Արամին շնորհիւ Վասպուրականի ժողովուրդը կազմակերպուած էր ու պատրաստ՝ իր իրաւունքները պաշտպանելու

Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան «Արամ Մանուկեան. Նամականի» հատորին շնորհանդէսին առիթով ժամանած էր Հալէպ: Այս առիթով «Գանձասար» մտերմիկ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.

Երուանդ Փամպուքեան.- Նամականին կ’ընդգրկէ 1904-1915 թուականներու նամակները: Արամ Մանուկեան առաջին նամակը գրած է Նոյեմբեր 1904-ին, իսկ 1914-1915 թուականներու նամակները սակաւաթիւ են, այդ թուականներէն մեզի հասած Դաշնակցութեան արխիւները ընդհանրապէս սակաւաթիւ են: Եթէ Արամ Մանուկեանի կենսագրութեան հետեւինք, կը նկատենք, որ ան 1903-1904 թուականներուն կը գտնուէր Կարսի մարզ, որ ռուսական գօտի էր, անցումի շրջան էր Կարսը, ուրկէ մարտական խումբեր երկիր կ’անցնէին, զինամթերք կը փոխադրէին: Իրականութեան մէջ ան Կարս եկած էր, որպէսզի Սասուն անցնէր: Այդ տարիները տագնապալի էին Սասնոյ համար, Սասնոյ ապստամբութեան տարին էր եւ ան օգնութեան պէտք էր հասնէր: Սակայն Կարսի Կեդրոնական Կոմիտէն Արամի կազմակերպչական բացառիկ ընդունակութիւնը նկատի ունենալով, ուզեց զինք պահել Կարսի մէջ, Ռուբէն Տէր Մինասեանի բնութագրումով՝ «Կարսի Հնոց»ը, ուր կը մարզուէին եւ իսկական դաշնակցականի դաստիարակութիւն կը ստանային հայ ֆետայիները: Արամ այս «հնոց»ը կերտողներէն մէկն էր, բայց ինք մտադրած էր անցնիլ Սասուն եւ փորձ մըն ալ կատարած էր, սակայն հիւանդութեան պատճառով չէր յաջողած: Դժբախտաբար ան չարքաշ կեանք մը ապրած էր, հակառակ առողջական հարցեր ունենալուն, աչքերը տկար էին, յօդացաւ ունէր, ընդհանրապէս անտեսուած է այս կէտը: Սասնոյ ապստամբութիւնը ձախողելէն ետք, ան իր ճամբան փոխեց եւ Ատրպատականի ճամբով անցաւ դէպի Վասպուրական: Հոն աշխատելով ժողովուրդին կողմէ սիրուած հանրածանօթ դէմք դարձաւ: Ըսեմ նաեւ, որ Արամ Մանուկեան քանի մը առիթներով դուրս եկած է Վանէն՝ իւրաքանչիւր անգամ մօտաւորապէս վեց ամիսով, առաջինը՝ մասնակցելու ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր Ժողովին, երկրորդը՝ առողջական հարցով, որպէսզի կազդուրուի եւ դարմանուի, իսկ երրորդը՝ Օսմանեան Սահմանադրութենէն տարի մը ետք, Օրտուէն հրաւիրուեցաւ Ազգային Վարժարանի տեսուչի պաշտօն վարելու ուսումնական երկու տարեշրջան 1909-1910 եւ 1910-1911: Օրտուէն հասած նամակներէն կ’իմանանք, թէ Արամ ինչով կը զբաղէր այդ շրջանին: Այդ տարիներուն ան տրամադրուած էր դպրոցին: Լսարաններ կը կազմակերպէր, դասախօսութիւններ կը կարդար, իր ջանքերով հիմնուած դպրոցին յատուկ գրադարանին համար Ժընեւէն գիրքեր կ’ապսպրէր, պաստառի վրայ նկարներ ցուցադրելու յատուկ գործիքներ կը բերէր, մէկ խօսքով կը փորձէր արդիականացնել դպրոցը:

«Գանձասար».- «Արամ Մանուկեան. Նամականի» հատորը պատմավաւերագրական ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ ձեր կարծիքով:
Ես միշտ ալ ըսած եմ, որ վաւերաթուղթեր արձանագրելու ընթացքին մարդիկ եւ նոյնիսկ պատմաբաններ ընդհանրապէս կ’առաջնորդուին պաշտօնական գրութիւններով: Պաշտօնական վաւերաթուղթերուն մէջ ընդհանրապէս վերապահ կ’ըլլան՝ այն պայմանաւորուածութեամբ, որ անոնք պէտք է կոկիկ եւ դասաւորուած ըլլան, մինչդեռ նամակներուն մէջ՝ յատկապէս անձնական, շատ աւելի անկեղծ ու մտերմիկ կ’արտայայտուին ու երբեմն անոնց մանրամասնութիւններուն ընդմէջէն իրականութիւններ երեւան կու գան: Այսպէս օրինակ, Արամի նամակներուն մէջ կը կարդանք աղաւնիներուն օգտագործման մասին՝ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց: Աղաւնիները կը մարզէին այս գործին համար:

1907-ի Ընդհանուր Ժողովի զեկոյցին մէջ կը յիշուի, որ այդ երկու տարիներուն ընթացքին աւելի զէնք կը փոխադրուի երկիր, քան նախորդ 15 տարիները: Այս յաջողութեան մէջ Արամ Մանուկեան շատ մեծ վաստակ ունէր: Հակառակ այդ տարիներուն տեղի ունեցող մատնութիւններուն, այս աշխատանքը շարունակուեցաւ: Դրոյին յղած նամակներէն մէկուն մէջ Արամ կ’ըսէ, որ դրամ մի՛ ղրկէք, դրամի պէտք չունինք, որովհետեւ կը յաջողինք զէնքի համար ժողովուրդէն դրամ հաւաքել, ժողովուրդը այդ գիտակցութեան հասած է, իսկ աւելորդ դրամը կը բարոյազրկէ՝ աւելցնելով, որ երանի կուսակցական միւս շրջաններն ալ իրենց պէս պատրաստուած ըլլան, այս իսկ խօսքէն յայտնի կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ համար Վանի ինքնապաշտպանութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ու հակառակ անոր, որ բոլոր շրջանները յուսահատական պայքարներ կը մղէին, Արամ յաջողած էր Վանը ու անոր հետ ամբողջ Վասպուրական նահանգի բնակչութիւնը լաւապէս զինել ու պատրաստել: Պատրաստել ոչ միայն զէնքով, այլ նաեւ հոգեպէս: Ժողովուրդը պատրաստ էր իր իրաւունքները պաշտպանելու:

«Գ.»- Հատորի պատրաստութեան ընթացքին ինչպիսի՞ դժուարութիւններու հանդիպեցաք:

Ե.Փ.- Ընդհանրապէս թեքնիք դժուարութիւններ էին անոնք: Նախ նամակի թուղթերուն մէջ որակ կարելի չէր փնտռել, Արամ ձեռքը անցած թուղթերուն վրայ նամակներ գրած է, իսկ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ո՞ւր գրուած են այդ նամակները յայտնի չէ: Մելանները տարբեր գոյնի էին.- մանիշակագոյն, սեւ, կապոյտ, կարմիր, որ ամենաշատ գործածուածն է: Արամի ձեռագիր կարդալը բարդ էր սկզբնական շրջանին, յետոյ սակայն անոր գիրին վարժուեցայ: Ամէն մարդ իրեն յատուկ ձեռագիր ունի եւ անգամ մը, որ վարժուիս այդ ձեռագիրին, գիտնաս թէ ան Ն տառը, Չ տառը ինչպէս կը գրէ, դժուարութիւնները կը փարատին: Կը հանդիպինք նաեւ լեզուական առանձնայատկութիւններու, օրինակ Արամը ճամբայ բառը միշտ կը գրէ «ճանպայ», այսպէս գրած է մօտաւորապէս երեք տարի, որմէ ետք սկսած է ճամբայ գրել: Հնչիւնական տարբերութիւններ կան, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան բառբարի ազդեցութիւններ, ասոնք ինչպէս հայաստանցիները կ’ըսեն՝ ոչինչ:

