- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

Մայիսեան յաղթանակի ղօղանջներուն արժանավայել արձագանգը՝ Հալէպի մէջ

«Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ պայքարին, այնպէս ինչպէս մայիսեան ճակատամարտերուն մեր ժողովուրդը ըրաւ, այն ժամանակ անպայման կը հասնինք մեր նպատակին, որ արդէն մասամբ իրականացած է, անպայման կը հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին: Մենք չտեսնենք՝ մեր յաջորդները կը տեսնեն զայն»: Կիրօ Մանոյեան

Մայիսեան յաղթանակի ղօղանջներուն արձագանգը այս անգամ լսուեցաւ Հալէպի մէջ, երբ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդական Միութեան: Ձեռնարկը կը կրէր «Յաղթանակի Ղօշանջներ» խորագիրը:

Ձեռնարկին իրենց ներկայութեամբ յատուկ երանգ տուած էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հալէպի հայ Աւետարանական եւ Կաթողիկէ համայնքներուն առաջնորդները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանը, այս առիթով Հայաստանէն ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, Հայոց Բանակի զինուորներն ու հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

Բեմին վրայ իրենց խօսուն ներկայութեամբ տեղադրուած էին ՀՀ Հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի, առաջին հանրապետութեան վարչապետներուն եւ մայիսեան հերոսամարտերու հրամանատարներուն պատկերները, ինչպէս նաեւ ՀՀ զինանշանին պատկերը՝ խտացնելով յաղթանակի տարիներու ողջ պատգամը:

Ձեռնարկը սկսաւ հրաւիրեալներուն մէկ վայրկեան յոտսնկայս լռութեամբ՝ յարգելու մայիսեան յաղթանակի զոհերուն յիշատակը եւ կրելու անոնց դալար ջահը:

Այնուհետեւ հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, կատարողութեամբ Ռուզան Պարսումեանի (դաշնամուր):

Արաբերէն բացման խօսքով փաստաբան Պայքար Թովմասեան ըսաւ, որ ամէն օր արեւը կը ծագի ու կը փարատէ խաւարը: Արեւին ճառագայթները կը տարածուին Արարատի փէշերուն ու կը լուսաւորեն երկիր մը՝ Հայաստան անունով, որ երազեց արժանավայել իր տեղը ունենալ աշխարհին մէջ ու պայքարեցաւ յանուն այդ երազին մասամբ մը իրականացնելով զայն՝ ի հեճուկս Օսմանեան Կայսրութեան ի գործ դրած ցեղասպանութեան, ներխուժումներուն ու քաղաքական ծանր պայմաններուն: Ապա ան զուգահեռներ գծեց Օսմանեան Կայսրութեան եւ անոնց ժառանգորդներուն լուծէն տառապած Սուրիոյ եւ Հայաստան Աշխարհին միջեւ՝ շեշտելով որ հերոսներ ծնող ժողովուրդները պայքարով ու միասնակամութեամբ կը հասնին ազատութեան ու անկախութեան լոյսին:

Հայերէն բացման խօսքով Արազ Տունկեան-Տողրամաճեան ըսաւ. «Հայոց նորագոյն պատմութեան համար չկայ աւելի էական տարեթիւ քան 28Մայիս 1918-ը, որ դիւցազնական գոյապայքարով յաղթական գոյերթի խորհրդանիշ է բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր բոլորին: Յանո՛ւն մեր Ֆետայիներուն ու ազատամարտիկներուն` որոնք հայդուկային անհաւասար կռիւներով, մեր ժողովուրդին ճակտէն ջնջեցին երկար դարերու ստրկութեան խարանը: Յանո՛ւն մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք մահուամբ մա՛հը պարտութեան մատնեցին եւ մեր հայրենիքը օժտեցին անկախ պետականութեամբ: Յանո՛ւն ազատատենչ հայութեան` Ազա՛տ, Անկա՛խ ու Միացեա՛լ Հայաստանին: Յանո՛ւն Դաշնակցութեան Վեհ գաղափարին… Որպէս «Սթափեցման Համազարկ» պիտի հնչեն Յաղթանակի Ղօղանջները…»:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Մեղրի» երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի: Երգչախումբի ժիր ու առոյգ պարման պարմանուհիները ներկայացուցին յեղափոխական երգերու շարք մը: Երգերուն երաժշտական գործիքաւորումը կատարած էր բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած Հայաստանի անկախութեան կերտումին նուիրուած տեսերիզը:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ: Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր), Լիլա Սահակեան (ջութակ) մեկնաբանեցին «Սարդարապատ»ն ու «Երեւան Էրեբունի»ն:

