժերուն կողմէ ամէն երկվայրկեան խելակորոյս արագութեամբ ապազգայնութեան ախտավարակ սրսկումներուն դէմ, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի մեր կոչն է Հայաստանի ու սփիւռքի ղեկավարութեան եւ համայն հայ ժողովուրդին, չտկարացնել արմատները, չիյնալ գեղեցիկ ու պսպղուն կարգախօսերով համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան քողին տակ ապազգայնացումի առաջնորդող ազգակործան ու հայրենաքանդ ախտի թակարդներուն մէջ:

Ու վերջապէս, մնայունն է որ կայ ու կ՛ապրի: 28 մայիս 1918-ը ստեղծեց ու պահեց մնայունը:

Մնաց Հայաստանը:
Մնաց ազատ ու անկախ Հայաստանը:
Մնաց ու պարտի ապրիլ ազատ մտածող հայ մարդը: Հայաստանի ու հայութեան համար մտածող հպարտ հայ մարդը:
Մնաց անկախ Հայաստանի զինանշանը:
Մնաց ու կը ծածանի ազատ ու անկախ Հայաստանի Եռագոյնը:

Ազատ ու անկախ Հայաստանն ու իրեն հետ Արցախի հայութիւնը, գրաւեալ հողերու հայութիւնը թէ սփիւռքի հայութիւնը միասնաբար պարտինք դիմագրաւել գալիք օրերը, որպէսզի մնայ ազատ, անկախ Հայաստանը, որպէսզի ան դառնայ Արարատի գագաթին ծածանող Եռագոյն դրօշով միացեալ Հայաստան:

Ու որպէսզի բոլորս ու մեր թոռները կարենան միասնաբար եւ հպարտօրէն ապրիլ

Ամբողջական հայութեամբ
Ամբողջական Հայաստանի մէջ
Հայու միակ հայրենիք
Մե՛ր Հայաստանին, մնայուն արժէք հայո՛ւ հայրենիքին մէջ:

aztagdaily.com