Դժուարութիւններէն մէկն ալ տեղանուններու եւ անձնանուններու գաղտնի, կուսակցական անուանակոչումներն էին: Արամ նամակներուն մէջ միշտ ալ ծածկանուններ կը գործածէր: Այդ ծածկանունները շատ են. անձերու պարագային, մենք գիտենք, յայտնի են թէ ովքեր են անոնք, օրինակ՝ երբ Արշակ Վրամեան ըսեն, գիտենք, որ Օննիկ Դերձակեանին մասին է խօսքը, սակայն գիւղերու անունները, որոնք հարիւրաւոր են, իմանալը բաւական դժուար էր: Անոնց մէկ մասը գտած էի, որովհետեւ Արամէն առաջ գլխաւորաբար Կոմսը (Վահան Փափազեանը) գործիչ էր այնտեղ եւ մասնագիտական ձեւով կազմակերպած էր շրջանները, հարցարաններ պատրաստած էր՝ ճշդելով թէ իւրաքանչիւր գիւղի մէջ որքա՞ն հայ կայ, որքա՞ն քիւրտ, քանի՞ յուշարձան կայ, աւերուած յուշարձաններ կա՞ն, որքա՞ն է գիւղերուն հեռաւորութիւնը կեդրոնէն: Այդ հարցարաններուն վրայ գրուած էր գիւղին անունը եւ փակագիծերու մէջ ալ ծածկանունն ու թիւերը: Թիւերով ծածկագրութիւնը ծածկագրութեան մէկ ձեւն է, որ այդ ժամանակ յաճախ կը գործածուէր: Երեւակայեցէք՝ 1907-ի Ընդհանուր Ժողովին Սասունէն հասած 90 էջանի տեղեկագիրը միայն թուանշաններ կը պարունակէր:

«Գ.»- Քանի՞ տարուան աշխատանքի արգասիքն է այս հատորը:

Ե.Փ.- Այս հատորին վրայ սկսած եմ աշխատիլ 12 տարի առաջ: Այս հատորը միակ գործս չէ եղած: Իբրեւ աշխատանքիս նպաստող միջոց, առաջին օրէն կազմած էի թէ՛ տեղանուններու, թէ՛ անձնանուններու ծածկանուններուն յատուկ բառարանս, որ հետզհետէ կ’աճի ու կ’ամբողջանայ: Հիմա շատ ծաւալուն հատորի մը սահմաններուն հասած է ու օր մը պէտք է հրատարակուի, որպէսզի ապագային ուսումնասիրողները նոյն դժուարութիւններէն չանցնին:

«Գ.»- Ներկայիս ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք:

Ե.Փ.- Ներկայիս «Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Համար» փաստաթուղթերու հրատարակութեան պատրաստութիւնը կը կատարեմ: Անոնք ալ պէտք ունին ծանօթագրութիւններու եւ նոյն ճամբով կ’անցնին: Ասոր կողքին կ’աշխատիմ պատրաստել այլ բաներ, ինչպէս «Վէմ»ի յատուկ ուսումնասիրական աշխատանք, Նիկոլ Դումանի եւ Անդրանիկի նամականիները, զորս ամբողջացուցած եմ եւ այլն:

«Գ.»- Շնորհակալ ենք ընկեր Երուանդ, ձեզի կը մաղթենք երկար կեանք, ուժ եւ կորով՝ շարունակելու ձեր առաքելութիւնը:

Հարցազրոյցը վարեց

Շաղիկ Սրուրեան

kantsasar.com

Տպել Տպել