Ապա խմբային ասմունքով հանդէս եկան Սեւանայ Հալլաճեան, Կարօ Աւագեան եւ Ժագի Մահսերէճեան՝ մեկնաբանելով մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն համադրում մը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Մանոյեան նախ ըսաւ.«Կը խոնարհինք սուրիահայ զոհերուն եւ յատկապէս ձեր ցուցաբերած դիմադրողականութեան առջեւ, որ այսպիսի սերունդ կը պատրաստէք, այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ: Երախտապարտ ենք: Երախտապարտ ենք նաեւ մեր հայրենի պետութեան եւ Սուրիոյ պետութեան, որոնք այս տարիներուն ընթացքին հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին Սուրիոյ մեր համայնքին նկատմամբ:

«Չեմ գիտեր, թէ ձեզմէ քանի՛ հոգի այցելած է Սարդարապատի յուշահամալիր եւ ի՛նչ զգացած է, բայց ես ամէն անգամ որ կ՛այցելեմ Սարդարապատ, սոսկում մը կ՛ապրիմ, սոսկում, որովհետեւ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար մեր ժողովուրդին ճակատագիրը, եթէ 1918 թուականի մայիսեան պատմական օրերուն հայկական բանակը, որ այդ օրերուն մեր հայրենիքի այդ տարածքին ամբողջ ժողովուրդն էր, չյաղթէր թրքական ուժերուն: Եթէ Սարդարապատ այցելած էք, վստահաբար նկատած էք, որ հայկական ուժերուն համար այդպիսի դիրքով վայրի մը մէջ յաղթելը իսկապէս հրաշքի համազօր էր: Նուազ կարեւոր չէին այդ օրերուն մղուած Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի (այսօրուան Վանաձորի) ճակատամարտերը, բայց Սարդարապատի դիրքը հայկական ուժերուն պարտութիւնը աւելի ճակատագրական պիտի դարձնէր: Եւ պատահեցաւ հրաշք, կարելի եղաւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը: Համաժողովրդային այդ սխրանքը կարելի է վերագրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ 5-րդի յորդորին ու կոչին, կարելի է վերագրել Արամ Մանուկեանի կոչին ու կազմակերպական տաղանդին, կարելի է վերագրել զինուորական հրամանատարներուն, բայց ամէն պարագայի, այդ սխրագործութիւնը նախ եւ առաջ պէտք է վերագրել ժողովուրդի այն գիտակցութեան, համաձայն որուն եկած էր կեանքի եւ մահուան միջեւ ընտրութիւն կատարելու պահը, իսկ ժողովուրդը մահուան գնով ընտրեց կեանքը: Անուրանալի էր նաեւ, որ եթէ չըլլային Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն հայկական կողմին յաղթանակները, չէր կրնար ըլլալ անոնց քաղաքական շարունակութիւնը Թիֆլիսի մէջ»:

Ապա Մանոյեան անդրադարձաւ մայիսեան յաղթանակներուն յաջորդող քաղաքական զարգացումներուն՝ հասնելով մինչեւ Ազգային խորհուրդի 28 Մայիսին որոշած եւ 30 Մայիսին հրապարակած այն յայտարարութեան, զոր իրաւամբ կը համարենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անկախութեան հռչակագիր՝ դիտել տալով, որ այդ յայտարարութիւնը իր մէջ ո՛չ հանրապետութիւն, ոչ ալ անկախութիւն բառերը կ՛ընդգրկէր, ինչ որ կը վկայէ այդ օրերու Ազգային Խորհուրդի ղեկավարութեան մտածողութեան մասին, որ ոչ թէ պետականութեան վերականգնում կամ անկախութիւն հետապնդած էր, այլ աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր ազատագրական պայքար մղած էր հայկական պատմական հողերուն վրայ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն մէջ տառապող հայութիւնը ազատագրելու եւ ինքնավարութեան տեսքով անոր իրաւունքները պաշտպանելու համար: Ահա այսպիսի համեստ յայտարարութեամբ փաստօրէն եւ իրաւականօրէն վերականգնեցաւ հայկական պետականութիւնը, որ Հայաստանի հողին վրայ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն եւ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութեան կորուստէն վեց դար ետք:

Ապա Մանոյեան լուսարձակի տակ առաւ հայութեան եւ Հայաստանի այդ օրերու աղէտալի պայմանները՝ մէկ կողմէ թրքական ներխուժումներուն, միւս կողմէ Հայաստանի ներքին դժուարութիւններուն լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն ամրագրուած ազգային պետականութեան այն սկզբունքները, զորս 70 տարի անց` 23 Օգոստոս 1990-ին վերանկախացող Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան հռչակագիրով յանձն պիտի առնէր պահպանել:

Այդ սկզբունքներուն առաջիններէն էր այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրաւունք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու եւ պաշտպանուածութիւն վայելելու անոր կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան հայրենիք հռչակելու այդ սկզբունքին մէկայլ դրսեւորումն էր 28 Մայիս 1919-ին Միացեալ Հայաստանի հռչակումը: Թէեւ այդ ատեն ալ կային քաղաքական ուժեր, ովքեր այդ հռչակումին դէմ էին, բայց այդ հռչակումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձաւ մէկ պետութիւն, որուն տարածքին մեծ մասը բռնագրաւուած էր: Հանրապետութիւնը ոչ միայն, որպէս սկզբունք, Հայաստանը միացեալ հռչակեց, այլեւ իր արտաքին քաղաքականութեան առանցքը դարձուց անոր իրականացումը:

Բանախօսը ներկայացուց այս ուղղութեամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ հասնելով մինչեւ Սեւրի դաշնագիր, Հայ ժողովուրդի պատմական արդարութիւնը վերականգնելու կոչուած Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռ, վճիռ որուն անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի նախագահը` 2010-ին:

Ապա Մանոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կենսագործած հիմնական մէկայլ սկզբունքին՝ ժողովրդավարութեան՝ դիտել տալով որ այդ օրերուն ժողովրդավարութիւնը միայն քուէարկութեան ազատութեամբ չէ որ կ՛արտայայտուէր: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ստացան նաեւ կանայք եւ առաջին խորհրդարանին մէջ ընտրուեցան կիներ եւս: Նոյն ձեւով ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ունեցան փոքրամասնութիւնները, նոյնիսկ երբ անոնցմէ ոմանք զէնք բարձրացուցած էին պետութեան դէմ եւ կը գործէին որպէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի 5-րդ շարասիւն:

Կիրօ Մանոյեան այնուհետեւ յայտնեց, որ այսօր աւելի քան երբեք վարակիչ պէտք է ըլլայ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական կերպարը՝ աւելցնելով որ հայկական անկախ պետականութիւնը այն վէմն է, որուն վրայ կրնայ հիմնուիլ հայ ժողովուրդի պետական իղձերու իրականացումը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը: Այդ պատճառով ալ պէտք է ճիգ թափել, որ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ հզօր եւ մնայ հաւատարիմ առաջին հանրապետութեան ազգային, պետական սկզբունքներուն:

Ապա դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումով, չստեղծուեցան այն պայմանները, զորս մինչ այդ անկախութեան գաղափարը Սփիւռքի մէջ վառ պահողներս կը պատկերացնէինք ու թուեց հանրապետութենէն ներս յոռի երեւոյթները, անոնց յաղթահարման քաղաքական փուլերը:

Եզրափակելով Մանոյեան ըսաւ. «Հակառակ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այսօրուան երբեմն ոչ մխիթարական վիճակին, հակառակ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդին կրած կորուստներուն՝ Քեսապէն մինչեւ Հալէպ, իրականութիւնը այն է որ մենք այսօր կը գտնուինք շատ աւելի բարւօք վիճակի մէջ, համեմատած 28 Մայիս 1918-ի օրերուն հետ: Այսօր ունինք անկախ պետութիւն, ինքնավստահ քաղաքացիներ, ունինք ազատագրուած Արցախ, ունինք կազմակերպուած, քաղաքականապէս ազդեցիկ Սփիւռք: Կը մնայ բոլոր միջոցներով եւ կարելիութիւններով անձնուիրաբար պայքարիլ: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերէ պայքարին, այնպէս ինչպէս մայիսեան ճակատամարտերուն մեր ժողովուրդը ըրաւ, այն ժամանակ անպայման կը հասնինք մեր նպատակին, որ արդէն մասամբ իրականացած է, անպայման կը հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին: Մենք չտեսնենք՝ մեր յաջորդները կը տեսնեն զայն»:

Ու հասաւ ձեռնարկի տպաւորիչ մէկայլ պահը: Երէց դաշնակցականներ բեմահարթակ բարձրացան ու բոլորին ներկայութեան Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի դրօշները յանձնեցին նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք եւս նոյն յանձնառութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ծառայեն իրենց ազգին ու հայրենիքին եւ ընթանան Դաշնակցութեան գաղափարական աներեր ուղիէն:

Հանդիսութեան աւարտին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ անդրադարձաւ մայիսեան յաղթանակներու ցնծութեան՝ դիտել տալով, որ «Եթէ այս յաղթանակներուն ուրախութիւնն ու գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդին պարգեւեն ուժականութիւն՝ միասնաբար հասնելու Միացեալ Հայրենիքի կերտման գերագոյն նպատակին, այս աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ կրնայ զգետնել ու պատմութեան մոռացութեան փոշիին մէջ անհետացնել մեզ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն մէջ սուրիահայութեան կազմակերպած ձեռնարկները կու գան հաստատելու, որ մենք նոյնիսկ պատերազմի մէջ ժամանակ կը գտնենք մեր յաղթանակներով ուրախանալու եւ հպարտանալու:

«Պատմութեան մէջ եզակի են այն դէմքերը, որոնք պատմութեան ընթացքը արմատապէս կը փոխեն: Առիթով մը երբ արտայատուեցանք, ոմանց ականջներուն խորթ թուեցաւ, երբ համեմատեցինք մեր պատմութեան դիւցազն Հայկը, մեր պատմութեան հինգ մեծերուն հետ եւ աւարտեցինք Արամ Մանուկեանով, անկախ Հայաստանով, նոր ժամանակներու Հայաստանով: Մի տատամսիք, սիրելինե՛ր: Թոյլ թող տրուի յիշեցնել այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ այսօրուան աշխարհը 194 պետութիւններէ կը բաղկանայ, այդ պետութիւններուն մէջ 62-րդ կամ 63-րդ տեղը կը գրաւէ 28 Մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մեր անկախացումէն ետք, Հայաստանի այդ փոքր տարածքին վրայ մեր նորովի վերածնունդէն ետք, փաստօրէն 126 պետութիւն ծնունդ առած է: Ուստի հարիւրամեակը պէտք չէ սոսկ ոգեկոչական ձեռնարկ համարել, այլեւ մեր ազգային գիտակցութեան թարմացումին, մեզմէ իւրաքանչիւրին հայրենիքին ծառայելու մասին խորհելու առիթի: Հայրենիքը պատմական հասկացողութեամբ ժառանգութիւնը կը նշանակէ: Հայրենիքները կայուն կը մնան, եթէ ժողովուրդին մէջ պայքարելու հերոսական ոգին առկայծ կը մնայ: Այսօր, մենք, Հալէպի մէջ, այս ձեռնարկին ընթացքին, հայրենի մեր դիւանագիտական ներկայացուցիչին, Հայոց բանակի զինուորին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին ներկայութիւնը վայելելով կը գօտեպնդուինք՝ միասնաբար, ճակատաբաց շարունակելու Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի կերտումին ուղղուած մեր պայքարը: Օրհնեալ է հայ ժողովուրդը: Եւ այսօր, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին,երբ պայծառակերպուած են մեր միտքն ու հոգին, մեր ժողովուրդը կը խոստանայ միասնաբար քալել այն ճամբայէն, որ սկիզբ առած է 28 Մայիսին եւ պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի հայրենակերտում, դէպի մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացում: Ապրի՛ մեր ժողովուրդը: Ապրին Սուրիան եւ Հայաստանը»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

kantsasar.com [1]