Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100ամեակին Առթիւ Համագաղութային Տօնախմբութիւն

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի երեք յարանուանութեանց ու կուսակցութեանց, Կիրակի, 24 Յունիսի երեկոյեան, Փասատինայի «Սեքսըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակի համագաղութային տօնախմբութիւնը։

Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄՄի եւ ՀՄԸՄի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ։ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի կատարողութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսք արտասանեց Անուշ Կակուա։ Յանուն հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեանի, պատգամ մը ուղղեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Պատգամը լուսարձակի տակ կ՛առնէր Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի պայմանները եւ հարիւրամեայ անժամանցելի պատգամը (տեսնել առանձնաբար)։

Հայկական երեք կուսակցութեանց գաղութիս Կեդրոնական մարմիններուն անունով խօսք առին յաջորդաբար՝ Լենա Մանուկեան (ՍԴՀԿ), Ռազմիկ Հարուն (ՀՅԴ) եւ Հրաչ Սեփէթճեան (ՌԱԿ)։ Անոնք արժեւորեցին 100 տարի առաջ հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան տեղը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ եւ շեշտեցին անոր ուղղակի շարունակութիւնը եղող ներկայ հանրապետութեան զօրակից ըլլալու հայութեան միասնական կամքը, որուն մէկ արտայայտութիւնն է այս միացեալ հանդիսութիւնը։

Ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած պատմական ժապաւէն մը։ Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին, որուն ծիրին մէջ ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Անի» պարախումբը, «Զուարթնոց» պարային համոյթը, Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, հայրենի արուեստագէտ Սալբի Մայիլեան, Յարութ Յակոբեան եւ Գագիկ Պատալեան։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ փակման աղօթքով եւ «Սարդարապատ»ի խմբերգումով։

asbarez.com

Տպել Տպել