Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին


ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կիրակի, 22 յուլիսի առաւօտեան, անհաւատալի եւ անսպասելի լուր մը կայծակնային արագութեամբ Հայաստանէն տարածուեցաւ արտասահմանեան բոլոր գաղութները: Առաջին հայեացքէն ոչ ոք հաւատաց, եւ ընկերային ցանցերու վրայ լուրի տեղադրումն ու անոր յաջորդող ընկերներու գրառումները յուզումով եւ միաժամանակ ընդվզումով պատեցին դաշնակցական շարքերը: Հայութեան եւ Հայաստանի ապրած բախտորոշ այս փուլին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, կարգապահ զինուոր ընկեր Վահիկ Յարութիւնեան, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով «խախտելով բոլոր կանոնները»` անակնկալօրէն, անժամանակ ու անվերադարձ հրաժեշտ կու տար բոլորին: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք այս անսպասելի պատահարէն ետք ծանօթացան ընկեր Վահիկին եւ ցնցուած ու քարացած յուզումով բաժնեկից դարձան անոր մահուան առթած վիշտին: Այո՛, ընկեր Վահէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, հակառակ իր ստանձնած պատասխանատու բարձր պաշտօններուն եւ պարտականութիւններուն, մնաց անծանօթ բոլորին, սակայն իր կատարած գործով մի՛շտ ալ վայելեց անբացատրելի յարգանք ու հեղինակութիւն իր միջավայրին մէջ:

Կարելի չէ իր մահէն ետք նաեւ բառով ու խօսքով արտայայտուիլ իր ունեցած վաստակին եւ անփոխարինելի դերակատարութեան մասին: Նամանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ արժէքային համակարգերը ենթակայ են տատանումի ու երբեմն փլուզման, երբ խօսքը ընդհանրապէս հաւաքական կեանքին մէջ կը գերակշռէ գործին, երբ ատելութիւնն ու այլամերժութիւնը կու գան շատ յաճախ գրաւելու ընկերականութեան լայնախոհութեան, ազնուութեան ու անկեղծութեան զբաղեցնող տարածքը մեր կեանքին մէջ, երբ գաղափարական խօսքը իր տեղը կը զիջի քարոզչական անցողիկ երեւոյթներու ու աժան եւ մոլորեցնող արտայայտութիւններու, երբ ամբոխային տրամաբանութեան ակամայ ենթակայ կը դառնան բազմաթիւ հասկացողութիւններ, դաշնակցական մարդու տիպարը, դաշնակցական յանձնառու ու պատասխանատու խօսքը եւ մանաւա՛նդ դաշնակցական գործը կը մնան այդ բոլորին դիմաց ամուր թումբ ու պատնէշ: Այս պատնէշը ամուր պահող, անցեալի դաշնակցական տիպարներու օրինակը վերանորոգ կենսունակութեամբ կենսաւորող նուիրեալներն են, որոնք կը դառնան այդ պատնէշի անկեղծ եւ նուիրեալ զինուորագրեալները:

Այո՛, անկախ իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօններէն, ընկեր Վահէ այդ անկեղծ զինուորն էր` մեր ֆետայիներու շունչով դաստիարակուած, ազատամարտիկներու հերոսական սխրանքները կիսած եւ դաշնակցական կազմակերպական մեքենայի ամուր պահակն ու մղիչ ուժն էր մի՛շտ:

