- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն - https://old.arfd.am -

10 Օգոստոս 1920. Սեւրի Դաշնագրին այժմէական արժէքն ու նշանակութիւնը

[1]10 Օգոստոսին, 1920ին, հայ ժողովուրդը յաղթահասակ կանգնեցաւ միջազգային բեմահարթակի վրայ՝ անկախ հայրենիքի եւ ազատ պետականութեան տէր ազգի իրաւական կարգավիճակով նոր դարաշրջան իր մուտքը նուիրագործելով։

Օգոստոս ամսու 10րդ օրը, 98 տարի առաջ, հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ Սեւրի Դաշնագիրը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։

Սեւրի Դաշնագիրը նաեւ եղաւ այն միակ միջազգային փաստաթուղթը, ուր Օրէնքի եւ Իրաւունքի տիեզերական հիմունքով՝ առաջին քայլը նետուեցաւ մանրամասնօրէն ճշդելու եւ քարտէսագրելու համար հայեւթրքական միջ¬պետական սահմանագծումը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ։

Փարիզի կեդրոնէն 9,9 քիլոմեթր հարաւ¬արեւմուտք գտնուող արուարձանային Սեւր քաղաքը, որ պատմութեան ծանօթ է իբրեւ ֆրանսական փորսըլէնային (ճենապակի) արտադրութեանց կեդրոն եւ Կշռումի ու Չափման Միջազգային Գրասենեակի նստավայր, 10 Օգոստոս 1920ին իր անունով դրոշմեց նաեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին կնքուած Խաղաղութեան Դաշնագիրը։

[2]

Սեւրի Դաշնագիրը մէկն էր Առաջին Աշխարհամարտին աւարտը իրաւականօրէն հաստատագրող այն դաշնագիրներէն, որոնք պատերազմի յաղթական Դաշնակից Ուժերուն կողմէ պարտադրուեցան պարտեալ Կեդրոնի Ուժերուն՝ Գերմանիոյ, Աւստրօ¬Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան։

Սեւրի Դաշնագիրը հանդիսացաւ պարտեալ Օսմանեան Կայսրութեան եւ յաղթական Դաշնակիցներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեան ու հաշտութեան պայմանագիրը։

Դաշնագրի ստորագրութեան պաշտօնական ու հանդիսաշուք արարողութիւնը կատարուեցաւ Սեւրի աշխարհահռչակ Փորսըլէնի
Գործարանի ցուցասրահներէն մէկուն մէջ։

Ֆրանսա նախագահեց արարողութեան։

Դաշնագիրը պատրաստուեցաւ երեք լեզուներով՝ ֆրանսերէն (առաջնային), անգլերէն ու իտալերէն եւ ստորագրուեցաւ, լատինական այբուբենի կարգով, Հայաստանի, Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հիճազի (արաբական թագաւորութիւն), Իտալիոյ, Ճափոնի, Լեհաստանի, Փորթուկալի, Ռումանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան, Եուկոսլաւիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ։

[3]

Աւետիս Ահարոնեան

Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Սեւրի Դաշնագիրը ստորագրեց Հ.Հ. Պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան։ Իսկ Օսմանեան Կայսրութեան անունով Դաշնագիրը ստորագրեցին թրքական պատուիրակութեան չորս անդամները՝ Ռիզա Թեւֆիք, Մեծ Վեզիր Տամաթ Ֆերիտ փաշա, դեսպան Հատի փաշա եւ կրթութեան նախարար Րեշիտ Հալիս, որոնք լիազօրուած էին սուլթան Մեհմետ 6րդի կողմէ։

Քաղաքական եւ իրաւական բարդ ու անօրինակ ճակատագիր մը վերապահուեցաւ Սեւրի Դաշնագրին։ Միջազգային Դաշնագիրներու պատմութեան մէջ եղաւ մէկը այն եզակի իրաւական փաստաթուղթերէն, որոնք ո՛չ վերջնականապէս վաւերացուած կամ լիարժէք կիրարկուած են, ոչ ալ ամբողջապէս չեղեալ կամ ջնջուած յայտարարուած են։

Սեւրի Դաշնագրով փաստօրէն անդամահատուեցաւ Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ յաղթական Դաշնակիցները իրենց միջեւ բաժնեցին պատերազմական… աւարը։

Միջին Արեւելքի, կայսրութեան արեւմտեան բաժնի, Պալքաններու եւ հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին՝ Ֆրանսա, Անգլիա եւ Իտալիա, ինչպէս նաեւ կրտսեր դաշնակիցի դիրքէն Յունաստան, իրենց հոգատարութիւնը հաստատեցին օսմանեան լուծէն ազատագրուած տարածքներու, երկիրներու եւ ժողովուրդներու վրայ։

