Հաղորդագրութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի կազմակերպութեան Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ 22, 23 եւ 24 Յունիսին Փարիզի մէջ: Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի բոլոր շրջաններէն մասնակցող պատգամաւորները ճշդեցին յառաջիկայ երկու տարիներու առաջնահերթութիւնները:

Սոյն Շրջանային Ժողովը կ՚արձանագրուի քաղաքական նոր պարունակի մը մէջ՝ ի տես Հյաստանի մէջ 2018-ի գարնան տեղի ունեցած յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք իշխանութեան հասած կառավարութեան, ուր միաժամանակ Ազրպէյճան շեշտաւորեց Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեանց ուղղուած իր սպառնալիքները:

Շրջանային Ժողովը ողջունեց այն փաստը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յանձնառու եղած է, կառավարութեան մասնակցելով, աշխոյժ կերպով աշխատելու ի նպաստ Հայաստանի յառաջդիմութեան, ի մասնաւորի տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն գծով, որոնք արդիւնք են Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ կայացած համագործակցութեան համաձայնութեան:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Շրջանային Ժողովը արձանագրեց աշխոյժ աշխատանք տանելու կարեւորութիւնը ֆրանկոֆոնիայի համաշխարհային գագաթնաժողովի յաջողութեան համար, որը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 11 եւ 12 Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի ներկայութեամբ, եւ որուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային տարողութեամբ տնտեսական տօնավաճառ: Միաժամանակ յստակ որոշում կայացուց իր մասնակցութիւնը բերելու Արմաւիրի շրջանի զարգացման աշխատանքներուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զգուշաւոր ըլլալ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Ազրպէյճանական ճղճիմ քարոզչութեան կապակցութեամբ, եւ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ իշխանութիւններու եւ Պաքուի կաշառասուն իշխանութեան միջեւ յարաբերութիւններուն նկատմամբ: Ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այն քաղաքապետարաններուն որոնք բարեկամութեան համաձայնագրեր ստորագրած են Արցախի հանրապետութեան հետ, յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններու հեռանկարով, որոնց ուղղութեամբ զօրաշարժի պիտի ենթարկուի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը:

Միւս կողմէ, ժողովին պատգամաւորները ընդգծեցին եւրոպական ընտրութիւններուն առիթով նպատակասլաց աշխատելու կարեւորութիւնը՝ գործուն մասնակցութիւն բերելու համար եւրոպական նախագիծի ամրապնդման, որը կանոնաւոր կերպով խիստ դժուարութիւններու կը մատնուի Եւրոպայի մէջ իրենց ազդեցութիւնը տարածել միտող թուրքեւազերիական փորձերուն հետեւանքով: Նմանապէս շրջանային ժողովը հաստատեց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մերժել՝ ժխտողականութիւնը Արեւմտեան Եւրոպայ ներմուծելու Էրտողանի փորձերը:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, ըլլալով Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու համակարգող Խորհուրդի հիմնադիր եւ գործուն անդամ, կը փափաքի նոր հանգրուան մը արձանագրել ֆրանսահայ գաղութին ծառայող այս կազմակերպութեան զարգացման ընթացքին մէջ: Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մեր շրջանները նկատեցին, որ ՖԿՀԽ-ը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ եւ օրինակելի փորձ մըն է միութենական համագործակցութեանց տեսանկիւնէն:

Շրջանային Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի ինն հոգինոց նոր կազմ որուն ներկայացուցիչը եւ փոխ ներկայացուցիչն են հերթաբար՝ Շարլ Փափազեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան: Կազմի միւս անդամներն են՝ Մուրատ Արսլանեան, Ժիւլ Պոյաճեան, Միքայէլ Ղազարեան, Տիգրան Շահմիրեան, Մարիէթ Կարապետեան, Արմէն Սերոբեան, Հրաչ Վարժապետեան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 79-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Փարիզ, 25 Յունիս 2018

Տպել Տպել