- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշելու Բանաձեւը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Հանրային պաշտօնէութեան եւ հանգստեան կոչուելու հարցերով յանձնախումբը, Յունիս 25ին, չորս թեր եւ մէկ ձեռնպահ քուէով վաւերացուց Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշել պահանջող թիւ 1597 բանաձեւը, որ այժմ պիտի փոխանցուի Արդարադատութեան յանձնախումբին։

Նահանգային խորհրդարանին կողմէ անցեալ տարի վաւերացուած սոյն բանաձեւին հեղինակը խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանն է, որ նոյն յանձնախումբին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին բանաձեւը կապեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ուրացման քայլը պատժելու կարեւորութեան հետ։

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները դուրս բերել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ CalSTRS) որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, կամ անոր կողմէ կառավարուող, կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց այս քայլը՝ յիշեցնելով, որ Հայ Դատը վերջին քանի մը տարիներուն այս հարցով մօտէն կը գործակցի ներդրումները ետ քաշելու արշաւը նախաձեռնած ՀԵԴին, ինչպէս նաեւ Ատրին Նազարեանի հետ։

asbarez.com