Այդ առումով եւ իր համապատասխան յօդուածներով ու բաժիններով՝ Սեւրի Դաշնագիրը փաստօրէն ոչ միայն վաւերացման կարիք չունեցաւ, այլեւ՝ անմիջապէս ի գործ դրուեցաւ… բան մըն ալ աւելիով։

Նոյնը կարելի չէ ըսել, դժբախտաբար, Հայաստանի առընչուող բաժնին կամ յօդուածներուն վերաբերեալ։

Յաղթական Դաշնակիցները այնքան բուռն մրցակցութեան եւ տարակարծութեանց մէջ էին‘ Օսմանեան Կայսրութեան աւարը իրենց միջեւ բաժնուելու հարցով, որ 1918ի աշնան Առաջին Աշխարհամարտի իրողական աւարտէն ետք շուրջ երկու տարի պէտք եղաւ, որպէսզի 1920ի Օգոստոս 10ին ի վերջոյ պաշտօնապէս ստորագրուի Սեւրի Դաշնագիրը՝ իրաւական նուիրագործումը կատարելու համար Դաշնակիցներու միջեւ գոյացած համաձայնութեանց։

[4]

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած թրքական պատուիրակութիւնը

Դաշնակիցներու այդ ներքին մրցակցութենէն առաւելագոյն չափով օգտուեցաւ թրքական ազգայնականութիւնը՝ Մուսթաֆա Քեմալի ղեկավարութեամբ, որ խորհրդային նորահաստատ իշխանութեանց հետ առանձին, երկկողմանի համաձայնութիւններ կնքեց, բացայայտ թէ գաղտնի, որպէսզի կարենայ ոչ միայն մերժել Սեւրի Դաշնագիրը, այլեւ՝ 1920ի Հոկտեմբերին ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկել Հայաստանի ուղղութեամբ։

Քեմալական շարժման դիրքերուն ամրապնդումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տկարացումը (Լենին¬Քեմալ մեղսակից ճնշման տակ) պատճառ դարձան, որ քաղաքական խամաճիկի վերածուած սուլթան Մեհմետ 6րդի կառավարութիւնը նոյնիսկ խորհրդարան չյղէ Սեւրի դաշնագիրը առ ի վաւերացում։

Այսօրինակ զարգացումներու յորձանուտին մէջ Սեւրի Դաշնագիրը պարզապէս… «մոռցուեցաւ»։

Ո՛չ վաւերացուեցաւ, ոչ ալ անվաւեր հռչակուեցաւ, այլ ենթարկուեցաւ ուժի եւ ուժեղի տրամաբանութեան՝ իր որոշ մասերով ու յօդուածներով գործադրուելով, իսկ այլ յօդուածներով քաղաքական շրջանառութենէ դուրս մղուելով։

Այդ առումով ալ Դաշնակիցները նոր դաշնագիր մը պատրաստեցին՝ Առաջին Աշխարհամարտի արեւելեան ճակատի պատերազմական դրութեան պաշտօնապէս վերջ տալու նպատակով։ Այդ նոր դաշնագիրը եղաւ 1923ի Յուլիս 24ին ստորագրուած Լօզանի Դաշնագիրը, որ սակայն կնքուեցաւ ոչ թէ Օսմանեան Կայսրութեան կառավարութեան, այլ՝ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին հետ, որ Քեմալի ազգայնական շարժման ինքնակոչ իրաւական անուանումն էր։

(Հանրապետական Թուրքիան այդ օրերուն դեռ գոյութիւն չունէր իբրեւ իրաւական անձնաւորութիւն։ Իբրեւ այդպիսին պիտի հռչակուէր 1923ի Հոկտեմբերի 29ին միայն)։

Բայց ինչպէս որ հազարամեակներով պատահած ու կրկնուած է, իրաւունքն ու օրէնքը միշտ ալ խոնարհած են սուրին եւ ուժեղին առջեւ՝ այս վերջիններու պահանջներուն եւ կամքին հետ քայլ պահելու անթաքոյց ճիգով ու… գիւտարարութեամբ։

