- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ռուսիոյ Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սէրուժ Աբիկեան եւ Գրիգոր Հաշէօլեան, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպանատան գործավար Վիաչիսլաւ Մաքսուտովի հետ:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի շուրջ ստեղծուած վերջին զարգացումներու քննարկման:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան հետ շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական ուժերու կուտակումներուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի մէջ Հայաստանի հետ շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմի կատարած ճարտարագիտական եւ այլ գրգռիչ գործունէութեան վերաբերեալ:

Պատուիրակութիւնը նաեւ նշեց, որ ազրպէյճանական կողմի քայլերը պատճառ կը դառնան լարուածութեան աճի, ինչպէս նաեւ լրջօրէն եւ ուղղակիօրէն կը վտանգեն Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի երեք սկզբունքներէն ուժ չկիրարկելու սկզբունքը:

Ռուսիոյ դեսպանատան գործավարը յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման` նշելով, որ Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ յաւելեալ զինեալ տագնապի մը յառաջացումը չի բխիր անոր շահերէն:

Ան խոստացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի մտահոգութիւնը փոխանցել իր կառավարութեան:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

aztagdaily.com