Սակաւախօս, սակայն միաժամանակ իր հարցադրումներով ուղղութիւն տուող եւ հարցերու նկատմամբ իր մօտեցումներն ու տրամաբանութիւնը պայծառօրէն արտայայտող դաշնակցական տիպարն էր ընկեր Վահէ: Քանի մը վայրկեան տեւած հանդիպումը բաւարար էր դաշնակցականի մը համար գնահատելու տուեալ ժամանակահատուածի հայութեան եւ նաե՛ւ կուսակցութեան մարտահրաւէրները: Երեւոյթներու ու հարցերու ամփոփ իր արժեւորումները եւ անշուշտ այդ բոլորը կատարելու ընթացքին իր ցուցաբերած ազնուականութիւնն ու ընկերականութիւնը, մի՛շտ ալ մնացին գնահատուած բոլորին կողմէ: Ընկեր Վահէի մեծագոյն արժանիքներէն մէկն էր նաեւ կուսակցութեան կազմակերպական կեանքի եւ հարցերու համադրման ու ծրագրաւորման ունակութիւնը: Այդ աշխատանքները կը կատարէր բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումով, հետեւողական աշխատանքով, արթնամտութեամբ եւ նամանաւա՛նդ մեծ աշխատասիրութեամբ: Իր որդեգրած աշխատանքային խիստ ոճը եւ հետապնդման բծախնդիր եղանակը թերեւս երբեմն կրնային դժգոհութիւն պատճառել, սակայն անոնք գործերու ու ծրագիրներու յաջողութեան եւ արդիւնաւէտութեան ամուր գրաւական էին անկասկա՛ծ:

Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի անունը սերտօրէն առնչուած պիտի մնայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Դէպի երկիր» կարգախօսի կենսագործման հոլովոյթին հետ: Անոր համար այդ կարգախօսը դարձաւ ամբողջական կեանքի ոճ, ապրելակերպ ու համոզում, ինչպէս նաեւ այդ կարգախօսին իրականացման համար իր կեանքի հարազատ օրինակով` հայրենիք հաստատումով, արցախեան ազատագրական պայքարին իր բերած նկատառելի նպաստով, հայրենիքի մէջ իր ընտանեկան օճախի հաստատումով եւ վերջապէս հայրենիքը իբրեւ վերջնական նստավայր որդեգրելով, ընկեր Վահէ հատու պատգամ մը տուաւ բոլորին, բայց նախ եւ առաջ` դաշնակցական ընկերներուս:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կանոնագիրը ճիշդ է, որ այդքան ալ դիւրամատչելի ու ընկալելի չէ շատերուն համար: Անոր ոգիով առաջնորդուելու դաշնակցականի դրսեւորելիք կամքը կ՛ենթադրէ մեծ ճիգ ու մանաւանդ համոզում եւ անշուշտ` մեծ զոհողութիւն: Այս ծիրին մէջ նաեւ ընկեր Վահէ մեզի եւ գալիք սերունդներուն համար պիտի շարունակէ մնալ վաւերական օրինակ: Կարգապահութեան, գաղտնապահութեան, որոշումներու կայացման ժողովական կարգի յարգումով, անոր դաշնակցական ըմբռնումները լաւագոյնս դրսեւորուած կը տեսնենք իր ստանձնած կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ: Նախաբանիս մէջ կ՛ըսէի, թէ ընկեր Վահէն շատեր սկսան ճանչնալ իր մահէն ետք. թերեւս անոր գործունէութեան մարզերուն առնչուած բազմաթիւ բնագաւառներ նոյնիսկ անծանօթ պիտի մնան մեզի` դաշնակցականներուս համար, կայ սակայն մէկ հաստատ համոզում ու եզրակացութիւն, որուն շուրջ համընդհանուր է բոլորին տեսակէտը, որ ընկեր Վահէի կորուստը մեծ է եւ անոր ներդրումին ու աշխատանքին կարիքը պիտի զգանք բաւական երկար ժամանակ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր: Վստահ ենք, որ նկարագիրիդ ու համոզումներուդ անյարիր են քեզի ուղղուած գնահատանքի այս խօսքերն ու արտայայտութիւնները, եւ թերեւս եթէ նախազգայիր այս պատահարը, թելադրէիր, որ չխօսուի նաեւ այս բոլորին մասին: Սակայն դաշնակցական միտքը եւ դաշնակցական մօտեցումը կը պարտաւորեցնեն մեզի` դաշնակցականներուս, խօսելու քու մասիդ, կատարած գործիդ ու տիպարիդ մասին, որպէսզի յարգելով քու անթառամ յիշատակդ, յիշելով ու յիշեցնելով կատարած գործդ, ամէն օր քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու կարելիութիւնն ու առիթը ունենանք եւ այդ ճամբով խոնարհինք վաստակիդ եւ կատարած դաշնակցական անշահախնդիր ու անձնուէր մեծ ծառայութեանդ դիմաց:

aztagdaily.com

Տպել Տպել