Նոյնը պատահեցաւ Քեմալի հետ կնքուած Լօզանի Դաշնագրին պարագային, ուր Սեւրի Դաշնագիրը իրաւականօրէն չեղեալ յայտարարելու կամ փոխարինելու հարկադրանքը շրջանցելով՝ յաղթական Դաշնակիցները յառաջ մղեցին Քեմալի Թուրքիան սիրաշահելու եւ զայն խորհրդային ճամբարէն հեռացնելու, ետ բերելու եւ Եւրոպային մօտեցնելու… քաղաքականութիւնը։
Բայց միաժամանակ այդ շրջանցման գինը եղաւ Քեմալական Թուրքիոյ ճանաչումը՝ իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդը, ինչ որ բնականաբար կը նշանակէ նաեւ ժառանգումը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ թրքական պետութեան բոլոր պարտաւորութեանց։

Լօզանի Դաշնագրով խորհրդանշուող Եւրոպայի ամօթալի ուրացումն ու խոստմնադրուժ վարքագիծը, անկասկա՛ծ, արժանի են առանձին կեդրոնացումով քննարկումի։ Բայց անմիջապէս հոս, Սեւրի Դաշնագրին նուիրուած այս անդրադարձի եզրափակման համար, կ՛արժէ կարեւորութեամբ ընդգծել ու շեշտել, որ պարզապէս մոռացութեան մատնելով Սեւրի Դաշնագիրը՝ Լօզանի Դաշնագրին ստորադիր կողմերը փաստօրէն պատմութեան առջեւ բաց պահեցին Սեւրի Դաշնագրին… վերակենդանացման հնարաւորութիւնը։

Ինչպէս որ սուրի եւ ուժի ճնշման տակ ատենի մեծապետական աշխարհը յղացաւ Լօզանի Դաշնագիրը, նոյն ձեւով ալ եւ համապատասխան զարգացումներու ճնշման տակ՝ մեծապետական աշխարհը կրնայ դրուիլ նաեւ նոր «Սեւրի Դաշնագիր» մը պատրաստելու եւ որդեգրելու ստիպողութեան տակ։

Փաստօրէն Սեւրի Դաշնագրէն զատ չկայ հայեւթրքական միջ¬պետական յարաբերութիւններու եւ սահմաններու կարգաւորման միջազգային այլ դաշնագիր մը, որուն տակ կþերեւի ստորագրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան։

Հայ ժողովուրդէն առաջ եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր ուժերէն անդին յատկապէս թրքական պետութիւնն է, որ առաւելագոյն մտահոգութեամբ կը գիտակցի այս իրողութեան։

Այդ պատճառով ալ թրքական պետութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի խորհրդային ճնշման տակ կնքուած 23 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի Դաշնագրին նմանողութեամբ՝ միջազգային նոր դաշնագիր մը կնքելու անձնատուութեան մղէ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Ի վերջոյ Թուրքիա ամէնէն աւելի կþանդրադառնայ, որ Սեւրի Դաշնագիրը – մոռցուած ըլլայ թէ անվաւեր մնացած – իր գլխուն կախուած է դամոկլեան սուրի պէս՝ Ուիլսընեան սահմանագծումով Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը իրաւականօրէն ամրագրելով։

Եւ Իսմէթ Ինէօնիւ կոչուի թէ Րէճափ Էրտօղան՝ թրքական պետութեան ղեկին կանգնած քաղաքական որեւէ պատասխանատու կը գիտակցի, որ ի վերջոյ կրնայ հաշուետուութեան կանչուիլ, եթէ չկարենայ – միջազգային նոր դաշնագրի մը կնքումով – Հայաստանն ու հայութիւնը զրկել Սեւրի Պարտամուրհակէն։

Այո՛, թէեւ Սեւրի Դաշնագիրը չվաւերացուեցաւ, բայց նաեւ՝ Հայաստանի վերաբերեալ իր յօդուածներով՝ չփոխարինուեցաւ որեւէ այլ դաշնագրով։ Կարսի Դաշնագիրը բնաւ չունեցաւ միջազգային իրաւականութիւն։ Իսկ Լօզանի Դաշնագիրը պարզապէս ուրացաւ, որ մեծապետական աշխարհը – միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի առումով – պարտք է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։

10 Օգոստոսին, 94 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը տիրացան – Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի համազգային մեր տեսլականը նուիրագործող – միջազգային Օրէնքի եւ Իրաւունքի անժամանցելի յաղթաթուղթին։

Մեր սերունդներուն կը մնայ մոռացման եւ ուրացման փոշիներէն հանել ու վերստին կեանքի կոչել Սեւրի Դաշնագիրը։

Մանաւանդ՝ բոլոր ուժերով թումբ կանգնիլ Սեւրի Պարտամուրհակը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքէն խլելու թուրք պետական մերօրեայ սադրանքներուն։

Ն.